August 12, 2016

Պոստոնի Ս. Ստեփանոս ազգ. վարժարանի ամավերջի հանդէսները



Պոստոնի Ս. Ստեփանոս ազգ. վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 32րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 16ին, իսկ նախակրթարանի հանդէսը՝ Յունիս 17ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն:
Իր խօսքին մէջ, տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Պոյամեանը յիշեց դպրոցի կազմակերպած տարեկան գիտութեան շաբաթը, 30-ամեակի հանդիսութիւնը, աւարտական կարգի աւանդական՝ 13րդ տարեկան այցելութիւնը Հայաստան, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի եւ իր պատուիրակութեան դպրոց այցելութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին, գրասենեակի անձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, դպրոցի խնամակալութեան եւ յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին։
Յունիս 16ին, տիկ. Պոյամեանը պատուեց մանկամսուրի ուսուցչուհի տիկ. Մարալ Տէրտէրեանը իր 25 տարուան ծառայութեան համար,  իսկ Յունիս 17ին՝ երկու նուիրեալ անձնակազմի անդամներ՝ տիկ. Արլէթ Աշճեանը (10 տարուան ծառայութիւն) եւ տիկ. Նորա Հաքէթը (15 տարուան ծառայութիւն)։
Փոքրերու հանդէսը նուիրուած էր խաղաղութեան, իսկ նախակրթարնի հանդէսը՝ դպրոցի 30-ամեակին, Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին եւ ընկերային ծառայութեան, որովհետեւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. մասնաւոր կոնդակով 2016-ը հռչակած է ծառայութեան տարի։  Նախակրթարանի հանդէսին նիւթը հմտօրէն համադրուած էր հայերէնի դասատու տիկ. Արտեմիս Մկրտիչեանի կողմէ: Երկու հանդէսներուն իր փակման խօսքին մէջ, Տ. Անդրանիկ Ա. Քհնյ. Պալճեանը իր գնահատանքի խօսքը ըսաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին իրենց տարած աշխատանքին եւ նուիրումին համար:
Մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան 21 աշակերտներ.  Նելլի Աղաճանեան, Ճիանա Ալեքսանտրեան, Յարութ Արթինեան, Նարա Պեհպահանի, Աւետիս Պէլ, Արիանա Պութիէթ, Էմմա Ֆոնթց, Իզապէլ Ֆոնթց, Արմէն Կալայեան, Ստեփան Կիւզէլեան, Ճուլիա Քէպաճեան, Դաւիթ Օկանէսեան, Լորի Փանոսեան, Կասիա Սարգիսեան, Տաթեւիկ Սարգիսեան, Լիանա Սէրատէրեան, Արման Ստեփանեան, Պելիսա Թամպուրինի, Քլոի Թինքճեան, Կասիա Թհքաճեան եւ Նայիրի Եագուպեան։
Նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղան Քրիս Աշճեան, Թալին Անթոն, Ալեք Տէր Սիրաքեան, Ալիք Հասրճեան, Սոֆիա Գահվէճեան, Վանա Գարակէօզեան, Ալեքսանտր Նալպանտեան, Էնտրու Սարգիսեան, Սեւան Սուքիասեան, Ալիք Ստեփանեան, Սեւանա Ստեփանեան, Բենիամին Սուրէնեան, եւ Իզապէլ Թէնէքէճեան։
Նախակրթարանի վկայականներու բաշխումէն յետոյ, տիկ. Պոյամեանը բաժնեց 2015-2016 տարեշրջանի մրցանակները.-
1.- Հայերէնի մրցանակներ
-  Ազգ. Առաջնորդարանի մրցանակը ստացան Քրիս Աշճեան, Էնտրու Սարգիսեան, Բենիամին Սուրէնեան, Ալիք Ստեփանեան, Սեւանա Ստեփանեան, Ալիք Հասրճեան եւ Վանա Գարակէօզեան։
-  Դպրոցի մրցանակը ստացան  Իզապէլ Թէնէքէճեան, Սոֆիա Գահվէճեան, Թալին Անթոն, Ալեք Տէր Սիրաքեան, Ալեքսանտր Նալպանտեան եւ Սեւան Սուքիասեան։
-   Հայ Օգնութեան Միութեան մրցանակը ստացաւ  Պիանքա Թամպուրինի։

2.- Նախագահական մրցանակները ստացան
-   Ուսման գերազանցութեան մրցանակ՝ Բենիամին Սուրէնեան, Սոֆիա Գահվէճեան, Էնտրու Սարգիսեան, Ալիք Ստեփանեան եւ Քրիս Աշճեան։
-   Ուսման մէջ յառաջդիմութեան մրցանակ՝ Ալիք Հասրճեան, Սեւան Սուքիասեան եւ Ալեք Տէր Սիրաքեան։

3.- Վարքի Մրցանակ
Վանա Գարակէօզեան

4.- Հ.Օ.Մ.ի Շարադրական Մրցումին
     Դ. Դասարան
-          Առաջին մրցանակ՝ Զեփիւռ Մէրտինօղլու
-          Երկրորդ մրցանակ՝ Անտրէաս Գահվէճեան
-          Երրորդ մրցանակ՝ Կրէկըրի Թինքճեան եւ Մարալ Աբրահամեան
-          Առաջին մրցանակ (անգլերէն)՝ Անտրէ Մոնթերօ, Երկրորդ Մրցանակ (անգլերէն)՝ Սիէնա Սողոմոնեան

     Ե. դասարան

-          Առաջին մրցանակ՝ Սեւանա Ստեփանեան եւ Ալիք Ստեփանեան

-          Երկրորդ մրցանակ՝ Քրիս Աշճեան

-          Երրորդ մրցանակ՝ Վանա Գարակէօզեան

-          Երկրորդ մրցանակ (անգլերէն)՝  Թալին Անթոն

-          Երրորդ մրցանակ (անգլերէն)՝ Բենիամին Սուրէնեան



5.- «Նշան եւ Արշալոյս Նաճարեան» մրցանակ

-          Արուեստի մէջ՝ Սիէնա Սողոմոնեան

-          Երաժշտութեան մէջ՝  Կրէկըրի Թինքճեան

(իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 տոլարի կրթաթոշակ)



6.- «Անահիտ Գազազեան Կրթաթոշակը» ստացան հայերէնի մէջ փայլուն

     աշակերտներ

-          Գրիգոր Իսկէնտէրեան եւ Մարալ Աբրահամեան
 (իւրաքանչիւրը ստացաւ 100 տոլարի կրթաթոշակ)

No comments:

Post a Comment