January 20, 2011

Հարցազրոյց Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ

Անցեալ տարուան Յուլիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի ուսուցման նուիրուած գիտաժողով մը՝ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ։ Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթը հարցազրոյց մը ունեցած էր անոր մասնակիցներէն՝ մանկավարժ եւ հայերէնի դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ։ Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցը։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Յուլիս 3-էն 5, Հայաստանի մէջ մասնակցեցաք Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած գիտաժողովին, որ նիւթ ունէր արեւմտահայերէնի ուսուցումը՝ պահպանումն ու տարածումը։ Իբր Յունաստանէն միակ ներկայացուցիչ, կրնայի՞ք տեղեկութիւններ տալ մեր ընթերցողներուն՝ խորհրդաժողովի բնոյթին, նպատակներուն եւ ընթացքին մասին։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Գիտաժողովին մասնակցեցայ նախարարութենէն եկած անձնական հրաւէրով։ Հայ լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու մեր շարքերը, նաեւ յարակից դպրոցական հրատարակութիւնները, ճանչցուած են եւ գնահատուած՝ Հայաստան (անշուշտ ոչ՝ տեղւոյն վրայ գործածելի ըլլալու իմաստով, քանի անոնց ներկայացման լեզուն հիմնականօրէն արեւմտահայերէն լեզուաճիւղն է։

Հ.- Գիտաժողովը նուիրուած էր արեւմտահայերէնին եւ իր հարցերուն. ի՞նչ կ՚ակնկալէիք եւ ի՞նչ գտաք...
Պ.- Ճիշդ ըսած՝ ժողովին գացի քիչ մը վերապահ, նոյնիսկ որոշ մտավախութեամբ։ Նախապատրաստող մամուլի յայտարարութիւն մը եւ զայն կանխող «կլոր սեղան» մը, իրենց դրած հարցերով («հիմնահարց» որակուած, բայց մեծ մասամբ անկարեւոր, գոնէ ոչ հրատապ հարցեր, ինչպէս «արեւմտահայերէնի ուղղագրական ներքին տարբերութիւններու» հարցը), տարակուսանք ստեղծած էին իմ եւ այլոց մօտ...

Հ.- Եւ այդ հարցե՞րը դրուեցան գիտաժողովին՝ լուծուելու համար...
Պ.- Բարեբախտաբար՝ ոչ. կամ՝ ո՛չ նոյն ձեւով...։ Օրակարգը աւելի տրամաբանական էր, աւելի համապատասխան՝ մեր իրականութեան։ Ճիշդ է, արեւմտահայերէնի ուղղագրական ներքին փոքր տարբերութիւններուն ակնարկներ եղան, բայց Սփիւռքէն բազմաթիւ ձայներ իրաւացիօրէն շեշտեցին, որ այդ տարբերութիւնները չնչին են իսկապէս, եւ ոչինչով կը խանգարեն դասաւանդումները. օտար յատուկ անուններու (անձնանուն, տեղանուն...) հայատառ գրութեան հարցը աւելի լուրջ է, բայց ոչ իսկապէս խանգարող։ Ըսուեցաւ, որ արեւմտահայ ձեռնհաս ուսուցիչներու եւ խմբագիրներու խումբ մը, քանի մը ժամ խորհրդակցելով, կրնան հաստատել ուղեցոյց մը, բայց կիրարկումի կանոնաւորութիւնը քիչ մը հարցական պիտի մնայ։
Ուրեմն, գիտաժողովը ընթացաւ մտաւոր կարգ-կանոնի եւ դրականութեան մթնոլորտի մէջ, հոգ չէ թէ որակի որոշ անհաւասարութեամբ (ասիկա անխուսափելի է նման խորհրդակցական հաւաքներու)։ Առիթ ունեցանք լսելու բաւական հետաքրքրական զեկոյցներ, մէկ քանին՝ շատ շահեկան։

Հ.- Չխօսեցաք մասնակիցներու մասին. ունեցա՞ք հետաքրքրական հանդիպումներ...
Պ.- Պիտի ըսէի, որ գիտաժողովին նոյնքան, ու աւելի եւս շահեկան երեսը կողմնակի հանդիպումներն էին, ժողովականներուն տրուած հիանալի առիթը՝ նոր ծանօթութիւններ հաստատելու, հիներ վերահաստատելու, հարստացնող փոխանակումներ ունենալու եւ քննարկումներ ընելու... Մասնակիցները՝ մեծ մասամբ ուսուցիչներ, կրթական պատասխանատուներ (տնօրէն կամ այլ), երբեմն հայագիտական ամպիոններու դասախօսներ՝ կու գային Պոլիսէն (հետաքրքրական երկու զեկոյց), Արժանթինէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն...։ Երեւանէն կային արեւմտահայերէնի մասնագէտներ՝ հիմնարկներու վարիչ թէ դասախօս, կապուած՝ ըլլա՛յ Սփիւռքի նախարարութեան, ըլլա՛յ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան։
Զեկոյցներէն ոմանք կը վերաբերէին զեկուցողներու շրջաններու յատուկ հարցերուն, ուրիշներ կ՚ընդգրկէին ընդհանրական, խորքի հարցեր. ծրագրում, դասագիրքեր, մեթոտաբանութիւն՝ տեսական թէ գործնական։ Ինչպէս ըսի, որոշ զեկոյցներ յատուկ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին, եւ ընդհանուր մակարդակը գոհացուցիչ էր, ինչպէս եւ զեկոյցներուն հետեւող քննարկումներու ընթացքը։ Այս վերջինները մեծ չափով կախեալ կ՚ըլլան նիստերու ղեկավարումէն։ Իսկ ներկայ ժողովի պարագային, բարերար եղաւ՝ նիստերու նախագահներու կողքին՝ մնայուն եւ գործօն ներկայութիւնը նախարարուհի տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի։

Հ.- Գիտաժողովը, ըստ ձեզի, հասա՞ւ իր նպատակին։
Պ.- Գիտէք, այսպիսի խորհրդաժողովներ, լաւագոյն պարագային, ծրագրումի վայրեր են, եւ դեռ՝ իրագործման միջոցներու նախնական մշակումի, նախապատրաստումի վայրեր։ Ա՛յս իմաստով պէտք է քննել ճշդուած նպատակները, եւ ժողովի քննարկումներուն ու որոշումներուն ներդաշնակութիւնը անոնց հետ։ Նաեւ գործ դրուելիք միջոցներու մշակման ձեւն ու չափը։ Նախ՝ ժողովի թիւ 1 թեման «արեւմտահայերէնի միասնական դասագիրքերու» պատրաստութիւնն էր։ Այսպէս՝ սկիզբէն ճշդուած։ Ըսենք՝ նաեւ հարցն էր ուսումնական ծրագիրներու, որոնց վրայ հիմնուած կ՚ըլլան դասագիրքերը։ Միասնական դասագիրքի այս հարցը, ուրեմն, ենթարկուեցաւ քննարկումի եւ քննադատութիւններու...

Հ.- Նաեւ քննադատութիւններու...
Պ.- Այո։ Քննադատութիւնները -- ըսենք՝ վերապահութիւնները -- երկու տեսակի էին։ Առաջին տեսակը՝ անոնք, որոնք չէին ընդուներ միասնական ծրագիրներու/դասագիրքերու առաջնահերթ կարեւորութիւնը...։ Ա՛յն իմաստով, որ ուսումնական ծրագիրներ եւ դասագիրքեր մասամբ կա՛ն արդէն. ծրագիրները՝ փոյթ չէ թէ տեղական-մասնակի, իսկ դասագիրքերու շարքերը՝ աւելի կամ նուազ յաջող։ Բո՛ւն պակսողը, կամ չնչին համեմատութեամբ գտնուողը՝ պատրաստուած ուսուցիչն է...։ Իմ զեկոյցս լրիւ յատկացուած էր ա՛յ հարցին, այս իսկական առաջնահերթութեան...
Հոս չեմ ծանրանար իմ նիւթիս վրայ, որ մեզ կրնայ շեղեցնել գիտաժողովի ընդհանուր ներկայացումէն. անջատ կրնամ տրամադրել զեկոյցիս ամփոփումը, որ կրնաք հրատարակել, եթէ յարմարութիւն ըլլայ։

Հ.- Ձեր արծարծած նիւթը արձագանգ գտա՞ւ ժողովին մէջ։
Պ.- Գիտաժողովի օրակարգը ճշդուած էր «միասնական ուսումնական ծրագիր եւ միասնական դասագիրք» թեմայով, եւ այդպիսին ալ մնաց։ Դասագիրքը, երեւի, իբր երեւութապէս անմիջական իրականութիւն, աւելի կը գրաւէ հետաքրքրութիւնները։ Ուսուցման որակի եւ ուսուցիչի հարցերը աւելի վերացակա՞ն կը թուին, կամ ո՞ւշ արդիւնաբերող, չեմ գիտեր...։ Ասոնք ալ դրուեցան մի քանի առիթներով, բայց անուղղակի։ Երեւանի վերապատրաստման դասընթացքներու անբաւարարութիւնները մատնանշելով, ըսին, որ վերապատրաստումը... ուսուցիչներու սկզբնական «պատրաստուածութիւն» կ՚ենթադրէ։ Ահազանգ հնչեցուեցաւ՝ վաղը Սփիւռքի տարածքին հայերէնի ուսուցիչէ լրիւ զուրկ մնալու շատ իրական սպառնալիքին շեշտումով։ Այսինքն՝ ուսուցիչի որակը ձգե՛նք, անոր պարզ գոյութի՛ւնն իսկ վտանգուած է... Ուրեմն՝ խօսքը ուսուցումի որակի մասին չէր այնքան...

Հ.- Ինչպէ՞ս կը բացատրէք...
Պ.- Երկար պիտի ըլլար բացատրելը. ամփոփ՝ պատճառ մը տուի արդէն։ Միայն աւելցնեմ, որ դժբախտաբար Սփիւռքի մէջ, նաեւ խորհրդային կրթամշակութային մթնոլորտին դեռ չափով մը հարկատու Հայաստանի մէջ, կրթական համակարգերը չունին իսկապէ՛ս՝ հոգեբան-մանկավա՛րժ ուսուցիչի պատկերացում. դասաւանդման հոգեբանութեան եւ թեքնիքներո՛ւ պատկերացում։ Խօսքս ընդհանուր վիճակին մասին է, քանի առաջապահ «կղզիներ» միշտ ալ կ՚ըլլան, հոս թէ հոն։ Ընդհանուր աւանադական այդ պատկերացումով՝ լաւ ուսուցիչը, մեր մէջ, գիտելիքներու ջրհոր մըն է...։ Միւնչ գրեթէ լրիւ օտար կը մնայ մեզի՝ դասաւանդման հոգեբանութեան եւ թեքնիքներու ամբո՛ղջ աշխարհ մը (աշակերտի արթնացում-շահագրգռում, հաղորդակցութեան եւ իւրացումի միջոցներ...), տեսութիւն թէ՛ գործարկում...։

Հ.- Գիտաժողովը իր որդեգրած ուղիով ընթացաւ ուրեմն....
Պ.- Բնականաբար։ Եւ ըսել ալ չէի ուզեր, որ այդ ուղին անշահեկան է եւ անօգուտ (դրածս՝ առաջնահերթութեան հարց մըն էր, թէեւ իմ աչքիս՝ կենսական)։ Միասնական դասագիրքի հարցը լրջօրէն քննարկուեցաւ, ընդգծուեցաւ կարեւորութիւնը խուսափելու անցեալ փորձերու թերիներէն. ապա եւ՝ անհրաժեշտութիւնը՝ նիւթերու կեդրոնական կորիզի մը վրայ շրջանային տարբերութիւններ պատուաստելու, դասագրքային տարբերակներ ստեղծելու։ Եւ քանի կարելի չէր (ոչ ալ նախատեսուած արդէն), այսպիսի լիագումար նիստի մէջ աւելի շօշափելի աշխատանքի լծուիլ,- նախարարուհի տիկին Հ. Յակոբեանի առաջարկով ու մղումով՝ ստեղծուեցաւ համակարգիչ մարմին մը, մեծ մասամբ սփիւռքահայ կրթական գործիչներէ բաղկցած, որ պէտք է լծուի այդ գործնականացման։ Անոր կը մասնակցին, խորհրդատուի հանգամանքով, հայրենի մասնագէտներ, գիտահետազօտող թէ դասախօս, Սփիւռքի եւ Կրթութեան-Գիտութեան զոյգ նախարարութիւններու ծիրէն։
Ի դէպ, հաւանօրէն պէտք է ըլլայ, որ այդ մարմինը իր մէջ գոյացնէ կեդրոնական բջիջ մը, կորիզ մը, նաեւ այս կամ այն մասնաւոր աշխատանքին սահմանուած խմբակներ...։ Մնացեալը՝ ա՛լ՝ ապագայի խնդիր է։ Գիտաժողովը մինչեւ հոս կրնար հասնիլ -- քննարկել ու ծրագրել, աշխատանքի գործիքներու առաջին դարբնում մը փորձել. եւ կրնանք ըսել՝ իրագործեց իր յայտագիրը, ու անգամ մը եւս ըսելու գնով՝ ի՛ր ի սկզբանէ պատկերացուցած առաջնահերթութիւններու հիման վրայ։

Հ.- Ունի՞ք յաւելոլւմներ...
Պ.- Մէկ հիմնական յաւելում։ Անհրաժեշտ է որ, այսօրինակ աշխատանքներու մէջ, Սփիւռքը ստանձնէ հիմնական, գործօն դերակատարութիւն։ Հայաստանը հիանալի հանդիպումի վայր է, կրնայ նոյնիսկ որոշ չափով մղիչ դառնալ Սփիւռքի գործերուն։ Բայց Սփիւռք մը, որ ի՛նք չի նախաձեռներ, որ նախաձեռնութեան կը սպասէ Երեւանէն, Սփիւռք մը՝ որ խօսքէ անդին չ՚անցնիր,- դատապարտուած է արագ հիւծումի։ Գիտաժողովի բեմէն, նախարարութեան կողմէ հնչած բազմաթիւ շեշտումներ կոչ կ՚ուղղէին արդէն Սփիւռքին՝ աշխատանքի լծուիլ գործակցաբար...։ Եւ, կը կարծեմ, եթէ գործակցութենէն անդին՝ մեր Սփիւռքը կարենար գործերու նախաձեռնութի՛ւնը առնել, ոչ ոք պիտի կարենար (ոչ ալ արդէն, կարծեմ, պիտի կամենար) մերժել իրեն այդպիսի նախաձեռնող դիրք մը։ Ասով՝ բացարձակապէս չակնարկուիր անշուշտ նախապատուութիւններու մասին, ինչ որ «սփիւռքեան» մենաշնորհի իրաւունքներու մասին։ Այլ այն պարզ ճշմարտութեան՝ որ Սփիւռքը, որեւէ ապրող օրկանիզմի նման, պէտք է տէր ըլլայ ինքնաբաւութեան որոշ մակարդակի, նախաձեռնելու որոշ ատակութեան, ինքնակազմակերպումի,- որպէսզի ըլլայ ապրելի, գոյատեւելի օրկանիզմ։ Նոյնիսկ՝ որպէսզի կարենայ յուսալիօրէն օգտուի՛լ օժանդակութիւններէ, ապա նաեւ գործակցիլ՝ իր կարգին օժանդակելով...։ Արդէն չմոռնանք, որ հայրենիքը ինք՝ ունի ծով կարիքներ, եւ դեռ ամբողջ «նոր Սփիւռք» մը, որու կազմակերպութեան համար -- ի դէպ -- կրնանք օգնել իրեն մեր սեփակա՛ն փորձով։ Կը մնայ ուրեմն, որ արեւմտահայ Սփիւռքը, յանձինս անհատ գործիչներու կամ/եւ մայր հիմնարկութիւններու (մտածելով Կիլիկեան Ս. Աթոռի, Համազգայինի կամ այլ տարածուն կառոյցներու մասին), աննախընթաց ճիգով մը միացնէ, արժեւորէ իր ցրուած ուժերը, վերցնէ մարտահրաւէրը։ Որովհետեւ Սփիւռքը կա՛մ պիտի համախմբէ իր մսխուող ուժերը, ձգիտ (գո՛նէ ձգտի...) ինքնաբաւութեան եւ հայրենի կառոյցներու հետ ինքնաբաւ գործակցութեան, կա՛մ ալ -- կրկին -- մեծ արագութեամբ պիտի հիւծի մշակութապէս։ Ուրիշ ընտրանք չկայ։
Սահման քաջաց՝ զէնն իւրեանց...։


No comments:

Post a Comment