March 28, 2011

Մանկական հրատարակութիւններ Առաջնորդարանի գրախանութին մէջ

Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութը մանկական բազմաթիւ հրատարակութիւններ ունի։ Անոնց կարգին են Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին կողմէ (Պէյրութ) տպուած երկու շարքեր։
Առաջին շարքը կը կոչուի «Օդապարիկ» եւ պատրաստուած է Մարալ Լատոյեանի կողմէ։ Գրախանութը  1 եւ 2 թիւերը ունի, յաջորդաբար 44 եւ 48 էջերով։ Իւրաքանչիւրը կը պարունակէ բազմաթիւ խաղեր, գունաւորելու աշխատանքներ, բառային խաղեր, կարճ ոտանաւորներ, եւ այլն, եւ այլն։
Երկրորդ շարքը՝ «Գիրերու պարտէզը», կազմուած է չորս հատորիկներէ, ամէն մէկը նման բովանդակութեամբ եւ 48 էջով։ 
Երկու շարքերն ալ յարմար են մինչեւ 8-9 տարեկան մանուկներու համար։ 
«Օդապարիկ»ի իւրաքանչիւր հատորիկ 9 տոլար է, իսկ «Գիրերու պարտէզ»ի պարագային՝ 8 տոլար։ Հետաքրքրուողները կրնան դիմել գրախանութ՝ books@armenianprelacy.org, կամ  հեռաձայնել (212) 689-7810 թիւին։

No comments:

Post a Comment