March 11, 2011

Յարգանք՝ ուսուցիչ պատրաստած նուիրեալ ուսուցիչներուն

Ուսուցիչները միշտ հիմնական դերակատարութիւն մը ունեցած են սերունդներու դաստիարակութեան եւ կրթութեան դժուարին աշխատանքին մէջ։ Հայ ուսուցիչին դերը կրկնակի կարեւոր է, քանի որ զուտ կրթական առաքելութեան կը միանայ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան պարտաւորութիւնը։
Մարտ 9ին Ուսուցչաց Օրուան նշումը ըլլալով, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը շարք մը հարցազրոյցներ վարած է լիբանահայ տարբեր վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ տարբեր վարժարաններու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու՝ Սեւան Դանիէլեան-Մկրեանի, Զոհրապ Ղազարեանի, Ալիս Պօյաճեանի եւ Մատլէն Վարդանեանի հետ, որոնք անդրադարձած են ուսուցիչին եւ յատկապէս հայ ուսուցիչին ունեցած դերակատարութեան` իբրեւ մարդ ու հայ իրենց կազմաւորման մէջ։ Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են զիրենք կազմաւորող դաստիարակներուն, ինչպէս նաեւ իբրեւ ներկայի ուսուցիչներ առիթը ունեցած են արտայայտելու զիրենք մտահոգող եւ յուզող հարցերն ու դժուարութիւնները:
Ստորեւ կու տանք զրոյցին ամբողջութիւնը։

«ԱԶԴԱԿ».- Ներկայացուցէք դուք ձեզ` յաճախած վարժարանները եւ ներկայիս ձեր դասաւանդած վարժարանը:
ՍԵՒԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԿՐԵԱՆ.- Նախակրթութիւնս ստացած եմ «Աքսոր Գասարճեան» ազգային վարժարանին մէջ, ապա երկու տարի յաճախած եմ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգային գոլէճ, յետոյ միջնակարգ եւ երկրորդական կրթութիւնս ստացած եմ «Սուրէն Խանամիրեան» ազգային գոլէճին մէջ (ուրկէ շրջանաւարտ եղած եմ): Շրջանաւարտ եմ նաեւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկէն: Ներկայիս կը դասաւանդեմ «Սուրէն Խանամիրեան» ազգային գոլէճին մէջ:

ԱԼԻՍ ՊՕՅԱՃԵԱՆ.- Յաճախած եմ «Սրբուհի Ագնէս» եւ «Սրբոց Հռիփսիմեանց» վարժարաններ, առաւել՝ աւարտած եմ Ճեմարանի մանկավարժական հիմնարկը: Կը դասաւանդեմ Հայ կաթողիկէ «Մեսրոպեան» վարժարանին մէջ:

ԶՈՀՐԱՊ ՂԱԶԱՐԵԱՆ.- Բողբոջ եւ կոկոն դասարաններս յաճախած եմ «Կերթմենեան» վարժարան, իսկ ծաղիկէն սկսեալ` Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն վարժարան: Մասնագիտութեամբ՝ կենսաբանութիւն ուսանած եմ Ամերիկեան համալսարանին մէջ, իսկ աւելի ուշ Հայկազեան համալսարանէն ստացած եմ թիչինկ տիփլոմա: Կը դասաւանդեմ Հայ Աւետարանական «Շամլեան Թաթիկեան» երկրորդական վարժարանին մէջ:

ՄԱՏԼԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի կրթութիւնս ստացած եմ Թրատի Հայ Աւետարանական վարժարանին մէջ, միջնակարգ եւ երկրորդական` Հայ Աւետարանական «Շամլեան Թաթիկեան» երկրորդական վարժարան: Շրջանաւարտ եմ նաեւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկէն: Ներկայիս կը դասաւանդեմ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգային գոլէճին մէջ:

«ԱԶԴԱԿ».- Անդրադառնանք ձեզի համար ձեր ուսուցիչներուն ներկայացուցած արժէքին եւ ձեր կեանքին մէջ ուսուցիչներուն ունեցած դերակատարութեան:ԱԼԻՍ ՊՕՅԱՃԵԱՆ.- Ուսանողական տարիներուս ամէնէն աւելի կը սիրէի հայոց լեզուն եւ ամէնէն աւելին սիրած եւ տպաւորուած եմ այդ լեզուն դասաւանդող ուսուցիչովս` պրն. Յակոբ Պաղճեանով: Ան մեր մէջ ցանեց եւ հիմը դրաւ հայկական բարոյական արժէքներու, որոնք դարձան կեանքիս սկզբունքը` իբրեւ հայ մարդու: Պրն. Յակոբը նոյնիսկ անձնական կեանքիս վրայ ազդեցութիւն ունեցած է, այն իմաստով, որ անոր որդեգրած դաստիարակչական, գաղափարական, խրատական, խրախուսական միջոցներէն օգտուելով` կ՛ուղղեմ եւ կը կրթեմ զաւակներս, իբրեւ հայ մարդեր: Պրն. Յակոբը պատճառ դարձած է նաեւ, որ գիրքի եւ գրականութեան հանդէպ յատուկ սէր ունենամ: Ես կը յիշեմ, որ բոլորս անհամբեր կը սպասէինք հայերէնի պահերը, որպէսզի պրն. Յակոբը գայ եւ իր տարբեր մօտեցումներով, ըլլան անոնք հայրական, թէ ուսուցողական, ուղղէ եւ կերտէ մեզ: Ես կը կարծեմ, որ անոր դերը շատ մեծ էր նաեւ մեր նկարագիրներուն կերտման վրայ, մասնաւորաբար հայեցիին եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ անիկա մարդկային արժէքներու վրայ շեշտը դնելով, հայոց պատմութենէն, գրականութենէն, օրինակներ եւ փաստեր տալով` կը պահանջէր, որ զանազանուինք այլ ազգերէ, որովհետեւ հայը անցեալէն ի վեր միշտ եղած է տարբեր ազգ, եւ մենք ալ, մեր կարգին, պէտք էր պահպանենք այդ իւրայատկութիւնը: Պրն. Յակոբը իր դրական ազդեցութեամբ նոյնիսկ պատճառ դարձած է կեանքիս ասպարէզին ընտրութեան վրայ: Երբեմն կը զգամ, որ մէջս անուղղակիօրէն զարգացուցած է ուսուցչական կոչումը, եւ այդ իսկ պատճառով այսօր մեծ սիրով եւ նուիրուածութեամբ կ՛աշխատիմ ուսուցչական դժուար, բայց հաճելի ասպարէզին մէջ
ՄԱՏԼԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- «Այն, ինչ որ եմ եւ կը յուսամ ըլլալ, կը պարտիմ ուսուցիչներուս»: Այսօր` իմ հիացումս ու անսահման երախտագիտութիւնս բոլոր անոնց, որոնք օր մը գրասեղաններու ետին ինծի արժէքներ փոխանցեցին. նկարագրի կերտում, ընկերային էակ դառնալու գրաւական, ազգային մեծնալու հպարտանք եւ մարդ դառնալու կիրք: Ուսուցչաց տօնին առթիւ «Պատուի՛ առ»ով կ՛ողջունեմ բոլոր ուսուցիչներս եւ իւրաքանչիւրը պատուանդանի մը վրայ դնելով` կ՛անցընեմ անոնց կուրծքէն «վարձքերնիդ կատա՛ր» շքանշանը, որովհետեւ 25 տարիներ առաջ, թէկուզ շքանշան չստացան անոնք, բայց շքանշան դարձա՛ն:
ՍԵՒԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԿՐԵԱՆ.- Ոչ մէկ կասկած, որ իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր իւրայատուկ դրոշմը ձգած է իմ եւ առհասարակ աշակերտներու վրայ, սակայն նիւթիս սահմանափակութեամբ կ՛ուզեմ իմ սէրս ու յարգանքի տուրքս մատուցանել կարգ մը ուսուցիչներուս, որոնց տիպարը անջնջելի կը մնայ կեանքիս մէջ:
Կը յիշեմ լուսահոգի Անդրանիկ Ուրֆալեանը. հայոց պատմութեան դասերը մեզի համար թուականներու եւ դրուագներու սոսկ դասաւանդում ըլլալէ աւելի, ներշնչումի եւ մեր երեւակայութեան կազմաւորման պահեր էին: Ան նիւթի դասաւանդման ընթացքին այնքան վերացած կ՛ըլլար, որ ոտքին մատներուն վրայ բարձրանալով եւ բռունցքը սեղանին զարնելով` կը պատմէր մեր պատմութեան հերոսամարտերը:
Լուսահոգի «Ըսթեզ» Լուպնեն Լուպնենը, որ աշակերտներուն հետ կը վարուէր գուրգուրանքով եւ բարեացակամութեամբ: Դաստիարակի կողքին, կարծէք ան բարեկամ էր, որ գիտէր իր նիւթը համեմել սրամիտ զաւեշտներով` ուղղելով աշակերտներուն թերութիւնները:
Հայեցի դաստիարակութեանս հիմքը կը պարտիմ տիկ. Յասմիկ Մուրատեանին: Բարութեամբ պարուրուած իր խստութիւնը բոլորիս յարգանք եւ զարմանալի կերպով իր ներկայութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէր, երբ դասարանէն ներս մտնէր: Մանկավարժական իր գործադրած մեթոտը իսկապէս օրինակելի է նոյնիսկ մերօրեայ ուսուցիչներուս. ամէն դասանիւթի աւարտին կը թելադրէր, որ գծէինք դասին միտք բանին` մեր երեւակայութեան համաձայն եւ ըստ այնմ կը գնահատէր մեզ: Մեծ մասամբ, աշակերտներուն կողմէ «Մամա Յասմիկ» կոչուիլը ինքին լաւագոյն վկայութիւնն է աշակերտներուն հանդէպ անոր տածած մայրական գուրգուրանքին:
Տիկ. Շաքէ Եագուպեանը իր խստապահանջութեամբ բոլոր աշակերտներուն կը պարտադրէր լրջութիւն եւ նախանձախնդրութիւն` դասաւանդուած որեւէ մէկ նիւթի հանդէպ:
Պրն. Սարգիս Սեֆերեանը կամ «Սըր»ը, ինչպէս սովոր էինք ըսել, իր բնական ու բարի ժպիտով վստահութիւն կը ներշնչէր բոլորիս: Իսկ պարզ ու անմիջական դասաւանդման իւրայատուկ մեթոտով սիրցնել կու գար անգլերէն լեզուն ու գրականութիւնը: Ան նաեւ գիտէր քաջալերել իր աշակերտներուն արտադասարանային ելոյթները` անձամբ ներկայ գտնուելով եւ աւարտին քաջալերելով զանոնք:
Պրն. Գէորգ Միքայէլեանը, որպէս գրականութեան դաստիարակ, թէ՛ կը սիրցնէր աշակերտին հայ գրականութիւնը եւ թէ՛ կը զարգացնէր անոր գրական ճաշակը: Իսկ որպէս խստապահանջ վերահսկիչ, աշակերտներուն մէջ կը կերտէր կարգապահութեան ոգին` յարգանք պարտադրելով բոլորին: Այս բոլորէն անդին, ինչ որ խիստ օրինակելի է, ան իր կապը կը պահէ իր շրջանաւարտներուն հետ, կը հետաքրքրուի անոնց բարձրագոյն ուսմամբ եւ ասպարէզով եւ այս ձեւով կը վայելէ բոլորին սէրն ու յարգանքը:
Պրն. Կարօ Առաքելեանը, որպէս հմուտ լեզուաբան, իր աշակերտներուն կը մատուցէր քերականութեան «ուղն ու ծուծը», ինչպէս ինք սովոր էր ըսել: Ան առանց վարանումի կը փորձէր աշակերտին փոխանցել իր ամբողջ պաշարը:
Պրն. Կարօ Յովհաննէսեանը իր հեզահամբոյր նկարագրով եւ մանկավարժական իւրայատուկ մեթոտով կը փորձէր իմաստասիրութեան նիւթը մատչելի դարձնել բոլորիս:
Տիկ. Արփի Էթիեմեզեան – Պերթիզլեանը՝ ուսուցիչ-աշակերտ ուղղահայեաց յարաբերութեան փոխարէն, իւրացուցած էր ուսուցիչ-աշակերտ հորիզոնական մանկավարժական մեթոտը` յաջողելով գրաւել բոլորիս անվերապահ գործակցութիւնը ե՛ւ դասարանային, ե՛ւ արտադասարանային բոլոր աշխատանքներուն մէջ:
Պրն. Յակոբ Բագրատունին, մտերմութեամբ եւ բարեացակամութեամբ, վեհութիւն կը պարտադրէր եւ հետագային որպէս տնօրէն շարունակեց նոյն յարաբերութեամբ սիրելի ըլլալ` առահասարակ բոլորին:
Լուսահոգի Հրաչ Տասնապետեանը, իր հարուստ մտապաշարով եւ դասարանէն ներս Լեւոն Շանթեան խստապահանջութեամբ, աշակերտները կը հրաւիրէր բացառիկ կեդրոնացումի եւ լրջախոհութեան` պատմութեան դասերը վերածելով առողջ եւ տոկուն հայրենասիրութեան ներշնչումի պահերու:
Եզրափակելով կ՛ըսեմ, թէ իմ սէրս եւ նուիրուածութիւնս ասպարէզիս մէջ կը պարտիմ դաստիարակներուս, որոնք խոնարհ հերոսներ են:
ԶՈՀՐԱՊ ՂԱԶԱՐԵԱՆ.- Ո՛չ թէ միայն իբրեւ ուսուցիչ, երբ ընդհանրապէս մէկը ուսուցիչս ալ չէ, իր ուսուցիչները մեծ չափով ազդեցութիւն կ՛ունենան իր կեանքին վրայ. իսկ երբ ուսուցչական ասպարէզը ընտրես, շա՜տ աւելի կը զգաս, որ ազդեցութիւն ունին քու ասպարէզիդ կամ ընդհանրապէս կեանքիդ մէջ: Օրինակ, կը փորձեմ յիշել, թէ ի՛նչը սիրած եմ ուսուցիչիս մէջ եւ կը փորձեմ նոյնը տալ աշակերտիս, անշուշտ` աւելի մշակուած եւ յառաջացած ձեւով: Յայտնեմ, որ բարեբախտաբար ուսուցիչներուս մեծ մասը սիրած եմ, թերեւս բախտաւորութիւն կը համարուի, որ լաւ ուսուցչական կազմերու հանդիպած եմ: Անոնց ազդեցութիւնը դրական է կեանքիս մէջ: Մինչեւ այսօր ուսուցիչներէս ոմանց կ՛այցելեմ, կը տեսնեմ: Անոնցմէ քանի մը հատը շատ մտերիմներ էին մեզի հետ, նոյնիսկ մեզ իրենց տուները կը հրաւիրէին: Յատկապէս կը յիշեմ քիմիագիտութեան ուսուցիչս` պրն. Րաֆֆի Պալեանը, որ մեզ՝ բարձր դասարաններու տղաքը որսի կը տանէր: Ես կը հաւատամ, որ երբ աշակերտ-ուսուցիչի յարաբերութիւնը դպրոցի սահմաններէն դուրս կ՛ելլէ, այդ կապը կը մտերմանայ եւ ուսուցիչդ իբրեւ բարեկամի, իբրեւ մարդու ալ կը սկսիս տեսնել եւ աւելի կը սիրես ու կը կապուիս անոր: Ասկէ մեկնելով, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, ես ալ նոյն ձեւով կը վարուիմ աշակերտներուս հետ:

«Ա.».- Խօսինք ներկայիս հայ ուսուցիչին դիմագրաւած նիւթական եւ բարոյական դժուարութիւններուն մասին:ԶՈՀՐԱՊ ՂԱԶԱՐԵԱՆ.- Սկսիմ նիւթական դժուարութիւններէն: Ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ ըլլա՛ն արաբական, ըլլա՛ն հայկական վարժարանները կը դիմագրաւեն նիւթական լուրջ դժուարութիւններ, իսկ հայկական վարժարաններուն մէջ քիչ մը աւելի ակնյայտ է այդ մէկը եւ այս կացութիւնը դժբախտաբար իր անդրադարձը կ՛ունենայ մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Ես անձնապէս երեք տարբեր վարժարաններու մէջ կ՛աշխատիմ եւ ուսուցչարաններուն շրջանակին մէջ 95 առ հարիւր համեմատութեամբ նոյն բաները կը լսեմ, օրինակ, յաւելումներ եկած են, եւ ուսուցիչները չեն ստանար իրենց տքնաջան աշխատանքին հատուցումը` այդ յաւելումը: Յաւելումները չտրուելով` հայկական վարժարաններու ամսականները, համեմատաբար արաբական վարժարաններու հետ, տարբերութիւն կ՛ունենան: Օրինակ, արաբական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող աշակերտներուս ստացած ամսականին դիմաց, հայկական վարժարանի մէջ պաշտօնավարող հայ ուսուցիչը թերեւս 35 տարի կ՛ուզէ, որ այդ գումարին հասնի, մինչ անոնք նորեկներ են ուսուցչական ասպարէզին մէջ: Այս կացութիւնը բնաւ արդար չէ եւ, այսպիսով, լուրջ դժուարութիւններու առաջ կը գտնուինք, նոյնիսկ կը զգանք, որ մեր կարողութիւնները կը թերագնահատուին:
Ինչ կը վերաբերի բարոյական դժուարութիւններուն, յայտնեմ, որ 20 տարուան մէջ, այսինքն` մեր աշակերտական օրերէն մինչեւ հիմա, շատ բաներ կան, որոնք փոխուած են: Ըստ ինծի, յանցաւորը աշակերտը չէ, այլ ժամանակն է: Մարդ արարածը նոյնն է, չի փոխուիր, բայց մէյ մը նայինք այսօրուան զբաղումներուն` համացանցին, փլէյ սթէյշընին, պատկերասփիւռին եւ տարբեր-տարբեր զբաղումներու, այս բոլորը մեր օրերուն չկային, ուրեմն ստիպուած էինք կա՛մ դաս սորվիլ եւ կամ ակումբ, եկեղեցի երթալ, այլ զբաղումներ, ժամանցներ չկային: Ներկայիս այնքա՜ն զբաղումներ կան աշակերտին համար, որ դասը առաջնահերթութիւն չի սեպուիր եւ ասիկա օրէ օր ուսուցչական ասպարէզը աւելի դժուար կը դարձնէ: Անցեալին մեր ուսուցիչները կրնային յաւելեալ նիշեր տալու խոստումներով գրաւել եւ կապել մեզ, սակայն այսօր մենք դժուար թէ կարենանք գրաւել մեր աշակերտը այդպիսի խոստումներով, որովհետեւ ան հետաքրքրուած չէ նոյնիսկ ի՛ր նիշերով: Ներկայիս աշակերտները կ՛ուզեն վայրկեան առաջ վերջացնել դաս-դպրոց եւ ազատ ըլլալ: Արդեօք ժամանա՞կն է, թէ՞ մարդ արարածը ի՛նքն է պատճառը: Ես կը կարծեմ, որ այս բոլորին պատճառը ժամանակն է: Ժամանակը կը շեշտեմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ մարդը չէ, որ փոխուեցաւ, այլ ժամանակի փոփոխութեան, բերած յառաջդիմութիւններուն, արհեստագիտութեան պատճառով մարդոց զբաղումները փոխուեցան եւ այսպիսով, դժբախտաբար, ժխտական անդրադարձ ունեցաւ անոնց վրայ, որովհետեւ այսօր նոյն այդ ծնողը, որ իր զաւկին հոգ չի տանիր, ի՛նքն ալ տեղ մը ազդուած է ժամանակի փոփոխութենէն եւ իր ժամանակը կը վատնէ համացանցին վրայ կամ այլ ժամանցներով: Դժբախտաբար այս օրերուն ուսումը իր արժէքը կորսնցուցած է, եւ բազմացած են այն ծնողները, որոնք չեն քաջալերեր իրենց զաւակը ուսանելու, այլ միայն զբաղած են նիւթականով: Մէկ խօսքով, նիւթականացած է ամէն բան:
Անձնական փորձառութիւն մը ունեցայ հայկական վարժարանի մը մէջ, երբ ուզեցի հոն պաշտօնավարել. որովետեւ պէտք եղածին պէս չէին կրնար վարձատրել զիս, թելադրեցին, որ դիմեմ արաբական վարժարաններ, որ մեր կեանքին մէջ շատ ցաւալի երեւոյթ է:
ԵՒԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ.-ՄԿՐԵԱՆ.- Հայ ուսուցիչին դիմագրաւած նիւթական եւ բարոյական դժուարութիւնները բաւականին ծանր են: Հայ ուսուցիչը գիտակից է այն ճշմարտութեան, որ ինք սոսկ հասկացողութեամբ համակերպած է այն համեստ վարձատրութեան, որ այնքան չնչին է` բաղդատած այլ հաստատութիւններու կամ այլ դասաւանդուած նիւթերու: Սակայն աւելի ցաւալին հայ ուսուցիչի հանդէպ բարոյական թերացումն է, որ կը յուսալքէ զինք: Այն հասկացողութեամբ, որ անոր համեստ ռոճիկն անգամ յաճախ յապաղումով, ոչ միանուագ եւ, աւելի՛ն, ոչ որպէս իրաւունք, այլ որպէս շնորհք կը տրուի` նուաստացումի առաջնորդելով ենթական: Պետական կարգով օրինաւոր յաւելումները ինչ-ինչ պատճառներով կամ որոշ ժամանակով կ՛անտեսուին: Նոյն ձեւով ուսուցիչներու վերաորակաւորումը շատ բան չի նշանակեր գնահատման ծիրին մէջ:
Տէր Թոդիկեան օրերուն իսկ «միսը քեզի, ոսկորը ինծի» հասկացողութիւն մը գոյութիւն ունէր, երբ ուսուցիչը կը վայելէր նիւթա-բարոյական յարգանք: Այս վերաբերումը որքան ալ համեստ, հիմքն է նոր ուսուցիչներ ներգրաւելու եւ քաջալերելու, որ նորահաս սերունդը նետուի դաստիարակութեան աշխարհին մէջ: Ինչպէս կանխաւ յայտնեցի, զոհողութեան ոգին անկասկած, որ կորիզը կը կազմէ այս ասպարէզին, սակայն անիկա պէտք չէ ըլլայ միակողմանի, այլ փոխադարձ:
Լուծումը ուսուցիչը չէ, որ պիտի տայ, այլ` առ որ անկ է, այլ խօսքով` Ուսումնական Խորհուրդը եւ ազգային իշխանութիւնները, որոնք ստանձնած են հայ կեանքի ծանր լուծը բարւոք տնօրինել:
ԱԼԻՍ ՊՕՅԱՃԵԱՆ.- Մասնաւորաբար կ՛ուզեմ շեշտը դնել հայ ուսուցիչին դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ, որովհետեւ հայ ուսուցիչը եւ անոր մօտեցումը կը տարբերին, որովհետեւ հայ ուսուցիչը միայն իբրեւ գործ, իբրեւ նիւթական հայթայթման միջոց չի մօտենար, այլ անիկա կը մօտենայ` զոհողութեամբ, նուիրուածութեամբ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ մայրական-հայրական կապով: Ներկայիս կան` բարոյական արժէքներու մեծ խախտում, արհեստագիտութեան ժխտական ազդեցութիւն` սերունդներուն վրայ, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին անտարբերութիւնը` ընդհանրապէս դասերուն եւ մասնաւորաբար հայոց լեզուին հանդէպ, հակառակ որ ներկայի դպրոցներուն մէջ կը կիրարկուին արդիական շատ լաւ մեթոտներ աշակերտը գրաւելու եւ տեղեկութիւնները ճիշդ ձեւով փոխանցելու համար, սակայն այդ բոլոր քայլերը դժբախտաբար ի զուր են:
Ես կը կարծեմ նաեւ, որ այս անտարբերութեան եւ անպատասխանատուութեան աճման պատճառներէն մէկը կը հանդիսանայ աշակերտին տան մթնոլորտը: Պատկերասփիւռը, համացանցը, փլէյ սթէյշընները, իրենց արտադպրոցական զբաղումները` երգ պար, մարզական եւ այլն: Աշակերտներուն զբաղումները շատ են եւ բազմապիսի: Ներկայիս մենք կը գտնուինք շատ մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ, հետեւաբար պէտք է բոլորս` դպրոց, աշակերտ, ընտանիք, ձեռք-ձեռքի տալով, օգնենք իրարու, որպէսզի պայքարինք եւ վերջ տանք այս թէ՛ անհեթեթ եւ թէ՛ լուրջ դժուարութիւններուն:
Նիւթական դժուարութիւններ չկան, որովհետեւ գիտեմ, որ մեր իրաւունքները մեզի կը տրուին կարելիին սահմաններուն մէջ, եւ ես կը հասկնամ կաթողիկէ համայնքին եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները. ուստի, բաւարարուածութիւն եւ գոհունակութիւն ունիմ այս գծով:
ՄԱՏԼԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Այսօր, 21-րդ դարու սկիզբը, համաշխարհայնացումը թափ առած` իր բացասական ազդեցութիւնը կը ձգէ աշակերտին մտածելակերպին եւ ապրելակերպին վրայ: 21-րդ դարու աշակերտը կը տարուի արհեստագիտութեան եւ հաղորդակցութեան սրընթաց նորութիւններով եւ հոն միայն կը գտնէ իր հոգեկան գոհացումը, հաճոյքը, մինչդեռ դասական զարգացման ձեւը կամ աշակերտին ամէնէն մտերիմ բարեկամը նկատուող գիրքը իր տեղը կը զիջի համացանցին: Անուրանալի է, որ արդի սերունդին տագնապը արժէքի գաղափարին թուլացումէն յառաջ կու գայ: Հարցումէն անդին, հարցականի տակ դրուած են այսօր մարդկային արժէքները: Ինչ որ երէկ գեղեցիկ էր, նուիրական, վսեմ, բազմութիւնները զօրաշարժի ենթարկելու չափ հոգեյոյզ գաղափար, գաղափարական ու արժէք` այսօր տժգունած եւ դարձած են անհրապոյր ու հնամենի:
Այսօր, եթէ իրապաշտ մօտեցումով նայինք մեր շուրջը, պիտի տեսնենք անտարբերներու, անպատասխանատու եւ թուլամորթ անձերու, մանաւանդ անձնասէր ու նիւթապաշտ սերունդ մը, որ արժէքի չի հաւատար, արժէք չի՛ հետապնդեր չի գիտեր յարգել եւ արժեւորել. եւ այս մէկը կու գայ մեր ընտանեկան յարկերէն, ուր հետզհետէ կը կորսուին մեր սրբութիւններն ու բարոյական հասկացողութիւնները:
Հետեւաբար, 21-րդ դարու ուսուցիչը անհրաժեշտ է որ «գերբնական ուժ» ունենայ, անսահման համբերութիւն, ուսուցիչի կոչում, որ կարենայ հրաշքներ գործել եւ թիավարել հոսանքն ի վեր` պատրաստելով գիտակից սերունդ մը:

«Ա.».- Ուսուցչաց տօնին առիթով խնդրեմ փոխանցէք ձեր սրտի խօսքը` ուսուցիչներուն եւ կոչը` աշակերտութեան:ՄԱՏԼԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Կը շնորհաւորեմ բոլոր ուսուցիչները, բոլորին վարձքը կատար. կը մաղթեմ, որ իւրաքանչիւր ուսուցիչ կրթական կեանքին նայի իբրեւ ի՛ր կեանքին, ինքզինք կապուած զգայ անոր ոչ հանդիսատեսի կամ կրաւորական մօտեցումով, այլ` պատասխանատուութեան սուրբ, նուիրական եւ խորապէս դաստիարակիչ կրթիչ դերով. ամէն բանէ առաջ իր հոգին ու խիղճը դնէ իր դասապահերուն ի սպաս, որպէսզի հայ դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը իր թիրախին հասնի եւ հայակերտումի եւ մարդակերտումի ամէն ջանք պսակուի յաջողութեամբ ու յաղթանակով: Կարեւորը տալն է, ոչ միայն ըլլալը. էականը ցանելն է, ոչ միայն ամբարելը, կենսականը ճառագայթելն է եւ ոչ միայն «ուսուցիչ» անուն կրելը: Ա՛յս է իսկական ուսուցիչին առաքելութիւնը. նուիրո՛ւմ եւ այդ նուիրումի արարքին մէջ իսկ գտնել գոհունակութիւն:
Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր աշակերտներուն, որ գնահատեն իրենց ուսուցիչներուն աշխատանքը, արժեւորեն անոնց ադամանդեայ քրտինքը, բայց մանաւանդ ուսուցիչին ցանած հունտերը վերածեն պտղաբեր կեանքի ու մրգաստանի:
ՍԵՒԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԿՐԵԱՆ.- Անձնապէս հաւատացած եմ, անոր համար ե՛ւ ընդգրկած եմ այս ասպարէզը, նաեւ ամէն առաւօտ հաճոյքով կը մտնեմ դասարան` որպէս մարդակերտման քուրայ, ուր մտքեր, նկարագիրներ, մէկ խօսքով այսօրուան հայ մանուկի ընդմէջէն վաղուան հայ մարդը պատրաստելու գերագոյն հաճոյքը կը վայելեմ: Վստահ եմ, որ պաշտօնակից բոլոր հայ ուսուցիչները նոյն սիրով ու նախանձախնդրութեամբ կը մօտենան իրենց վստահուած առաքելութեան, որ դարէ դար Մեսրոպ Մաշտոցէն մեզի փոխանցուած սրբազան աւանդ մըն է: Կ՛ուզեմ ըսել բոլորին վարձքը կատա՛ր:
Ինչ կը վերաբերի հայ աշակերտին, իր կարգին ան եւս ունի իրեն յատուկ դժուարութիւնները: Բայց եւ այնպէս արդիական ու մանկավարժական մեթոտներով ու շրջապատով, երբ կարենանք իր մէջ առողջ գիտակցութիւնը արթնցնել իր ինքնութեան, վստահաբար ան թօթափելով ամէն բարդոյթ` հաճոյքով պիտի մասնակցի ուսուցիչ-աշակերտ փոխյարաբերութեան արդիւնաւէտ աշխատանքին` առանց անշուշտ անտեսելու ծնողներու ներդրումը, որ ինքնին անկասկած այնքան կենսական է:
ԱԼԻՍ ՊՕՅԱՃԵԱՆ.- Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ուսուցչաց օրը եւ կը մաղթեմ նախ առողջութիւն, արեւշատութիւն, ուժ, կորով եւ մեծ համբերութիւն, որպէսզի իրենց առաքելութիւնը շարունակեն մեծ թափով եւ արդիւնաւէտութեամբ: Իսկ աշակերտներէս կը խնդրեմ, որ քիչ մը աւելի աշխատին եւ պատասխանատուութեամբ ու գիտակցութեամբ յաճախեն դպրոց, որպէսզի ապագային ատակ ըլլան շարունակելու մեր նախնիներուն սկսած եւ մեր շարունակած առաքելութիւնը:
ԶՈՀՐԱՊ ՂԱԶԱՐԵԱՆ.- Այս առիթով աշակերտները նախ պէտք է գիտնան, որ իրենք եւ ուսուցիչները «նոյն խումբէն կը խաղան», որովհետեւ երբ տարբեր թերացումներու պատճառով կը բարկանանք կամ կը յանդիմանենք զիրենք, կեցուածք կ՛առնեն եւ… բայց պէտք է գիտնան, որ բոլորս տգիտութեան դէմ է, որ կը պայքարինք: Այս մէկը շատ կարեւոր է, որ բոլոր աշակերտները հասկնան եւ գիտակցին: Իսկ ուսուցիչ մը որքան ալ ջղայնանայ, նեղանայ վերջաւորութեան իրենց օգուտին համար է: Իսկ սրտի խօսք ուսուցիչներուն, նախ ուսուցչած օրուան առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորը, պիտի շնորհաւորեմ, որովհետեւ աշխարհի ամէնէն դժուար ասպարէզներէն մէկն է: Դժուար, որովհետեւ եթէ մէկը լուրջի պիտի առնէ ուսուցչական ասպարէզը, շատ սթրես կ՛ապրի: Վերջերս լսեցի, որ աշխարհի երրորդ ամէնէն սթրես պատճառող գործն է: Ուրեմն պէտք է իսկապէս գնահատել ուսուցիչը, ոչ թէ պարզապէս տարին օր մըն է, որ կու գայ ու կ՛անցնի: Ուսուցիչները սերունդներու կերտման մէջ մեծ եւ հիմնական դերակատարութիւն ունին: Կը յուսամ, որ կարենամ դրական ազդեցութիւն ձգել մեր աշակերտներուն կեանքին մէջ, ինչպէս ձգած են իմ ուսուցիչներս:
Հարցազրոյցը վարեց`
ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

No comments:

Post a Comment