August 30, 2011

Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն է

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքին, արտասանուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարին` նուիրուած արեւմտահայերէնին, Պիքֆայա, 18 Օգոստոս, 2011-ին:
Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սրբազան յարկէն ներս: Արդարեւ, Մեզի համար ու վստահ ենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար սրբազան է այն կառոյցը, որ լծուած է հայակերտումի այնքան հրամայական առաքելութեան: Այս հոգեմտաւոր առաքելութիւնն է, որ կը կենսագործուի դպրեվանքին մէջ, ուր բանաստեղծին բառերով` «կապարն ոսկի եւ նիւթն ոգի դառնան…»:
Դպրեվանքի հայակերտումի առաքելութեան մէջ առանցքային տեղ ու դեր ունի հայ լեզուն: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի է վաղուան հայը կերտել` անոր ներարկելով մեր հոգեմտաւոր արժէքները, ազգային աւանդութիւններն ու ձգտումները, առանց հայ լեզուին: Ինչպէ՞ս կարելի է հայրենակերտումի ու ազգակերտումի ճամբով մեր ազգին ինքնութիւնը բիւրեղ պահել ազգերու ընտանիքին մէջ, առանց հայ լեզուին: Ինչպէ՞ս կարելի է մեր ազգին ապագան առաջնորդող ճամբան լուսաւորել, առանց հայ լեզուին:
Ոեւէ ազգի համար իր մայրենի լեզուն ո՛չ միայն կենսական միջոց է հաղորդակցութեան ու հաւաքական յիշողութեան, այլ նաեւ անհրաժեշտ ազդակ` ինքնութեան կերտման, ինքնագիտակցութեան խորացման ու ինքնաարտայայտութեան ձեւաւորման: Իսկ մեր «փոքր ածու»ին համար այս բոլորէն անդին` լեզուն մեր գոյութեան ամէնէն զօրեղ սիւներէն մէկն է, մեր ազգին ամբողջականութեան ու միութեան պահպանման ամէնէն էական միջոցներէն մէկը: Այսպէ՛ս եղած է հայ լեզուն պատմութեան պարտադրած աշխարհաքաղաքական թէ այլ տեսակի բոլոր բաժանումներուն դիմաց:
Ահա թէ ինչու այնքա՜ն խոր ներշնչումով մեր բանաստեղծները գովերգած են հայ լեզուն: Որքա՜ն կարեւորութեամբ մեր մտաւորականները շեշտած են հայ լեզուին կենսական կարեւորութիւնը: Որքա՜ն նուիրումով հայ լեզուն դասաւանդած են մեր ուսուցիչները: Մեր ժողովուրդը բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն ու երկիւղածութիւն ցոյց տուած է իր մայրենի լեզուին նկատմամբ` անոր մոռացումը նոյնիսկ դաւաճանութեան համազօր նկատելով:
Այսօր սակայն, տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնը` ինքնութիւն ու մշակոյթ, լեզու ու աւանդութիւն գունաթափող ու մաշեցնող սփիւռքի պայմաններուն մէջ: Արդարեւ, երբ 2007 թուականը հռչակեցինք «Հայ լեզուի տարի», Մեր հայրապետական գիրին մէջ արդէն սփիւռքի մէջ հայ լեզուի նահանջին ահազանգը հնչեցուցինք ըսելով` «Հայ լեզուն կը նահանջէ ամէ՛ն տեղ, տարբեր կերպերով ու ամէ՛ն իմաստով… 1600 տարիներու պատմութիւնը իր ամէնէն ահաւոր զէնքերով չկրցաւ սպաննել հայ լեզուն: Այսօր, մենք է որ կը սպաննենք հայ լեզուն` երբեմն մեր անտարբերութեամբ, երբեմն մեր տգիտութեամբ, երբեմն մեր անհաւատարմութեամբ, երբեմն մեր օտարամոլութեամբ եւ «մասամբ սոցին…»:
Եկէք պահ մը շրջագայինք հայ կեանքին մէջ` իրապաշտ մօտեցումով ստուգելու արեւմտահայերէնի պարզած ներկայ վիճակը:
- Հայ լեզուին ամուր բերդը նկատուող հայ դպրոցին մէջ մեր լեզուն սկսած է նահանջել: Փաստօրէն հայ լեզուի ու հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու պահերը սկսած են նուազիլ. հայ լեզու, գրականութիւն ու պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու թիւը սկսած է պակսիլ. եւ աւելի ահաւորը` հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու հայերէնի մակարդակը սկսած է անկում կրել:
- Հայ լեզուի առաջին ու մնայուն դպրոցը նկատուող հայ ընտանիքին մէջ հայ լեզուն սկսած է աղաւաղուիլ թէ՛ լեզուահիւսական ու քերականական հետզհետէ բազմացող սխալներով, թէ՛ օտար բառերու ու ոճային դարձուածքներու յաճախակի գործածութեամբ եւ թէ՛ օտարին օտարացնող ներկայութեամբ:
- Հայ լեզուի ուսուցման մէջ կարեւոր դերակատարութեան կոչուած հայ մամուլը եւս սկսած է նահանջ արձանագրել` մէկ կողմէն տպաքանակի զգալի նուազումին, իսկ միւս կողմէն հայերէնին տիրապետած խմբագիրներու ու հայ լեզուին նկատմամբ թղթակիցներու ցուցաբերած ընդհանրապէս անփոյթ վերաբերումին հետեւանքով:
- Հայ լեզուի առողջ պահպանման մէջ կարեւոր դեր ունեցող եկեղեցին եւս սկսած է թերանալ իր առաքելութեան մէջ` հոգեւորականներու քարոզներուն ու իր հրատարակած պարբերաթերթերուն մէջ նշմարուող բազմազան սխալներով:
Շարունակենք մեր շրջագայութիւնը Սփիւռքի կեանքին մէջ…:
- Հայ լեզուի պաշտպանութեան սատարելու կոչուած մեր միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն մէջ հայ լեզուն սկսած է տեղի տալ, օտար կայքէջերու լայն օգտագործումին հետեւանքով, ինչպէս նաեւ դասախօսական եւ ընդհանրապէս մշակութային ձեռնարկներու նուազումով:
- Հայ լեզուի տարածման ու բիւրեղ պահպանման առաքեալները ըլլալու կոչուած մեր գրողներուն մօտ եւս նշմարելի է բծախնդրութեան ու խստապահանջութեան պակաս` յատկապէս շարահիւսական, կէտադրական ու քերականական կանոններու նկատմամբ իրենց ցուցաբերած երբեմն անտարբեր ու երբեմն քմահաճ մօտեցումներով:
- Այս բոլորին վրայ երբ աւելցնենք հայերէնի գործածութեան արագասոյր նահանջը Արեւմուտքի մէջ հաստատուած մեր գաղութներուն մէջ` մինչեւ մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները հասնող… ահա այն ատեն կը համոզուինք, որ արեւմտահայերէնը կորստեան ճամբուն վրայ է:
Այո՛, խորապէս մտահոգիչ է արեւմտահայերէնի պարզած ներկայ պատկերը:
Սակայն, մենք հոս չենք հաւաքուած այս տխուր կացութեան ողբը հիւսելու: Իբրեւ սփիւռքի գաղութներուն մէջ հայ լեզուի պահպանութեան, տարածման ու պաշտպանութեան նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի յանձնառու առաքեալները, հաւաքուած ենք միասնաբար որոնելու արեւմտահայերէնը բիւրեղացնելու ու անոր գործածութիւնը տարածելու ազդու միջոցները:
Արդարեւ, թէ՛ հիւանդ է մեր լեզուն եւ թէ՛ հետզհետէ խորացող ու ծաւալող անտարբերութիւն մը կայ անոր նկատմամբ: Ինչո՞ւ…: Նախ հարկ է ախտաճանաչումը կատարել այս կացութեան: Մեր հաւաքական կեանքին մէջ մեր ունեցած տարբեր փորձառութիւններով ու տարբեր մօտեցումներով, սակայն միշտ իրապաշտ ոգիով փորձենք «ինչո՞ւ» հարցումին պատասխանը փնտռել: Առողջութեան առաջնորդող ճամբուն առաջին ու վճռական հանգրուանը ճի՛շդ ախտաճանաչումն է:
Արեւմտահայերէնի պարզած ներկայ վիճակը նախ եւ առաջ հետեւանք է ցեղասպանութեան: Մենք ոչ միայն մէկուկէս միլիոն հայ կորսնցուցինք, նաեւ հող ու մշակոյթ կորսնցուցինք: Սփիւռքի օտարացնող պայմաններուն մէջ ծով զոհողութեամբ շարունակեցինք պահել մեր մշակոյթն ու լեզուն: Չմոռնանք երբեք, որ լեզուն կրնայ յաղթահարել ժամանակը, սակայն չի կրնար յաղթահարել հողի, ոգիի ու միջավայրի բացակայութիւնը: Այսօր հայուն հետ սփիւռքացած մեր բարբառները փաստօրէն կորսնցուցած ենք. իսկ արեւմտահայերէնը վտանգուած է: Կը դիմագրաւենք երկու լուրջ խնդիրներ. ա) Մեր լեզուն պաշտպանող զէնքերը` ընտանիք, դպրոց, կառոյցներ, սկսած են տկարանալ` չկարենալով քայլ պահել յարափոփոխ պայմաններուն ու ժամանակներուն հետ: բ) Համաշխարհայնացումի չակերտեալ արժէքները սկսած են կայք հաստատել մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
Այս երեւոյթներուն բացասական հետեւանքները մեր լեզուին ակներեւ են: Անոնցմէ յառաջացող հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն մասին պիտի խօսինք յառաջիկայ օրերուն ընթացքին: Անհրաժեշտ է սակայն, որ «ինչո՞ւ» հարցադրումին յաջորդէ «ինչպէ՞ս»ը. այլ խօսքով, ի՞նչ քայլերու անհրաժեշտ է դիմել փրկելու համար մեր լեզուն, արեւմտահայերէնը: Ա՛յս պէտք է ըլլայ համագումարին դիմաց գտնուող մեծագոյն մարտահրաւէրը, առանցքը մեր քննարկումներուն ու մղիչ ուժը մեր աշխատանքին:
Ծանօթ է ձեզի, թէ 2010–ին արեւմտահայերէնը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «աշխարհի վտանգուած լեզուներու. ելեկտրոնային աթլասի» մէջ` «հաստատօրէն վտանգուած»ի կարգավիճակով: Ճի՛շդ է, ինչպէս մատնանշեցինք, մեր լեզուն վտանգուած է. ան ենթակայ է կորսուելու վտանգին: Սակայն, մեր լեզուն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն չէ որ պիտի պաշտպանէ. պաշտպանութեան ստորագրահաւաքներ կազմակերպելով կամ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին դիմելով չէ որ պիտի փրկենք մեր լեզուն, ինչպէս վերջերս կ՛իմանանք մեր մամուլի էջերէն: Մեր լեզուն պիտի փրկենք մե՛ր սեփական միջոցներով:
Ինչ կը վերաբերի մեր միջոցներուն, սոսկ դժգոհութիւն արտայայտելով, քննադատական յօդուածներ ստորագրելով, դասախօսութիւններ տալով եւ կամ համագումարներ կազմակերպելով չէ որ պիտի կարենանք հիմնական լուծումներ գտնել մեր լեզուի նահանջին: Անկասկած նման քայլեր կարեւոր են սփիւռքը սթափումի մղելու, ահազանգ հնչեցնելու եւ ինքնագիտակցութեան առաջնորդելու համար: Սակայն, յիշեալ միջոցները երբեք բաւարար չեն: Մատը պէտք է վէրքին վրայ դնել` ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը: Ձեւէն անդին խորքին, մակերեսէն անդին էութեան, պարագայականէն անդին մնայունին հարկ է կառչիլ: Նման բարդ ու համահայկական խնդիրներ կը կարօտին լուրջ, գիտական ու համապարփակ քննարկումներու ու ուսումնասիրութիւններու եւ երկարաշունչ գործընթացներու:
Արդարեւ, կար ժամանակ, երբ պայքարեցանք ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդին մօտ յամեցող թրքախօսութեան դէմ ըսելով` թրքերէն խօսողին հայերէ՛ն պատասխանէ: Այսօր թրքերէն խօսող գրեթէ չկայ. սակայն անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, փորթուգալերէն, յունարէն, արաբերէն, պարսկերէն, գերմաներէն եւ այլ լեզուներ խօսող, դժբախտաբար միշտ խօսող, մեր ազգի զաւակներու թիւը հետզհետէ կը բազմանայ: Ի՞նչ պիտի ըսենք անոնց ու մանաւանդ ի՞նչ պիտի ընենք` դէպի օտար լեզու ընթացող թափը գէթ դանդաղեցնելու համար:
Ամէն բանէ առաջ մարդուժի պատրաստութիւնը կը նկատենք խիստ կենսական: Առաքելութիւն մը գիտակից ու նուիրեալ առաքեալներով կը կատարուի: Առանց մարդուժի մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր տեսակի կարելիութիւնները փաստօրէն կը դառնան անիմաստ: Մարդուժ ըսելով կը հասկնանք ուսուցիչ, հայագէտ, լեզուագէտ:
Արեւմտահայերէնի եւ յարակից հայագիտական նիւթերու դասաւանդումը մեր դպրոցներուն մէջ այլեւս դուրս պէտք է գայ ժամանակավրէպ դրութենէն ու պարագայական կարգավիճակէն: Նոր ծրագիրներու, նոր մեթոտներու ու նոր դասագիրքերու մշակումը, բնականաբար միշտ պահելով միջուկն ու ոգին, անյետաձգելի հրամայական մըն է:
Արեւմտահայերէնի քերականական օրէնքներու պարզացումն ու յստակեցումը, օտար բառերու ու ոճերու ստեղծած խառնակ վիճակին մաքրազտումը, ինչպէս նաեւ արեւելահայերէնի պատկանող բառերու ու դարձուածքներու սխալ գործածութեան սրբագրումը կը կարօտին լուրջ ուսումնասիրութեան ու համապատասխան քայլերու:
Ու տակաւին, արդի արհեստագիտութեան ընծայած լայն կարելիութիւններուն ճիշդ օգտագործումը մեր ընտանիքներուն, դպրոցներուն ու կառոյցներուն մէջ մեծապէս պիտի նպաստէ մեր լեզուի բիւրեղացման ու նաեւ անոր միշտ ու ճիշդ գործածութեան:
Այս բոլոր միջոցառումներուն աղբիւրը, ենթահողն ու մղիչ ուժը ազգային գիտակցութեան վերազարթօնքն է: Արդարեւ, սփիւռքի մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է գիտակցին, թէ հայկական ոգին ու ազգային գիտակցութիւնը անկասկած կենսական են ինքնութեան պահպանման մեր ամէնօրեայ պայքարին մէջ, սակայն բաւարար չեն: Հայերէնը հայուն արիւնն է. առանց այդ արեան կանոնաւոր շրջագայութեան սփիւռքի հայութեան մարմինը պիտի հիւծի ու անշնչանայ: Հայերէնը հայ մարդուն ինքնագիտակցութեան կենսատու աղբիւրն է ու ինքնապաշտպանութեան ամուր բերդը. առանց հայ լեզուին սփիւռքի հայը պիտի կտրուի իր արմատներէն, պիտի պարպուի իր էութենէն:
Սփիւռքի վերարժեւորումն ու վերակազմակերպումը` մեր կառոյցներուն վերանորոգումով, մեր գաղութներու մարդուժին մէկտեղումով, հաւաքական աշխատանքի ծրագրումով ու Հայաստան – սփիւռք գործակցութեան ծաւալումով վստահաբար մեծապէս պիտի նպաստէ արեւմտահայերէնի առողջ պահպանման ու լայն գործածութեան:
Արեւմտահայերէնի փրկութիւնը համահայկական խնդիր է ու առաջնահերթութիւն: Ներկայ համագումարը արթնութեան կոչ մըն է, ինքնագիտակցութեան հրաւէր մը եւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան համար յստակ ու համապարփակ ռազմավարութիւն մը ճշդելու առաջնորդող գործնական քայլ մը:
Եկէք ա՛յս յանձնառութեամբ ու հեռանկարով լծուինք աշխատանքի:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

No comments:

Post a Comment