November 29, 2012

Լոյս տեսաւ «Ուղղագրական-Բացատրական Բառարան»ը

ԵՂԻԱ ԳԱՅԱՅԵԱՆ
 
«Ուղղագրական-Բացատրական Բառարան»ը կ’ընդգրկէ  ե – է, ո – օ, հ – յ գիրերու ուղղագրական տեսակէտէ դժուարութիւն ունեցող չորս բառացանկեր՝ շուրջ 3150 բառ։
Բառարանը նախատեսուած է Սփիւռքի հայկական նախակրթարաններու, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ անսխալ գրելու փափաք ունեցողներու համար, ովքեր նախանձախնդիր են մայրենի լեզուի նկատմամբ։
Կը մնայ յուսալ թէ իր տեսակին մէջ առաջին այս բառարանը, որ, բնականաբար, չէր կրնար ընդգրկել մայրենի լեզուի ուղղագրական տեսակէտէ դժուարութիւն ունեցող բոլոր բառերը, պիտի նպաստէ սփիւռքահայ աշակերտութեան եւ ընթերցասէր հանրութեան ուղղագրութեան բարելաւումին եւ անսխալ գրելու ճիգին։
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ
4-րդ դարու վերջաւորութեան սեփական գիրի եւ գրականութեան ստեղծումը դարձած էր օրուան կարեւորագոյն հրամայականը՝ ապահովելու համար հայ ժողովուրդի ֆիզիքական անկախութիւնը եւ ինքնուրոյնութիւնը, պետական եւ ազգային միասնութիւնը, իսկ քաղաքական եւ աշխարհագրական իմաստով՝ հայ ժողովուրդի հաւաքական գոյութիւնը։
Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտը հայ ժողովուրդի մշակութային մեծագոյն նուաճումն է։ Դարերու ընթացքին, զարգացումի հանգրուաններէ անցնելով, մեր լեզուն յղկուած, ճոխացած եւ հարստացած է իբրեւ հաղորդակցութեան, մտածողութեան եւ գրականութեան անփոխարինելի միջոց ու ժառանգութիւն, իբրեւ անգնահատելի գանձ եւ հարստութիւն՝ կրթական, մշակութային, գիտական, ազգային եւ քաղաքական տեսանկիւնէ դիտուած։
Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած հայերէն այբուբենը կը պարունակէ 36 գիր (օ, ֆ գիրերը աւելցած են յետագային) եւ անթերի կերպով կ’ընդգրկէ գրաբարի (Արարատեան բարբառի) հնչիւնային համակարգը, մանաւանդ՝ բաղաձայններու եռաստիճան հնչիւնային համակարգը։
Հանճար եւ իմաստուն պէտք է եղած ըլլար Մաշտոցը՝ խորութեամբ ուսումնասիրած, բացայայտած եւ անթերի կերպով հնչած, արտասանած ըլլալու համար Արարատեան բարբառի բոլոր հնչիւնները՝ իւրաքանչիւրին համար առանձին գիր ստեղծելով։ Արեւելահայերէնի մէջ իւրաքանչիւր հնչիւն ունի իր համապատասխան գիրը։ Այլ խօսքով, բառին սկիզբը ինչ հնչիւն որ հնչեն, անոր համարժէք գիրն ալ կը գրեն։
Հետեւաբար, տասնեակ հազարաւոր բառեր, որոնք կը սկսին՝

բ (բամբասել)         պ (պահպանել)      փ (փափաքիլ)
գ (գանգատիլ)       կ (կարկատել)         ք (քայքայել)
դ (դանդաղիլ)        տ (տատանիլ)        թ (թերթատել)
ձ (ձանձրանալ)     ծ (ծածանիլ)           ց (ցուցադրել)
ջ (ջախջախել)      ճ (ճարճատիլ)        չ (չարչարել)

գիրերով, երբեք, ուղղագրութեան առումով, դժուարութիւն չեն ստեղծեր արեւելահայերէն խօսող, գրող աշակերտութեան եւ ուսանողութեան համար, քանի որ վերոյիշեալ 15 բաղաձայնները արեւելահայերէնի մէջ, ինչպէս որ եղած է գրաբարի մէջ, իրարմէ զգալիօրէն տարբեր հնչիւն ունին։ Այլապէս Մեսրոպ Մաշտոցը ինչո՛ւ պիտի նոյն հնչիւնին համար երկուքական գիր ստեղծէր, ինչպէս՝ բ – փ, գ – ք, դ – թ, ձ – ց, չ – ջ գիրերը։
Մինչդեռ, արեւմտահայերէնը, ի տարբերութիւն արեւելահայերէնի վերոյիշեալ բաղաձայններու եռաստիճան հնչիւնային համակարգին, ունի բաղաձայններու երկաստիճան հնչիւնային համակարգ։ Գրեթէ նոյն ձեւով կ’արտասանուին բ եւ փգ եւ քդ եւ թձ եւ ցչ եւ ջ տառերը բամբասել – փափաքիլ, գանգատիլ – քայքայել, դանդաղիլ – թերթատել, ձանձրանալ – ցուցադրել, չարչարել – ջախջախել բառերուն մէջ, բայց կը գրուին տարբեր գիրերով, ինչ որ լուրջ դժուարութիւն կը ստեղծէ արեւմտահայերէն խօսող եւ գրող աշակերտութեան համար։ Փաստօրէն, արեւմտահայերէնէն դուրս մնացած են արեւելահայերէնի կ (կարկատել), պ (պահպանել), տ (տատանիլ), ծ (ծածանիլ) եւ ճ (ճարճատիլ) հնչիւնները։ Գրեթէ նոյն դժուարութիւնը գոյութիւն ունի նաեւ ռ-ով (առարկել) եւ ր-ով (արձանագրել) գրուող բառերու պարագային։
Անկարելի է որեւէ հրահանգով կամ որոշումով փոփոխութեան ենթարկել արեւմտահայերէնի ներկայ հնչիւնային համակարգը։ Աւելին, արեւմտահայերէնի հնչիւնային համակարգը պարտադրաբար փոփոխութեան ենթարկելը ամբողջութեամբ կ’աղաւաղէ եւ կը խեղաթիւրէ մեր լեզուն։ Այս իրողութիւնը մեր ճակատագիրն է։ Ճակատագիրէն անկարելի է խուսափիլ։ Գիտակցօրէն պիտի շարունակենք պահպանել զայն, իբրեւ անփոփոխելի ժառանգութիւն, այնքան ատեն որ կը խօսինք ու կը գրենք արեւմտահայերէն։ Այլընտրանք չունինք։
Սակայն յաղթահարելու համար ուղղագրական դժուարութիւնները, պէտք է դասարանային եւ տնային վարժութիւններու միջոցով խորութեամբ սորվեցնել եւ պարբերաբար կրկնել ուղղագրութեան կանոնները, ուսուցանել բառերուն կազմութիւնը, բացատրել բառերուն իմաստը, սերտել բառերուն ստուգաբանութիւնը։ Պէտք է ընթերցանութիւնը դարձնել պարտականութիւն, հարստացնելու եւ զօրացնելու համար աշակերտին բառամթերքը եւ ուղղագրական գիտելիքները։ Ընթերցանութիւնը եւ ընդօրինակութիւններ ընելը կը զարգացնեն նաեւ ենթակային տեսողական յիշողութիւնը։ Չափազանց օգտակար է ձեռքի տակ միշտ հայերէն բացատրական բառարան մը ունենալը։
Մեծ նուիրում, հետեւողականութիւն, սէր եւ նախանձախնդրութիւն պահանջող այս աշխատանքը պէտք է սկսիլ նախակրթարանէն եւ տեւականօրէն շարունակել միջնակարգ ու երկրորդական վարժարաններու մէջ՝ կարեւոր տեղ եւ ժամանակ տրամադրելով հայերէնի դասաւանդութեան։
Ինչ որ ալ եղած է կամ տեղի կ’ունենայ Սփիւռքի հայկական վարժարաններէն ներս, պէտք է խոստովանինք, որ միշտ ալ աշակերտները դժուարութիւն ունեցած են անսխալ գրելու մէջ, թէեւ, ի տարբերութիւն այլ լեզուներու, հայերէնի մէջ յստակօրէն ձեւակերպուած են ուղղագրական կանոնները, որոնք գրեթէ միշտ բացառութիւններ ունին։
Յետ-եղեռնեան շրջանին, նոյնիսկ լաւագոյն տարիներուն, երբ հայագիտական դասանիւթերուն լուրջ կարեւորութիւն կը տրուէր, բնականաբար բոլոր աշակերտները չէ որ կրնային անսխալ գրել։ Ի վերջոյ բոլորն ալ հայագէտ, խմբագիր, հայերէնի ուսուցիչ չդարձան, բայց գիտէի՛ն հայերէն։
Իսկ վերջին 20-25 տարիներուն, հայերէնի դասաւանդութեան արձանագրած նահանջը՝ երբեմն հետեւողական եւ նախանձախնդիր ուսուցիչներու պակասի, յաճախ աշակերտին եւ ծնողքին մայրենի լեզուի նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութեան բացակայութեան, տարուէ տարի ընտանիքներու մէջ մայրենի լեզուի գործածութեան ընկրկումին, մանաւա՛նդ, համալսարանական ուսում ստանալու նկատառումով այլ դասանիւթերու շատ աւելի մեծ կարեւորութիւն տրուած ըլլալուն բերումով, մեր աշակերտները սկսած են կաղալ հայերէն արտայայտուելու, կարդալու, շարադրելու, յատկապէս ուղղագրութեան մէջ եւ օր մըն ալ բոլորովին անդամալոյծ պիտի դառնան գրագիտութեան իմաստով, եթէ արդէն իսկ չեն դարձած։
Մեր երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտներէն քանի՞ տոկոսը կրնայ ուսուցիչը գոհացնող քանի մը էջ ծաւալով, անշուշտ աշակերտական մակարդակով, շարադրութիւն մը, ամփոփում մը կամ թղթակցութիւն մը գրել։ Այս առնչութեամբ ինչո՞ւ ուսումնասիրութիւն մը չէ հրապարակուած որեւէ վարժարանի կողմէ։ Պատասխանը շատ յստակ է. քանի որ արդիւնքը շա՜տ հեռու է գոհացուցիչ, նոյնիսկ բաւարար ըլլալէ։
Միւս կողմէ, երբ մեր ապրած միջավայրէն եւ արտաքին աշխարհէն, ապազգային բազմաթիւ երեւոյթներ՝ մշակութային, կենցաղային եւ հաղորդակցական միջոցներով, խորապէս կը թափանցեն մեր աշակերտութեան մէջ եւ այլասերումի կ’ենթարկեն նորահաս սերունդը, մենք տակաւին կը շարունակենք մեր գիտցած դասաւանդութեան եղանակով եւ միջոցներով (կրթական, մարզական, արիական, մշակութային, ակումբային) դիմակալել օրըստօրէ ծաւալող ազդեցութիւնները։
Աշակերտին մտածողութեան, հաղորդակցութեան եւ գրաւոր լեզուն յաճախ, ոչ միշտ, ի՛ր տան մէջ գործածուող լեզուն է։ Հետեւաբար (դարձեալ ոչ միշտ), աշակերտները ի՛նչ լեզուով որ կը խօսին, ի՛նչ լեզուով որ կը գրեն, այդ լեզուով ալ գրելու վարժութիւն ձեռք կը ձգեն։ Ուրեմն, միա՛յն հայերէն պէտք է խօսինք մեր զաւակներուն հետ եւ քաջալերենք, որ իրենք ալ մայրենին գործածեն՝ հայերէն խօսին ու գրեն։
Պատանիները, երիտասարդները, նոյնիսկ միջին տարիք ունեցողները, կը խուսափին հայերէն գրելէ։ Վարժութիւն դարձած է անգլերէնով առօրեայ նշումներ արձանագրելը, հաղորդակցիլը, իսկ լատինատառ գիրերով նամակագրութիւնը պարզապէս աննախընթաց պատուհաս մըն է մեր լեզուին համար. ինչո՞ւ, որովհետեւ պէտք եղածին չափ չեն տիրապետեր մայրենիին, չեն ուզեր ուղղագրական սխալներով գրել եւ ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն հայերէն գրելու վարժութիւնը, ունակութիւնը եւ մտածողութիւնը, եթէ արդէն իսկ չեն կորսնցուցած։ Իսկ մենք, ոչ միայն կը զլանանք հաւաքական ուժերով ուսումնասիրել եւ ախտաճանաչում կատարել, այլեւ, երբեմն կ’անգիտանանք, երբ հայերէնը աստիճանաբար կը դադրի գրաւոր լեզու ըլլալէ, երբ նոր սերունդը կը խուսափի, չ’ուզեր հայերէն գրել։ Մինչդեռ, հայերէն գրելը յանձնառութիւն եւ հրամայական է, ազգային գիտակցութիւն եւ պարտականութիւն է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, իր գիտցածին չափով, անկախաբար թէ ո՛ւր ծնած ենք եւ թէ ո՛ւր կ’ապրինք։
Դասական ուղղագրութիւնը դիւրացնելը, բարեփոխելը դարձած է անհրաժեշտութիւն, եթէ մեր նպատակը դասական ուղղագրութիւնը անփոփոխ պահելը չէ, այլ ընդհակառակը՝ հայերէն գրող եւ յարաբերաբար գրագէտ սերունդ ունենալը։ Զիջումներու պէտք է դիմենք բարեփոխումներ կատարելու համար, որքան ալ խորթ, անախորժ եւ արտառոց կը թուին ըլլալ այդ փոփոխութիւնները թէ՛ երէց եւ թէ մեր սերունդին համար։ Մասնակի բարեփոխումներով յաղթահարած կ’ըլլանք վերոյիշեալ դժուարութիւններուն զգալի մասը։ Այլապէս կը շարունակենք ունենալ դասական ուղղագրութիւնը առանց հայերէն գրող սերունդի։
Խորապէս սերտուած եւ ուսումնասիրուած մասնակի բարեփոխութեան շնորհիւ (նկատի ունիմ ե – է, ո – օ, հ – յ գիրերու ուղղագրութիւնը), ներկայ եւ գալիք սերունդները, հայերէն գրելու մէջ անհամեմատ նուազ դժուարութիւններ ունենալով, կարելի է յուսալ թէ մայրենին պիտի սկսին գործածել իբրեւ գրաւոր լեզու, իսկ օտար լեզուները, աստիճանաբար, իրենց դիրքերը պիտի զիջին հայերէնին։ Ժամանակի ընթացքին միջին հայերէնը չփոխարինե՞ց գրաբարը, իսկ աշխարհաբարն ալ, իր արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն ճիւղերով՝ միջին հայերէնը։
Նահանջի մէջ կը գտնուի արեւմտահայերէնը եւ դասուած է կորուստի մատնուող լեզուներու շարքին։ Մենք տակաւին չենք զգաստանար, իրականութեան մասին բարձրաձայն չենք խօսիր եւ չենք փորձեր համազգային ճիգերով դարմանում մը գտնել։ Առաւելաբար այսօր պէտք է լրջօրէն մտածենք ներկայ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան, կրթութեան, գրագիտութեան եւ հայերէնը գրաւոր լեզու դարձնելու մասին։ 15-20 տարի ետք, Սփիւռքի մէջ, այս մասին այլեւս մտածող պիտի չունենանք, եւ մեր ժառանգած գրաւոր մայրենի լեզուն պիտի չկարենանք փոխանցել գալիք սերունդներուն, եւ հայերէնը, իբրեւ գրաւոր լեզու, շատ հաւանաբար պիտի մահանայ մեզի հետ եւ մե՛ր պատասխանատուութեամբ։
Հայերէնը պէտք է վերահաստատել՝ վերականգնել հայկական նախակրթարաններուն եւ վարժարաններուն մէջ՝ իբրեւ առաջնային լեզու, իբրեւ առաջնահերթ դասանիւթ։
Բաժանորդ չունեցող մամուլը կը նմանի հաւատացեալ չունեցող եկեղեցւոյ, ընթերցող չունեցող գիրքը կը նմանի աշակերտ չունեցող վարժարանի, իսկ գրաւոր լեզու չունեցող ժողովուրդը՝ ծովերու մէջ թափուող գետի։ Մինչդեռ, Մեսրոպ Մաշտոցը, աւելի քան 1600 տարիներ առաջ, հայերէն գիրերը ստեղծեց գրաւոր լեզու եւ գրականութիւն ունենալու նախանձախնդրութեամբ։

*  *  *
«Ուղղագրական-Բացատրական Բառարան»ը բաժնուած է չորս մասերու, ըստ գրութեան տեսակէտէ դժուարութիւն ունեցող բառերու։ Որոշ բառեր գիտակցաբար կրկնուած են ցանկերուն մէջ, նկատի ունենալով անոնց անսխալ գրելու կրկնակի դժուարութիւնը, իսկ «օրէն» ածանցով վերջացող բազմաթիւ բառեր տեղ գտած են միա՛յն Ա. բառացանկին մէջ, անտեղիօրէն նոյն բառերը կրկնած չըլլալու համար Բ. բառացանկին մէջ, հակառակ որ այդ բառերը ուղղագրական տեսակէտէ նոյնպէս կրկնակի դժուարութիւն ունին։ Նոյն արմատով կազմուած առաւել գործածական, երբեմն տասնեակի հասնող բառերը, նոյնպէս նկատի առնուած են գիտակցօրէն՝ ուսուցանելու նպատակով եւ ոչ թէ բառերուն թիւը աւելցնելու դիտաւորութեամբ։
Բառերը եւ անոնց բացատրութիւնները դասաւորուած են իրարմէ հեռու, երկու սիւնակով՝ բառերը դիւրաւ գտնելու համար եւ ոչ թէ դասական բառարաններու ձեւով։ Աշակերտութեան համար տողատակի յիշեցումները աւելի հասկնալի դարձնելու մտահոգութեամբ, իբրեւ օրինակ նկատի առնուած են առաւելաբար գործածելի բառերը եւ յատուկ անունները։
Բառացանկերը կը պարունակեն նաեւ օտար յատուկ անուններ եւ տեղանուններ, որոնք նոյն ձեւով եւ անսխալ գրելու առումով նոյնպէս դժուարութիւն կը պատճառեն աշակերտութեան։
Կը մնայ յուսալ թէ բառացանկերուն, յիշեցումներուն եւ ծանօթագրութիւններուն օգնութեամբ կարելի պիտի ըլլայ զգալիօրէն բարելաւել աշակերտին ուղղագրական գիտելիքները, խուսափիլ ընդհանրացած սխալներէ եւ յառաջդիմել ուղղագրութեան մէջ, որոշ բառեր եւ արմատներ գոց սորվելու, յիշելու, ինչպէս նաեւ այդ բառերուն եւ արմատներուն իմաստը հասկնալու միջոցով։
Մօտիկ ապագային անհրաժեշտ լրացումները կատարելու եւ շահեկան թելադրութիւնները նկատի առնելու խոստումով, իր տեսակին մէջ առաջին այս բառարանը կը յանձնուի մեր սիրասուն աշակերտութեան ու մայրենի լեզուի նկատմամբ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունեցողներուն։

No comments:

Post a Comment