August 23, 2011

Կրթական Գ. Համագումարի եզրափակումը

Շաբաթ, 20 Օգոստոս 2011-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ եզրափակուեցաւ համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը` հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, գործակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին:
Նախքան եզրափակման նիստը, գումարուեցան Թ. եւ Ժ. նիստերը, որոնք դարձեալ ունէին իրենց օրակարգերը` նուիրուած արեւմտահայերէնի պահպանման կենսական հարցին:
Թ. նիստը քննարկեց «Եկեղեցւոյ, հայ ընտանիքի եւ ազգային կառոյցներուն դերը արեւմտահայերէնի պահպանման ու բիւրեղացման մէջ» նիւթը: Նիստը վարեց Վերա Թահմազեան, իսկ այդ մասին զեկուցումներ ներկայացուցին Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, Սեդա Խտըշեան` Լիբանանէն, եւ Ժիրայր Ռէիսեան` Սուրիայէն:
Զեկուցաբերները եկեղեցւոյ, ընտանիքին ու ազգային կառոյցներուն շրջապատին մէջ հայոց լեզուն բիւրեղացնելու առաջարկներուն հետ ցոյց տուին այն պատճառները, որոնց հետեւանքով աղաւաղման ու կորստեան վտանգին կ՛ենթարկուի արեւմտահայերէնը: Սեդա Խտըշեան եւ Ժիրայր Ռէիսեան յատկապէս քննարկումի ենթարկեցին հայ ընտանիքին եւ մեր կառոյցներուն մէջ բծախնդրութիւն ցուցաբերելու հրամայականը: Նիստի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հերա Իսկենտերօղլու` Թուրքիայէն, որ յատկապէս Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն լեզուամակարդակին իրավիճակը ներկայացուց:
Վերջին` Ժ. նիստով քննարկուեցաւ ներկայ արհեստագիտութեան այս գծով բերելիք նպաստին այժմէական հարցը: Օրակարգի նիւթն էր «Արդի արհեստագիտութեան սփիւռքահայ վարժարաններուն մէջ օգտագործման ընդհանուր ծրագիրի մշակում եւ մարդուժի պատրաստութեան հարց»ը: Նիստը վարեց Արմէն Իւրնեշլեան` Լիբանանէն, իսկ զրոյցին մասնակցեցան Մինաս Հանսքէհեան` Լիբանանէն, Մաթիկ Էպլիղաթեան` Սուրիայէն եւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան` դարձեալ Լիբանանէն: Զրոյցին մասնակիցները ներկայացուցին այն կարելիութիւնները, որոնք արդի արհեստագիտութիւնը կ՛ընձեռէ մեզի, մեր լեզուն աւելի արագ, աւելի դիւրին ու նոր սերունդին աւելի մատչելի կերպով սորվեցնելու: Համակարգիչի, համացանցի ու լսատեսողական բոլոր միջոցներու օգտագործումը, անժխտելի ներկայութիւն են արդի մարդու կեանքին մէջ, որոնց լայնօրէն գործածութիւնը մեր վարժարաններուն մէջ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ:
Յետմիջօրէին, եզրափակիչ նիստով, մասնակիցները նախ ունկնդրեցին բանաձեւուած այն մտածումները, որոնք երեք օրերու վրայ տարածուած համագումարին ընթացքին հնչած էին ժողովասրահին մէջ եւ որոնք հիմքը պիտի կազմեն խմբագրուելիք յայտարարութեան: Ապա, մասնակիցներուն դիմեց Արամ Ա. Կաթողիկոս` երեք օրերու իր ստացած տպաւորութեան տակ իր եզրափակիչ խօսքը արտասանելու: Վեհափառը ոչ միայն անդրադարձաւ եռօրեայ համագումարի աշխատանքներուն ու առաջարկներուն, այլեւ նախորդ համագումարներէն յամեցող առաջարկներուն, որոնք նոր իրագործումներու ճամբով պէտք է իրենց նպաստը բերեն ընդհանրապէս հայապահպանման ու հայեցի դաստիարակութեան եւ ի մասնաւորի արեւմտահայերէնի բիւրեղացման գործին:
Եզրափակման հանդիսաւոր պահուն, ընդառաջելով համագումարի մասնակիցներու փափաքին, Վեհափառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ հիմնեց «Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Խորհուրդ»ը: Սոյն խորհուրդը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ լեզուի մասնագէտներէ, յատուկ կանոնագրութեամբ պիտի գործէ` համակարգելով այն հարցերը, որոնք առնչուած են արեւմտահայերէնին` հրատարակութեանց ճամբով եւ այլ միջոցներով իրագործուող:
Վեհափառը այս առիթով իր բարձր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին ու անոր ժրաջան տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին` համագումարի իրականացման համար կատարած անդուլ ճիգին համար: Վեհափառը գնահատեց նաեւ բոլոր մասնակիցները, թէ՛ Լիբանանէն եւ թէ՛ արտասահմանէն, որոնք սիրայօժար եկած էին մայրավանք` իրենց մտահոգութեան հետ նաեւ նորանոր առաջարկներով լուծում որոնելու Սփիւռքի համար անժամանցելի այս հարցին:
Նշենք նաեւ, որ եզրափակման օրը տեղի ունեցաւ խրախճանք` ի պատիւ բոլոր մասնակիցներուն, որոնք երեք օրերու հեւքոտ աշխատանքը մասամբ շարունակեցին խրախճանքի զուարթ միջոցին` նորանոր ծրագիրներու փոխանակումով:

No comments:

Post a Comment