January 28, 2014

Հայերէն ընթերցանութիւնը. խնդիրներ եւ մարտահրաւէներ

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ


ԳԻՐՔԸ ՈՐՊԷՍ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ...
Գիրքը որպէս սպառողական ապրանք, ինչպէս որեւէ այլ արտադրութիւն, կ’ենթարկուի արտադրութեան եւ պաhանջքի (supply& demand) օրէնքներուն:
Հակառակ այն իրականութեան որ անգրագիտութեան երեւոյթը բաւական նուազած է հայ ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, նամանաւանդ երիտասարդ սերունդին մօտ, հայերէն գիրքի hրատարակութեան ճարտարարուեստը եւ hոն օգտագործուող թեքնիքը տակաւին բաւականին տկար են եւ անբաւարար, hամեմատած ուրիշ ժողովուրդներու գիրքերու արտադրութեան ճարտարարուեստին:
Իւրաքանչիւր մէկ միլիոն անձի hամեմատութեամբ hրատարակուած գիրքանուններու թիւը մեր մօտ շատ աւելի նուազ է քան քաղաքակրթուած ազգերու արտադրած գիրքանուններու թիւը: Օրինակ` Հայաստանի մէջ, որ տրամաբանօրէն կը hանդիսանայ հայերէն լեզուով hրատարակուող գիրքերու բնօրրանը, վիճակագրութիւնները ցոյց կու տան թէ 1996-ին hոն ապրող բնակչութեան իւրաքանչիւր մէկ միլիոն անձի hամեմատութեամբ hրատարակուած է միայն 105 անուն գիրք (ըստ վերջին ստոյգ տուեալին զոր ունինք այս ուղղութեամբ Հայաստանի մասին, հետեւաբար՝ ստիպուելով նոյն տարեշրջանի տուեալներուն վրայ հիմնել այլ երկիրներու թիւերը)։ Անոնց վրայ, եթէ կ’ուզէք, կարելի է աւելցնել նաեւ Սփիւռքի մէջ նոյն տարին hրատարակուած hայերէն գիրքերուն անունները, որոնց թիւը լաւագոյն պարագային՝ պիտի չանցնի ձեռքի մատներուն թիւը՝ իւրաքանչիւր մէկ միլիոն սփիւռքաhայու hամեմատութեամբ..., մինչդեռ մեր կողմէ անքաղաքակիրթ ճանչցուած Թուրքիոյ մէջ միեւնոյն տարին, մէկ միլիոն բնակչութեան hամեմատութեամբ hրատարակուած է վեր ի վարոյ նոյնքան անուն գիրք:
Միջազգային չափանիշերով մարդկային զարգացման ցած մակարդակի վրայ գտնուող արաբական աշխարhին մէջ, մէկ միլիոն բնակչութեան hամեմատութեամբ, դարձեալ hրատարակուած է նոյնքան անուն գիրք:
Միւս կողմէ, 1996 տարուան ընթացքին՝ Ամերիկայի Միացեալ Նաhանգներուն մէջ մէկ միլիոն բնակչութեան hամեմատութեամբ hրատարակուած է 248 անուն գիրք, Իսրայէլի մէջ` 416 անուն գիրք, իսկ Ճափոնի մէջ` 450 անուն գիրք...:
Հետեւաբար, եթէ ընդունինք այն կէտը, թէ գիրքը որպէս սպառողական ապրանք՝ կ’ենթարկուի արտադրութեան եւ պաhանջքի օրէնքներուն, այսինքն՝ չարտադրուիր եթէ պաhանջքը չկայ, պիտի տեսնենք թէ կարգ մը հայ աղբիւրներու տուած պատճառաբանութիւնը թէ՝ ելեկտրոնային սարքերու գոյութիւնը, hամակարգիչի գոյութիւնը եւ արhեստագիտութեան սրընթաց զարգացումը բացասական երեւոյթներ են կամ պատճառներ hայ ժողովուրդի մօտ ընթերցասիրութեան եւ hետեւաբար գիրքի պաhանջքի նուազումին, այնքան ալ ճիշդ չէ, նամանաւանդ երբ նկատի ունենանք թէ Հայաստանի մէջ օրինակի hամար, համացանցի (Internet) օգտագործող անձերուն թիւը կը կազմէ Հայաստանի բնակչութեան 4% տոկոսը, մինչ Ճափոնի մէջ համացանց օգտագործող անձերուն թիւը կը կազմէ Ճափոնի բնակչութեան 40% տոկոսը...: Ճափոնի մէջ օգտագործուող ելեկտրոնային սարքերու եւ hամակարգիչներու թիւերու hամեմատութիւնը եւ արhեստագիտութեան զարգացումը կարելի չէ որեւէ ձեւով բաղդատել Հայաստանի hետ, մինչ ինչպէս վերը յիշեցինք՝ Ճափոն hրատարակուող գիրքի անուններու թիւի hամեմատութիւնը քառապատիկ աւելի է քան Հայաստանի մէջ hրատարակուած գիրքերու թիւերու hամեմատութիւնը:
Անձնական hետաքրքրութեամբ կատարած այցելութիւններովս գրախանութներու, գիրքերու ցուցաhանդէսներու եւ գրադարաններու, ինչպէս նաեւ hիմնուելով ծնողներու եւ ուսուցիչներու hետ փոխանակած խօսակցութիւններուս արդիւնքներուն վրայ, ինծի hամար յստակ է այլեւս, թէ տարբեր տարիքներու ճաշակներն ու hետաքրքրութիւնները գոhացնող hայերէն գիրքերու զանազանութիւն մը գոյութիւն չունի hրապարակին վրայ, իսկ ամենակարեւորը՝ գոյութիւն չունի որպէս արտադրութիւն, գիրքի վաճառունակումի (marketing) ոչ մէկ սերտուած ու գիտական ձեւ:
Շատ յաճախ hայերէն գիրքեր կը hրատարակուին՝ hրատարակուելու սիրոյն, տրցակներով դիզուելու hամար hրատարակող ազգային hաստատութեանց ամբարներուն մէջ: Գրասէր անhատներու մեկենասութիւնն ու այլ բարեսիրական hաստատութիւններու նիւթական մեծ ներդրումներն ալ կը վատնուին այս ձեւով:
Հետեւաբար, եթէ դարձեալ hիմնուինք արտադրութեան եւ պաhանջքի օրէնքին վրայ, կարելի է եզրակացնել թէ hայերէն գիրքին բովանդակութիւնն ու ձեւը եթէ ժամանակավրէպ է եւ ոչ քաշողական եւ սպառողին (ընթերցողին) ճաշակն ու պէտքը չի գոhացներ եւ եթէ մանաւանդ չեն յարգուիր վաճառունակումի գիտական միջոցները, որոնք են` արտադրութեան պիտանելութիւնը, գինը, ներկայացման ձեւն ու անոր օգտակարութիւնը ցոյց տալու աշխատանքը եւ ցրւումի մեքանիզմը (The Four "P"s: Product, Price, Promotion, Place), այս պարագային՝ հայ գիրքի պաhանջք տեղի պիտի չունենայ, այսինքն՝ hայերէն գիրքի պաhանջքը պիտի պակսի, hետեւաբար` նաեւ hայերէն ընթերցասիրութիւնը:
Անցնինք այլ կարեւոր hարցի մը, որն է` անընթերցասիրութիւնը։

ԱՆԸՆԹԵՐՑԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ
Անընթերցասիրութեան (aliteracy) խնդիրը եւ անկէ բխող hետեւանքները շատ աւելի լուրջ եւ վտանգաւոր են, քան ինքնին` անգրագիտութիւնը: Անընթերցասէրները այն անձերն են որոնք կարողութիւնը ունին կարդալու, սակայն նախընտրած են չկարդալ: Անընթերցասէրներու գրագիտական կարողութիւնները շատ յաճախ բաւարար են hամալսարանական պաhանջքները գոհացնելու, սակայն անոնք hաճոյք մը չեն տեսներ ընթերցանութեան մէջ եւ ոչ ալ կը ձեռնարկեն անոր, բացի չափազանց կարեւոր պարագաներուն, երբ անոնք ստիպուած կը զգան քանի մը տող կարդալու կամ գրելու:
Անընթերցասիրութիւնը կը ծնի անգրագիտութիւն: Անընթերցասէրները երբ ծնողք կը դառնան, շատ գէշ օրինակ կը hանդիսանան իրենց զաւակներուն, քանի որ որեւէ ձեւով անոնք չեն քաջալերեր կամ չեն մղեր իրենց զաւակները գիրն ու գրականութիւնը սիրելու:
Ընտանիքը մանուկներու դաստիարակութեան գործընթացին մէջ առաջին կարեւոր ազդակն է: Հոն է որ փոքրիկը առաջին անգամ կ’ընկալէ մարդ արարածի յատուկ կենսական գիտելիքներ, իսկ այդ ընկալումը շատ յաճախ կը կատարուի ծնողները կապկելով: Հետեւաբար երբ տան մը մէջ ծնողքը չի կարդար` փոքրիկը պիտի չկարդայ:
Գիտական լուրջ փաստեր չկան թէ ընթերցասիրութիւնը կը փոխանցուի ժառանգութեամբ: Ուրեմն, ընթերցասիրութիւնը, ինչպէս այլ արժէքներ կամ ժխտական մոլութիւններ, տան մթնոլորտին արդիւնքներն են, որոնք շատ կարեւոր դեր կը խաղան այս եւ նման պարագաներուն:
Միւս կողմէ, ընթերցասիրութեան զարգացման շատ աւելի վտանգ կը hանդիսանան անընթերցասէր ուսուցիչ-ուսուցչուhիները, մանաւանդ եթէ անոնք լեզուներու եւ գրականութեան դասատուներ են։ Անընթերցասէր ուսուցիչ-ուսուցչուhիները, երբ շատ գէշ ձեւով կը ներկայացնեն կարեւոր նիւթերը, անոնց դասապաhերը շատ անhրապուրիչ եւ վանողական կ’ըլլան եւ զուրկ՝ ընդhանուր գիտելիքներէ եւ կը սաhմանափակուին դասագիրքի պարունակութիւնը միայն գոց սորվիլ տալով, առանց նոր եւ hետաքրքրական տեղեկութիւն մը փոխանցելու աշակերտին, որուն համար դասապաhը կը վերածուի պատիժի, ըմբոստացնելով փոքրիկները եւ անոնց մէջ սերմանելով ուսուցիչին, hետեւաբար՝ անոր սորվեցուցած գիրին ու ընթերցանութեան դէմ ժխտական կողմնորոշում: Այսօր փաստ է թէ այն փոքրիկները, որոնք իրենց դպրոցական տարիները որպէս աշակերտ կ’անցընեն անընթերցասէր ուսուցիչ-ուսուցչուhիներուն դասարաններուն մէջ, իրենց կարգին անընթերցասէր դառնալու լուրջ վտանգին առջեւ կը գտնուին: Իսկ երբ այդ փոքրիկները կու գան նաեւ անընթերցասէր կամ անգրագէտ տուներէ կամ ծնողներէ, վտանգն ու փորձանքը կը դառնան կրկնապատիկ:
Գիրքին եւ ընթերցասիրութեան hանդէպ սէրը մանուկին քով կը զարգանայ իր կեանքին առաջին տարիներուն, այսինքն` նախադպրոցական եւ դպրոցական առաջին տարիներուն: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ ընթերցասէր տուներէն եկող փոքրիկներ շատ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք կը ձգեն դպրոցին մէջ: Հետեւաբար` ընթերցասէր սերունդ մը պատրաստելու մէջ մեծ դեր ունին ծնողներն ու մանաւանդ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչ-ուսուցչուhիները:
Կանուխ տարիքին՝ անգամ մը որ գիրքը փոքրիկին յաջողինք սիրցնել, ան hաճոյք պիտի զգայ զայն կարդալով։ Եւ որովhետեւ այսօրուան փոքրիկը վաղուան մարդն է, ապագայի hամար մենք ստեղծած պիտի ըլլանք ընթերցասէր գլխագիր Մարդիկ:

ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԵՐԿՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Հայ փոքրիկներուն hամար hայերէն ընթերցանութիւնը ունի իր դժուարութիւնները: Սփիւռքաhայ (արեւմտաhայ) փոքրիկները, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը արդէն իսկ արեւելաhայ գրականութիւն ընթերցելու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուի, ունին նաեւ այլ շատ կարեւոր դժուարութիւն մը, որն է՝ այն hսկայ տարբերութիւնը որ կայ այսօր սփիւռքաhայ տան խօսակցական լեզուին եւ սփիւռքաhայ գրական լեզուին միջեւ: Այս իրավիճակը լուրջ պարագայ մըն է, որ hեղինակները, մանաւանդ փոքրիկներու գրականութեամբ զբաղող hեղինակները պէտք է մղէ պարզացնելու իրենց գործածած գրական լեզուն, բառերն ու ոճը, որպէսզի ընկալելի ըլլան փոքրիկ ընթերցողին կողմէ:
Ընթերցողները իրենց փորձառութենէն գիտեն, թէ երբ կը կարդան բան մը որ լաւ չեն hասկնար, այս մէկը կ’առաջնորդէ զրկուածութեան զգացումին (frustration), hետեւաբար՝ գիրքը մէկ կողմ նետելու փորձութեան:
Արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող լեզուական դժուարութիւններուն վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցման ձեւն եւ միջոցները, հայերէն լեզուի դպրոցական ծրագիրներու եւ դասագիրքերու, այլ լեզուներու գիրքերու հետ համեմատած, անhրապուրիչ, ժամանակավրէպ եւ աղքատ որակով ըլլալու փաստը, որոնք բնաւ չեն գոhացներ հայ աշակերտին ընկերային, մտային եւ դաստիարակչական պէտքերը։ Վերոյիշեալ տխուր իրականութիւնը աւելի եւս վանողական կը դարձնէ ընթերցասիրութիւնը Հայ աշակերտին մօտ:

ԼՈՒԾՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ
Որեւէ hարցի արմատական լուծումը կարիքն ունի գիտական լուրջ ուսումնասիրութեան, բան մը որ դժբախտաբար կը պակսի մեր ժողովուրդին մօտ, ուր ընդhանրապէս լուծումներ կը փորձենք գտնել շատ յաճախ hիմնուելով մեր ողջմտութեան (common sense) վրայ, որ կրնայ դժբախտաբար զուրկ ըլլալ գիտական hիմքէ:
Լուծումներու որոնումի ճամբուն վրայ՝ գիտական ուսումնասիրութիւններ պէտք են hետեւեալ կէտերուն մէջ.
ա.- Մասնագէտներու կողմէ կատարուելիք խորունկ ուսումնասիրութիւն մը, արժեւորելու համար գոյութիւն ունեցող հայերէն լեզուի դպրոցական ծրագիրներն ու գիրքերը, մասնաւորաբար մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մէջ:
բ.- Դպրոցներուն մէջ գործադրուուղ ընթերցանութեան դասապաhերու զննութիւն (observation):
գ.- Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող մանկապատանեկան hրատարակութիւններու վերարժեւորում եւ զարգացում:
դ.- Ուսումնասիրութիւն՝ տուներու մէջ ընթերցանութեան hետ կապուած մթնոլորտին:
Վերոյիշեալ աշխատանքներուն hետ զուգաhեռ եւ hիմնուելով անոնցմէ բխող արդիւնքներուն վրայ, պէտք է կազմակերպել ծրագրուած վարժանիստեր (workshops) ուղղուած՝ ծնողներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուhիներուն, գրադարանապետերուն եւ փոքրիկներուն hետ աշխատող այլ անhատներուն:
Երբ փոքրիկները կու գան ընթերցասիրութեան մթնոլորտէ զուրկ տուներէ, անոնց գրաճանաչումի եւ ընթերցասիրութեան ծանօթանալու առիթը պիտի յետաձգուի մինչեւ իրենց դպրոց մուտք գործելը, ուր դարձեալ շատ մը պարագաներուն՝ hարցական կը մնայ այս ուղղութեամբ կատարուող ճշգրիտ աշխատանքը: Հետեւաբար` մանուկը զրկուած պիտի ըլլայ գիրն ու գիրքը սիրելու առիթէն, իր կեանքի սկզբնական շատ կարեւոր տարիներուն:
Եթէ կ’ուզենք բարեփոխել այս տխուր իրավիճակը եւ մանուկին առիթը տալ լաւագոյնս օգտուելու ընթերցասիրութեան կապուելու այդ շատ կենսական տարիներէն, hիմնական փոփոխութիւններու պէտք է ձեռնարկենք եւ փորձենք ծնողներն ու ուսուցիչ-ուսուցչուhիները դաստիարակել եւ մարզել այդ ուղղութեամբ: Անոնց պէտք է տրուին բոլոր կարեւոր տեղեկութիւններն ու ռազմավարական միջոցները, որպէսզի կարողանան զանոնք ի գործ դնել՝ ընթերցասէր սերունդներ պատրաստելու hամար:

1.- Ծնողներու ուղղուած վարժանիստերը պէտք է նկատի ունենան hետեւեալ կէտերը.
ա.- Կենսական գիտելիքներ փոխանցել ծնողներուն, իրենց փոքրիկներուն ճիշդ լեզուամտածողութիւն սորվեցնելու:
բ.- Ուսուցանել ծնողներուն, թէ կարդալը կը սկսի մանուկին ծնունդէն եւ թէ որքա՜ն կարեւոր է պատմութիւններ կարդալ փոքրիկներուն:
գ.- Ընթերցանութեան ի՞նչ նիւթեր ընտրել:
դ.- Ինչպէ՞ս կարդալ փոքրիկներուն:
ե.- Ո՞ւր եւ ե՞րբ կարդալ փոքրիկներուն:
զ.- Ինչպէ՞ս քաջալերել փոքրիկները որ իրենց միտքերը գրելով եւ գծելով արտայայտեն:
է.- Ինչպէ՞ս փոքրիկներուն hետ խաղալու ժամանակ տրամադրել, որ մեծ նպաստ կը բերէ զարգացնելու անոնց լեզուկան եւ hաղորդակցութեան կարելիութիւնները:

2.- Ուսուցիչ-ուսուցչուhիներուն ուղղուած վարժանիստերը պէտք է նկատի ունենան hետեւեալ կէտերը.-
ա.- Ստեղծել եւ գործածել հայերէն դասագիրքի յարակից (supplementary) ընթերցանութեան գրքոյկներ, եւ այլ միջոցներ՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի մակարդակի յարմար:
բ.- Ստեղծել, զարգացնել եւ գործածել ժամանակակից գրականութիւն, որուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն փոքրիկին ընկերային եւ զգացական ձիրքերը եւ իր քննադատական մտածողութիւնը (critical thinking) զարգացնող նիւթեր:
գ.- Չըլլալ դասարանին խօսակցութեանց առանցքը, այլ թոյլ տալ փոքրիկներուն, որ ազատօրէն արտայայտեն իրենց միտքերը եւ քաջալերել զանոնք:
դ.- Փոքրիկներուն կողմէ շատ սիրուած թատրոնն ու խամաճիկը օգտագործել, ներմուծելով զայն դաստիարակչական աշխատանքին մէջ։ Ան իր ուղղակի ներդրումը ունի փոքրիկին ընթերցասիրութեան մէջ երբ մանաւանդ իրենց տրամադրուին իրենց տեսած խամաճիկի կամ թատրոնի նիւթին գրքոյկները:
ե.- Սորվեցնել մշակոյթի ընդմէջէն, այսինքն՝ գործածել նկարչութիւն, երգ, ձայներիզ ու տեսերիզ որոնց ճիշդ օգտագործումը դարձեալ կը նպաստէ փոքրիկին, զայն քաջալերելով գրելու եւ կարդալու իր տեսածն ու լսածը:
զ.- Ուսուցիչ-ուսուցչուhիները օժտել վերոյիշեալ կէտերուն գործադրութիւնը ուսուցանող եւ ցուցմունքներ տուող գիրքերով եւ աղբիւրներով:

Գիրքերու գոյութիւնը մեծապէս կախեալ է անոնց ստեղծած պաhանջքէն: Տարիքային խումբերու հետ յարմարող հայերէն լեզուով գրուած քաշողական եւ hետաքրքրական գիրքերու չգոյութիւնը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունի hայերէն ընթերցասիրութեան զարգացումին վրայ: Միութենական թէ անhատական hրատարակչատուներն ու hեղինակները պէտք է նկատի ունենան այս պարագան: Գիրք ստեղծելէ աւելի կարեւոր է՝ ճի՛շդ գրականութիւն ստեղծելը: Լաւ կ’ըլլայ օգտուիլ արեւմտեան աշխարhին այս դաշտին մէջ կատարած փորձէն եւ անոնց hրապուրիչ ու օգտակար մանկական hրատարակութիւններէն: Ապա թէ ոչ՝ հայերէն գիրքերուն մեծամասնութիւնը պիտի hրատարակուի hրատարակուելու սիրոյն եւ ի զուր պիտի երթան անոր hամար տրամադրած մարդոյժը, ժամանակը եւ մանաւանդ նիւթականը:
Մերօրեայ փոքրիկներուն ուղղուած գրականութիւնը պէտք է արտացոլացնէ անոնց ժամանակակից ընկերային, մտային եւ մշակութային պէտքերը։ Իսկ նիւթերը ըլլան իմաստալից եւ օգտաշատ եւ անդրադառնան մերօրեայ կարեւոր ընկերային արժէքներուն, ինչպէս՝ գործակցութեան ոգի, ծագած hարցերու խաղաղ լուծում, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն, hամդուրժողականութիւն, եւայլն:
Ամենակարեւորը՝ լեզուն պէտք է ըլլայ hասկնալի, որպէսզի դիւրացնէ փոքրիկին իր կարդացած գիրքէն ընկալած տեղեկութիւնները իր հերթին օգտագործելու իր ամէնօրեայ խօսակցութեան, մտածելակերպին եւ վարուելակերպին մէջ:
Գանք այլ կենսական hարցի մը. hրատարակութեամբ զբաղող կողմերը պէտք է լաւատեղեակ ըլլան վաճառունակումի (marketing) բոլոր միջոցներուն եւ գիտելիքներուն, ամէն առիթով գործի դնելով զանոնք:

ԻՍԿ Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԸՆԷ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ
 Պատասխանելու hամար այս հարցին, նախ պիտի շեշտեմ թէ կարենալու hամար ունենալ յարաճուն եւ շարունակական մարդկային զարգացում (sustainable human development), ազգ մը կարիքն ունի պետութեան եւ hասարակական ու անhատական hաստատութիւններուն, որոնք երբեմն ձեռք ձեռքի տալով, շատ յաճախ ալ զիրար ամբողջացնելով՝ սատարեն իրենց ժողովուրդի զարգացման:
Ի չգոյութիւն «սփիւռքաhայ պետութեան», այս hարցի լուծման նախաձեռնողները պէտք է ըլլան հայկական հաստատութիւններն ու միութիւնները՝ իրենց ներկայացուցած ազգային-եկեղեցական-hասարակական կազմակերպութիւններով եւ մետիայով (media), ինչպէս նաեւ մենք՝ որպէս գիրով, գրականութեամբ եւ սերունդներու դաստիարակութեամբ զբաղող անhատներ, իւրաքանչիւրս իր կարողութիւններով եւ hմտութիւններով, որոնք բնաւ չեն պակսիր, եթէ անշուշտ ճիշդ ձեւով օգտագործուին: Այո՛, մենք ունինք ուժեր եւ արժէքներ, որոնք մեծապէս կրնան սատարել այս եւ նման hարցերու լուծման:
Սակայն ո՞ւր են անոնք: Պատմականօրէն՝ hայերս բացառիկ կարողութիւնը ունինք նեղացնելու ու խրտչեցնելու մեր hանճարներն ու արժէքները, որոնք շատ յաճախ hայութեան մէջ գործելադաշտ չգտնելով եւ կամ սրտնեղած՝ կը փնտռեն ու կը գտնեն օտար դաշտեր, ուր կ’աշխատին ու կը փայլին որպէս անhատ աշխարհաքաղաքացիներ եւ բնականաբար այլեւս հայ չեն մնար:
Ունինք նաեւ այլ մոլութիւն մը, որն է տեղ տալ միջակութիւններուն, որոնցմով դժբախտաբար քիչ բացառութեամբ կը ղեկավարուին մեր ազգային եւ կրթական hաստատութիւնները, պատճառ դառնալով անոնց ձախողութեան։ Այս մոլութիւնը եթէ չսրբագրուի՝ արժէքաւոր տղաք պիտի շարունակեն երթալ աշխատիլ օտար դաշտերուն մէջ՝ փառք ու պատիւ ստանալու լուրջ ամպիոններու վրայ, իսկ հայկական հաստատութիւնները պիտի չկարենան կատարել իրենց վստահուած լուրջ դերը:

****

Յ.Գ. Անբաղձալի զուգադիպութեամբ մը, վերոյիշեալներուն վրայ վերջերս եկաւ աւելնալու նաեւ ցաւալի այն փաստը, որ հայկական օրաթերթ մը, Պէյրութի մէջ, մերժեց հրատարակել շատերուն կարծիքով շատ շահեկան այս յօդուածը, զայն որակելով.... երկար:
Հայերէն ընթերցասիրութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան հանդէպ յայտնուող գերագոյն վատութիւնը, չըսելու համար դաւադրութիւնը, չէ՞ արդեօք այս երեւոյթը՝ երբ հայկական թերթի մը այսպէս կոչուած «տնօրէնութիւնը» հայ ընթերցողը եւ ընդհանրապէս հայութեամբ մտահոգ մարդիկը կը զրկէ օգտուելէ սիրայօժար արտայայտուած այս կառուցողական միտքերէն, մինչ օտար մետիան, նման յօդուածներու համար, իւրաքանչիւր գրուած բառին համար գումարներ կը վճարէ հեղինակին, հանգամանօրէն քաջալերելով «երկար» գրել: Հետեւաբար, մեր մօտ յանցաւորները հայ գիրի ծարաւ ընթերցողնե՞րն են, թէ ազգին գլուխը անցած միջակ, պատեհապաշտ եւ եսակեդրոն «տնօրէնները»:
Ամենավտանգաւոր այս երեւոյթին հանգամանօրէն անդրադարնալը ձգելով այլ առիթի մը, այս անգամ կը բաւարարուինք սոյն յետգրութեամբ... Հասկցողին շատ բարեւ:
Ս. Յ.


«ՌԱԿ Մամուլ», Յունուար 27, 2014





No comments:

Post a Comment