Հայ նորահաս սերունդին առողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր հայեցի ամուր
դաստիարակութիւն ջամբելը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հետապնդած
գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է միշտ: Իսկ նոր սերունդներու առողջ եւ արդիւնաւէտ
հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած,
մանկավարժ եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ:
Վերջին տարիներուն, հայոց լեզուի ու գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի
դասաւանդութեան մարզերուն մէջ, նշեալ ստորոգելիները ունեցող ուսուցիչներու թիւը
հետզհետէ նահանջ կ՚՚արձանագրէ, հայկական բազմաթիւ վարժարաններու մէջ, ամբո՛ղջ
Սփիւռքի տարածքին: Եթէ հայերէնագիտական նիւթերու դասաւանդ կարող ուսուցիչներու թիւի
նուազումը շարունակուի ներկայ ընթացքով, ոչ հեռու ապագային մեր նորահաս սերունդի
հայեցի կրթութեան ծրագիրները մեծ տագնապներու պիտի մատնուին:
Այս խնդիրին լուծում գտնելու ճիգին մէջ եւ իբրեւ գործնական նախաքայլեր, առնուած
են հետեւեալ նախաձեռնութիւնները.
1) Առաջարկուած է Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան, որ Երեւանի Պետական
համալսարանին մէջ հաստատուի հայերէնագիտական կրթութեան խտացուած ծրագիր մը:
Առաջարկուած ծրագիրին ուսումնական տեւողութիւնը պիտի ըլլայ երկու տարի: Ծրագիրի
աւարտին ուսանողը պիտի ստանայ մագիստրոսի վկայական: Ծրագիրը պիտի ներառէ
արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի դասաւանդման
բաժիններ: Ծրագիրին հետեւող ուսանողները մեծաւ մասամբ պիտի ըլլան Սփիւռքի
վարժարաններուն մէջ հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդելու համար պատրաստուող
սփիւռքահայեր: Ծրագիրին նպատակը պիտի ըլլայ նման ուսանողներու անհրաժեշտ
հայերէնագիտական մասնագիտացում ջամբել: Այս առաջարկին գործադրութեան առնչութեամբ կը
գտնուինք ծրագրումի հանգրուանի մէջ:
2) Հաստատուած է հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր
մը, որ կազմուած է հետեւեալ երկու հանգրուաններէն.
Ա) Սփիւռքի հայկական վարժարանէ մը հայերէնագիտական նիւթերու մէջ լաւ
արդիւնքներով շրջանաւարտ երիտասարդը/ուհին կը հետեւի մանկավարժական համալսարանական
ծրագիրի մը (Education), որուն աւարտին կը ստանայ BA-ի կամ Licence-ի վկայական: Այս
առաջին հանգրուանը կ՛ամբողջացուի իր բնակած երկրին մէջ: Նոյն հանգրուանին կամ
աւելի ուշ ուսանողը կ՛ամբողջացնէ Teaching Diploma-ի (Diplome d՛Enseignement)
ծրագիր մը:
Բ) Երկրորդ հանգրուանով ուսանողը կ՚ամբողջացնէ վերը մատնանշուած Երեւանի Պետական
համալսարանի հայերէնագիտական մասնագիտացումի` մագիստրոսի մակարդակի ծրագիրը:
Հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան այս ծրագիրը արդէն ընթացք
առած է: Մէկ ուսանող արդէն իսկ սկսած է հետեւիլ իր Licence d՛Education-ի
ծրագիրին:
3) Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը պատրաստ է հոգալու այս ծրագիրին հետեւող
առաջին քանի մը ուսանողներուն ուսման եւ Հայաստանի մէջ կեցութեան ամբողջական
ծախսերը: Աւելի մեծ թիւով ուսանողներու ծախսերը հոգալու համար, Համազգայինի
Կեդրոնական Վարչութիւնը պատրաստ է գործակցելու կրթական կամ բարեսիրական այլ
կազմակերպութիւններու կամ կառոյցներու հետ: Նաեւ կը ծրագրուի հիմնել այս նպատակին
սատարող յատուկ հիմնադրամներ` հայցելով օժանդակութիւնը ազնիւ եւ հոգածու
ազգայիններու:
4) Այս ուսանողներէն պիտի պահանջուի գրաւոր համաձայնագիրով մը ստանձնել
բարոյական պարտաւորութիւնը, ուսումը աւարտելէ ետք, առնուազն եօթը տարի հայկական
վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարելու իբրեւ հայերէնագիտական նիւթի ուսուցիչ:
Արդ, սոյն հաղորդագրութեամբ կը փափաքինք յայտարարել, թէ այս ծրագիրը սկսած է
արդէն: Ապա նաեւ գործակցութեան կոչ ուղղել հետաքրքրուած կրթական կամ բարեսիրական
կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն: Գործակցութեան կոչ ուղղել նաեւ Սփիւռքի
հայկական վարժարաններուն: Վերջապէս, հրաւիրել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ
այս ծրագիրով հետաքրքրուած աշակերտները, որ կապ պահեն Համազգայինի Կեդրոնական
վարչութեան գրասենեակին հետ (central@hamazkayin.com, 00961-4-715684):
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
6 Օգոստոս 2012ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
No comments:
Post a Comment