December 09, 2011

Արեւմտահայերէնի քերականութեան դասագիրքերու այլազանութիւնն ու անկէ յառաջացած շփոթը

Ուսումնական աշխատանքի ճիշդ կազմակերպման, անոր արդիւնաւէտութեան եւ նպատակայնութեան համար ուսուցիչը, բացի իր մանկավարժական կրթութենէն եւ փորձառութենէն, ինչպէս նաեւ ուսուցման համար անհրաժեշտ պայմաններէն, իր ձեռքին տակ անպայման պէտք է ունենայ իր դասաւանդած նիւթին ծրագիրը, դասագիրքը եւ տուեալ նիւթը դասաւանդելու մեթոտաբանութիւնը: Առանց այս երկուքին` ուսուցիչը չի կրնար ապահովել ուսուցման աշխատանքի արդի գիտամանկավարժական անհրաժեշտ մակարդակը: Ուրեմն այսօրուան դպրոցն ու դասը դժուար է պատկերացնել առանց ծրագիրի, դասագիրքի եւ մեթոտաբանութեան: