October 08, 2012

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովը սկսաւ աշխատանքի


Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի Լիբանանի անդամները Չորեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2012-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարած նիստի ընթացքին առին հետեւեալ որոշումները.-
ա) Վերջնական ձեւ տալ Յանձնաժողովի աշխատանքային ուղեգիծին յատուկ ենթայանձնախումբի մը ճամբով, Սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ գտնուող իր անդամներու կատարած առաջարկներու լոյսին տակ:
բ) Արեւմտահայերէնի մէջ գործածուող լեզուական եւ ուղղագրական սխալները ճշդելու ձգտող կատարուած աշխատանքի առաջին բաժինը որոշուեցաւ քննել եւ յառաջիկային այս ուղղութեամբ լծուիլ գործնական աշխատանքի:
գ) Յանձնաժողովը որոշեց լծուիլ մասնագիտական բառերու առձեռն բառարան մը պատրաստելու աշխատանքին:
Յանձնաժողովը իր աշխատանքը պիտի կատարէ հանգրուանային կերպով եւ առաւելագոյն չափով ունենալով ոչ միայն իր անդամներուն տեսակէտներն ու մասնակցութիւնը, այլ նաեւ՝ կարծիքները այն բոլոր մտաւորականներուն, որոնք մտահոգութիւն մը կամ գործնական առաջարկ մը ունին այս ուղղութեամբ:
Յայտնենք, որ Յանձնաժողովի աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ հետեւեալ մարզերուն վրայ.- 1) գործածուող արեւմտահայերէնի սրբագրում, 2) անոր գործածութեան տարածում, 3) մասնագիտական բառերու ժողովրդականացում: Այս ուղղութեամբ անոնք, որոնք կ՚ուզեն առաջարկ ներկայացնել, կրնան կապ պահել Յանձնաժողովի քարտուղար տիար Սարգիս Կիրակոսեանի հետ (edu@armenianorthodoxchurch.org):
Ստորեւ՝ Յանձնաժողովի անդամներուն ամբողջական ցանկը.-
Տիար Երուանդ Փամպուքեան՝ ատենապետ (Լիμանան)
Տիար Պէպօ Սիմոնեան՝ ատենապետ (Լիμանան)
Տիար Սարգիս Կիրակոսեան՝ Քարտուղար (Լիμանան)
Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան (Փորթուկալ)
Տիար Վրէժ Արմէն Արթինեան (Գանատա)
Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան (Լիբանան)
Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան (Կիպրոս)
Գերպ. Հայր Լեւոն Զէքիեան (Իբալիա)
Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան (Լիբանան)
Տիար Ռոպէր Հատտէճեան (Թուրքիա)
Տիար Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան)
Տիար Լեւոն Շառոյեան (Սուրիա)
Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան (Ֆրանսա)
Տիար Յարութիւն Քիւրքճեան (Յունաստան)
Դոկտ. Գրիգոր Պլըտեան (Ֆրանսա)
Տիար Յակոբ Չոլաքեան (Սուրիա)
Դոկտ. Երուանդ Քասունի (Լիբանան)
Տիար Նազարէթ Պէրպէրեան (Յունաստան)
Տիար Կարօ Յովհաննէսեան (Լիբանան)
Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (ԱՄՆ)
Տիար Ժիրայր Դանիէլեան (Լիբանան)
Տիար Սարգիս Մահսէրէճեան (ԱՄՆ)
Տիար Պարոյր Աղպաշեան (Լիբանան)
Տիար Յակոբ Պալեան (Ֆրանսա)
Դոկտ. Յակոμ Կիւլլիւճեան (ԱՄՆ)

No comments:

Post a Comment