November 16, 2012

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան կռուաններէն մին շատո՜նց շիջեցաւ (գաղութահայ պատառիկ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այն օրէն երբ զարմանալի որոշումով մը փակուեցաւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը, արդէն իսկ ազդանշանը կը տրուէր գաղութահայ կեանքի տարբե˜ր երազանքներու շիջումին:
Միւս կողմէ հաւանաբար հարց պիտի տրուի, թէ ճի՞շդ մօտեցում է գաղութի մը ճակատագիրին առնչել հիմնարկի մը գոյութեան իմաստը, այդ ալ հայագիտականի ձեւաչափով:
Այլ խօսքով, հայ վարժարանի, եկեղեցւոյ ու ակումբին առընթեր նման կառոյցի մը ներկայութիւնը սոսկ յաւելեալ պերճա՞նք պիտի պարգեւէ (կամ ատենին պարգեւեց) հայ շրջապատին ու անոր բաղադրիչ մասերուն, թէ անով պիտի կարենանք (կամ կարողացա՞նք) մեր ազգային մտասեւեռումերուն թէ հեռանկարներուն (եթէ գոյութիւն ունին) խթան հանդիսանալ, այլապէս կողմնորոշուելու յատուկ հայեցողութեամբ եւ սատարելու գէթ մօտիկ ապագայի մեր հաւաքական առաջադրանքներու կենսաւորման:
Մինչեւ հոս` դասականութեամբ յագեցած միտքեր ու մտորումներ, բաղձանքներ եւ պատրանքներ առհասարակ, որոնք կպչուն մասն են հայ իրականութեան առօրեային:
Անցնինք:
Սկեպտիկ պատմուճան հանդերձած անհատը (անհատներ) առանց շրջմոլիկութեան կրնայ(ն) մեր ուշադրութեան յանձնել նաեւ, թէ արդեօք նմանօրինակ հիմնարկի մը գոյութեան օրերուն ինչպիսի՞ նուաճումներ ենք արձանագրեր, յաղթանակներ կերտեր ու այլապէս բացառիկ յաջողութիւններ ունեցեր, որպէսզի ափսոսա˜նք եւ մենք մեզ մեղադրենք` ի տես ներկայի ընդարմացած եւ տխեղծ պատկերին:
Հեղ մը յստակացնենք, որ խօսքը անպայման չի վերաբերիր քարաշէն ու գեղակերտ կառոյցի մը, որ ունէր եզակի ընկալչութիւն, ակադեմական միջավայրի մը գէթ որոշակի յատկութիւն, իմացական ու ճանաչողական վայելչութիւն, հաւաքական մեր կեանքին հայաբոյր շունչ ու ոգի յանձանձելու նախանձախնդրութիւն, ոչ ալ այն հանգամանքին, որ այդ կառոյցին յարկին տակ հայերէնագիտականի առընթեր կը կատարուէր մասնագիտական դասանիւթերու` ընկերային, հոգեբանական, մշակութային, տնտեսական, քաղաքական, իմաստասիրական, մանկավարժական եւ գեղարուեստի համապարփակ ջամբում, յայտնապէս պատկառելի դասախօսներու փաղանգի մը ներկայութեան եւ անոնց ուղղակի հսկողութեան ներքեւ:
Վերոնշեալ իրողութեանց կողքին յատուկ անդրադարձ կ՛ուզենք կատարել նման կառոյցի մը նպատակուղղուածութեան, յարատեւութեան եւ արդիւնաւէտութեան:
Պարզենք:
Առարկայականութիւնը պիտի յուշէ բոլորիս, որ ընդունիլ է պէտք երկու հիմնական չափորոշիչներ. առաջին հերթին` Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի կենսունակ օրերուն արձանագրուած թէեւ համեստ բայց տիրական յաջողութիւններուն, ապա արիաբար պէտք է խոստովանիլ, որ նման եզակի կառոյցի մը իր ծնունդէն ի վեր առանց տեսլականի (ռազմավարական առումով) ու յենարանի (նիւթապէս) պահելը խորքին մէջ ինքնամեկուսացման եւ տակաւ շիջումի դատապարտանք մըն էր ըստ ամենայնի:
Այլ ասած, եթէ երբեք այսօր նշաւակ կը դարձնենք մեր մօտիկ անցեալի մէն մի արարք ու առաջադրանք, անիկա առանձնապէս եւ ապահովաբար պէտք է ծառայէ գալիքի հաշուոյն որդեգրուելիք ծրագիրներու իմաստաւորման:
Ի դէպ, մտքի ու հոգիի դալկութիւն կ՛ենթադրէ ամէն ժխտական ընդգծում, եթէ անմիջապէս անոր չշաղկապենք Հայագիտականի արժանահաւատ ու շնորհակալ գործունէութիւնը անոր ամբողջ տեւողութեան ընթացքին:
Հա՞րկ է յիշեցնել, թէ ինչպիսի՛ մարդուժ է մատակարեր այս կառոյցը հայոց լեզուի, պատմութեան, գրականութեան ու մշակոյթի անդաստանին, նուիրեալ ուսուցիչներու, հրապարակագիրներու եւ խմբագիրներու սերունդ հասցուցեր` այլապէս ազգային տենչերու եւ տագնապներու հաղորդակից ընթերցասէրներու պատրաստութեան տեսակէտէ:
Իրօք, իր տարեթուային համեստ գոյութեամբ իսկ ան կրցած է ապահովել շրջապատին յարգանքն ու երախտիքը եւ կերտել իր անսեթեւեթ պատմութիւնը:
Այնուամենայնիւ, միթէ անոր գոյութեան շարժառիթն ու առաքելութեան հիմնաւորումը ատենին վրիպե՞ր էր մեր մտապատկերէն ու պատասխանատու շրջանակներէն, թէ՞ համոզումի ու հաւատամքի թուլութիւնն էր պատճառը` անոր գոյերթի տակաւ ընդհատումին ու ապա միանգամընդմիշտ կասեցումին:
Արդեօք մատնանշուածին պէտք չէ՞ ագուցել նաեւ այն էական վարքագիծն ու մօտեցումը` հաստատութենական մտածողութեամբ պարուրելու մեր կեանքը, այլապէս արհեստավարժ ու ատակ գործունէութիւն վարելու ունակութիւն ցոյց տալով, որպէսզի հայ նորահաս սերունդին շնորհենք հաւաքական ապրումներու շքեղանքն ու նորովի ստեղծագործելու հրայրքը:
Մատնանշումներ:
Հայրենի հողէն ու ջուրէն հեռու ապրելու իրողութիւնը իր դառնագոյն ճնշուածութեամբ կը հալածէ մեզ հաւաքաբար, հակառակ վերանկախ հայրենիքի գոյութեան:
Սփիւռքեան երդիքի տեսակ մը առթած ինքնաբաւ զգացումին ու տեղայնացած մեր հոգեբանութեան համար ա՛լ որեւէ իմաստ ունի՞ն հնաբոյր ոճերու եւ սոփեստական վարքագիծերու շքերթը, որոնք պարզապէս չքմեղանքներու պատեհութիւններ կը ստեղծեն` պատճառ դառնալով յաւելեալ պատրանաթափումի, եւ, այլեւս հարկ է ուժգնօրէն հակազդել նման յամեցող կործանարար մօտեցումներու եւ առիթ տալ նորովի բնոյթ աշխատելաոճերու որդեգրումին:
Երբեւէ մտածած ենք, որ ազգային մեր կառոյցները, որոնք մեր լինելութեան եւ ապագայակերտ առաջադրանքներուն պատուանդանն են հանդիսացած, ձերբազատել նիւթական ակնկալութիւններու դիտավայրի բարդոյթէն, որպէսզի անոնք կարենան գոյատեւել եւ գէթ բռնազբօսիկ վիճակներէ հեռու մնալով` արժեւորեն շրջապատը եւ իրենց կարգին իմաստաւորուին հայ կեանքին մէջ:
Այսինքն, առանց վիրաւորանքի եւ յաւակնոտ մօտեցումի յայտնենք նաեւ, որ տասնամեակներու հայապահպանման երախտարժան աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը այսօր ինչո՛վ է պայծառ մնացեր եւ կամ ինչո՛ւ աղօտ վիճակի է մատնուած եւ անդոհանքի պատկեր պարզած:
Փաստօրէն, հայ իրականութեան մէջ սողոսկած ապազգային ու խառնափնթոր վիճակներն ու մեղկութիւնները ուղղակիօրէն պատուհաս են դարձած մեր գոյերթին, իսկ մենք կը շարունակենք «պէտք է ընել»¬ներու կարգախօսը յանկերգել տիւ եւ գիշեր:
Օրին, Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի մը գաղափարը արդէն խիզախութեան եւ ազգակերտումի արժեչափ էր, իսկ անոր կենդանութիւն պարգեւելը` յանդուգն կեցուածքի եւ պատասխանատու վերաբերմունքի եզակի արտայայտութիւն:
Ճիշդ է, որ տարիներու թաւալքին հետ պայմաններու եւ ժամանակի հեղձուցիչ կացութիւններ երեւան եկան` արգելք հանդիսանալով նման գործունէութիւններու շարունակութեան, այդուհանդերձ, մարգարէական կոչումնե՞ր են պէտք ընդգծելու կարգ մը իրողութիւններ եւ յականէ անուանէ շեշտադրելու, որ առանց ասպարէզի, միջավայրի ու գործունէութեան դաշտի յանձանձումին աւելորդ է խօսիլ սերնդափոխութեան թէ ապագայակերտ գործունէութիւններու լիարժէք հասկացողութիւններու մասին:
Այլ ասած, քաջ գիտակցելով նմանատիպ կառոյցներու էադրոշմ յատկութիւններուն, եւ, փոխանակ ապահովելու անոնց միանշանակ բարգաւաճումն ու զարգացումը` կրթական տարբեր ոլորտներու եւ մասնագիտութիւններու ընդգրկումով, ցաւ ի սիրտ, հաւաքական մեր մօտեցումները կը շարունակեն թարգմանուիլ անհեռանկարայնութեամբ եւ դիւրին ճանապարհներու որոնումով:
Ի դէպ, ծանրագոյն յանցանքի՞ պիտի վերածուէր, եթէ երբեք նման կառոյցի մը շուրջ համախմբուէր ազգը համակ, զայն օժտէր ազգային դիմագիծի ու գուրգուրանքի յստակատեսութեամբ եւ ստեղծէր այն հեղինակադրոշմ միջավայրը, որ պիտի կարենար արեւմտահայերէնի խոհուն զինուորագրեալներու փաղանգներ ազգին նուիրաբերել:
Արդեօք մեր երազած ակադեմական այս կառոյցին հիմնական նպատակաուղղուածութիւնը պիտի չընդգրկէ՞ր նաեւ սփիւռքահայութեան մօտիկ անցեալի, ներկայի ու ապագայի ռազմավարական ամբողջ հայեցակարգը ճշդորոշելու կարողականութիւն, սփիւռքագիտութեան ոլորտի ընդհանուր սահմանումով:
Միթէ անիկա մեր մտատանջ հոգիներուն բալասանը պէտք չէ՞ հանդիսանար եւ դառնար հիմնարկ մը, որ ամբողջ գաղութին ուշադրութեան ու գուրգուրանքին արժանանար, այլապէս ղեկավարութեան տրամադրութեան տակ դնելով ուսումնասիրական պատկառելի գրականութիւն եւ փորձագիտական աշխատութիւններ:
Ալ ուր մնաց, որ անխառն ու ցրիւ եղած երիտասարդական յոյզերուն, երազներուն եւ ապրումներուն կիզակէտը ըլլալով, անիկա նաեւ պարծանքը հանդիսանար գիտական մտածողութեան բոցավառումին, բազմաբնոյթ ոլորտներու մէջ պատուաբեր գործունէութիւններու ընդգծումին եւ մասամբ նորին:
Շատ անգամ ձանձրոյթ ու զզուանք առթող խորհրդաժողովներու թէ սեմինարներու ընթացքին, թէեւ տեսական կարգախօսային, սակայն յարգելի կարգ մը տեսակէտներուն ու նպատակասլաց առաջարկներուն երբեւէ մտածեցի՞նք կենդանութիւն տալ եւ լծուիլ վաղուան ազգային կեանքի տնօրինումին:
Ընդգծում մը:
Կրկնութեան գնով արձանագրենք, թէ միջազգային կառոյցի մը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ¬ի, ահազանգի՞ն պէտք ունէինք գիտնալու համար, որ արեւմտահայերէնը կը գտնուի մահուան սնարին եւ չունի վերապրելու որեւէ հնարաւորութիւն, թէ՞ ազգային մեր հանճարէն ու կամեցողութենէն թելադրուած` անյապաղ յայտարարէինք գոյամարտի մեր ահազանգը:
Արդար է ըսել, որ քաղաքական ճգնաժամերու եւ օրհաս կացութիւններու դէմ յանդիման հաւաքական մեր մտածողութիւնն ու իրերհասկացողութիւնը ինքզինք է պարտադրեր, թէեւ յապաղած այդուհանդերձ փրկարարի իր դերակատարութեամբ:
Իսկ մեր այսօրը, որ կ՛ապրի իր ամէնէն ճակատագրորոշ պահերը, մանաւանդ` ինքնութեան մասնատումի թէ այլասերումի տեսակէտէ, կարիքը ունի նոյնքան վեհափառ կեցուածքներու եւ հեղինակաւոր արտայայտութիւններու:
Այո՛, արեւմտահայերէնի մասին ի՜նչ խօսք, երբ տակաւ կը կորսուին կռուաններ ու պատուանդաններ` բոլորիս խպնոտ ու դալուկ հայեացքներուն դիմաց:
Հոմերոսեան կամեցողութեա՞ն պէտք է հայցել, որպէսզի ընդունինք կատարուած աղէտին տարողութիւնը ու այլեւս մեր դժխեմ առօրեայէն փախուստ տալու ճիգն ու աճպարարութիւնը այլակերպենք համոզումի ու յաղթելու փարոսի:
Հայագիտական հիմնարկը, որ կոչուած է ըլլալ հայ ժողովուրդի շաղախը պարուրող եւ իմաստաւորող հնոցը, վերականգնելու եւ կամ վերահաստատելու նորովի թափուած ճիգերն ու մտմտուքները, թէեւ շնորհակալ, այդուամենայնիւ իրենց կարապի երգն է, որ կրկին պիտի երգեն, եթէ երբեք անոր շնորհենք սովորական աստիճանաչափի մը պատուէրն ու կոչումը:
Իրօք, Հայաստանն է հայագիտութեան օրրան ու շտեմարանը: Սակայն, ի՞նչն է, որ կը պակսի մեզի, որ Հայաստան մըն ալ ծաղկեցնենք Սփիւռքի մէջ` գէթ հիմնարկի ձեւով, անոր շունչ, հոգի, հմայք, մտապատկեր, տեսլական ու հայութիւն շնորհելով:
Փուճ են այն մտահոգութիւններն ու ասելուկները, թէ Սփիւռքի մէջ կարելի չէ ստեղծել հայութիւն բուրող կառոյցներ, այդ ալ ակադեմական առումով, եւ ընդգծել, որ նիւթականի հարցն է մեր մեծագոյն խոչընդոտը:
Համաշխարհային վարկի ու հեղինակութեան արժանացած ակադեմական միջավայրեր, եթէ մէկ կողմէ կը վայելեն իրենց պետութեան ու շրջապատին հոգատարութիւնը, այլապէս ալ անոնց վիճակուած է դարեր ապրիլ, պարզապէս անոնց գոյերթին ագուցուած պատկառելի թիւով բարեսիրական միութիւններու եւ բարերար անհատներու նպաստներուն շնորհիւ, որոնց նիւթաբարոյական աջակցութեան հիմքը պայծառամտութիւնն է առհասարակ, բայց մանաւանդ` յարգանքի ու երախտիքի արտայայտութիւնը հանդէպ հեղինակաւոր եւ ապագայակերտ նմանօրինակ կառոյցներու:
Արդ, Սփիւռքի տարածքին գոյութիւն ունին ու կը գործեն հայագիտական ամպիոններ, որոնք կը տանին որոշակի հայանուէր աշխատանքներ, այդուամենայնիւ, տակաւին իր գոյութիւնը չէ պարտադրած Հայագիտական հիմնարկ մը, որ ունենայ իր առաքելութեան եւ արդիւնաւէտութեան ամէնէն լայն փորձադաշտը` տասնամեակներ ապրելու յաւակնութեամբ:
Չէ՞ որ Սփիւռքի մէջ կ՛ապրի հայրենի ժողովուրդի քանակին աւելի քան կէսը` օտարութեան զոհասեղանին ի սպաս, եւ շալկած է գոյութենական պայքարի իր խաչն ու ճակատագիրը:
Հայ քաղաքական միտքը անհրաժեշտ է, որ մտածէ նաեւ այս ուղղութեամբ, եւ հայոց քաղաքական ու հոգեւոր ղեկավարութիւնը հրաւիրէ նման մարտահրաւէրներու դիմակայումին, որպէսզի սին ու խեղճութիւն բուրող գործելաոճեր միանգամընդմիշտ վերնան հայ կեանքէն:
Ապահովաբար, արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը կ՛ենթադրէ համազգային պատրաստուածութիւն եւ յաղթելու կամք, ուր իրենց ներուժն ու գիտական մտածողութիւնը պիտի ներդրեն վաստակաւոր հայագէտներ ու մասնագէտ ակադեմականներ, որոնց ճիգին ու քրտնաջան աշխատանքին արդիւնքը պիտի վաստկի ազգը համակ:
Դառնալով մեր ածուին, նշենք, որ ազգային մեր ճակատագիրին ու ճանապարհին յաղթական ելքի պատուանդանները պահպանելու համար միթէ ամբողջ հայութիւնը իր պետականութեամբ իսկ կարիքը չունի՞ նաեւ հեղինակադրոշմ օսմանագէտներու, սփիւռքագէտներու, օրէնսգէտներու, արխիւագէտներու, ցեղասպանագէտներու ու մանաւանդ հայագէտներու, որոնք պիտի առճակատին ամբողջ մարդկութեան դէմ` յանուն արդարութեան վերականգնումին եւ ազգային տենչերու իրագործումին:
Պէտք է տեսնել կամ իմանալ հայութեան թշնամիներու կողմէ սանձազերծուած աշխատանքը` ջլատելու հայութեան կորովն ու կամքը, աղաւաղելու պատմութիւնը, նաեւ իր էութենէն դատարկելու ազգային պահանջատիրական մեր երթը:
Հայոց ցեղային առանձնայատկութիւններուն վրայ ո՛չ ոք թող կասկածի կամ տարակուսի, որովհետեւ հանճարաստեղծ ու քաջարի մեր ժողովուրդին համար գօտեմարտեր են հարկաւոր` փաստելու համար Մաշտոցի, Վարդանանքի, Նարեկացիի, Կոմիտասի եւ բազում մեծահրաշ անհատականութիւններու աստուածատուր շաղախի ու կերպարի անժամանցելիութիւնը:
Ստուգիւ, հայագիտականի հիմարկը կոչուած է ըլլալու այդպիսին, ուրկէ պիտի ճառագայթեն նորահաս սերունդի հանճարեղ զաւակները, նորովի լիցքաւորելու համար հայ կեանքի մէն մի ճակատամարտ եւ հպարտութեամբ լուսաւորելու հայու մէկութեան գաղափարականը:
Կը հաւատանք, որ հայութեան ճակտին նետուած ձեռնոցին դէմ դնելու ուժականութիւնը դեռ կը խայտայ, հարկաւոր է ձերբազատիլ լոկ մամռակալած մտածումներէ:
Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան աշխատանքը կը ներառէ նաեւ այս բոլորը:

«Ազդակ», Նոյեմբեր 15, 2012

No comments:

Post a Comment