Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական
հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը 2013 թուականի Յուլիսին հրապարակեց
հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր մը, ուղղուած` Լիբանանի հայկական
վարժարաններու մանկապարտէզի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն:
Սոյն
աշխատութիւնը` «Նախադպրոցականներու կրթութեան ազգային ծրագիր» անունով,
հրապարակուեցաւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի հրատարակած
«Հայ մանկավարժ» հանդէսի թիւ 5 համարին մէջ: Ծրագիրին հեղինակն է Երեւանի
Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի փրոֆեսէօր, դոկտ.
Ճուլիեթա Կիւլամիրեան` աշխատակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ
վարժարաններու մանկապարտէզի ուսուցչական աշխատանքային խմբակին, որ
յառաջացած էր յատուկ այս նպատակով:
Լիբանանի հայկական վարժարաններու
մանկապարտէզի դասարաններուն մէջ կիրարկումի համար առաջարկուած այս ծրագիրը,
աւելի քան 100 էջ ծաւալով, կ՛ընդգրկէ հայ մանուկներու հոգեկերտուածքի
ձեւաւորումի եւ զարգացումի խնդիրներ` հաշուի առնելով ինչպէս ազգային,
այնպէս ալ համամարդկային արժէքները: Անիկա ուղղուած է մանկապարտէզի
փոքրիկներու առողջ եւ երջանիկ մանկութեան ապահովումին, զգայարաններու եւ
հոգեկան հոլովոյթներու զարգացումին, ընկերային-մշակութային
յարաբերութիւններու ձեւաւորումին, ինքնաճանաչումին ու ինքնակողմնորոշումին,
սեփական անձին գնահատումին, կենցաղային-աշխատանքային տարրական
կարողութիւններուն ձեւաւորումին եւ զարգացումին, ուսումնական
գործունէութեան նախապատրաստումին, կարդալու եւ գրելու տարրական
կարողութիւններու ձեւաւորումին:
Ներկայացնելով այս ծրագիրը`
կ՚ակնկալենք, որ ան ծառայէ լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի
ուսուցման պայմաններու բարելաւման` հանդիսանալով օգտաշատ ուղեցոյց հայերէնի
ուսուցիչներուն համար: Ծրագիրը օգտագործող ուսուցիչները, անոր
գործածութեան լոյսին տակ յառաջ եկած դիտողութիւններով ու առաջարկներով,
կրնան մեծապէս նպաստել անոր բարելաւման գործին, որ պիտի շարունակէ մերը
ըլլալ: Կ՚ակնկալենք, որ սոյն ծրագիրը ուղեցուցական արժէք ներկայացնէ նաեւ
հայկական Սփիւռքի մէջ նախադպրոցական համակարգի հայերէնի ուսուցիչներուն
համար, հաշուի առնելով այն լայն ընդհանրութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին
սփիւռքահայ` մանաւանդ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ գործող հայկական
վարժարաններուն մէջ:
Ծրագիրը ձեռք բերելու ցանկութիւն ունեցողները կրնան դիմել «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէնութեան (Հեռաձայն` 961 1 570 555 ):
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
«ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԿԵԴՐՈՆ
31 Յուլիս, 2013Պէյրութ, Լիբանան
No comments:
Post a Comment