December 11, 2014

Ունենալու ենք ամե՛ն տան մէջ

 ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Հայաստանի պատմական ատլաս»-ը։
Անպայմա՛ն ունենալու ենք։
Ունենալու ենք՝ տեւաբար վերադառնալու համար անոր, սերտելու համար մեր բազմահազարամեայ պատմութիւնը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ՝ իր նուաճումներով ու յաղթանակներով, ճանչնալու համար մեր դրախտավայր երկիրը իր աշխարհագրութեամբ, սահմաններով եւ իր բնական ու մշակութային հարստութիւններով, այլեւ վերանորոգուելու ու մեր արդար իրաւունքներուն կառչելու համար աւելի ամրօրէն։
Վերջերս լոյս տեսաւ ան. աւելի ճիշդ է ըսել՝ 2012-ին, առաջին հրատարակութենէն 25 տարի ետք ընթերցողին մատուցուեցաւ «Ատլաս»ի երկրորդ հրատարակութիւնը՝ դարձեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամերիկայի (1987-ին՝ նաեւ Գանատայի) Արեւելեան թեմի Ազգային ուսումնական խորհուրդին կողմէ (anec@armenianprelacy.org)։