August 19, 2011

Համասփիւռքեան Կրթական Գ. համագումարի առաջին օրը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, երէկ` Հինգշաբթի, 18 Օգոստոս 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին` նուիրուած «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» նիւթին: Համագումարի կազմակերպական բոլոր աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը` գլխաւորութեամբ բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի:
Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Ժիրայր Դանիէլեան բարի գալստեան խօսք ուղղեց մասնակիցներուն, որոնք եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Հիւսիսային թէ Հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն, Թուրքիայէն եւ Միջին Արեւելեան այլազան երկիրներէ: Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրապետական օրհնութեան իր խօսքը արտասանեց` մատնանշելով այն մտահոգութիւնները, որոնք սկսած են ոչ միայն տարածում գտնել, այլեւ արմատաւորուիլ ու «բնական» նկատուիլ արեւմտահայերէնի գործածութեան մէջ: Իր պատգամի ընթացքին արտայայտած մտածումներով, Վեհափառը խորապէս մտահոգիչ գտաւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութիւնը, սակայն սոյն համագումարին գումարումը բնաւ առիթ չնկատեց այս կացութեան ողբը հիւսելու, այլ միջոց` միասնաբար որոնելու արեւմտահայերէնը բիւրեղացնելու եւ զայն առողջացնելու ազդու ծրագիրներ կազմելու: Արամ Ա. Կաթողիկոս յորդորեց ախտաճանաչումը կատարել կացութեան, որուն պիտի նպաստէ փորձառութեանց փոխանակումը: Ապա, Վեհափառը ըսաւ, թէ «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս» բանալի հարցումները պէտք է տալ բարձրաձայն` յառաջատուական ընթացքով գտնելու համար լուծումներ։
«Թէ ի՞նչ միջոցներով արեւմտահայերէնը պիտի փրկենք» հարցադրումը կատարելով եւ անոր պատասխանելով` Վեհափառը ըսաւ, թէ մեր սեփական ուժերով զայն պիտի փրկենք եւ ոչ միայն քննադատական յօդուածներ ստորագրելով կամ միջազգային մշակութային կամ լեզուագիտական կազմակերպութիւններուն դիմելով: Վեհափառը ըսաւ, թէ մեր միջոցներով պայքարիլ եւ աշխատանք տանիլ կը նշանակէ ծրագրուած աշխատանքով մարդուժի պատրաստութեան սկսիլ, «առանց որուն մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր կարելիութիւնները կը դառնան անիմաստ: Այսպէս` ուսուցիչ, հայագէտ, լեզուագէտ գրեթէ կը պակսին մեզի, այսօրուան մեր կեանքին մէջ», ըսաւ ան: Առ այդ, ազգային գիտակցութեան վերազարթօնք անհրաժեշտ նկատեց վեհափառը, մեր ինքնութեան գոյապայքարին նոր թափ տալու համար: «Հայոց լեզուն մեր արիւնն է, առանց անոր բնականոն շրջանառութեան, մեր ազգի մարմինը պիտի հիւծի ու անշնչանայ», ըսաւ ան։
Հայրապետական պատգամէն ետք խօսք առաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան: Ողջունելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին անմիջական հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող սոյն համագումարը, Անանեան մատնանշեց սփիւռքի այն մտահոգութիւնները, որոնց դիմաց Հայաստանի պետութիւնը որոշ քայլերու դիմած է վերջին տարիներուն: Սփիւռքի նախարարութիւնը, «Սփիւռք գիտա-հետազօտական կեդրոն»ը, «Զանգակ 97» եւ այլն յիշելով, Անանեան ցոյց տուաւ այն հոգածութիւնը, զոր կը ցուցաբերէ հայրենիքը հանդէպ Սփիւռքին, որուն գոյութիւնը եւ գոյապայքարը յատուկ նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար:
Անանեան իբրեւ լուծում առաջարկեց Հայաստանի պետութեան կողմէ կազմակերպումը մանկավարժներու պատրաստութեան, ուղղակի վիրահատումը կատարելու համար վերոյիշեալ կացութեան, որպէսզի Սփիւռքի վարժարաններու մակարդակի բարձրացումը ապահովուի: Ան նաեւ կատարեց առաջարկ համահայկական լեզուական խորհուրդ ստեղծելու, որուն ծրագրումները եւ տուած որոշումները պարտադրաբար գործադրուին բոլոր գաղութներուն կողմէ: Համահայկական կայքէջ ստեղծելու առաջարկ նաեւ կատարելով, Անանեան զայն իբրեւ արեւմտահայերէն ուսուցանելու միջոց  ներկայացուց բոլոր փափաքողներուն: Երկլեզու` արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն պարբերական կամ օրաթերթ հրատարակելու իր առաջարկով, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնով պատկերասփիւռի կայան հաստատելու միտքով, Անանեան յայտնեց, թէ անոնք մեծապէս պիտի նպաստեն լեզուի ուսուցում կատարելու:
Բացման պաշտօնական բաժինէն ետք համագումարը աշխատանքային իր հոլովոյթին անցնելով զեկուցումներ լսեց առաջին նիստին յատկացուած «Արեւմտահայերէն լեզուի քերականութեան դասագիրքերու այլազանութիւնն ու անկէ յառաջացած շփոթը» նիւթին շուրջ: Նիստը վարեց Ժիրայր Դանիէլեան, իսկ զեկուցումներ ներկայացուցին Մարի Ագպաշ` Թուրքիայէն, Շողիկ Աշըգեան` Սուրիայէն, իսկ Յովիկ Պերթիզլեան` Լիբանանէն:
Բ. նիստը յատկացուած էր «Սփիւռքահայ վարժարաններուն համար արեւմտահայերէնի ուսուցման ծրագիրի մը պահանջը» նիւթին: Նիստը վարեց Համբիկ Մարտիրոսեան, իսկ զեկուցաբերներն էին` Անժել Միսիսեան` Լիբանանէն, Յակոբ Չոլաքեան` Սուրիայէն եւ Պետրոս Հաճեան` Արժանթինէն (ի բացակայութեան Հաճեանի, զեկուցումը ընթերցեց Սարգիս Կիրակոսեան):
Յետմիջօրէին, Գ. նիստը յատկացուած էր «Արեմտահայերէնի նոր դասագիրքեր եւ բառարաններ պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը» նիւթին, զոր վարեց Նարեկ արք. Ալեէմեզեան: Սոյն նիւթին զեկուցաբերներն էին Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան` Ֆրանսայէն, Գերյարգելի Հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան` Լիբանանէն, եւ Գեղանի Էթիեմեզեան` Լիբանանէն:
Դ. նիստը կը շօշափէր «Հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան հրամայականը» հրատապ նիւթը: Նիստը վարեց Սարգիս Նաճարեան` Լիբանանէն, իսկ այս մասին զեկուցումներ ներկայացուցին Տիգրան Ճինպաշեան` Լիբանանէն, Կարօ Յովհաննէսեան` Լիբանանէն, եւ Յակոբ Միքայէլեան` Սուրիայէն:
Բոլոր նիստերուն ընթացքին զեկուցաբերներուն կողմէ ներկայացուած ախտորոշումներն ու առաջարկները քննարկումի ենթարկուեցան մասնակիցներուն կողմէ, թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտուեցան քերականութեան պարզացման, դասագիրքերու արդիականացման, ուսուցիչներու պատրաստութեան, ստիպողաբար երկլեզու կամ եռալեզու մտածող ու խօսող ներկայ սերունդի կազմաւորման եւ այլ մանկավարժական հարցերու մասին, որոնք բանաձեւի յանձնախումբին կողմէ արձանագրուելով պիտի խմբագրուին գործնական քայլեր առաջարկող յայտարարութեան մէջ, որ պիտի հրապարակուի համագումարի նիստերու աւարտին:

No comments:

Post a Comment