Showing posts with label Սփիւռք. Show all posts
Showing posts with label Սփիւռք. Show all posts

January 28, 2014

Հայերէն ընթերցանութիւնը. խնդիրներ եւ մարտահրաւէներ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ


ԳԻՐՔԸ ՈՐՊԷՍ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ...
Գիրքը որպէս սպառողական ապրանք, ինչպէս որեւէ այլ արտադրութիւն, կ’ենթարկուի արտադրութեան եւ պաhանջքի (supply& demand) օրէնքներուն:
Հակառակ այն իրականութեան որ անգրագիտութեան երեւոյթը բաւական նուազած է հայ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, նամանաւանդ երիտասարդ սերունդին մօտ, հայերէն գիրքի hրատարակութեան ճարտարարուեստը եւ hոն օգտագործուող թեքնիքը տակաւին բաւականին տկար են եւ անբաւարար, hամեմատած ուրիշ ժողովուրդներու գիրքերու արտադրութեան ճարտարարուեստին:

August 07, 2013

Հայոց լեզուի ծրագիր՝ մանկապարտէզի դասարաններուն համար

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը 2013 թուականի Յուլիսին հրապարակեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր մը, ուղղուած`  Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն:

November 29, 2012

Լոյս տեսաւ «Ուղղագրական-Բացատրական Բառարան»ը

ԵՂԻԱ ԳԱՅԱՅԵԱՆ
 
«Ուղղագրական-Բացատրական Բառարան»ը կ’ընդգրկէ  ե – է, ո – օ, հ – յ գիրերու ուղղագրական տեսակէտէ դժուարութիւն ունեցող չորս բառացանկեր՝ շուրջ 3150 բառ։
Բառարանը նախատեսուած է Սփիւռքի հայկական նախակրթարաններու, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ անսխալ գրելու փափաք ունեցողներու համար, ովքեր նախանձախնդիր են մայրենի լեզուի նկատմամբ։
Կը մնայ յուսալ թէ իր տեսակին մէջ առաջին այս բառարանը, որ, բնականաբար, չէր կրնար ընդգրկել մայրենի լեզուի ուղղագրական տեսակէտէ դժուարութիւն ունեցող բոլոր բառերը, պիտի նպաստէ սփիւռքահայ աշակերտութեան եւ ընթերցասէր հանրութեան ուղղագրութեան բարելաւումին եւ անսխալ գրելու ճիգին։

November 16, 2012

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան կռուաններէն մին շատո՜նց շիջեցաւ (գաղութահայ պատառիկ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այն օրէն երբ զարմանալի որոշումով մը փակուեցաւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը, արդէն իսկ ազդանշանը կը տրուէր գաղութահայ կեանքի տարբե˜ր երազանքներու շիջումին:
Միւս կողմէ հաւանաբար հարց պիտի տրուի, թէ ճի՞շդ մօտեցում է գաղութի մը ճակատագիրին առնչել հիմնարկի մը գոյութեան իմաստը, այդ ալ հայագիտականի ձեւաչափով:

October 08, 2012

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը սկսաւ աշխատանքի


Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի Լիբանանի անդամները Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2012-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարած նիստի ընթացքին առին հետեւեալ որոշումները.-
ա) Վերջնական ձեւ տալ Յանձնաժողովի աշխատանքային ուղեգիծին յատուկ ենթայանձնախումբի մը ճամբով, Սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ գտնուող իր անդամներու կատարած առաջարկներու լոյսին տակ:
բ) Արեւմտահայերէնի մէջ գործածուող լեզուական եւ ուղղագրական սխալները ճշդելու ձգտող կատարուած աշխատանքի առաջին բաժինը որոշուեցաւ քննել եւ յառաջիկային այս ուղղութեամբ լծուիլ գործնական աշխատանքի:
գ) Յանձնաժողովը որոշեց լծուիլ մասնագիտական բառերու առձեռն բառարան մը պատրաստելու աշխատանքին:

September 27, 2012

Լիբանանահայ վարժարանին բազմակի դժուարութիւնները

«ԱԶԴԱԿ»
 

Այսօր լիբանանահայ վարժարանները իրենց դռները կը բանան հայ աշակերտութեան առջեւ: Կրթական նոր տարեշրջանը կը սկսի հին ու նոր խնդիրներով, դժուարութիւններով ծանօթ պայմաններով, բայց նաեւ նոր հաւատքով, կամքով, դժուարութիւնները յաղթահարելու վճռակամութեամբ, ապագայի տեսիլքով:
Երկրին մէջ տիրող ու հետզհետէ թափ առնող ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ՛ունենան կրթական ոլորտին վրայ: Դպրոցներու պիւտճէներու հաւասարակշռման ճիգեր, վճարունակ ծնողական խաւի հետզհետէ նօսրացում, գանձումներու հետեւողական պահանջներ, որոնց դիմաց նուազագոյն արդիւնքներ, դպրոցներու պաշտօնէութեան եւ ուսուցչակազմի աշխատավարձերու հաւանական ուշացումներ:

August 30, 2012

Սփիւռքի բաժին՝ «Կրթութիւն» շաբաթաթերթին մէջ


Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարության պաշտօնական www.edu.am կայքէջին մէջ ամէն Ուրբաթ լոյս կը տեսնէ «Կրթութիւն» շաբաթաթերթի ելեկտրոնային տարբերակը, որ այսուհետեւ Սփիւռքի համար բաժին մը պիտի ունենայ:
Նախարարութեան Սփիւռքի հետ կապերու բաժինը բոլոր համայնքներուն, դպրոցներուն եւ ուսուցիչներուն կ՚առաջարկէ նիւթեր ուղարկել թերթի ելեկտրոնային տարբերակին համար: Կրթա-մշակութային եւ դաստիարակչական բովանդակութիւն ունեցող հրապարակախօսական յօդուածներ կամ հաղորդագրութիւններ պէտք է նուիրուած ըլլան կրթական համայնքին կամ դպրոցին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն:
Նիւթերը կարելի է ուղարկել spyurqmoes@gmail.com իմակի հասցէով։ Յօդուածները եւ հաղորդագրութիւնները կը փոխանցուի «Կրթութիւն» թերթի խմբագրութեան: Սփիւռքի բաժնին ձեւաւորումը ստանձնած է «Զանգակ» հրատարակչատունը:


August 10, 2012

Ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր

Հայ նորահաս սերունդին առողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր հայեցի ամուր դաստիարակութիւն ջամբելը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է միշտ: Իսկ նոր սերունդներու առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած, մանկավարժ եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ:

November 14, 2011

Երկու աստուածներ՝ ժամանակը եւ պէտքը

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աստուածաշունչի Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք եզակի լեզուի մը մասին զոր Ադամ գործածեց անուանելու Եդեմի պարտէզին մէջ գտնուող բոլոր կենդանիները: Իսկ յետագայ լեզուներու այլազանութեան պատճառած խառնիճաղանճը Բաբելոնի մէջ Աստուծոյ պատիժն էր: Յետադարձ ակնարկով, յոյներն ալ կը հաւատային, թէ իրենց լեզուական անցեալը՝ Հոմերոսի դիւցազներգութիւնը, ամենէն լաւագոյն ժամանակաշրջանն էր: Զոյգ աւանդութիւններուն մէջ, լեզուական անկումի զգացում մը կը տիրապետէ: Յոյներուն նման, լեզուաբաններ նոյն յատկանիշները կը գործածեն մեծամասնութիւն կամ փոքրամասնութիւն կազմող լեզուներու որպիսութիւնը ընդգծելու: Այս ենթադրութիւնը մասամբ առնչուած է այն համոզումին հետ, թէ այսօր մարդոց վարքը եւ կենցաղավարութիւնը նոյնը չեն ինչ որ էին անցեալին: Սակայն, կարելի է նաեւ արժեւորելով լեզուներու որպիսութիւնը յանգիլ այն եզրակացութեան, թէ պատահածը յառաջդիմութիւն է եւ ո՛չ անկում, մանաւանդ երբ կ՛արժեւորենք անցեալը որպէս լի տգիտութեամբ, անգթութեամբ, եւ չքաւորութեամբ, պայմաններ որոնցմէ ձերբազատիլը կը նկատուի մեծ բախտաւորութիւն:

October 13, 2011

Հաւատարիմ, միշտ հարազատ եւ պատնէշի վրայ

Պահակագունդը կը մեռնի բայց չի յանձնուիր:
Իր երկրին եւ մարդկութեան վնաս պատճառած Նափոլէոնի հիացող չեմ: Բայց հաւատարիմ զինուորներուն վերագրուած խօսքը, ըստ որուն պահակագունդը կը մեռնի բայց չի յանձնուիր, երբ ամէն բան փուլ եկած էր, կ’ալեկոծէ մտածումներս:
Խօսքը անտիտղոս մարտիկներու:
Ո՞ր կայսեր կը ծառայէ Ռոպէր Հատտէճեան:
Ո՞ր տարածութիւններուն պահակն է, երբ պարտուածներու ջոլիրը զինաթափ է, շարքէ դուրս եկած է եւ կը ծառայէ աստուածաշնչական Ոսկի Հորթին: Իսկ պահակագունդը կը սպասէ զայրացած Եհովան…
Վահան Թէքէեան, Մուշեղ Իշխան, Շաւարշ Միսաքեան, Շաւարշ Նարդունի, Շնորհք պատրիարք եւ ուրիշներ, այժմ նաեւ Ռոպէր Հատտէճեան, ժամանակակից մեծ եկեղեցական մը, հանդիսացան զինուորեալներ,եղան եւ են, բայց չկայ պահակագունդ:

September 19, 2011

Սփիւռքի մարդոյժի մասին

Մարդոյժը ազգի մը, ընկերութեան մը ներքին ուժականութեան, ստեղծագործ ոգիի ու փայլուն ապագայի տեսիլքն է։ Սփիւռքը հարուստ է իր մարդոյժով։ Սակայն, Սփիւռքի մարդոյժին ամμողջական պատկերը տակաւին չունինք։ Ահա այս աշխատանքին է լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթոողիկոսի հովանաւորութիւնն ու քաջալերանքը վայելող այս ծրագիրին նպատակն է տեղեկութիւններ հաւաքել Սփիւռքի մեր գաղութներէն ներս գործող ազգայիններուն (մտաւորականներ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ, համալսարանի դասախօսներ, գիտական մասնագիտութեանց տէր անձեր, հասարակական գործիչներ, եւլն.) մասին։ Այս ծրագիրը կը նկատենք խիստ կարեւոր եւ անյետաձգելի։ Հետեւաբար, պիտի խնդրենք որ անյապաղ լեցնէք հարցաթերթիկը եւ ուղարկէք մեզի։
Գործնական պատճառներով այս հարցաթերթիկը պիտի ըլլայ անգլերէնով։
Պիտի թելադրենք, որ սոյն հարցաթերթիկը (http://www.armeniancatholicosate.org) նաեւ ուղարկէք ձեր բարեկամներուն, որպէսզի առաւելագոյն չափով տարածում գտնէ այս յոյժ կարեւոր ծրագիրը։
ԴԻՒԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

September 14, 2011

Սփիւռքը կրնայ վերականգնիլ միա՛յն հաստատութենական մտածողութեամբ

Իբրեւ նախաբան
Կրնայ պատահիլ, որ հակաճառելով վերեւ ընդգծուածին, ըսուի, թէ սփիւռքեան իրականութեան համար այդքան ալ անծանօթ չեն նշեալ մօտեցումները, որովհետեւ յետ Եղեռնի հայ զանգուածներուն համար տասնամեակներու ընթացքին իսկ յստակ դարձան, թէ առանց համապատասխան կառոյցներու հաստատման եւ կամ նորովի ստեղծման, կարելի չէ այլապէս գոյատեւել եւ ուծացումէ փրկել իրերայաջորդ սերունդներ:

August 22, 2011

Կրթական Գ. համագումարին երկրորդ օրը

Ուրբաթ, 19 Օգոստոս 2011-ին շարունակուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած ու Արամ Ա.  Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութիւնը վայելող համասփիւռքեան Կրթական Գ.  Համագումարը՝ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, քննարկումի սեղանին վրայ դնելով արեւմտահայերէնը իր բոլոր հարցերով ու իր շուրջ ստեղծուած մտահոգութիւններով:

August 19, 2011

Համասփիւռքեան Կրթական Գ. համագումարի առաջին օրը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, երէկ` Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին` նուիրուած «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» նիւթին: Համագումարի կազմակերպական բոլոր աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը` գլխաւորութեամբ բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի:

June 28, 2011

Արեւմտահայերէնի հիմնական դասագիրքեր՝ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն համար

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կը մշակէ տարրական, միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցի արեւմտահայերէնի հիմնական դասագիրքեր, որոնք պիտի տրամադրուին Սփիւռքի վարժարաններուն:

May 25, 2011

Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին

Դալար Շահինեան կը դասախօսէ Cal State Long Beach համալսարանի համեմատական գրականութեան բաժանմունքին մէջ։ Իր անգլերէն գրութիւնը լոյս տեսած էր անցեալ տարի հայ մամուլին մէջ։ Պետօ Տեմիրճեանի կատարած հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է Tert.am կայքէջի Մայիս 25ի թողարկումին մէջ։ Այս շահեկան յօդուածը  (լրիւ վերնագիրն է՝ «Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին. ԵՈՒՆԵՍՔՕյի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի գրականութեան հարցը») ամբողջութեամբ կու տանք՝  որոշ խմբագրութեան ենթարկելէ ետք։ Յետգրութեան մէջ, թարգմանիչը կը մատնանշէ.
«Հետաքրքրական է, որ այս գրութիւնը՝ արեւմտահայերէն լեզուին կենսունակութեան սպառնալիքին մասին, ցարդ տեղ չէ գտած արեւմտահայերէն մամուլի մէջ. բնագիրը անգլերէն է, թարգմանաբար տեսնելով ֆրանսալեզու եւ արեւելահայերէն լրատուական միջոցներու մէջ, որոշեցի ես ինքս թարգմանել, յուսալով որ արեւմտահայերէն մամուլի մէջ պիտի հրատարակուի։ . . . Կը մաղթեմ, որ այս աշխատանքը խնդիրի քննարկման սկիզբ մը ըլլայ»։

March 21, 2011

«Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի գործունէութիւնը կը շարունակուի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամը, հրատարակչական աշխատանքներուն առընթեր, նաեւ լծուած է կրթա-մշակութային գործունէութեան: Արամ Ա. Վեհափառին հովանաւորութեամբ յատուկ յանձնախումբեր կը հսկեն յիշեալ աշխատանքներուն:
Այս ծիրին մէջ, անցեալ տարի տեղի ունեցան երգի, հայ լեզուի, հայոց պատմութեան ու կրօնի յատուկ մրցաշարքեր` մասնակցութեամբ Լիբանանի բոլոր հայ վարժարաններուն: Մրցաշարքի աւարտին մրցանակակիրներուն տրուեցան նիւթական նուէրներ եւ բոլոր մասնակիցներուն` յատուկ յուշանուէրներ:
Կրթական այս տարեշրջանին եւս նոյն աշխատանքները կը շարունակուին: Այս տարի, փոխան երգի  տեղի պիտի ունենայ ասմունքի մրցում: Նոր ծրագիրներ կը մշակուին ապագայի համար: Այս աշխատանքներուն նպատակն է առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալ մեր նոր սերունդի հայակերտումին: Կը մտածուի նաեւ հանգրուանային կերպով համասփիւռքեան տարողութիւն տալ յիշեալ մրցանքներուն:

March 18, 2011

Երանի ծնողքս հայերէն սորվեցուցած ըլլային ինծի

Յաճախ, լեզուաբաններ անակնկալի առջեւ կը գտնուին, երբ դէմ յանդիման կու գան ընկերութեան մը անդամներուն ժխտական եւ անհոգ կեցուածքներուն՝ իրենց լեզուի պահպանման առնչութեամբ: Նման հարցի մը առջեւ արդեօք ի՞նչ պէտք է ընեն լեզուաբաններ: Արդեօք բաւարարուիլ ըսելո՞վ, թէ իրենց որոշումն է եւ մենք իրաւունք չունինք խառնուելու: Կամ, հիմնուելով անցեալի փորձառութիւններու վրայ, աշխատիլ լեզուն փրկել:

March 05, 2011

«Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարանը»՝ արեւմտահայերէնով

Ըստ Երեւանի «Ազգ» օրաթերթի Մարտ 5ի լրատուութեան, շուտով հայկական «Դպրոցական մեծ հանրագիտարան»ի չորս հատորները արեւմտահայերէնով պիտի հրատարակուին։ Այս մասին Մարտ 4ին կայացած մամլոյ ասուլիսին հաղորդեց «Հայկական Հանրագիտարան» հրատարակչատան տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Յովհաննէս Այվազեանը։ 

January 20, 2011

Հարցազրոյց Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ

Անցեալ տարուան Յուլիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի ուսուցման նուիրուած գիտաժողով մը՝ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ։ Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած էր անոր մասնակիցներէն՝ մանկավարժ եւ հայերէնի դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ։ Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցը։