August 31, 2011

Խօսքէն անցնիլ գործի՛

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. Կաթողիկոսի փակման խօսքին` արտասանուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին` նուիրուած արեւմտահայերէնին, Պիքֆայա, 20 Օգոստոս 2011: 
Անցնող երեք օրերը մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ լեցուն ու հարստացնող օրեր եղան: Զեկուցումներու, քննարկումներու, երկխօսութիւններու ու վերլուծումներու ճամբով փորձեցինք լուսարձակի տակ բերել մեր ազգի կեանքին ներկայ հանգրուանի կարեւոր առաջնահերթութիւններէն` արեւմտահայերէնի փրկութեան խնդիրը: Յաճախակի առիթներով շեշտեցինք, թէ մեր լեզուն, արեւմտահայերէնը վտանգուած է, եւ հետեւաբար, այս խոր գիտակցութենէն մղուած ո՛չ միայն այս մասին խօսեցանք, այլ նաեւ տագնապեցանք: Տագնապեցանք, որովհետեւ արեւմտահայերէնի ներկայ կացութիւնը տեսական խնդիր չէ, այլ գոյութենական հարց է: Տագնապեցանք, որովհետեւ արեւմտահայերէնի նահանջը ամէն օր կ՛ապրինք մեր ընտանիքներուն, դպրոցներուն ու նոյնիսկ եկեղեցիներուն մէջ…:
Սակայն, համագումարի ընթացքին ո՛չ միայն տագնապեցանք, այլեւ փորձեցինք միասնաբար ախտաճանաչում կատարել, հարցադրումներ կատարել, եւ ապա պատասխաններ որոնել սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ մեր ձեռք ձգած կենսափորձի լոյսին տակ: Ինչպէս Մեր բացման պատգամին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցինք, այս համագումարին նպատակը միայն տագնապը տեսնել ու անոր լուրջ հետեւանքներուն անդրադառնալ չէր. այլ նաեւ` ախտաճանաչումէն անդին փնտռել արեւմտահայերէնը առողջացնող դեղեր, միջոցներ, զայն վերականգնումի առաջնորդող ճամբաներ: Փաստօրէն այն էր համագումարի աշխատանքներուն կիզակէտը: Արդ, անցեալին նայելէ աւելի ապագային նայող ու բացուող հաւաքական ու լուրջ ճիգ մը եղաւ ներկայ համագումարը: Եւ ճիշդ ատոր համար, կ՛ուզենք Մեր ջերմ գնահատանքը յայտնել բոլոր ներկաներուն` համագումարի աշխատանքներուն իրենց յանձնառու ու գործօն մասնակցութեան համար:
Մօտէն հետեւելով համագումարի ընթացքին արտայայտուած մտածումներուն, եղած վերլուծումներուն ու կատարուած առաջարկներուն` պիտի փորձենք հետեւեալ կէտերուն մէջ ամփոփել համագումարի հիմնական առաջադրանքները.
ա) Հակառակ ներկայ աշխարհի այլազան ու բազմազան տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնց անմիջական ազդեցութեան տակ կ՛ապրինք սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ հակառակ մեր ինքնութեան, մեր արժէքներուն ու մեր լեզուին սպառնացող ամէ՛նօրեայ վտանգներուն, պէտք է կառչած մնանք մեր լեզուին, որ մեր ինքնութեան ամէնէն կենսական տարածքներէն մէկն է: Ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքի դժուար պայմաններուն մէջ, ուր մեր ոտքերուն տակ հայրենի հող ու մեր նայուածքին դիմաց Արարատ չունէինք, մենք հայ մնացինք ամէնօրեայ պայքարով` եկեղեցին, դպրոցը, ընտանիքը, ակումբը դարձնելով մեր հաւաքական պայքարին յառաջապահ զինուորները: Ճշմարտօրէն հայ մնալը ամէնօրեայ պայքար է:
բ) Համաշխարհայնացումը փաստօրէն ջնջած է ամէն տեսակ սահման ու քանդած` ամէն տեսակ ցանկապատ: Պատմութեան ընթացքին մեր ստեղծած կրթական, մշակութային, կրօնական ցանկապատերը չեն կրնար մեզ պաշտպանել համաշխարհայնացումի ահաւոր հոսանքին դիմաց: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել մեր հաւաքական մարտավարութիւնն ու ռազմավարութիւնը: Այս ծիրին մէջ օտարը, որ այսօր կը գտնուի մեր կեանքի սեմին ու նոյնիսկ երբեմն մեր կեանքին մայր էջին վրայ, մենք պիտի փորձենք հայացնել, բնականաբար միշտ կառչելով մեր ուրոյն արմատներուն ու արժէքներուն:
գ) Այս խորքին վրայ ու այս շրջագիծին մէջ հարկ է դիտել ու արժեւորել արեւմտահայերէնի ներկան ու ապագան: Մեր պատգամին մէջ յիշեցուցինք, որ լեզուն արիւնն է մեր ժողովուրդին. առանց այդ արեան պիտի ցամքի մեր կեանքը: Հետեւաբար, պէտք է այս գիտակցութիւնը վառ պահել իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ: Անհրաժեշտ է ահազանգ հնչեցնել ամէ՛ն տեղ, թէ արեւմտահայերէնը երկրորդական լեզու չէ, օտար լեզու չէ, ան մաս կը կազմէ մեր ինքնութեան, մեր գոյութեան: Մեր մտաւորականները, հոգեւորականները, ուսուցիչները, հայագէտները յօդուածներ պէտք է գրեն ու դասախօսութիւններ տան` ազգային ինքնագիտակցութիւնը խորացնելու համար մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքին մէջ:
դ) Մեր զեկուցումներուն ու քննարկումներուն ընթացքին յատուկ կերպով շեշտեցինք մարդուժի անհրաժեշտութիւնը: Արդ, հայագիտական ու մանկավարժական կեդրոններու ներկայութիւնը սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ հրամայական է: Անցեալին ունէինք նման կեդրոններ, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով փակուեցան: Անհրաժեշտ է ներկայ պայմաններու ու սպասումներու լոյսին տակ հաստատել այնպիսի կեդրոններ, ուր կարենանք պատրաստել հայ մշակոյթի ու յատկապէս արեւմտահայերէնի տարածման ու պաշտպանութեան նուիրեալ անձեր: Առանց մարդու կարելի չէ առաքելութիւն կատարել:
ե) Յատուկ կարեւորութեամբ յիշեցուցինք ընտանիքին, դպրոցին, մամուլին, եկեղեցւոյ ու ազգային կառոյցներուն վիճակուած ճակատագրական դերը արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան մեր հաւաքական պայքարին մէջ: Մեր յիշած կառոյցներուն իւրաքանչիւրին դերը կը մնայ անփոխարինելի: Ճի՛շդ է, դասագիրքը կարեւոր է ու ուսուցիչին դերը կենսական.  սակայն միջավայրը աւելի կարեւոր է եւ այդ հայաբոյր միջավայրը ստեղծողները պիտի ըլլան մեր կառոյցները:
զ) Մեր քննարկումներուն ընթացքին յաճախակի առիթներով ընդգծեցինք արդիական մօտեցումով, մանկավարժական չափանիշերով նոր դասագիրքերու պատրաստութեան կողքին արհեստագիտական միջոցներու ճիշդ ու լայն օգտագործման կարիքը: Նոր սերունդը մօտէն հաղորդ է արհեստագիտութեան ընծայած կարելիութիւններուն: Մեր կրթական կեանքին մէջ համակարգիչի օգտագործումը կը կատարուի. անհրաժեշտ է աւելի զարգացնել զայն: Սակայն ցարդ տակաւին չենք կրցած մեր հաւաքական կեանքին մէջ հաւաքական նպատակներու օգտագործել արհեստագիտութեան միջոցները: Այս ծիրին մէջ կարեւոր կը նկատենք յատուկ աշխատանք տանիլ համացանցի ճամբով կատարուող երկխօսութիւններն ու հաղորդակցութիւնները արեւմտահայերէնով կատարել եւ սա կարելի՛ է` մասնագէտներու վկայութեամբ:
է) Յաճախակի կերպով անդրադարձ կատարուեցաւ կրթական համասփիւռքեան քաղաքականութիւն մը ճշդելու հրամայական անհրաժեշտութեան: Նման քաղաքականութեան մը պակասը եւ անոր ունեցած հետեւանքները ծանօթ են մեր բոլորին: Այս մասին Մենք անձնապէս անդրադարձած ենք, ինչպէս նաեւ մեր Ս. աթոռին կազմակերպած նախկին երկու համասփիւռքեան համագումարները շեշտած են նման քայլի մը կարեւորութիւնը` մնայուն տեղաշարժի մէջ գտնուող սփիւռքի ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ: Սակայն,  չի բաւեր միայն թուղթի վրայ կրթական համասփիւռքեան քաղաքականութիւն մը ճշդել, էականը զայն գործի վերածելն է: Հո՛ս է, որ մենք շատ յաճախ կը թերանանք: Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած ներկայ տագնապը նաեւ անմիջականօրէն աղերս ունի մեր ներկայ կրթական ու հայագիտական ներկայ խայտաբղէտ ծրագիրներուն պարզած քաոսային վիճակին հետ: Հետեւաբար, կրթական յստակ քաղաքականութեան մը ճշդումը վստահաբար իր դրական հետեւանքները պիտի ունենայ արեւմտահայերէնի վերականգնման մեր հաւաքական ճիգերուն վրայ:
ը) Արդարօրէն ըսուեցաւ, թէ Հայաստանի հեռատեսիլները յատուկ ծրագիրներ պէտք է պատրաստեն արեւմտահայերէնով ու նոյնիսկ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը միայն արեւմտահայերէնով հեռատեսիլի կայան մը հաստատէ: Կը խորհինք, թէ սա Հայաստանի պետութեան մեծագոյն նպաստներէն մէկը կրնայ ըլլալ սփիւռքի հայութեան: Փոխանակ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ծիրին մէջ պատահական նախաձեռնութիւններու դիմելու, նման լուրջ ծրագիրի մը իրագործումը կը դառնայ աւելի օգտաշատ ու մնայուն:
թ) Համագումարի ընթացքին յաճախակի առիթներով առաջարկուեցաւ ու յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան խորհուրդի մը, կաճառի մը կամ ակադեմիայի մը հաստատումը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ: Մենք կ՛ողջունենք նման առաջարկ մը: Անհրաժեշտ է սակայն, որ համասփիւռքեան տարողութիւն ունեցող այս կառոյցի աշխատանքին մասնակցին սփիւռքահայ կեանքին մէջ գործող ու երկար տարիներու մասնագիտական փորձառութիւն ունեցող մանկավարժներ, հայագէտներ ու լեզուաբաններ. եւ աւելի՛ն, անհրաժեշտ է, որ յիշեալ կառոյցին տալիք ցուցմունքները եւ որոշումները գործադրուին բոլոր գաղութներուն ու կառոյցներուն կողմէ, այլապէս ան կը դառնայ ձեւական նախաձեռնութիւն մը:
ժ) Մենք կը հաւատանք գործին: Համագումարը իր խօսքը ըսաւ. խօսքը պէտք է վերածել գործի` յառաջացնելով այնպիսի գործընթացներ, որոնցմով կարելի ըլլայ արեւմտահայերէնը բիւրեղացնել ու անոր գործածութիւնը տարածել ու արմատացնել սփիւռքահայ կեանքին մէջ: Այս տեսանկիւնէն դիտած, կը հաւատանք, որ ներկայ համագումարը չէ փակուած. ան պէտք է շարունակուի, անոր տագնապը, ահազանգը, ախտաճանաչումը, առաջադրանքները պէտք է, թափանցեն մեր կեանքին մէջ, բոլո՛ր մակարդակներուն վրայ ու բոլո՛ր բնագաւառներուն մէջ: Հո՛ս է, որ համագումարը պիտի գտնէ իր լիարժէք իմաստն ու նպատակը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները միշտ ի սպաս դրած է ու կը շարունակէ դնել ի խնդիր մեր ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն եւ առաջնահերթութիւններուն:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

No comments:

Post a Comment