June 28, 2011

Արեւմտահայերէնի հիմնական դասագիրքեր՝ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն համար

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կը մշակէ տարրական, միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցի արեւմտահայերէնի հիմնական դասագիրքեր, որոնք պիտի տրամադրուին Սփիւռքի վարժարաններուն:
Լեզուա-մշակութային ուծացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան խնդրին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը շատ կարեւոր կը նկատէ Սփիւռքի կրթական խնդիրներուն ուսումնասիրութիւնը եւ աջակցութիւնը` ամենէն առաջ ուսումնական ծրագիրներու եւ դասագիրքերու ստեղծումով:
Նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտա-կրթական ծրագիրներու բաժնի պետ Սիրվարդ Համբարեանը նշեց, թէ լեզուա-մշակութային աստիճանական ուծացումը անխուսափելիօրէն կը տանի ազգային արմատներէն սերունդներու օտարացման:
Ըստ Ս. Համբարեանի խօսքով, տեղական լեզուներու ազդեցութեան հետեւանքով, հետզհետէ ակնյայտ կը դառնայ հայկական կրթօճախներու լեզուական միասնականութեան խաթարումը, եւ նոր սերունդի շարքերուն մէջ կը նուազի հայախօսներու թիւը, կը փակուին հայկական վարժարաններ, իսկ գործող դպրոցներուն մէջ կը պակսի հայ աշակերտներուն թիւը: «Հայոց լեզուի մէջ օտար ազդեցութիւնների ներթափանցումը, օտար բառերի գործածութիւնն ուղղակիօրէն տանում է հայոց լեզուի աստիճանական քայքայման, իսկ լեզուի կորուստն ազգային ինքնութեան, լեզուա-մտածողութեան, ազգային հոգեբանական կերտուածքի կորուստ է», ըսաւ Ս. Համբարեան, աւելցնելով, թէ հայկական համայնքներուն մէջ, անոր արեւմտահայ ու արեւելահայ հատուածներուն մէջ կրթական խնդիրներու եւ լեզուապահպանութեան միասնական համակարգ գոյութիւն չունի:
Ան նաեւ նշեց, որ արդի հայերէնի երկու ճիւղերն ալ ներկայիս ունին խնդիրներ, օտարաբանութիւններ կամ անհարկի նորամուծութիւններ, քերականական, շարահիւսական, ուղղագրութեան բազմաձեւութիւններ ու սխալ կիրառումներ, դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուի հինցած, վանող, անհետաքրքիր դասագիրքերով ու եղանակներով, երբեմն ուսուցիչներու խիստ անհատական, տարերային եղանակներով ու մատուցած նիւթերով:
«Շատ կրթօճախներ իրենք են մշակում ծրագրեր եւ դասագրքեր, որոնք հիմնականում չեն բաւարարում հայերէնի դասաւանդման մանկավարժական, եղանակային պահանջներին»,- ըսաւ Համբարեան, տեղեկացնելով, որ ստեղծուած է համակարգող խորհուրդ, ուր ընդգրկուած հայաստանեան եւ սփիւռքեան արեւմտահայերէնի մասնագէտները պէտք է աշխատին միասնական դասագիրքերու ստեղծման ուղղութեամբ: Աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք պիտի ստեղծուին տարրական, միջին եւ երկրորդական դպրոցի արեւմտահայերէնի համար հիմնական դասագիրքեր, որոնք պիտի տրամադրուին Սփիւռքի ամէնօրեայ վարժարաններուն:

No comments:

Post a Comment