March 10, 2011

Հայաստանէն կրթական օժանդակութեան գնահատականը Լոս Անճելըսի մէջ

Գալիֆորնիա գործող հայկական վարժարաններուն միջեւ գործակցութեան զարկ տալու, ընդհանրական մտահոգութիւնները միասնաբար կիսելու եւ հայեցի դաստիարակութեան հետ առնչուած հարցերը քննարկելու նախանձախնդրութեամբ, անցեալ Փետրուար 3ին «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի գրադարանին մէջ հայկական վարժարաններու տնօրէնները գումարած էին յատուկ ժողով մը։
Ժողովի ընթացքին քննուեցաւ Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն տրամադրուող դասագիրքերու, ուսումնական գրականութեան, օժանդակ նիւթերու եւ ընդհանրապէս նախարարութեան հետ գործակցութեան պարագան։
Յետ համապարփակ քննութեան եւ խորհրդակցութեան, տնօրէններու ժողովը հաստատեց, որ այդ օժանդակութիւնը միշտ արժանացած է բարձր գնահատանքի։ Այսուամենայնիւ, հարկ է բովանդակութիւն տալ Սփիւռքի կրթական հաստատութեանց եւ ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութեան։ Անոր զարգացման համար անհրաժեշտ է փոխադարձ ճանաչումը, Սփիւռքի կարիքներուն եւ նախարարութեան հնարաւորութիւններուն առարկայական արժեւորումը եւ մնայուն խորհրդակցութեան հաստատումը։ Ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ հետեւեալ կէտերը.
1. Յիշեալ դասագիրքերուն, ուսումնական գրականութեան եւ այլ օժանդակ նիւթերու օգտագործման հիմնական դժուարութիւնը ուղղագրութեան հարցն է։ Սփիւռքի այլ գաղութներու նման, Գալիֆորնիոյ հայկական վարժարաններն ալ հայերէն լեզուն կ՛ուսուցանեն դասական ուղղագրութեամբ, մինչ Հայաստանէն ուղարկուած ուսումնական հրատարակութիւնները եւ նիւթերը պատրաստուած են խորհրդային ուղղագրութեամբ, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ դասարանէն ներս անոնց օգտագործումը։
2. Տեղւոյն վրայ պատրաստուած հայոց լեզուի դասագիրքերուն մեծ մասը ցարդ կը գոհացնէ մեր վարժարաններուն կարիքները, յատկապէս մանկապարտէզի ու նախակրթարանի պարագային։ Միջնակարգի եւ երկրորդականի պարագային, սակայն, անհրաժեշտ են նոր դասագիրքեր, որոնք պէտք է մշակուին ու պատրաստուին աշակերտներու եւ տեղական պայմաններու առանձնայատկութիւններէն մեկնելով։ Դասագիրքերու մշակման աշխատանքին մէջ մասնագիտացած հայրենի մանկավարժներուն հետ գործակցութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ։
3. Վարժարաններէն ներս հիմնական կարիքը կը զգացուի հայեցի դաստիարակութեան հետ առնչուած լսատեսողական ուսումնական նիւթերու (համակարգչային ծրագիրներ, կրթական խաղեր, խտասալիկներ (CD), DVDs, եւայլն)։ Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութիւնը մեծ ներդրում կրնայ ունենալ, նիւթերու պատրաստութեան մէջ միշտ նկատի ունենալով ուղղագրութեան պարագան։
4. Դասագիրքերու կողքին հայեցի դաստիարակութեան համար կենսական նշանակութիւն ունին ուսումնական գրականութիւնն ու օժանդակ նիւթերը (պատմուածքներ, աշխարհագրական, պատմական ու մշակութային թեմաներով հրատարակութիւններ, քարտէսներ, պատկերներ, եւալն)։ Այս պարագային եւս, նիւթերու մշակման ընթացքին նկատի պէտք է ունենալ ուղղագրութեան պարագան։
5. ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող մանկավարժական խորհրդաժողովները լաւագոյն առիթներն են, համախմբելու համար նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան գործին նուիրուած մշակները։ Այսուամենայնիւ, այդ խորհրդաժողովները աւելի արդիւնաւոր դարձնելու համար, անհրաժեշտ կը համարուի  զուգահեռաբար կազմակերպել նեղ մասնագիտական ու տարածաշրջանային կարիքներուն համապատասխան աշխատանիստեր ու խորհրդաժողովներ, ինչպէս նաեւ՝ տնօրէններու առանձին խորհրդաժողովներ։
Հաղորդագրութեան տակ ստորագրած են Հայկական Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդի անդամներ՝
* Յակոբ Յակոբեան, տնօրէն՝ ՀԲԸՄ «Մանուկեան–Տէմիրճեան» վարժարանի
* Թալին Քարկոտորեան, տնօրէնուհի՝ ՀԲԸՄ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» վարժարանի
* Վարդգէս Գուրույեան, տնօրէն՝ ԹՄՄ «Արշակ Տիգրանեան» վարժարանի
* Յովսէփ Ինճէճիկեան, տնօրէն՝ «Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան» Հայ Աւետ. Վարժարանի
* Սօսի Շանլեան, տնօրէնուհի՝ «Սահակ-Մեսրոպ» Հայ քրիստոնէական վարժարանի
* Քոյր Լուսիա Ալ Հայէք, տնօրէնուհի՝ Հայ քոյրերու վարժարանի
* Հայր Դաւիթ Ղազարեան, տնօրէն՝ Մխիթարեան հայրերու վարժարանի
* Շահէ Մանկրեան, տնօրէն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան» վարժարանի
* Ժան Գոսագեան, տնօրէն՝ Սրբոց Նահատակաց «Ֆերահեան եւ Գապայեան» ազգային վարժարանի
* Սեդօ Պօյաճեան, տնօրէն՝ «Մեսրոպեան» ազգային վարժարանի
* Նազօ Աբանեան, տնօրէն՝ «Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս» ազգային վարժարանի
* Վազգէն Մատէնլեան, տնօրէն՝ «Վահան եւ Անուշ Շամլեան» ազգային վարժարանի
* Կրէյս Անտոնեան, տնօրէնուհի՝ «Գռուզեան Զաքարեան Վասպուրական» ազգային վարժարանի
* Գոհար Զահըր, տնօրէնուհի՝ «Արի Կիրակոս Մինասեան» ազգային վարժարանի
* Յովան Թաշճեան, վարիչ գործավար՝ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի

No comments:

Post a Comment