Դալար Շահինեան կը դասախօսէ Cal State Long Beach համալսարանի համեմատական գրականութեան բաժանմունքին մէջ։ Իր անգլերէն գրութիւնը լոյս տեսած էր անցեալ տարի հայ մամուլին մէջ։ Պետօ Տեմիրճեանի կատարած հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է Tert.am կայքէջի Մայիս 25ի թողարկումին մէջ։ Այս շահեկան յօդուածը (լրիւ վերնագիրն է՝ «Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին. ԵՈՒՆԵՍՔՕյի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի գրականութեան հարցը») ամբողջութեամբ կու տանք՝ որոշ խմբագրութեան ենթարկելէ ետք։ Յետգրութեան մէջ, թարգմանիչը կը մատնանշէ.
«Հետաքրքրական է, որ այս գրութիւնը՝ արեւմտահայերէն լեզուին կենսունակութեան սպառնալիքին մասին, ցարդ տեղ չէ գտած արեւմտահայերէն մամուլի մէջ. բնագիրը անգլերէն է, թարգմանաբար տեսնելով ֆրանսալեզու եւ արեւելահայերէն լրատուական միջոցներու մէջ, որոշեցի ես ինքս թարգմանել, յուսալով որ արեւմտահայերէն մամուլի մէջ պիտի հրատարակուի։ . . . Կը մաղթեմ, որ այս աշխատանքը խնդիրի քննարկման սկիզբ մը ըլլայ»։
Այս տարուան [2010. Թրգմ.] Փետրուարին, արեւմտահայերէնը ներառուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ելեկտրոնային ատլաս»ին (UNESCO Online Atlas of World Languages in Danger)[1] մէջ, վտանգուած ըլլալու մակարդակներէն «հաստատօրէն վտանգուած» կարգավիճակով: «Խոցելի»է մինչեւ «մեռած» հինգ աստիճաններէն՝ «հաստատօրէն վտանգուած» կը համարուին այն լեզուները, որոնք այլեւս իբրեւ մայրենի լեզու չեն աւանդուիր իրենց երկիրներուն մէջ: Վտանգուած ըլլալու մակարդակները, որոնք կը չափեն խոցելի լեզուներու նուազող կենսունակութիւնը, մշակուած են լեզուի մը սերունդէ սերունդ փոխանցումի հիմքով, ինչպէս՝ այլ տուեալներու կարգին, լեզուն խօսողներու բացարձակ թուաքանակին, կամ ընդհանուր բնակչութեան մէջ լեզուն գործածողներու տոկոսին վրայ: Լեզու մը մեռած, յանգած կը համարուի, երբ որոշ ժամանակաշրջան մը սերունդէ սերունդ չի փոխանցուիր եւ զայն խօսողներ այլեւս չեն մնար:
Հակառակ անոր, որ ատլասի կառուցուածքը հիմնուած է նախ եւ առաջ լեզուի բանաւոր գործածութեան վրայ, անհրաժեշտ է անդրադառնալ ի՞նչ կը նշանակէ լեզուին «խոցելի» սահմանումը արեւմտահայերէնի արտայայտման գրաւոր ձեւերուն համար: Սփիւռքեան հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրենց գործունէութիւնը սկսած են կատարել երկլեզու, իսկ արեւմտահայերէնով վարչական կիրառումը այնքա՛ն նուազած է, որ այլեւս ստացած է խորհրդանշական բնոյթ: Լեզուի լրագրական գործածութիւնը նոյնպէս անկումի մէջ է, սփիւռքահայ գաղութներու մէջ ընթերցողներու քանակի նուազումին պատճառով (վկայ՝ Փարիզի մէջ հրատարակուող 84ամեայ «Յառաջ» թերթի անցեալ տարուան փակումը) [3]: Գալով լեզուի եկեղեցական գործածութեան, կը թուի, թէ երիտասարդ սերունդը արեւմտահայերէնին կը մօտենայ ինչպէս գրաբարին, որ կ՛օգտագործուի պատարագ մատուցելու, բայց ո՛չ՝ կրթական կամ գործնական նպատակներու: Ուրեմն, արեւմտահայերէնը ի՞նչ եղած է իբրեւ գրականութեան մղիչ ուժ։
Դժուար է գնահատել արեւմտահայ գրականութեան ներկայ վիճակը. որեւէ գիտական հետազօտութիւն գոյութիւն չունի, որ ա՛յս լեզուական ձեւի ժամանակակից ստեղծագործութիւններու համապարփակ նկարագիրը տայ: Աւելի՛ն. նկատի առնելով, որ սփիւռքահայ գրական գործերը գլխաւորաբար անհատական նուիրատուութիւններու շնորհիւ կը տպագրուին, կամ կը հրատարակուին հատուկենտ թերթերու եւ պարբերականներու մէջ եւ ո՛չ թէ հրատարակչատուներու կողմէ, դժուար կամ անհնարին կը դառնայ ձեռք ձգել հրատարակուած եւ շրջանառութեան մէջ եղող գիրքերու ամբողջական ցուցակները:
Հայերէն դասագիրքերը կամ ժամանակակից հայ գրականութեան ժողովածուները դադրած են քսաներորդ դարու առաջին կէսին ծնած գրողներու սերունդին հետ: Այնուամենայնիւ, ժամանակակից արեւմտահայերէն լեզուով գրողներ կան: Այսօր՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Արժանթինի, Պոլսոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ապրող գրողներ արեւմտահայերէն գործեր կը հրատարակեն: Ժամանակակից այս հեղինակներէն կ՛առանձնանայ Լիբանան ծնած, փարիզաբնակ Գրիգոր Պըլտեանը: Նկատի ունենալով արեւմտահայերէն իր գործերու ծաւալը միայն, կը թուի, թէ ան չ՚՚ենթարկուիր լեզուաբաններու «հաստատապէս վտանգուած» պիտակին: Ան նաեւ միակն է պետականութենէ զուրկ Սփիւռքին մէջ, որ կը մշակէ նուազ զարգացած ժանրը՝ վէպը, որ յետգաղութատիրական տեսական դատողութեան մէջ աւանդականօրէն կապուած է ժամանակակից «ազգ-պետութեան»:
Գրող, դասախօս եւ գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեանը վերջին քսան տարիներուն ընթացքին քննադատական բազմաթիւ գործերու կողքին, նաեւ վեց վէպերու հեղինակ է: Անոր գրութիւնները բազմազան նիւթերու շուրջ են՝ քսաներորդ դարու բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի երկերուն վերլուծումէն («Կրակէ շրջանակը Դ. Վարուժանի շուրջ», 1988) մինչեւ տասներորդ դարու բանաստեղծ-աստուածաբան Նարեկացիի («Երկխօսութիւն Նարեկացիի հետ», 2008, եւ այլ գրութիւններ) գործերուն հետազօտումը եւ, հասնելով ֆրանսահայ գրականութեան՝ «Cinquante ans de literature armenienne en France» («Յիսուն տարի հայկական գրականութիւն Ֆրանսայի մէջ»):
Թէեւ անոր լայնածաւալ տեսական եւ քննադատական հրատարակութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան արեւմտահայերէնի զարգացման եւ պահպանման մէջ, Պըլտեան ինքզինք կը համարէ գրող եւ միա՛յն գրող: Անոր արձակ գրութիւնները նոր վիպապաշտական եւ յետժամանակակից վէպի միջեւ գտնուող ոճ մըն են: Իր վէպերուն մէջ ան յաճախ կը խուսափի կէտադրական օրէնքներէ, բովանդակութեան յաջորդական շարադրանքէն եւ վստահելի հերոսներէն (narrators): Հակառակ որ վէպերու ճնշող մեծամասնութիւնը ներշնչուած է ֆրանսական յետկառուցապաշտ տեսութենէն, լեզուական խաղերը եւ բովանդակութիւնը զարմանալիօրէն կը ներկայացնեն 1915էն ասդին կազմուած հայկական Սփիւռքը՝ յատկանշուած ժամանակագրական ընդհատման զգացումով եւ աշխարհագրական սփռուածութեամբ։ Ընդլայնելով արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալու կարգավիճակին մասին հարցադրումս, Պըլտեանի ազդու ներկայութեամբ, ի՞նչ կը նշանակէ սփիւռքեան մշակութային փորձառութիւն մը ներկայացնել վերջնականապէս մարող լեզուական ձեւի մը մէջ: Նման պատմութիւն մը ի՞նչ կը յուսայ յաջողցնել։ Եւ ինչպէ՞ս պիտի զարգացնէ ժամանակի եւ տարածութեան հասկացողութիւնը։ Պըլտեանի վէպերը ցոյց կու տան, թէ պատասխանը կը գտնուի արեւմտահայերէնի կատարողական կարողութեան մէջ: Իր գործերուն մէջ, Պըլտեան, իրապաշտ մօտեցումով կեանքը ընդօրինակելու փոխարէն, հայելի մը կը բարձրացնէ ինքնին արեւմտահայերէնի լեզուական ձեւին դէմ:
2003ի իր «Անունը լեզուիս տակ» վէպին մէջ, Պըլտեան կը քննարկէ թէ, ինչ կը նշանակէ յետբեկումնային (post-traumatic) տարագրեալ մշակոյթի մը համար այս վէպը ստեղծել՝ շօշափելով 1915ի Ցեղասպանութիւնը պատմողական հիւսուածքի մը միջոցով ներկայացնելու հարցը: Ոլորապտոյտ եւ մասնատուած պատմութիւններու շարք մը շերտերով ուղղուելու կողքին, վէպը կ՛օրօրուի նաեւ բազմաթիւ տեսակէտներու՝ արեւմտահայերէնի տիրապետող գրական ձեւերուն, գրաբարին եւ արեւելահայերէնին, Մշոյ բարբառին եւ խօսակցական թրքահայերէնին միջեւ: Ժամանակի եւ վայրի փոփոխուող մշտական տեսարաններով, Ֆրանսայի 1960ականներու դասախօսական դահլիճներ, Պէյրութի 1950ական թուականներու հայաշատ թաղեր, 1915ի պատմական Հայաստանի Մշոյ գաւառ, վէպը կը ներկայացնէ քննական պատմութիւն մը, յետպատմուածքներ եւ արտագրուած ներկայացում մը՝ ընդհանրապէս եւ յատկապէս հայոց Աղէտին առնչուած:
Ի վերջոյ, վէպը լեզուին ձախողութիւնը ցոյց կու տայ՝ Աղէտը արտայայտելու փորձին մէջ. Աղէտը աննկարագրելի պատահար մըն է, զոր հնարաւոր չէ լեզուական համակարգի նշաններով ստեղծել ու յաւերժացնել: Վէպը՝ ընդգծելով հանդերձ 1915ի Աղէտը որպէս իրադարձութիւն ներկայացնելու անկարելիութիւնը, այնուամենայնիւ կը յաջողի ներկայացնել Աղէտի փորձառութիւնը, ի յայտ բերելով «ազգային» լեզուի (արեւմտահայերէնի) կորուստը։ Ըստ էութեան, վէպը կը պնդէ, որ 1915ի Աղէտը (ընդհանրապէս) կարելի չէ ներկայացնել Լեզուի միջոցով, քանի որ ան հաւասարեցուած է ազգային լեզուի կորստեան հետ (մասնաւորապէս):
Հոս, կորուստը կ՛ակնարկուի մշակութային եւ լեզուական համակարգի հայրենի հողէն արմատախիլ ըլլալուն, որ մաս պիտի կազմէ Սփիւռքի ընդհատուած, ոչ շարունակելի ժամանակին: Պըլտեանի վէպը որոշ չափով կը ծառայէ արեւմտահայերէնի յուղարկաւորութեան հուսկ բանքի մը, որուն ընթացքին արեւմտահայերէնը կ՛աղաղակէ.- «տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ կրնայի ըլլալ, եթէ ապրէի»: Վէպին պատմողական հոսքի եւ ձայներու գլխապտոյտ պատճառող բազմազանութեամբ, անվերջանալի նախադասութիւններու շարունակական հոսքով հանդերձ, չափի զգացողութիւն մը կը յառաջանայ, որ լեզուն կը ձերբազատէ ժամանակէ եւ տարածքէ, միեւնոյն ատեն, սակայն, ան կ՛ենթարկուի ժամանակի, պատմութեան եւ պատմուածքի բնական փոփոխութիւններու խոցելիութեան: Պըլտեան այս կորուստին մասին կը գրէ աքսորեալ լեզուով, անոր տալով վէպի տեսք, որ ներկայացնելով ազգային պետութեան ծնունդը, կ՛ընդգծէ իր՝ որպէս գրող, յաջողութեան մեծութիւնը:
Հոս, կորուստը կ՛ակնարկուի մշակութային եւ լեզուական համակարգի հայրենի հողէն արմատախիլ ըլլալուն, որ մաս պիտի կազմէ Սփիւռքի ընդհատուած, ոչ շարունակելի ժամանակին: Պըլտեանի վէպը որոշ չափով կը ծառայէ արեւմտահայերէնի յուղարկաւորութեան հուսկ բանքի մը, որուն ընթացքին արեւմտահայերէնը կ՛աղաղակէ.- «տեսէ՛ք, թէ ի՛նչ կրնայի ըլլալ, եթէ ապրէի»: Վէպին պատմողական հոսքի եւ ձայներու գլխապտոյտ պատճառող բազմազանութեամբ, անվերջանալի նախադասութիւններու շարունակական հոսքով հանդերձ, չափի զգացողութիւն մը կը յառաջանայ, որ լեզուն կը ձերբազատէ ժամանակէ եւ տարածքէ, միեւնոյն ատեն, սակայն, ան կ՛ենթարկուի ժամանակի, պատմութեան եւ պատմուածքի բնական փոփոխութիւններու խոցելիութեան: Պըլտեան այս կորուստին մասին կը գրէ աքսորեալ լեզուով, անոր տալով վէպի տեսք, որ ներկայացնելով ազգային պետութեան ծնունդը, կ՛ընդգծէ իր՝ որպէս գրող, յաջողութեան մեծութիւնը:
Այնուամենայնիւ, թերեւս աւելի լաւատես առումով, պատմուածքի չափը եւ կատարողական զարգացումը յարատեւելու նոր գաղափար մըն է, որ կը համընկնի արեւմտահայերէնի կորուսեալ վիճակին եւ, որպէս այդպիսին, կը նկարագրէ սփիւռքահայ մշակոյթի ուրուագիծը: Հաւանաբար կ՛ըսէ՝ «աքսորեալ մշակոյթի մը մասին պատմուածք գրելու հաւանական եւ կարելի միակ ձեւը այս է»: Այս լոյսին տակ, Պըլտեանի վէպը անդրազգային ժամանակակից ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ ցոյց կու տայ, որ գրական ստեղծագործութիւն մը ազգային պետութեան մը հետ ստորադասի յարաբերութեան մէջ չէ, զարգացում մը, որ յառաջացած է նոյն բնագաւառին մէջ աւելի ծանօթ՝ ֆրանսալեզու, փորթուկալալեզու եւ չինալեզու գրականութեանց մէջ։
ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու դասուելու մասին կարելի է վերոնշեալներուն նման՝ երկու եզրակացութեանց գալ: Սփիւռքահայ համայնքներու իրապաշտ անդամներու տեսանկիւնէն, արեւմտահայերէնը հաւանաբար շուտով ոչնչանայ: Հուսկ բանքի փառաբանման փոխաբերականը ճշգրտօրէն կ՛ենթադրէ, որ արեւմտահայերէնի սերունդէ – սերունդ փոխանցումը «լրջօրէն վտանգուած» է՝ «խիստ վտանգուած»ի եւ ապա դէպի կորուստ, լեզուին անհետացումը ժամանակի խնդիր է: Աւելի լաւատես անդամներու դիտանկիւնէն, Ատլասը նաեւ կը ներառնէ «վերակենդանացման» հաւանականութիւն, վտանգուածութեան մակարդակները նշող կենսունակութեան աղիւսակի վարը գտնուող «R» [Revitalization- վերակենդանացում-Թրգմ.] տառով, հակառակ ուղղութիւնը՝ դէպի կենսունակութեան վերականգնում: Աւելին, արեւմտահայերէնի պարագային, կենսունակութեան վերականգնումը կը նշանակէ լեզուի գոյատեւման կարողութիւն՝ ազգային պետութեան հաստատութեանց բացակայութեան պայմաններու մէջ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզու դասուելու մասին կարելի է վերոնշեալներուն նման՝ երկու եզրակացութեանց գալ: Սփիւռքահայ համայնքներու իրապաշտ անդամներու տեսանկիւնէն, արեւմտահայերէնը հաւանաբար շուտով ոչնչանայ: Հուսկ բանքի փառաբանման փոխաբերականը ճշգրտօրէն կ՛ենթադրէ, որ արեւմտահայերէնի սերունդէ – սերունդ փոխանցումը «լրջօրէն վտանգուած» է՝ «խիստ վտանգուած»ի եւ ապա դէպի կորուստ, լեզուին անհետացումը ժամանակի խնդիր է: Աւելի լաւատես անդամներու դիտանկիւնէն, Ատլասը նաեւ կը ներառնէ «վերակենդանացման» հաւանականութիւն, վտանգուածութեան մակարդակները նշող կենսունակութեան աղիւսակի վարը գտնուող «R» [Revitalization- վերակենդանացում-Թրգմ.] տառով, հակառակ ուղղութիւնը՝ դէպի կենսունակութեան վերականգնում: Աւելին, արեւմտահայերէնի պարագային, կենսունակութեան վերականգնումը կը նշանակէ լեզուի գոյատեւման կարողութիւն՝ ազգային պետութեան հաստատութեանց բացակայութեան պայմաններու մէջ:
Ըստ էութեան, արեւմտահայերէնը անցեալին վերակենդանացած է: Ատլասին մէջ, արեւմտահայերէնի համապատասխան աշխարհագրական տարածքները նշուած են Թուրքիան եւ Միջին Արեւելքը. Թուրքիան ակնյայտ պատճառներով, քանի որ լեզուի իսկական կրողները արեւմտեան Հայաստանէն [հեղինակը «Անատոլիա» կը գրէ-Թրգմ.] են, իսկ գրականութիւնը հիմնականին մէջ զարգացած է Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Իսկ Միջին Արեւելքը նշուած է, քանի որ հոն մէկտեղուեցան արեւմտահայերէնի բազմաթիւ բարբառները եւ աւանդուեցան 1915էն փրկուած մեծամասնութեամբ թրքախօս փախստականներուն՝ ազգային կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ջանքերով[3]։ Լաւատեսներուն ԵՈՒՆԵՍՔՕն կ՛առաջարկէ օգտագործել հետեւեալ ելեկտրոնային աղբիւրը եւ տնտեսական նպաստներու միջոցով վերակենդանացնել արեւմտահայերէնը .- http://www.unesco.org/culture/ich/index.php?lg=en&pg=00143
ԴԱԼԱՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ
[1] ԵՈՒՆԵՍՔՕի (ՄԱԿի կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւն) Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ներգործօն (interactive) աթլասը հիմնուած է Աթլասի 2009ի տպագիր հրատարակութեան վրայ եւ 1950էն ի վեր մեռած կամ վտանգուած լեզուները կը փաստագրէ (http://www.unesco.org/culture/ich/index.php?lg=en&pg=00206)։
[2] «Յառաջ»ի դադրեցումէն ետք, ներկայիս եռօրեայ դրութեամբ լոյս կը տեսնէ «Նոր Յառաջ»ը։
[3] Տես «Սփիւռքահայ ազգային ինքնութեան ստեղծումը» բաժինը՝ Ռազմիկ Փանոսեանի «Հայերը. արքաներէ եւ քահանաներէ մինչեւ առեւտրականներ եւ կոմիսարներ» գիրքին մէջ (Նիւ Եորք, Գոլոմպիա համալսարանի հրատարակութիւն, 2006), «Creating a Diasporan National Identity» in Razmik Panossian's The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Comissars (New York: Columbia University Press, 2006), ուր ան կը քննարկէ, թէ ինչպէս Ցեղասպանութենէն ետք արեւմտահայերէնի Պոլսոյ տարբերակը դարձած է հայկական Սփիւռքի գերակշռող լեզուն։
No comments:
Post a Comment