August 26, 2011

Օգնութեան կոչ ի նպաստ Շիքակոյի «Դանիէլ Վարուժան» դպրոցին

Շաբաթ, Յուլիս 23ին, Շիքակոյի «Դանիէլ Վարուժան» հայկական վարժարանը, որ կը գործէ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ ծիրին մէջ, հեղեղի ենթարկուած է՝ փոթորիկի մը պատճառով, շրջակայքի ուրիշ շատ մը տուներու եւ հաստատութիւններու նման։
Դպրոցին կրած լուրջ վնասները պատճառ դարձած են, որ վերամուտը յետաձգուի Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17ին։
Նիւթական վնասները բաւական զգալի է։ Դպրոցին կարեւոր պիտոյքներուն մեծ մասը բոլորովին փճացած է կամ վնասուած (՚գիրք, դասագիրքեր, քարտէսներ, զարդարանքներ ու տարազներ, համակարգիչներ, պատճէնահանումի մեքենայ, խաղեր, պահարաններ, եւ այլն), մինչեւ իսկ՝ դպրոցին հին արխիւները։
Խնամակալ մարմինն ու տնօրէնութիւնը որոշած են դիմել գաղութի օգնութեան, որպէս կարելի ըլլայ վնասները դարմանել։
Նուիրատուները կրնան իրենց յատկացումները ուղարկել հետեւեալ հասցէին.
Taniel Varoujan Armenian School
1701 N. Greenwood Road
Glenview, IL 60026

No comments:

Post a Comment