March 15, 2011

Հայ ուսուցիչին անփոխարինելի առաքելութիւնը հայեցի դաստիարակութեան մէջ

Ներկայիս, անտարակոյս, մեր կրթական մտահոգութիւններուն լուսարձակը ընդլայնած է եւ հայ դպրոցին վստահուած կենսական առաքելութիւնը շեշտակիօրէն անխուսափելի եւ անփոխարինելի դարձած է: Հայապահպանումի, մարդակերտումի եւ ազգաշինութեան մեր պայքարի ճանապարհին սպառնացող կործանարար փոթորիկներուն, խափանարար գրոհներուն եւ անլուծելի թուող խոչընդոտներուն դէմ կուրծք պէտք է պարզել՝ ծնողք, ուսուցիչ, տնօրէն, խնամակալութիւն, հոգաբարձութիւն եւ յարակից մարմիններ, հաւաքական անմիջական ու հեռակայ ծրագրուած մասնագիտական աշխատանքով, ախտաճանաչումներու հիման վրայ՝ այժմէական գործնական առաջարկներով, առաջարկները գործադրութեան դնելու պատրաստակամութեամբ, գործադրուածը յաճախակիօրէն վերաքննելու ու վերստուգելու պարտադրութեամբ եւ կանոնաւոր հաշուետուութեան պարտաւորութեամբ:
Համաշխարհայնացումի, ինչպէս նաեւ արհեստագիտութեան եւ ճարտարարուեստի գերարդիականացման արագընթաց երեւոյթները նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը դնեն հայ ուսուցիչը՝ քայլ պահելու յառաջընթաց բարեփոխութիւններու հետ, հայկականացնելով այն ինչ որ էական, շինիչ ու կառուցողական արժէք ունի, որպէս նպաստող ուժ մեր ազգային կրթական կառոյցի շարունակական ամրապնդման ու անոր հաստատաբուն վերելքին:
Մարտակոչերու այս մրրկայոյզ տեղատարափին առջեւ, հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիին, հայ դաստիարակին ու մանկավարժին պատմականօրէն վիճակուած է յոյժ կարեւոր առաքելութիւն մը: Առաքելութիւն մը, որ մասնագիտական պատրաստութիւնը կը վերածէ կոչումի եւ կոչումը՝ ազգային գիտակցութեան, համակ նուիրումի, առաքելութեան եւ հայ մարդը կերտող Մեսրոպատիպ մշակի:
Ազգային այս սրբազան առաքելութիւնը շաղկապելու համար 21րդ դարու պարտա դրած պահանջներուն, հայ ուսուցիչին շարունակական վերաորակաւորման անհրաժեշտութիւնը կը դառնայ անխուսափելի:
Ի՞նչ են օրինակելի ուսուցիչի մը յատկութիւնները: Կատարուած ուսումնասիրութիւններ հետեւեալ յատկանիշներով կ՛արժեւորեն «օրինակելին»:
1.- Իր դասաւանդած նիւթին մէջ ունի հմտութիւն եւ կրթական պատրաստութիւն:
2.- Մանկավարժական ուսուցման արդի եղանակով կը ներկայացնէ իր դասաւանդած նիւթը:
3.- Քաջատեղեակ է իր դասաւանդած նիւթին մանկավարժական նորութիւններուն եւ յաւելեալ, շահեկան եւ օգտաշատ աղբիւրներուն:
4.- Քաջածանօթ է իր աշակերտներուն ունեցած առաւելութիւններուն ու թերութիւններուն:
5.- Խանդավառ է թէ՛ սորվեցնելու եւ թէ՛ ալ սորվելու մէջ:
6.- Իր աշակերտներուն մտիկ ընելու ճկունութիւնը ունի:
7.- Ընկալեալ սովորութիւնները կը վերածէ վերլուծական մտածողութեան եւ ստեղծագործ բարեփոխութիւններու:
8.- Կը մերժէ լճացումի որեւէ վիճակ եւ նոր մարտահրաւէրներ կը փնտռէ: Իր աշակերտները հանգստաւէտ գօտիէն կը փոխադրէ մարտակոչերու գօտին ու կ՛օժանդակէ, որ զայն նուաճեն:
9.- Լսատեսողական եւ համակարգչային արդիական միջոցներ կ՛օգտագործէ շարունակական քայլ պահելով ներկայ զարգացումներուն հետ:
10.- Դասապահը հաճելի անակնկալներով եւ զուարթամտութեամբ կը համեմէ:
11.- Հանդարտաբարոյ, համբերատար եւ արդարակորով է:
12.- Դասարանին մէջ ազգաբոյր եւ հայրենաբոյր մթնոլորտ կը ստեղծէ:
Հայեցի դաստիարակութիւնը իր իմաստը կը մեղմացնէ եթէ զայն նկատի ունենանք միայն հայկական նիւթերու դասաւանդութեան պահերուն: Հայակերտումի սատար հանդիսացող մեր հիմնաքարերը շաբաթական քանի մը պահերու մէջ սեղմելու երեւոյթը ընդունելի չի կրնար ըլլալ: Այդ առաքելութիւնը իւրաքանչիւր հայ ուսուցիչի պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ մէկ դասապահ պէտք է զրկուի այս մթնոլորտէն: Հետեւաբար, մեր բոլոր ուսուցիչները իւրայատուկ առաքելութիւն մը ունին՝ շաղկապելու իրենց մասնագիտական հմտութիւնն ու փորձառութիւնը հայակերտումի անյետաձգելի աշխատանքին, գիտութեան կողքին՝ հայկական ոգի ներարկելու, հայեցի դաստիարակութեամբ զինուած սերունդներու շարունակութիւնը երաշխաւորելով:
Ներկայիս, որակաւոր ուսուցիչներու անբաւարարութիւնը, անկասկած, շաղկապուած է դպրոցներու կրթական նուաղուն մակարդակին: Տագնապի մէջ է այսօր մասնաւորաբար հայ դպրոցը: Երբեմն ստիպողական վիճակը մեզ կը մղէ պաշտօնի կոչելու ասպարէզ փոխողներ, որոնք մանկավարժական ո՛չ մէկ պատրաստութիւնն ունին: Քալիֆորնիա նահանգին մէջ վերջերս կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, որ պատասխանողներու 87 առ հարիւրը կը մատնանշէ ուսուցիչներու ակադեմական պատրաստութիւնը եւ անոնց շարունակական վերաորակաւորումը աշակերտներու յաջողութեան որպէս գլխաւոր երաշխիք: Ո՛չ սիրողական, այլ՝ արհեստավարժ մակարդակով հարկ է ծաւալել ուսուցչական գործը:
Ուսուցիչներու պատրաստութիւնը եւ վերաորակաւորումը կը բաղկանայ երկու մակարդակէ՝ անհատական եւ հաւաքական, որոնք կրնան հետեւեալ 16 գործունէութիւնները ընդգրկել: Ներկայացուած առաջարկները կրնան արդիւնաւորուիլ, եթէ զանոնք պատշաճեցնենք տեղական միջավայրին եւ անոնց կարիքներուն: Անոնք միաձեւ ու միագոյն չեն: Իւրաքանչիւր աշխարհագրական շրջան կը տարբերի միւսէն եւ մեր կրթական ծրագիրներու եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան եւ վերաորակաւորման յաջողութեան մէջ տեղական միջավայրը յատուկ ազդեցութիւն ունի:
1.- Դպրոցին մէջ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան միօրեայ աշխատանիստեր՝ մասնագէտներու առաջնորդութեամբ:
2.- Կրթական մասնագիտական համագումարներ, որոնց կիզակէտը պէտք է հանդիսանայ համախմբումը տարբեր դպրոցներու ուսուցիչներու՝ օրակարգային գլխաւոր հարցեր արծարծելու համար: Այս կարեւոր աշխատանքը կարելի է ընդարձակել ներառելով զանազան երկիրներու կրթական մշակները «Skype»ի եւ նոյնանման հաղորդակցութեան գործնական միջոցներով:
3.- Ուսուցիչներու վերաորակաւորման մէջ համալսարանական մակարդակով շարունակական ուսման («continuing education»ի) դասընթացքները կրնան մեծապէս նպաստել ուսուցիչներու յարատեւ զարգացման: Քանի մը տարի ծնունդ առաւ հայկական միջազգային համացանցային առաջին համալսարանը, որուն մաս կը կազմեն չորս համալսարաններ՝ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Աւստրալիայէն եւ Մաշտոց Քոլէճը՝ Միացեալ Նահանգներէն: Ներկայիս, ուսուցիչներ առիթը ունին արդիական այս միջոցով հետեւելու մանկավարժական դասընթացքներու, ընդհանուր զարգացման կամ համալսարանական տիտղոսներ ստանալու համար:
4.- Կապ ստեղծել դպրոցներու եւ տեղական ու հայրենի համալսարաններու միջեւ՝ հրաւիրելով փորձառու դասախօսներ ծառայելու իբրեւ խորհրդատուներ իրենց մասնագիտութեան ծիրէն ներս: Հայոց լեզուի արդիա-կան մակարդակով դասագիրքերու պատրաստութիւնը իր նպատակին կրնայ հասնիլ, երբ հայրենիք- սփիւռք միացեալ ջանքերով եւ փոխադարձ յարգանքով կը նետուինք մասնագիտական աշխատանքի: Կարեւոր է նաեւ պատրաստութիւնը կարճ տեսերիզներու՝ ներկայացնելով մեր մշակոյթն ու արուեստը, քանդակագործութիւնն ու ճարտարապետութիւնը, հայրենի բնաշխարհն ու տեսարժան վայրերը, մեր պատմութիւնն ու մեր հերոսները, որոնք յատուկ ներգործութեամբ լուրջ հետաքրքրութիւն կրնան ստեղծել մեր աշակերտներուն մօտ: Այս համագործակցութեան ծիրէն ներս, հայրենիքն ու սփիւռքը զիրար եւ իրարու կարողութիւնները աւելի մօտէն ճանչնալու առիթներ պէտք է ստեղծեն: Հեռուէն զիրար դիտելով կամ հապճեպ այցելութիւններով անկարելի է հայ աշակերտին կարիքներուն ծանօթանալ, դասագիրքեր պատրաստել, հապշտապ եզրակացութիւններու յանգիլ ու համապատասխան լուծումներ առաջարկել:
5.- Տարբեր դպրոցներ այցելել ու դասապահերու ներկայ գտնուիլ իբրեւ հիւր-դիտող իրազեկ դառնալու համար ուսուցման այլազան եղանակներուն:
6.- Տեսերիզներով հետեւիլ տարբեր երկիրներու մէջ յաջող դպրոցներու եւ մասնագէտ ուսուցիչներու կատարած աշխատանքներուն եւ ուսուցման տարբեր մօտեցումներուն:
7.- Օգտուիլ համացանցային հազարաւոր կայքէջերէն, որոնք չափազանց հարուստ են իրենց շահեկան բովանդակութեամբ:
8.- Փորձառու խորհրդատուի («Mentor Teacher»-ի) դրութիւն ստեղծել դպրոցներու մէջ, ինչ որ կրնայ մեծապէս նպաստել մասնաւորաբար նոր ուսուցիչներու մասնագիտական զարգացման:
9.- Ստեղծել համահայկական կրթական համացանցային կայքէջ մը, առիթը ընծայելու հայ ուսուցիչներու, որպէսզի անոնք հաղորդակցութեան գործնական միջոցներով կատարեն կարծիքներու փոխանակում եւ իրազեկ դառնան կրթական աշխարհի նորութիւններուն: Անհրաժեշտ է, որ հայ մանկավարժը համակարգիչներու գործածութեան մէջ ըլլայ հմուտ: Այսօր մրցակցութեան մէջ է հայ ուսուցիչը կայքէջերու փոխանցած յորդահոս տեղեկութիւններուն հետ, սակայն ոգի ներարկելով՝ ան կրնայ կենդանացնել մեքենայական այդ աշխարհը: Նաեւ, անհրաժեշտ է, որ վիճակագրական տուեալներով եւ ուսումնասիրութիւններով ներկայացուին իւրաքանչիւր գաղութի կրթական ներկայ կեանքը եւ մշակուած մօտակայ ու հեռակայ ծրագիրները:
10.- Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձնել Հաուըրտ Կարտնըրի «Multiple Intelligences» տեսութեան մանրամասնութիւնները՝ ուսուցման մօտեցումներու մէջ հսկայ ոստումներ կատարելով: Այս տեսութիւնը ուսուցման աւանդական սահմանափակ մօտեցումներէն անդին երթալով ու դասագիրքերով տրամադրուած տեղեկութիւնները գերազանցելով՝ աշակերտը կը պատրաստէ ճկունութեամբ դիմագրաւելու 21րդ դարու աշխարհը: Հարվըրտ համալսարանի դասախօս՝ դոկտ. Հաուըրտ Կարտնըր կ՚ըսէ. «Ուշիմութիւնը հարցեր գտնելու ու զանոնք լուծելու կարողութիւնն է: Եթէ մենք չենք կրնար փոխել մարդուն մտածելակերպը՝ այդ պարագային նախակրթարանէն ետք դպրոցը կը դառնայ ժամանակի կորուստ»:
11.- Մաս կազմել ուսուցիչներու փոխադարձ այցելութեան միջազգային պատուիրակութիւններու, որոնք կը հովանաւորուին համաշխարհային ակադեմական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ:
12.- Գործնական կապ ստեղծել հայրենի եւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու միջեւ՝ ստեղծելով դաստիարակներու մասնագիտական գործակցութեան դրութիւն, տեղեկութիւններ փոխանցելու եւ գաղափարներ փոխանակելու համար: Անհրաժեշտ է պատրաստել ուղեցոյց-հասցէարան (Directory) մը՝ հայրենի եւ սփիւռքահայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները շաղկապելով այս հրատարակութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն հիման վրայ: Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան գծով մեր հայրենիքը միշտ ունեցած է իւրայատուկ դեր: Այսօր սփիւռքը եւս ունի լայն փորձառութիւն կրթական մարզէն ներս: Հարկ է օգտուիլ այս հսկայ ուժէն: Հայրենիք- սփիւռք մասնագիտական միացեալ ճիգերով կրնանք շարունակաբար զարգացնել այդ օգտաշատ ծրագիրը:
13.- Ստեղծել յատուկ մրցանակներ՝ ուսուցման կամ կրթական ծրագրի նորութիւն (innovations in teaching) յղացող ու զայն կիրարկող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու ու անոնց կատարած մասնագիտական յաջող փորձէն օգտուիլ:
14.- Զարկ տալ արտադասարանային գործունէութիւններու - պարարուեստ, թատրոն, երաժշտութիւն, լուսանկարչութիւն - որոնք սատար կրնան հանդիսանալ հայերէնախօսութեան եւ հաւաքական աշխատանքի: Այս մարզէն ներս կարեւոր է, որ դպրոցներ շփում հաստատեն մշակոյթի, գրականութեան, գեղարւեստի, գիտութեան, քաղաքական ու հոգեւոր գործիչներու հետ, որպէսզի դպրոցներ այցելելով՝ անոնք օրինակ ծառայեն աշակերտներու:
15.- Աստուածաշունչը կը պատուիրէ կրթել մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը: Հոգեւոր ու բարոյական մեր ազգային արմատներուն ջահակիրները պիտի դառնան մեր աշակերտները: Մեր դպրոցները, որպէս մեր դարաւոր ու փառաւոր հոգեւոր արժէքները ներարկող միջնաբերդներ պիտի սատարեն հաւատակերտման աշխատանքներու վերելքին, ու հայ դաստիարակն է, որ իր օրինակելի կենցաղով կրնայ երաշխաւորել այս մթնոլորտը դասարանէն ներս: Աստուածաշունչը, աղօթքը, կրօնագիտութիւնը հինգերորդ դարէն սկսեալ մաս կազմած են մեր կրթական առօրեային, ու եթէ հայրենի եւ սփիւռքահայ մեր նոր սերունդը զրկենք այս յոյժ կարեւոր արժէքներէն՝ հայ դպրոցը շեղած կ՛ըլլայ իր դարաւոր առաքելութենէն, դառնալով սոսկ գիտութիւն ջամբող ուսումնարան: Հայ դպրոցը միջնաբերդն ու սրբազան դարբնոցն է հայակերտումի, հաւատակերտումի, մարդակերտումի եւ ազգաշինութեան:
Ներկայացուած առաջարկները երբ գործադրութեան դրուին՝ նպատակը դիտելով աննահանջ պիտի վազենք, ինչպէս Սթիվըն Քովին կը շեշտէ «The Seven Habits of Highly Effective People» իր օգտաշատ գիրքին մէջ: Երբեմն գործունէութեան ընթացքին աւելի կարեւորութիւն կու տանք՝ քան անկէ ակնկալուած արդիւնքին: Աշակերտներու պարագային եւս նոյնանման վիճակ կրնայ ստեղծուիլ, երբ շեշտը դնենք անոնց ամբողջացուցած դասանիւթերուն վրայ՝ անտեսելով անոնց ամբարած գիտութիւնը եւ գործնական կեանքի մէջ անոնց կիրարկումը որպէս փորձառութիւն:
Արդիւնակորիզ կրթական ծրագիրներ ծնունդ կ՛առնեն երբ դպրոցներ կը յստակացնեն իրենց կրթական ծրագիրները, նպատակները եւ առաքելութիւնը: Այս ծիրին մէջ, մեր տուներէն եւ դպրոցներէն ներս հայերէնախօսութիւնը սակարկութեան ենթակայ չի կրնար ըլլալ, սակայն այսօր, դժբախտաբար, բազմաթիւ գաղթօճախներու մէջ նահանջ կ՛արձանագրէ մեր ոսկեղնիկ լեզուին գործածութիւնը: Ամէնօրեայ, շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններ իւրայատուկ դեր ունին այս անընդունելի նահանջը վերածելու վերելքի, եթէ ոչ՝ վաղը կրնայ շատ ուշ ըլլալ: Վարժարաններ ունին մէկէ աւելի առաքելութիւններ, սակայն մեզի համար էականը մեր մայրենի լեզուն է, դասաւանդուող բոլոր նիւթերու կողքին: Եթէ հայ դպրոցը թերացում արձանագրէ այս գլխաւոր առաքելութեան մէջ՝ այդ պարագային շեղած կը համարուի իր հիմնական նպատակէն: Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մեր նոր սերունդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը օտար վարժարան կը յաճախէ, հետեւաբար ծնողներ հարկ է ստանձնեն հայերէնախօսութեան յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը տունէն ներս: Երբ Համշէն կ՛այցելեմ՝ կը սքանչանամ երեխաներու մէջ տեսնելով սէրը հանդէպ հայերէնախօսութեան, սէր մը, որ սերունդէ սերունդ կը սերմանուի դրոշմուելով երեխաներու հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ:
Մասնաւորաբար մանկապարտէզներու մէջ ծառայող ուսուցչուհիներ յոյժ կարեւոր առաքելութիւն մը ունին: Անոնք է, որ պիտի կերտեն առողջ նկարագիր երեխաներու մէջ, անոնք է, որ պիտի դաստիարակեն ամբողջական երեխան անոր իմացական, բարոյական, հոգեբանական, ըմբռնողական, ֆիզիքական, ընկերային, հաղորդակցական զարգացումներուն թռիչք տալով ու այս բոլորը շաղկապելով երեխային մշակութային պատկանելիութեան: Մենք ձախողութեան կը դատապարտուինք եթէ դասագիրքերով սահմանափակուելով անտեղի ճնշումներու ենթարկենք մեր երեխաները: Երբ կ՛անտեսենք այն ինչ, որ երեխան պէտք է սորվի ու կը պարտադրենք այն ինչ, որ մենք կ՛ուզենք սորվեցնել՝ արդէն աննպատակօրէն վտանգած կ՛ըլլանք անոր ապագան: Մեր մշակած կրթական բոլոր ծրագիրները պէտք է համապատասխան ըլլան երեխաներու կարիքներուն եւ հետաքրքրութիւններուն՝ նկատի ունենալով անոնց տարիքային, իմացական եւ ըմբռնողական զարգացման տարբերութիւնները: Երեխաներու մէջ ցանուած հունտերն են, որ նախակրթարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու մէջ իրենց բերքային ազդեցութիւնը պիտի դրսեւորեն, աշակերտին մէջ զարգացնելով գիտակցութիւնը՝ ազգային ինքնութեան, լեզուի, հողի եւ մշակոյթի, զինուորագրելով հայ աշակերտը ազգային եւ մասնագիտական ծառայութեան յետ շրջանաւարտութեան:
Այս բոլորը կը պահանջեն յստակ տեսիլք, ծրագիրներու խնամեալ մշակում, նիւթական ներդրում, հաւաքական աշխատանք եւ ժամանակի յատկացում: Ուսուցիչներ մնայուն ուսանողներ են կեանքի դպրոցին ու անոնց ինքնազարգացումը վերջակէտ չի կրնար ճանչնալ: Անոնք տարբերութիւն մը կ՛ընեն, ոչ միայն մէկ սերունդի վրայ, այլ՝ շարունակական սերունդներու: Հետեւաբար, կ՛արժէ թիկունք կանգնիլ մեր նուիրեալ մանկավարժներուն, որպէսզի անոնք մեր կրթական անփոխարինելի դրամագլուխով եւ իրենց կատարած ներդրումով օրինակելի սերունդներ դաստիարակեն:
Ուսուցիչներու վերաորակաւորումը աւելի իմաստ կրնայ ունենալ երբ արդարօրէն անոնց կը վերադարձնենք հայ ուսուցիչին վայել դիմագիծը, ինչպէս նաեւ անոնց ստանձնած իւրայատուկ առաքելութեան նկատմամբ՝ արժանի գնահատանք եւ քաջալերանք, ո՛չ միայն բարոյական, այլ ի մասնաւորի՝ նիւթական վարձատրութեամբ:
Մենք այսօր շեշտը կը դնենք ուսուցիչներու վերաորակաւորումին վրայ, սակայն զուգահեռ պէտք է նաեւ մտահոգուինք հայ նոր ուսուցիչներ պատրաստելու անյետաձգելի աշխատանքով: Երբ հայ ուսուցիչը կ՚արժանանայ արդար վարձատրութեան, անվերապահ թիկունքի, երկարամեայ պայմանագիրի եւ յատուկ յարգանքի՝ այն ատեն միայն կրնանք փորձել հրապուրել նոր սերունդը որպէսզի հետաքրքրուի կրթական ասպարէզով:
Ուսուցիչներու վերաորակաւորումի անհրաժեշտութիւնը պէտք է նաեւ ըլլայ յանձնառութիւնը խնամակալ մարմիններու, հոգաբարձական կազմերու, տնօրէններու, ինչպէս նաեւ՝ ծնողներու: Որեւէ ժամանակէ աւելի ներկայիս մենք յոյժ կարիքը ունինք որակաւոր ու նուիրեալ տնօրէններու, մասնագէտներէ բաղկացած ուսումնական մարմիններու, գիտակից հոգաբարձուներու, եւ մասնակից ծնողներու, որոնք հաւաքական աշխատանքով կրնան իրականացնել ու գնահատել հայ ուսուցիչին վստահուած լուրջ առաքելութիւնը:
Մեր դպրոցները, որպէս Մեսրոպատուն եւ ոգեկան հարստութիւն՝ դարեր շարունակ եղած են հայ միտքի խորաններ: Հինգերորդ դարուն, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, իմաստուն եւ հեռատես առաքեալը, հայ գիրի հանճարով ու գիտութեամբ զինեց սերունդը հայկազեան ու այդ ոսկեայ դարէն սկսեալ՝ հայ դպրոցը խրոխտօրէն կը նաւարկէ իր լայն պարզած առագաստներով: Մեսրոպակոփ դպրոցը շաղախուած է Աստուածաշունչի ու բարոյագիտութեան ուսուցումով, ինչպէս նաեւ բարձր որակի կրթական ծրագիրով՝ նուիրեալ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ: Այսօր, սփիւռքահայ դպրոցին անյեղլի առաքելութեան շարունակութիւնը անմիջական պահանջ մը կը ներկայացնէ ու այս՝ կրթական պայքարէն ներս, հայ դպրոցը որպէս դարբնոց լուսաւոր, կարիքը ունի կոչում ունեցող նուիրեալ եւ իմաստուն բրուտներու՝ ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ հոգաբարձուներ:
Հաւատարիմ մնանք մեր սրբազան կոչումին եւ առաքելութեան: Համարձակ ըլլանք մեր հարցերն ու մտահոգութիւնները մասնագիտական մակարդակով քննելու եւ գործնական լուծումներ առաջարկելով վերանայելու հայ դպրոցին ստանձնած անփոխարինելի դերը հայակերտումի շարունակական պայքարին մէջ: Ձաղկել այն ինչ որ հայ մշակոյթին վտանգ կը սպառնայ՝ մեր դարաւոր երաժշտութիւնը աղաւաղելով եւ նոր սերունդին միտքն ու հոգին խաթարելով ինքնակոչ «հերոսներու» եւ «կուռքերու» անորակ ու ոչ հայավայել ներկայացումներով հեռատեսիլի կամ բեմերու վրայ: Անհրաժեշտ է նաեւ՝ բիւրեղացնել մեր գողտրիկ լեզուն մերժելով օտարամուտ բառերու գործածութիւնը մասնաւորաբար մեր բանաւոր արտայայտութիւններու մէջ: Հայակերտումը անյետաձգելի առաքելութիւն է եւ սակարկութեան ենթակայ չի կրնար ըլլալ:
Սփիւռքահայ իւրաքանչիւր գաղութ միացեալ ջանքերով անյապաղ հարկ է կազմակերպէ գիտաժողովներ ու աշխատանիստեր «Հայ Դպրոցը 2025 թուականին» նիւթով, վիճակագրական տուեալներով ուսումնասիրելու ներկայ իրավիճակը եւ իրագործելի ծրագիրներով երաշխաւորելու մեր դպրոցներու ապագան:
Խօսքէն հարկ է անցնիլ գործի: Մեծ մտածելու ճամբուն մէջ փոխադրուելու ժամը արդէն կը հնչէ ու միայն յստակ տեսիլքով, մասնագէտ ու փորձառու առաջնորդներով, գործնական քայլերով, հաւաքական աշխատանքով, համասփիւռքեան համապարփակ կրթական ծրագիրով եւ հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեամբ կրնանք հասնիլ մեր նպատակին ու ես կը հաւատամ, որ հաւատքով, յոյսով ու սիրով տոգորուած՝ պիտի նուաճենք ազգակրթական այս հրաշագեղ գագաթը՝ ու այս բոլորը ի փառս Աստուծոյ, ի պատիւ մեր ժողովուրդին եւ յօգուտ մեր «վաղուան առաջնորդներ»ուն:
ԴՈԿՏ. ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
«Ասպարէզ»

No comments:

Post a Comment