August 26, 2013

«Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ»

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
 
2013-ին, Պոլիս, լոյս տեսաւ պոլսահայ վաստակաւոր գրագէտ, թատերագիր, գրականագէտ եւ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ» խորագրեալ հատորը` մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններուն:
Սոյն գործը կը բաղկանայ 320 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ 82 յօդուածներ, որոնք տպուած են «Մարմարա» օրաթերթին մէջ 2012 թուականին:

August 07, 2013

Հայոց լեզուի ծրագիր՝ մանկապարտէզի դասարաններուն համար

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը 2013 թուականի Յուլիսին հրապարակեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր մը, ուղղուած`  Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն:

August 03, 2013

Ի պէտս զարգացելոց

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ


Կարենալ         
1866-ին հայր Արսէն Այտընեան նկատել կու տար, թէ արեւմտահայը չի յաջողիր ճիշդ կիրարկել կարենալ բայը, երբ այս վերջինին վրայ կու գայ աւելնալու երկրորդ բայ մը, այսինքն սապիսիները` կարենալ գրել, կարենալ յաղթել, կարենալ լուծել եւ այլն: Այսպիսի երկբաղադրիչ բայերը հայերէնի մէջ կը կոչուին «յարադրական բայեր», որոնց մէջ գլխաւոր կամ գերադաս բային վրայ աւելցող բաղադրիչը կը կոչուի յարադրեալ. գրել, յաղթել, լուծել յարադրեալներ են: Նմանօրինակ բայեր են` փորձել յաջողիլ, որոշել օգնել, վճռել յաղթել, շարունակել աղմկել եւ այլն, որոնց  բոլորն ալ կազմուած են գերադաս ներգործական բայէ մը եւ ստորադաս ուղիղ խնդիր ձեւացնող յարադրեալէ մը:

August 01, 2013

Հայրենի աղբիւր. հեղինակ՝ Յարութիւն Քիւրքճեան (*)


ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
 
Վերջերս հաճելի անակնկալը ունեցայ ստանալու «Հայրենի աղբիւր»-ի միջնակարգի չորս կարգերու ակնահաճոյ ու ճաշակաւոր, հայեցի ու հայաբոյր ձեւաւորումով   հատորներու նորագոյն հրատարակութիւնները:  Ինծի համար շարքը նորութիւն չէ. անոր բովանդակութեան վերահասու դարձած եմ մօտաւորապէս երկու տասնամեակ առաջ եւ տրամադրութեանս տակ ալ ունեցած եմ քանի մը լրիւ  շարքեր իւրաքանչիւր կարգէն,  եւ երկար ապրած եմ անոնց մտերմութեան մէջ` շատ յաճախակի թերթատումներով ու վերընթերցումներով. սակայն տարիներուն հետ այդ օրինակները շոգիացան, քանի որ զանազան ծնողներ  եւ աշակերտներ, չեմ գիտեր ինչու եւ ինչպէս, սովորութիւն դարձուցած են ինձմէ` իրենց պակսող դասագիրք մը կամ դասագիրքեր խնդրել, իսկ ես  միշտ ալ սիրայօժար ընդառաջած եմ անոնց խնդրանքին: Այսպէս է որ  այլազան դասագիրքերու ամբողջական շարքեր ձեռքէս ելած ու գտած են  իրենց հասցէատէրերը, իսկ ես մնացած եմ… առանց  որեւէ նմուշի: Բան մը, որուն համար չեմ ափսոսար անշուշտ: