August 24, 2011

Յայտարարութիւն համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարի

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի գործակցութեամբ գումարուած համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը (Պիքֆայա, 18-20 օգոստոս 2011), իր եռօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, հիմնուելով 10 նիստերու ընթացքին ներկայացուած 30 զեկուցումներուն, կատարուած քննարկումներուն եւ առաջարկներուն վրայ, յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութեանց.
Հայախօսութեան նահանջին առաջքը առնելու եւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանումն ու զարգացումը ապահովելու համար`

Ա.- ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ`
1.- Հայերէնի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան խայտաբղէտ պայմանները նկատի առնելով` կը շեշտենք ընդհանուր քաղաքականութեան եւ ծրագիրի մը ճշդումի անհրաժեշտութիւնը, ի մտի ունենալով այն իրողութիւնը, որ զուտ կրթական-դպրոցական տագնապ մը ըլլալու կողքին հարցը նաեւ կ՚ընդգրկէ հանրային դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը:
2.- Ուսումնական-կրթական վերոնշեալ համասփիւռքեան ծրագիրը պիտի կազմէ հիմքը` հայագաղութներու ուսումնական ծրագիրներու մշակումին:
3.- Արդէն օտարացած եւ օտարացման վտանգին ենթակայ նորահաս սերունդներու հայախօսութիւնն ու հայկական ինքնութիւնը մշակելու համար, անհրաժեշտ կը գտնենք պատրաստել գիտակից հայը կերտող հայ լեզուի, հայոց պատմութեան, կրօնի եւ յարակից նիւթերու տպագիր եւ ելեկտրոնային դասագիրքեր, որոնց չափ կարեւոր են զանոնք դասաւանդող ուսուցիչները:
4.- Տարբեր միջավայրերու եւ պայմաններու մէջ գործող հայկական վարժարաններուն տպագիր եւ ելեկտրոնային հայերէն դասագիրքերու պատրաստութիւնը վստահիլ սփիւռքահայ մասնագէտներէ կազմուած խմբագրական կազմերու:
5.- Հայեցի ոգի փոխանցելու եւ հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցման ի սպաս, առաւելագոյն չափով անյապաղ օգտագործել արդի արհեստագիտութիւնը` համակարգիչ, համացանց, խտասալիկ եւ յարակից բոլոր միջոցները:
6.- Հայ լեզուի եւ հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցիչներուն նկատմամբ ցուցաբերել իրենց կոչումին եւ առաքելութեան համապատասխան արժեւորում եւ գնահատում, հետամուտ ըլլալով, որ ուսուցիչին պատրաստութեան եւ մնայուն վերաորակաւորման տրուի յատուկ կարեւորութիւն:
7.- Դասագիրքերուն այլազանութիւնը բարիք դարձնելու համար, անհրաժեշտ պայման է, որ անոնց միջեւ պահպանուի հիմնական ներդաշնակութիւն` առաջնորդուելով ուսումնական-կրթական համասփիւռքեան ընդհանուր ծրագիրէն:

Բ.- ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ`
1.- Հայ ընտանիքը բացարձակ արժէք է. թէ՛ մանուկին կազմաւորման եւ թէ՛ չափահաս կեանքի ընթացքին հայ ընտանիքը հայախօսութեան եւ հայեցիութեան հիմնական առաջին կռուանն է, ինչ որ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման գործին մէջ մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ հայ ծնողներու ուսերուն:
2.- Նորահաս սերունդի հոգեմտաւոր զարգացումը արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանութեամբ հունաւորելու գործին մէջ հայ եկեղեցին ունի յատուկ դերակատարութիւն:
3.- Հայախօսութեան եւ հայեցիութեան կեանքի դպրոց հայ մամուլը, արեւմտահայերէնը աղճատումներէ եւ օտարաբանութիւններէ զերծ պահելու պայքարին մէջ, ունի յառաջապահ առաքելութիւն:
4.- Արեւմտահայ գրականութեան աւանդներուն վերանորոգումը հիմնական կարեւորութիւն ունի` անթերի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնը մեր ժողովուրդին սիրելի դարձնելու, զայն ինքնարտայայտութեան առօրեայ միջոցի վերածելու եւ զարգացման հունով յառաջ մղելու մէջ:
5.- Համագումարի ընթացքին արծարծուած հարցերը, մտահոգութիւնները եւ որոշումները պէտք է տանիլ ժողովուրդին եւ կրթական-մշակութային պատասխանատու մարմիններուն, որպէսզի իրենք նաեւ մասնակից դառնան քննարկումներուն եւ հարցերու լուծման գծով բերեն իրենց գործօն մասնակցութիւնը:
6.- Մեկնելով վերոնշեալ կէտերէն` համագումարը որոշեց կոչ ուղղել սփիւռքահայ մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն, որպէսզի նահանջ եւ ընկրկում չթոյլատրեն արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման ճակատին վրայ: Նաեւ` կոչ ուղղել հայրենի մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան պատասխանատուներուն, յատկապէս հեռատեսիլի կայաններու ղեկավարներուն, որպէսզի դէպի Սփիւռք հեռասփռուող իրենց հաղորդումներուն եւ հրապարակումներուն մէջ, նախանձախնդիր ըլլան հայերէնի անաղարտ պահպանման` օտարաբանութեանց եւ աղճատումներուն առաջքը առնելով, հայացման ճիգին հիմնական եւ առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելով:
Այս բոլոր ուղղութիւններով ծրագրուած գործնական եւ հետեւողական նպատակասլաց աշխատանք տանելու մարտահրաւէրներուն առջեւ կանգնած է Սփիւռքը: Արդէն իսկ կատարուող աշխատանքներուն կամ առկայ կառոյցներուն յաւելեալ աշխուժութիւն տալու հրամայականը շեշտուած է: Նոյնպէս շեշտուած է սուր պահանջը հայերէնագէտ որակաւոր մարդուժի պատրաստութեան եւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման զէնքերու արդիականացման: Շեշտուած է մա՛նաւանդ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան պայքարի ամբողջ ճակատը հեղինակաւոր խորհուրդի մը պատասխանատուութեան յանձնելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:
Առ այդ, կ՛առաջարկենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռոյն գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ իր նախաձեռնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ, գործակցաբար մեր հաւաքական կեանքը ղեկավարող կրթական եւ մշակութային համասփիւռքեան ուժերուն, կեանքի կոչէ արեւմտահայ հայագէտներէ, վաստակաշատ մանկավարժներէ եւ մտաւորական հեղինակութիւններէ կազմուած մարմին մը` ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ:
ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ Գ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Պիքֆայա, 20 Օգոստոս 2011

No comments:

Post a Comment