November 14, 2011

Երկու աստուածներ՝ ժամանակը եւ պէտքը

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աստուածաշունչի Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք եզակի լեզուի մը մասին զոր Ադամ գործածեց անուանելու Եդեմի պարտէզին մէջ գտնուող բոլոր կենդանիները: Իսկ յետագայ լեզուներու այլազանութեան պատճառած խառնիճաղանճը Բաբելոնի մէջ Աստուծոյ պատիժն էր: Յետադարձ ակնարկով, յոյներն ալ կը հաւատային, թէ իրենց լեզուական անցեալը՝ Հոմերոսի դիւցազներգութիւնը, ամենէն լաւագոյն ժամանակաշրջանն էր: Զոյգ աւանդութիւններուն մէջ, լեզուական անկումի զգացում մը կը տիրապետէ: Յոյներուն նման, լեզուաբաններ նոյն յատկանիշները կը գործածեն մեծամասնութիւն կամ փոքրամասնութիւն կազմող լեզուներու որպիսութիւնը ընդգծելու: Այս ենթադրութիւնը մասամբ առնչուած է այն համոզումին հետ, թէ այսօր մարդոց վարքը եւ կենցաղավարութիւնը նոյնը չեն ինչ որ էին անցեալին: Սակայն, կարելի է նաեւ արժեւորելով լեզուներու որպիսութիւնը յանգիլ այն եզրակացութեան, թէ պատահածը յառաջդիմութիւն է եւ ո՛չ անկում, մանաւանդ երբ կ՛արժեւորենք անցեալը որպէս լի տգիտութեամբ, անգթութեամբ, եւ չքաւորութեամբ, պայմաններ որոնցմէ ձերբազատիլը կը նկատուի մեծ բախտաւորութիւն: