August 19, 2011

Արեւմտահայերէնի հիմնախնդրին քաղաքական նշանակութիւնը

Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը, իր նախաձեռնող կողմով, կայացման վայրով, մասնակիցներով եւ արծարծած նիւթերով իրադրային նշանակութիւն ունենալու բոլոր հանգամանքները ունի: Համագումարը, որ նուիրուած է «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր` մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» նիւթին, կոչուած է քննարկելու ամէնէն հրատապ նիւթը, որ կը յուզէ նախ եւ առաջ ամբողջ արեւմտահայ աշխարհը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը` իբրեւ Սփիւռքի հոգեւոր, ազգային ու մշակութային կեդրոն, բոլոր նախադրեալներն ու հանգամանքները ունի նման համասփիւռքեան եւ շեշտակիօրէն նաեւ` համահայկական տարողութեամբ հարցերու քննարկման եւ մանաւանդ անոնց լուծման մեքենականութիւններու ճշդումի նախաձեռնութիւնները առնելու: Կրթականը համընդհանուր այս առաջադրանքներուն կարեւոր բաղադրիչներէն է, եւ այս պարագային արեւմտահայերէնի պարզած իրավիճակը, դիմագրաւած խնդիրներն ու մանաւանդ զանոնք յաղթահարելու ուղիներու որոնումներն ու համապատասխան միջոցներու որդեգրումը պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող ա՛յս միջավայրէն է, որ պէտք է նախաձեռնուին, տնօրինուին եւ ընթացք առնեն:
Լեզուական այս հիմնահարցը անշուշտ ունի քաղաքական խորք: Արեւմտահայերէնը, ինչպէս Արեւմտահայաստանի ու արեւմտահայոց մշակութային տարբեր բնոյթի ժառանգութիւնները ունին նախացեղասպանութիւն եւ յետցեղասպանութիւն իրավիճակներ: Եւ եթէ այսօր միջազգային կազմակերպութիւններ կ՛ահազանգեն արեւմտահայերէնի վտանգուածութեան մասին, կը խօսին անոր նահանջին մասին, ապա խնամքով անուշադրութեան կը մատնեն պատճառահետեւանքային տրամաբանութիւնը` պարզելու համար, որ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ սկսաւ իր բնօրրանէն դուրս օգտագործուող հայերէնի այս ճիւղը ապրիլ իր նահանջը: Կամ` արեւմտահայերէնը իր կատարելագործութեան ու բարձրակէտին հասցուցած մտաւորականութեան սերուցքը մէկ գիշերուան մէջ ի՞նչ ճակատագիրի արժանացաւ:
Ահազանգ բարձրացնող միջազգային լեզուագէտներն ու փորձագէտները, եթէ չեն ուզեր քննարկել լեզուի նահանջին տուն տուող պատմաքաղաքական շարժառիթները, ապա բնականաբար կ՛իմաստազրկեն իրենց հնչեցուցած ահազանգները կամ լեզուներու գոյավիճակներուն մասին կատարած դասակարգումները: Արեւմտահայերէնը արեւմտահայ մշակութային ժառանգութեան հասցուած ցեղասպանական հարուածէն զերծ չէ մնացած: Հարուածին ազդեցութիւնը երկարաժամկէտ բնոյթ ունի եւ ահաւասիկ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, Ցեղասպանութեան հարուածը կը զգացուի ամենասուր ձեւով:
Ցեղասպանութեան հատուցումի իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան ընթացքին իրաւագէտները անպայման նկատի կ՛ունենան այս պարագան եւս եւ այսօրուան իրավիճակին կամ համամարդկային արժէք ներկայացնող լեզուական հարստութեան մը տակաւ նօսրացման երեւոյթին համար գլխաւոր պատասխանատուութեան սիւնին կը գամեն ցեղասպան պետութեան այսօրուան ժառանգորդ Թուրքիան:
Այս առումով ալ, ճիշդ է, որ արեւմտահայերէնի այսօրուան պատկերը նախ եւ առաջ կը յուզէ արեւմտահայ աշխարհը, այսուհանդերձ խնդիրը պէտք է յայտնուի նաեւ Հայաստանի պետութեան ուշադրութեան կիզակէտին: Ի վերջոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ պետական լեզուն հայերէնն է (եւ ոչ թէ արեւելահայերէնը սոսկ): Եւ հայերէնը պարտի ապրիլ, զարգանալ ու ստեղծագործուիլ իր երկու ճիւղերով: Նկատի ունենալով նաեւ խնդիրին քաղաքական էութիւնը, արեւմտահայերէնի փրկութեան, զարգացման , ծաւալման եւ այս պարագային այսօրուան իրավիճակին քաղաքական պատասխանատուութեան գնահատական տալու աշխատանքները հայրենիք-սփիւռք համակարգաւորեալ աշխատանքի ուղենիշեր կ՛ենթադրեն: Այս տեսակէտէն Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահին ներկայութիւնը` համագումարին նման ուղղութեամբ մտածելու տեղի կու տայ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր պատմական առաքելութեան հիման վրայ համախմբած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով գոյացած գաղութներու մտաւոր ներուժի ներկայացուցիչները ցեղասպանութեան մէկ կարեւոր հետեւանքին` արեւմտահայերէնին պարզած այսօրուան իրավիճակը քննարկելու եւ խնդիրներուն համապատասխան ու գործնական լուծումներու համար ուղիներ որոնելու եւ ճշդելու:
Այս համախմբումը ինչպէս հոգեւոր ու մշակութային, այնպէս ալ ազգային ու քաղաքական նկատառելի նշանակութիւն ունի: Մանաւանդ` ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հիմնական պատասխանատուին պատժելիութեան եւ հատուցման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան համար:
Խմբ. «Ազդակ»
Օգոստոս 19, 2011

No comments:

Post a Comment