September 14, 2011

Սփիւռքը կրնայ վերականգնիլ միա՛յն հաստատութենական մտածողութեամբ

Իբրեւ նախաբան
Կրնայ պատահիլ, որ հակաճառելով վերեւ ընդգծուածին, ըսուի, թէ սփիւռքեան իրականութեան համար այդքան ալ անծանօթ չեն նշեալ մօտեցումները, որովհետեւ յետ Եղեռնի հայ զանգուածներուն համար տասնամեակներու ընթացքին իսկ յստակ դարձան, թէ առանց համապատասխան կառոյցներու հաստատման եւ կամ նորովի ստեղծման, կարելի չէ այլապէս գոյատեւել եւ ուծացումէ փրկել իրերայաջորդ սերունդներ:
Սա ինքնին պերճախօս իրողութիւն մը ըլլալէ չի դադրիր, մանաւանդ որ արդէն Սփիւռքը իր երբեմնի կազմաւորումէն ասդին կ՚՚ապրի աւելի քան իննսունամեայ յաղթերգը թուրքին դէմ, առանց սակայն կարենալ դադրեցնելու պայքարը տակաւ սաստկացող ու անհամար դժուարութիւններուն:
Այլ ասած, Հայ Եկեղեցւոյ, դպրոցին, միութիւններուն, կուսակցութիւններուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ` կարգ մը հոգեշահ հիմնարկներու ունեցած դերակատարութեան առընթեր, Սփիւռքը իր համատարած կառուցուածքով եւ բազմազան կարելիութիւններու մէկտեղումով` կարողութիւնը չունեցաւ ցարդ ստեղծելու գոյութենական իր պայքարին նորովի ռազմավարութիւնը, հակառակ վերջին տասնամեակներու տրուած ազդանշաններուն, բարձրացուած ահազանգներուն, ուշքի գալու սրտցաւ կոչերուն, տարաբնոյթ քննարկումներուն եւ առաջադրուած ծրագիրներուն:
Մէկ խօսքով, Սփիւռքը յայտնուեցաւ դէմ յանդիման այնպիսի իրավիճակի մը, յատկապէս Հայրենիքի անկախութեան վերականգնումէն ետք, ուր, փոխանակ իր ազդու, գիտական լիցքով պարուրուած, խիզախ, ինքնահաստատ, ազգակերտ եւ ապագայատեսիլ աշխատանքներու իր բարերար ներդրումը բերելու` վերանկախ հայրենիքի հզօրանքին, գտնուեցաւ ընկալողի կացութեան մէջ, տեղայնական հարցերով խեղճացած, ամուլ ու բռնազբօսիկ երեւոյթներու կառչած, եւ առհասարակ` ինքնակործանումի համայնապատկերի մը պաստառը պարզած:
Իրաւամբ, տխուր եւ յուսալլկիչ այս հորիզոնին դիմաց` հայրենի հողէն, ջուրէն, շունչէն եւ ոգեղէն հարստութենէն հեռու, ի բացառեալ այցելութիւններու պատճառած որոշակի խանդավառութիւններուն, Սփիւռքը կ՚ապրի իր գոյութեան կարապի երգը, այս անգամ բոլորիս ընդունելի տարազով մը, թէ պարտադրուած ճակատագիրի մը հերթական ընթացքն է, որ այլապէս կը սրտդողէ մեր շրջապատը:
Ի դէպ, մտորումներուն առանցքը չի կազմեր այն վճիտ իրողութիւնը, թէ սփիւռքեան կեանքին մէջ քրտնախառն եւ հայակերտ ամէն աշխատանք, որուն ետին կանգնած է անպայմա՛ն նուիրեալ հայու անեղծ էութիւնը, կեանքի թաւալքին հետ իր շրջապատին փոխանցեց ազգային գիտակցութեան եւ պահանջատիրական ոգիի վսեմութիւնը, այլապէս մնալով անմիջական լուծումներու ազդեցութեան տակ:
Ընդգծում մը
Պատմաքաղաքական եւ ընկերատնտեսական հոլովոյթներու պատկերն ու հաստատագրուած ճշմարտութիւններու տեսադաշտը, մեր` սփիւռքահայութեան պարագային, ընկրկումներու առընթեր յաճախ ցուցանիշ եղած է նաեւ բողոքի, ընդվզումի, վերականգնման փորձերու թէ պահանջատիրական պոռթկումներու, գրեթէ բոլոր բնագաւառներու մէջ, պայմանական յաջողութիւններու ներքեւ, առանց սակայն ընդգծելու հետագայ տարիներու ճշդուելիք գործադաշտերու եւ հայեցակարգերու ռազմավարական առաջնահերթութիւնները:
Բաւարար է, թէեւ համառօտակի, քննական հայեացքներու եւ մօտեցումներու ընթացքով մը անդրադարձ կատարել սփիւռքահայ կեանքի իւրաքանչիւր մարզի, տեսնելու համար տարուող աշխատանքներու բազմածաւալ եւ հարուստ ժառանգութիւնը, որուն մանրամասնութիւններու թուումն անգամ պատուաբեր հարթակներ են ամբողջ ազգին:
Այս առումով, տարիներու հոսքին հետ, արդեօք սակաւաթի՞ւ են համագումարներու, ժողովներու, սեմինարներու թէ առաջադրուած թղթածրարներու գոյութիւնը, որոնք իրենց շահեկանութեամբ հանդերձ, չեն կրցած լիարժէքօրէն արժեւորել (գործնականօրէն) ոչ միայն տուեալ ժամանակի ախտաճանաչումն ու լուծումներ որոնելու կամեցողութիւնը, այլեւ դատապարտուած են անհատական թէ հաւաքական քմահաճոյքին, տեղայնամտութեան եւ շատ անգամ սկեպտիկ վերաբերումներու:
Անցնինք:
Հաւանաբար հարց տրուի, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպիսի՞ բացատրութեամբ առնչութիւն մը կը փորձուի տեսնել Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին եւ առանձնապէս վերոնշեալ ընդհանուր ընդգծումներուն միջեւ: Պարզ ասած, ինչո՛ւ այսքան ծանրաբեռնել այս համագումարը, որ տեղի ունեցաւ 18-20 Օգոստոս, 2011-ին, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին, Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ, եւ որուն առանցքը արեւմտահայերէնի այսօրուան կացութիւնն էր, մարտահրաւէրներու եւ առաջադրանքներու մէկտեղումով:
Համառօտակի անդրադարձ
Հարկ է միանշանակ արձանագրել, թէ իբրեւ համագումարի մտայղացում, թէեւ յապաղած, իսկապէս որ կ՚ընդգրկէր խորիմաստ եւ նպատակասլաց ուղղուածութիւն: Ըսուածին ապացոյցը, առաջին հերթին կազմակերպիչ յանձնախումբին կատարած ամիսներու վրայ երկարող հետեւողական աշխատանքին եւ ընդգրկուն նիւթերու պատրաստութիւն էր: Հոս տեղին է նշել, որ, եռօրեայ համագումարի տեւողութիւնն ու մատուցուած նիւթերու այլազան բնագաւառները կարելի էր համադրական ճիգով մը աւելի ամփոփել, խնայելու համար ժամանակի գործօնը:
Միւս կողմէ, գնահատելի էր յանձնախումբին մեկնակէտն ու առաջադրանքը`, առաւելագոյն ներկայացուցչութիւն ապահովելու համագումարին եւ ունենալու համասփիւռքեան մասնակիցներու ներկայութիւն:
Ինչ կը վերաբերի համագումարին գիտահետազօտական բնոյթին, ապա մեծապէս քաջալերելի էր մասնակցութիւնը ակադեմական բարձրագոյն ուսումանց տէր պատմաբանի, ընկերալեզուաբանի, իմաստասիրական կրթութեամբ յագեցած փրոֆեսորի, մամուլի երկարամեայ սպասարկուներու, հրապարակագիրներու, բազմավաստակ ուսուցիչներու, մշակութանուէր եւ ազգային հասարակական կեանքի նուիրեալ հայորդիներու, թիւով աւելի քան վաթսուն հրաւիրեալներու:
Ի դէպ, երիտասարդ տարրերու մասնակցութիւնը յաւելեալ ջերմութիւն եւ խանդավառութիւն կը ներշնչէր առհասարակ:
Տեղին է յիշել, թէ դպրեվանքի ուսանողներու եւ կարգ մը հոգեւոր հայրերու ներկայութիւնը խրախուսիչ էր այն հասկացողութեամբ, որ իբրեւ եկեղեցանուէր նորահաս սերունդի զաւակներ, իմաց ըլլալով սփիւռքահայ իրականութեան դառնութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ ներկայացուած առաջադրութիւններուն, իրենք ալ իրենց կարգին պարտաւոր են ցուցաբերել մտաւորական եւ գիտական վայելչութեամբ մօտեցումներ, այլապէս արժեւորելով հոգեւոր կեանքի նուիրականութիւնը:
Ընդհանուր մթնոլորտ
Յիրաւի, եղբայրական եւ հոգեհարազատ մթնոլորտի մը հրապոյրը տիրող էր համագումարին, ուր տարբեր երկիրներու եւ միջավայրերու մէջ ապրած հայորդիներու միջեւ առկայ էր կապն ու յարաբերութիւնը խթանող գիտակցութիւնը` այլապէս ծանօթացումներու եւ սրտբաց քննարկումներու առիթ տալով:
Փաստօրէն, դադարներուն, ճաշի թէ ընդհանրապէս պատեհ առիթներու, մասնակիցներու միջեւ տեղի կ՛ունենային հոգեպարար խօսակցութիւններ, փորձառութիւններու փոխադարձ ընկալումներ եւ ընդհանրապէս տուեալ նիւթերու մասին յիշատակելի մատնանշումներ կատարուեցան:
Հաստատումներ
Համագումարի առանցքը արեւմտահայերէնի կացութիւնն էր, այսինքն` Սփիւռքը իր պատմութեամբ, գրականութեամբ, աւանդութիւններով, նիստ ու կացով, աշխարհահայեացքով, եզակի կենցաղով, մթնոլորտով, ընկերային իրավիճակով, ընկրկումներով եւ յաջողութիւններով, եւ առաւելաբար` օրհաս ներկայով եւ անորոշ ապագայով:
Իրաւամբ, իւրաքանչիւր զեկուցաբեր համապարփակ ձեւով փորձեց ներկայացնել իրեն վերապահուած նիւթը, որուն լոյսին տակ տեղի ունեցան ըստ էութեան քննարկումներ, առաջարկներ, յաւելեալ ախտաճանաչումներ, մարտահրաւէրները շրջանցելու դիտաւորութիւններ, թեր ու դէմ կարծիքներու լսումներ, ու մանաւանդ` անկաշկանդ սակայն ըստ պատշաճի քննադատութիւններ:
Իրօք, համագումարի հոգեխռով եւ մտահոգութիւններով յագեցած մասնակիցները առանց վարանումի քննարկումներ կատարեցին, եղան թափանցիկ եւ սրտբաց զրոյցներ` մտերմիկ եւ շատ անգամ յախուռն իրենց դատողութեամբ, ակնկալութիւններով եւ կեցուածքներով:
Անկեղծ ասած, մասնակիցներուն մօտ առկայ էր այն հիմնական մտահոգութիւնը, թէ տուեալ համագումարներու, սեմինարներու եւ ժողովներու ընթացքին արձանագրուած ախտաճանաչումներն ու առաջադրութիւնները դժբախտաբար մնացած են սոսկ կարգախօսային, անարդիւնաւէտ եւ ժամանակավրէպ:
Աւելին, անոնք քաջաբար հաստատեցին, որ այն հիմնական գործօնը որ կը բացակայի տնօրինումներու տեսակէտէ, մեծապէս կ՚առնչուի սփիւռքահայ կեանքի մէջ դերակատար պատասխանատուներու եւ ղեկավարութեանց, որոնք ի տես օրըստօրէ գահավիժող կացութեան, կը յամենան լուծումներու եւ առաջնահերթութիւններու կայացումին մէջ:
