March 14, 2011

Հրատարակչական աշխատանքը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հրատարակչական աշխատանքը միշտ նկատած է իր համազգային առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը: Անցնող տասնամեակներուն աբիր գահակալներու նախաձեռնութեամբ ու քաջալերանքով կարեւոր հրատարակութիւններ լոյս տեսած են Անթիլիասի մէջ: Արդարեւ, թէ՛ մայրավանքի տպարանը, թէ՛ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը եւ թէ՛ կաթողիկոսարանին մէջ հաստատուած հրատարակչական հիմնադրամները 2010ին լայն գործունէութիւն ունեցած են հրատարակչական աշխատանքի իմաստով:
Այս մասին, Արամ Ա. կաթողիկոսը վերջերս յայտնած է. «Հայ գիրքը մեր սուրբ աթոռին համար կը մնայ սրբազան արժէք: Հետեւաբար, հայ գիրքին տպագրութիւնը եւ տարածումը մեր առաքելութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Հայ գիրքին արժէքը բազմակողմանի է, անոր տեղը հայ կեանքին մէջ առանցքային է եւ դերը` վճռական: Ահա թէ ինչու մեր սուրբ աթոռին հայրապետները յատուկ կարեւորութիւն տուած են հայ գիրքին` հայ գիրք տպելով, ցուցահանդէսներ կազմակերպելով, հայ գիրքի տարածումը քաջալերելով»։ Ան ի մասնաւորի գնահատեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժնի քաջալերանքը՝ տնօրէն տոքթ. Զաւէն Եկաւեանի գլխաւորութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. «Կ՚ուզենք, որ մեր մտաւորականները գիրք գրեն, ուսումնասիրութիւններ կատարեն, հրատարակութեան համար լուրջ գործեր պատրաստեն: Մենք պատրաստ ենք ընդառաջելու որակաւոր աշխատասիրութիւններու: Սակայն աւելին` մենք կ՛ուզենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները գիրք ունենան ու գիրք կարդան: Հայ տան կարեւոր անդամներէն մէկը պէտք է դառնայ հայ գիրքը: Գիրքը գրադարանները զարդարելու համար չէ, այլ` կարդացուելու համար. ան հոգեմտաւոր հարստացման աղբիւր է»:
Տպագրութեան զուգահեռ, հայ գիրքի տարածումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար հիմնական մտահոգութիւն է: Իբրեւ քաջալերանք հայ գիրքի տարածման, կաթողիկոսարանի հրատարակութիւնները անվճար կը տրամադրուին բոլոր հաստատութիւններուն ու դպրոցներուն, իսկ զանազան առիթներով` հայ մտաւորականներուն:

No comments:

Post a Comment