September 27, 2012

Լիբանանահայ վարժարանին բազմակի դժուարութիւնները

«ԱԶԴԱԿ»
 

Այսօր լիբանանահայ վարժարանները իրենց դռները կը բանան հայ աշակերտութեան առջեւ: Կրթական նոր տարեշրջանը կը սկսի հին ու նոր խնդիրներով, դժուարութիւններով ծանօթ պայմաններով, բայց նաեւ նոր հաւատքով, կամքով, դժուարութիւնները յաղթահարելու վճռակամութեամբ, ապագայի տեսիլքով:
Երկրին մէջ տիրող ու հետզհետէ թափ առնող ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ՛ունենան կրթական ոլորտին վրայ: Դպրոցներու պիւտճէներու հաւասարակշռման ճիգեր, վճարունակ ծնողական խաւի հետզհետէ նօսրացում, գանձումներու հետեւողական պահանջներ, որոնց դիմաց նուազագոյն արդիւնքներ, դպրոցներու պաշտօնէութեան եւ ուսուցչակազմի աշխատավարձերու հաւանական ուշացումներ:
Այս բոլոր դժուարութիւններէն զերծ չէ նաեւ հայ դպրոցը, որ սակայն տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակէ իր գոյերթը, գաղութին (եւ ոչ միայն գաղութին, այլեւ` ամբողջ Սփիւռքին) մարդոյժ արտադրելու իր առաքելութիւնը: Այս հանգամանքը կ՛արժէ խոշորացոյցի տակ առնել եւ իրողութիւնը տարածել սփիւռքահայ կազմակերպ կեանքին մէջ իր անփոխարինելի տեղը գրաւած մարդկային պաշարներու արժեւորման շատ կարեւոր գործին համար:
Պարզ է, որ այսօր սփիւռքեան կազմակերպ համայնքներուն մէջ հանրային-հասարակական կեանքի ղեկավարման դիրքերու վրայ յայտնուած անձնաւորութիւններու կարեւոր բաժինը իր հայեցի կազմաւորումը ստացած է միջինարեւելեան գաղութներուն մէջ, աւելի մասնակիօրէն` Լիբանանի, Իրանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի, Քուէյթի եւ Յորդանանի մէջ: Իմա՛ նոյն երկիրներու մէջ գործող հայկական վարժարաններու մէջ:
Նշուած գրեթէ բոլոր երկիրները ժամանակակից պատմութեան ընթացքին թէ ուղղակի վերջերս ստացան ծանր հարուածներ: Երբեմնի այս գաղութներու կարողականութիւնը, քանակը, որակը, ներկայացուցած կշիռը դժուար թէ համեմատուին այսօրուան համապատկերին հետ: Աւելի մասնակիացնենք առաջադրուած թեման եւ կեդրոնանանք Լիբանանի եւ Սուրիոյ այս առումով ներկայացուցած արտադրողականութեան յառաջատարութեան վրայ` ըսելու համար, որ իրանահայ գաղութի համեմատական նօսրացումէն ետք ահաւասիկ սուրիահայ գաղութին սպառնացող վտանգը բնականաբար հարուածած է կրթական ոլորտը եւս եւ այդ ճամբով համասփիւռքեան կարիքներուն մարդուժի արտադրութեան մէկ կարեւոր շտեմարանը:
Այս հանգամանքներու նշումը եթէ մէկ կողմէ փորձ կը կատարէ միջինարեւելեան մարդկային պաշարներու շտեմարանին կարեւորութեան համասփիւռքեան հոգատարութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան ընդգծումին, միւս կողմէ կը յիշեցնէ, որ լիբանանեան կրթական ոլորտի պատասխանատուները կը դնէ կրկնակի պարտաւորութեան տակ` ընդհանուր այդ արտադրողականութեան նշաձողի աստիճանաչափը բարձր պահելու:
Խնդիրը այստեղ չի վերաբերիր միայն սուրիական ճգնաժամին իբրեւ անմիջական հետեւանք Լիբանան կայք հաստատած սուրիահայ ընտանիքներուն, որոնք ճիշդ ընտրութեամբ իրենց զաւակները կ՛ուղարկեն լիբանանահայ վարժարաններ: Խնդիրը համասփիւռքեան ուշադրութեան արժանի բովանդակութիւն կը պարփակէ իր մէջ:
Լիբանանը հանգամանքներու բերումով բոլոր պատճառները ունի այսօր յայտնուելու թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ համայն սփիւռքի ուշադրութեան կիզակէտին` իբրեւ հայեցի կազմաւորման եւ ամբողջ Սփիւռքին մտաւոր մարդուժ հայթայթող կեդրոն: Այս կեդրոնը պէտք է դիտարկել, պայմաններու բերումով, իբրեւ կարեւորագոյն ամրոցը` արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման, հոգեւորականի, խմբագիրի, ուսուցիչի, մշակութային, քաղաքական-հասարակական գործիչի պատրաստութեան եւ ընդհանրապէս այս կամ այն ձեւով հայ կեանքին սերտօրէն առնչուած մարդու կազմաւորումին:
Երկարաժամկէտ կտրուածքով կրկնակի, եթէ ոչ բազմակի պարտաւորութիւններ կը վերցնեն այսօր լիբանանահայ վարժարաններու կրթական պատասխանատուները, տնօրէնները, ուսուցիչներն ու աշակերտները. իրենց հետ նաեւ` ծնողները, հայ մարդու կերտման պայքարի խրամատին մէջ վիրաւոր գաղութներու ստեղծուած ակամայ բացը ամբողջացնելու եւ պայքարը յաւելեալ ուժգնութեամբ տանելու` մինչեւ անդորրի վերադարձը: Ահա թէ ինչո՛ւ ոչ միայն համագաղութային, այլ նաեւ համասփիւռքեան ու պետական ուշադրութեան կեդրոնին վրայ յայտնուած ըլլալու բոլոր պատճառները կ՛ամբողջացնէ այսօր լիբանանահայ կրթութեան ոլորտը:

Սեպտեմբեր 27, 2012 (խմբագրական)

No comments:

Post a Comment