September 28, 2012

Հայ դպրոցով հայը հայ կը մնայ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Վերամուտ է դարձեալ:
Հայ դպրոցը տուաւ դասարան մուտքի առաջին զանգը, եւ հայ դպրոցին հաւատացող ծնողներու հարիւրաւոր աշակերտներ հաստատ քայլերով մուտք գործեցին իրենց վարժարանները` յաւելեալ ուսում ստանալու եւ իրենց աշխատանքով ապագայ կերտելու համար:
Հայ ուսուցիչը վերագտաւ իր աշակերտները, որոնց «բարի լոյսով» վերակենդանացուց իր աշխուժութիւնը, կորովը եւ իր գիտութիւնն ու հայկականութիւնը հայ աշակերտին «մարդակերտումին» ի սպաս դնելու պատրաստակամութիւնը:
Հետզհետէ անապատացող մեր կեանքին մէջ, վերամուտը, առաջին զանգը, հայ ծնողքը, հայ աշակերտն ու հայ ուսուցիչը բնականաբար կը կազմեն յուսատու այն ովասիսը, որ տասնամեակներ շարունակ ծլարձակած է, սերունդներ պատրաստած ու վերածուած մեր ժողովուրդի գոյատեւման կռուանին:
Ա՛յս, մետալին մէկ երեսն է:
Ուրախացնող, ապագային նկատմամբ հաւատք ամրացնող երեսն է անկասկած:

September 27, 2012

Լիբանանահայ վարժարանին բազմակի դժուարութիւնները

«ԱԶԴԱԿ»
 

Այսօր լիբանանահայ վարժարանները իրենց դռները կը բանան հայ աշակերտութեան առջեւ: Կրթական նոր տարեշրջանը կը սկսի հին ու նոր խնդիրներով, դժուարութիւններով ծանօթ պայմաններով, բայց նաեւ նոր հաւատքով, կամքով, դժուարութիւնները յաղթահարելու վճռակամութեամբ, ապագայի տեսիլքով:
Երկրին մէջ տիրող ու հետզհետէ թափ առնող ընկերային-տնտեսական դժուարութիւնները իրենց անմիջական ազդեցութիւնը կ՛ունենան կրթական ոլորտին վրայ: Դպրոցներու պիւտճէներու հաւասարակշռման ճիգեր, վճարունակ ծնողական խաւի հետզհետէ նօսրացում, գանձումներու հետեւողական պահանջներ, որոնց դիմաց նուազագոյն արդիւնքներ, դպրոցներու պաշտօնէութեան եւ ուսուցչակազմի աշխատավարձերու հաւանական ուշացումներ:

September 24, 2012

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ուսուցչական սեմինարը


Շաբաթ, Օգոստոս 18ին, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը ուսուցչական սեմինար մը կազմակերպած էր, որ կեդրոնացաւ հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու դասաւանդելու հարցերուն վրայ։ Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ուաշինկթընէն, Փրովիտընսէն, Պոստընէն եւ Շիքակոյէն մասնակիցներ ժամանած էին Ազգ. Առաջնորդարանը՝ «Մարզել մարզիչը. հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու նոր սորվողներու համար» աշխատանոցին ներկայ գտնելու։ Աշխատանոցին ղեկավարն էր Սքոթ Գոհէն՝ երկրորդ լեզուի ուսուցման մասնագէտ։ 

September 18, 2012

Հայերէնի արդիականացում, պարզացում, ժողովրդականացում եւ հասկնալիութիւն .

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Պարզացման եւ խեղճացման միջեւ տարբերութիւնը, դժբախտաբար, լոյսի ճառագայթի հաստութիւնը չունի:
Ո՞վ կրնայ ըսել, որ ֆրանսերէնը, անգլերէնը, գերմաներէնը, հարուստ եւ կենդանի մշակոյթ ու գրականութիւն ունեցող լեզուները արդիական, պարզ, ժողովրդական եւ հասկնալի լեզուներ չեն: Այդ լեզուով գրողները եւ խօսողները, լրագրողները եւ հրապարակագիրները, հռետորները արդիականը եւ պարզը հրաժարումի ճամբով չեն տանիր: