October 13, 2011

Հաւատարիմ, միշտ հարազատ եւ պատնէշի վրայ

Պահակագունդը կը մեռնի բայց չի յանձնուիր:
Իր երկրին եւ մարդկութեան վնաս պատճառած Նափոլէոնի հիացող չեմ: Բայց հաւատարիմ զինուորներուն վերագրուած խօսքը, ըստ որուն պահակագունդը կը մեռնի բայց չի յանձնուիր, երբ ամէն բան փուլ եկած էր, կ’ալեկոծէ մտածումներս:
Խօսքը անտիտղոս մարտիկներու:
Ո՞ր կայսեր կը ծառայէ Ռոպէր Հատտէճեան:
Ո՞ր տարածութիւններուն պահակն է, երբ պարտուածներու ջոլիրը զինաթափ է, շարքէ դուրս եկած է եւ կը ծառայէ աստուածաշնչական Ոսկի Հորթին: Իսկ պահակագունդը կը սպասէ զայրացած Եհովան…
Վահան Թէքէեան, Մուշեղ Իշխան, Շաւարշ Միսաքեան, Շաւարշ Նարդունի, Շնորհք պատրիարք եւ ուրիշներ, այժմ նաեւ Ռոպէր Հատտէճեան, ժամանակակից մեծ եկեղեցական մը, հանդիսացան զինուորեալներ,եղան եւ են, բայց չկայ պահակագունդ:

Պատմութեան խաւար օրերուն, վաղ թէ ուշ, յայտնուած են լուսաւոր դէմքեր, որոնք իրենց անձին օրինակով,տէր կանգնած են ժողովուրդին եւ առաջնորդած: Մեսրոպ, Սասունցի Դաւիթ, Կանտի կամ մեր նորագոյն պատմութեան հերոսները, յեղափոխականները, Արեւմտահայաստանի լեռներուն կամ Մռաւի վրայ:
Ռոպէր Հատտէճեան այդ երակէն կու գայ: Իր բերդը՝ «Մարմարա»ն, իր զէնքը՝ հայ գիրը, ընդդէմ խուճապի:
Ազատագրական պայքարները նախ եղած են միտք, խօսք, հրդեհած են հոգիները, ապա բռունցքները բարձրացած են:
Առանձին չէ: Հինգ ցամաքամասերու վրայ ցրուած են վերջին մոհիկանները, պահակագունդ չեն: Անթիկոն են կամ Սիզիֆ:
Պիտի գա՞յ օրը որ ստիպուած չըլլանք ըսելու՝ ափսո՜ս…
Գրեթէ տարի մը առաջ, Ֆրանսայի մէջ, իրեն տարեկից մը, պրակ մը լոյս ընծայեց, որուն անունն էր՝ ԸՆԴՎԶԵՑԷ՛Ք… INDIGNEZ-VOUS ! Բազմաթիւ հրատարակութիւններ եւ բազմամիլիոն վաճառք:ՄԵՐ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ ՄԱՀԱՄԵՐՁԻ ԱՆԿՈՂԻՆԻՆ ՄԷՋ պրակը, լոյս տեսած է Պէյրութ, քառասուն էջ: ՄԱՐՄԱՐԱյի այս տարուան Յունիս-Յուլիսի թիւերէն տասներկու յօդուածներ:
Ռոպէր Հատտէճեան չ’ըսեր՝ ԸՆԴՎԶԵՑԷ՛Ք: Երեւոյթը կը հաստատէ, հաւանօրէն յուսալով, որ իր ինքնութեան նախանձախնդիր հայը – եթէ այդ մարդատեսակը չէ անհետացած – ինք կ’ընդվզի:
Այդ կոչին կ’անսանք:
Հետեւինք տագնապող հայու մղձաւանջային հրաւէրին.
«Աւելի քան վաթսուն տարի ծառայելէ վերջ հայոց լեզուին ու գրականութեան, աւելի քան քառասուն տարի հայատառ թերթ հրատարակելէ ու մալոյ նուիրական աշխատանք տանելէ վերջ, ի՜նչ տառապանք է նստիլ ու գրել որ մեր մայրենի լեզուն հոգեվարքի մէջ է»:
Հոգեվարք.մեր լեզուն հետզհետէ կը դադրի «մայրենի» ըլլալէ: «Նստիլ ու գրել» որո՞ւ համար, երբ հոգեվարքի սադայէլի շրջանակին մէջ երջանկացածներ պիտի չտեսնեն գրուածը, եւ միայն դեռ չյանձնուողի պահակագունդի վերջին յոգնած հանգստեան կոչուածները պիտի ձայնակցին եւ…աւաղեն:
Կարդա՛լ նախաբանը: Վկայութիւն Պոլսոյ մասին:
Բայց հարկ է յանդգնիլ, եւ ըսել, որ Թատրոնի վերջին արարը կը խաղցուի ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի մէջ, հինգ ցամաքամասեր, նաեւ պատմութեան յաջորդական չարիքներու հետեւանքով «կրճատ» (Շաւարշ Նարդունի)Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
«Մեր սքանչելի մայրենի լեզուին նկատմամբ հայ ժողովուրդին կողմէ ցուցաբերուած արհամարհանքը՝ սիրտս կը խոցէ…»:
Մամուլ,մտաւորականութիւն եւ իրենց անուան արժանի ազգային ղեկավարութիւններ՝ ՉԵՆ ԸՆԴՎԶԻՐ եւ չեն հակազդեր աղէտը կասեցնելու համար, կարծեցեալ մարդորսութիւններու եւ կորսուող ջաղացքի չախչախին սպասարկելով… Կ’ըսեն՝ չխրտչեցնել, նորոյթ է ըսել՝ կը բաւէ «զգացումով հայ ըլլալ»…
Ռոպէր Հատտէճեան մրճահարելով կը յիշեցնէ ինչ որ գիտենք, որպէսզի չմոռնանք.
«Ամբողջ հաւաքականութիւն մը որ… կու գայ հրաշալիօրէն կատարելագործեալ մայրենի լեզու մը ունեցած ըլլալու, մայրենի լեզուով հրաշալի մամուլ մը ունեցած ըլլալու, մայրենի լեզուով դասաւանդող ազգային դպրոցներ ունեցած ըլլալու, մայրենի լեզուով հազարումէկ կազմակերպութիւններ ունեցած ըլլալու, մայրենի լեզուով շատ արժէքաւոր գրականութիւն մը ունեցած ըլլալու,մայրենի լեզուով թատրոն կազմակերպող թատերախումբեր կազմակերպած ըլլալու, ամբողջովին մայրենի լեզուի գործածութեան վրայ հիմնուած ազգային փառաւոր եկեղեցի մը ունեցած ըլլալու աւանդութիւններէն, հիմա երես դարձուցած է այդ մայրենի լեզուին ու յարգանք կ’ընծայէ միայն տեղական լեզուով սնուցուած ապրումներու… (ընդգծ.Յ.Պ.):.. «Հայերէնը դարձած է անբաղձալի լեզու: Անսիրելի լեզու»:… «Անամօթութիւնն ու ապիկարութիւնը հասած է ընդվզեցուցիչ սահմաններու», բայց քանի հոգի մնաց որ պիտի ընդվզի…
Այս Պոլի՞սն է թէ հայաշխարհը: Դուք դատեցէ՛ք:
Յուսահատական ճիչը պոռալու համար ձեռնոց չի դներ.
«Եկեղեցիին մէջ քարոզիչը իրաւունք ունի՞ իր եկեղեցիին լեզուն անդին շպրտելու, որպէսզի հաւատացեալները հասկնան…»:
Տարիներ առաջ սկսած խայտառակութիւնը հիմա տուն-տեղ եղած է: Հայոց եկեղեցիներու խորանէն կը հնչեն բաբելական լեզուներ, որոնց դէմ թումբ կանգնելու համար դաշնակցած էին հայոց արքան, հայոց կաթողիկոսը եւ մտաւորականը… Ուրացողներուն յիշեցնել:
Վտիտ էջերէն կը ծագին ազգային խորիմաստ մտածումներ, որոնք կ’առընչուին ինքնութեան եւ տեւելու կամքի:
«…հարազատին հաւատարիմ մնալու ու հարազատը ապրեցնելու հարց կայ: Տակաւին հարցը կայ այդ հարազատը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու՝ այնպէս ինչպէս մեր նախնիները փոխանցեր են մեզի»:
Այս ազնիւ յանձնառութեան շուրջ օղակը կը սեղմուի, կը սեղմուի: Այս պարտութեան դէմ համազգային ընդվզում չկայ եւ կ’աւազախրինք:
«Հայը հայերէն չի խօսիր միւս հայուն հետ: Հայը հայկական դպրոց չի ղրկեր իր զաւակը: Կամ եթէ ղրկէ, կը պահանջէ որ հայերէն լեզուին այնքան կարեւորութիւն չտրուի որքան պէտք է տրուի անգլերէնին կամ ուրիշ լեզուի մը: Հայ աղջիկը կամ հայ տղան իր սիրածին հետ հայերէն չի խօսիր: Հայը հայուն հետ ամուսնանալու մտահոգութիւն ալ չունի ու շատ բնական կը նկատէ օտարի մը հետ ամուսնանալը: Հայ մարդը հայերէն թերթ չի կարդար, հայերէն թերթը չի հաւնիր,հայերէն թերթին մէջ ուրիշ լեզու կամ ուրիշ լեզուներ տեսնել կ’ուզէ»:
Առանց մեծ բառերու հայոց իրականութեան ռատիոկրաֆին կատարուած է: Բայց ցաւցնող ախտաճանաչումը ղեկավարութիւններու մակարդակին օրակա՞րգ է:Ռոպէր Հատտէճեան ինք կը յանգի բիրտ ու բութ եզրակացութեան:
«Նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ հրաշալի ընթացքի մէջ է բացի մայրենի լեզուէն, այսինքն եթէ բոլոր հրաշալի պատկերներուն առընթեր մեր մայրենի լեզուն մահուան թողուած է, կը նշանակէ որ հրաշալի բան չկայ իրականութեան մէջ, կամ այն ինչ որ անդին հրաշալի ըլլալ կը թուի, անհիմն է,խախուտ է, խաբուսիկ պատկեր է»:
Տաղանդաւոր հայածնունդ օտարագիր գրողին պէս, որ կը ճոխացնէ օտարի գրականութիւնը, մեզի ձգելով աժան սնապարծութիւն:
Եւ պարզ իմաստութիւնը:
«Ի՜նչ մեղք որ այսօր հայերը այլեւս մեծամասնութեամբ մոռցած ըլլալ կը թուին թէ մայրենի լեզուն ազգային լինելութեան առաջին պայմանն է եւ հոս ալ հանգիստ սրտով պիտի կարենանք ըսել.Ի սկզբանէ մայրենի լեզուն կար»:
Կը նշուի որ մայրենի լեզուն կը ստացուի դպրոցը նախորդող շրջանին, որ մայրենի լեզուի կարեւորութեան մասին խօսիլ տհաճ է հայերէն չիմացողներուն համար: Օտար լեզուները պէտք է սորվիլ որպէս երկրորդ կամ երրորդ լեզու՝ մայրենի լեզուի կողքին, ոչ որպէս հիմնական կամ մայրենի:Լեզուական իմաստալից ճշդում մըն ալ կ’ընէ. Մայրենի լեզուն գիտնալ, օտար լեզուները սորվիլ:
Գրքոյկի կէսէն անդին կը խօսուի ուսուցուած կէսկատար հայերէնի մասին: Մանուկները կ’արտասանեն,առանց հասկնալու ինչ որ անգիր սորված են:
Մայրենի լեզուն սոսկ գիտութիւն չէ, կը խօսուի:
«Մայրենի լեզուն ապրեցնելու առաջին պայմանը այդ լեզուն խօսիլ է: Կարդալը վերջը կու գայ, գրելը վերջը կու գայ»:
Կը յիշուի մեծ մտաւորական եւ արեւմտահայոց Զարթօնքի աւագ դէմքերէն Գրիգոր Օտեանի խօսքը. «Լեզուն կը շինուի ժողովուրդի բերնին մէջ»: Մոռցած ենք:
Յիշեցում.«հայերս մէկ եւ անբաժան էինք գրական տեսակէտէ», ինչ ալ եղած ըլլային քաղաքական հանգամանքները:Աշխարհաբարներու ստեղծումով երեւան եկաւ տարբերութիւնը:
Քննադատութիւն եւ առողջ ազգային-քաղաքական վերաբերում է:
«Բայց կը պնդենք որ հայ մարդը, իր ապրած երկրին բարքերուն տուրք վճարելով հանդերձ, կրնար պահել ու պահպանել իր հայախօս մարդու ինքնութիւնը»:
Ինչո՞ւ ձախողած ենք, եւ ի՞նչ ընել վերականգնելու համար: Այս հարցումներն են որ կը ծագին այս պրակի ընթերցումէն:
Ռոպէր Հատտէճեանի եզրակացութիւնը ընդարձակ նիւթ է եւ այդ մասին հարկ է խօսիլ, առանց մեւլեւի տէրվիշի պէս պարելու (derviches tourneurs):
«Այս տողերը գրի կ’առնուին մեր հրաշալի մայրենի լեզուին մէկդի շպրտուած ըլլալը տեսնելու տառապանքէն: Չենք կրնար մխիթարուիլ մտածելով որ հայերէն լեզուն կ’ապրի ու կը գործէ գոնէ Հայաստանի մէջ: Չենք կրնար մխիթարուիլ երկու պատճառներով: Առաջինը՝ որովհետեւ հոն ալ մայրենի լեզուի գուրգուրանքն ու գործածութիւնը ցանկալի մակարդակի վրայ չեն,հոն ալ հայախօսութիւնը կը տառապի օտար լեզուներու ոտնձգութենէն: Երկրորդ՝ Հայաստանի մէջ պահպանուածը Արեւելահայերէնն է, ո՛չ թէ Արեւմտահայերէնը, իսկ մենք գիտենք որ Արեւմտահայերէնը Արեւմտահայութեան պաշտօնական լեզուն է եւ առանց Արեւմտահայերէնի, մեր ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հարստութեան առնուազն կէսը»:
Աւելցնենք.Արեւմտահայութիւնը կը կորսուի իր մշակոյթով եւ Դատով: Ի՞նչ կը շահի ազգը:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
«Նոր Յառաջ», Սեպտեմբեր 14, 2011





No comments:

Post a Comment