Տպաւորութիւններ
Հովուերգութեան որոգայթէն հեռու մնալու նախանձախնդիր մօտեցումով հարկ է արձանագրել, թէ համագումարի ամբողջ տեւողութեան Վեհափառ Հօր ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը իր շեշտակի ներդրումը ունեցաւ: Ան մօտէն հետեւեցաւ քննարկումներուն, լսեց եւ արժեւորեց քննական մտքով յագեցած սուր արտայայտութիւնները, աւելի՛ն. շեշտը դրաւ ինքնաքննարկումներու ճամբով եւ ինքնասրբագրումներու միջոցաւ եկեղեցական թէ ազգային կեանքի բարելաւումին վրայ, արիաբար ընդունելով արձանագրուած սխալներն ու թերութիւնները, եւ ինքնագիտակից մղումով մը ձեռնարկելու հայ կեանքի վերազարթնումին:
Համագումարի մասնակիցները, իրենց կարգին, արժանավայել կերպով անդրադարձան համասփիւռքեան տարողութեամբ գիտական աշխատանք ծաւալելու անհրաժեշտութեան, անյապաղ լծուելու տարիներէ ի վեր յամեցող վատառողջ գործունէութիւններու դադրեցումին եւ նախանձախնդրութեամբ տէր կանգնելու ազգակերտ աշխատանքներու ձեռքբերումին:
Արժեւորումներ
Ճիշդ է, որ համագումարին ստուգապէս հնչեցին խօսքի սահմաններէն գործի անցնելու հրամայական պահանջն ու կարեւորութիւնը, յատկապէս արեւմտահայերէնի այսօրուան պարզած իրավիճակին ի տես, ուր եւ շեշտը դրուեցաւ մանկավարժական, մեթոտաբանական թէ հայեցի կառուցուածքով դասագիրքերու պատրաստութեան, մամուլի մէջ քննական մտքի զարգացման, վարժարաններու առաւել կենսունակութեան, հասարակաց կեանքի թէ եկեղեցական ծառայութիւններու վերանորոգ աշխատանքի ընդգծումին վրայ: Այդուհանդերձ, հիմնականին մէջ մնայուն եւ գերակշռող ազդակներու ծիրին մէջ ՄԱՐԴՈՒԺի պատրաստութեան հիմնախնդիրն է, որ այդքան ալ գործնականօրէն իր տեղն ու դերը չունեցաւ:
Բացատրենք:
Իրօք, Վեհափառ Հօր արտայայտած մտքերուն կիզակէտը եթէ երբեք մէկ կողմէ արեւմտահայերէնի պարզած կացութիւնն էր, զայն փրկելու հաստատ մօտեցումով, ապա միւս կողմէ, եւ տիրապէս զգալի էին անոր մտահոգութիւնները` մարդուժի պատրաստութեան խնդիրին առնչութեամբ:
Փաստօրէն, համագումարի մասնակիցները ուղղակի խնդրանք-պահանջով մը Վեհափառ Հօր սեփականութիւնը դարձուցին այս պարագան եւ շուտափոյթ կերպով նման աշխատանքի մը ձեռնարկելու կարեւորութիւնը:
Եզրակացութիւններ
Սփիւռքահայ կեանքի դաժան եւ այլասերիչ պաստառին դիմաց եթէ երբեք մեր նախնիքը վճռած էին դիմակայել ատենի խոչընդոտներն ու պարտադրուած իրականութիւնները` ազգին մնացորդացը պահելու ու պահպանելու, ստեղծելով այնպիսի կառոյցներ, որոնց հայաշունչ դաստիարակութեան կոչուած էին առաքելատիպ հայորդիներ, ապա, ներկայ ժամանակներու արագասոյր եւ անսովոր պայմաններուն լոյսին տակ հասած է պահը միանգամընդմիշտ եւ բարձրագոռ հաստատելու, որ ատենի հայրենակցական-միութենական կեանքի մօտեցումներն ու կենցաղակերպերը ա՛լ դադրած են ոգեշնչելէ իրենց շրջապատը, դարձած են ինքնանպատակ, իրենց պատեանին մէջ խեղդուելու դատապարտուած:
Արդարեւ, միջազգային համապատասախան կառոյցներու ահազանգի՞ն պէտք էր սպասէինք, որպէսզի ԻՄԱՆԱՅԻՆՔ, թէ արեւմտահայ լեզուն վտանգի մէջ է, անոր ապագան անորոշ է եւ ենթակայ մահուան:
Հակառակ գիտութեամբ յագեցած եւ ամէնէն բարձր մակարդակի տիտղոսներուն տիրացած հայորդիներու հսկայական փաղանգին, սփիւռքեան մակարդակի անհատական կեանքի մէջ նիւթական հզօրանքին, քաղաքական ու բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ համայնքային տիրական ներկայութեան, ահաւասիկ այսօր Սփիւռքը` արեւմահայերէնը կ՛ապրի իր օրհասը եւ ամէնէն ճակատագրական պահերը:
Միամտութիւն պիտի ըլլար ուրանալ անհայրենիք ըլլալու իրողութիւնը, սակայն ինչպէ՛ս բացատրել տասնամեակներու վրայ երկարած մեր ապիկար եւ տխեղծ վերաբերումներն ու մօտեցումները վերոնշեալի նկատմամբ:
Իրօք, ինչպէս մեր նախնիքը տարբեր հանգրուաններու կարողացան իրենց ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հրայրքը ապրիլ, ապա այսօրուան կեանքին մէջ իր հարազատ ներկայութեամբ հայ երիտասարդութեան համար կան առաջնահերթութիւններ, սփիւռքահայ կեանքին մէջ ՆՈՐԱՐԱՐ մտածողութեան ներառման անհրաժեշտութիւն ու ներկայ ժամանակներու լեզուով բարբառելու անյետաձգելի հրամայական` միշտ պահելով ինքնութիւնն ու լեզուն:
Այլ ասած, եթէ երբեք ազգային մեր կառոյցներուն կենսունակութիւն եւ վերապրելու աւիւն չներարկենք, ազգային մեր կեանքին մէջ գիտական հիմնարկներու գոյութիւնն ու յարատեւութիւնը չապահովենք, ստուգապէս անդարձ է սփիւռքահայ կեանքի գահավիժման ընթացքը:
Այդ հիմնարկները իրենց ամէնէն բարձր հեղինակութեամբ եւ գիտական աշխարհահայեացքներով պիտի կարենան ուղղել եւ առաջնորդել ազգային մեր կեանքը, գիտնան տարբաղադրել Սփիւռքի դիմագրաւած դժուարութիւնները, ծրագրային առաջադրութեամբ հանգրուան առ հանգրուան ճշդեն ընելիքներու առաջնահերթութիւնները, հայ նորահաս սերունդներու առաւել գիտականացումին խթան հանդիսանան, գիտահետազօտական աշխատանքներով խանդավառեն շրջապատը եւ ամէնէն էականը` սփիւռքահայութեան վերադարձնեն ինքնավստահութեան ու հպարտութեան խայծը:
Թէ ինչո՛ւ այս մատնանշումը այս համագումարի առիթով, պարզապէս, որովհետեւ սփիւռքահայ երիտասարդը պիտի շարունակէ ՀԱՒԱՏԱԼ, թէ ազգային այս հարստութիւնը` արեւմտահայերէնը կրնայ վերականգնիլ եթէ երբեք մեր ճիգրուն ագուցենք Ս. Մեսրոպի տեսլահար ներուժը, Նարեկացիի տառապանքը, Խրիմեան Հայրիկի կամքն ու ազգային պահանջատիրական մեր ոգիին անժամանցելիութիւնը:
Կ՛ապրին անոնք, որոնց դրոշմը կը պայծառանայ կեանքի պարտադրած յորձանուտին դէմ պայքարելով, ապա նաեւ անպայման յաղթելով:
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Ազդակ»

No comments:

Post a Comment