September 28, 2012

Հայ դպրոցով հայը հայ կը մնայ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Վերամուտ է դարձեալ:
Հայ դպրոցը տուաւ դասարան մուտքի առաջին զանգը, եւ հայ դպրոցին հաւատացող ծնողներու հարիւրաւոր աշակերտներ հաստատ քայլերով մուտք գործեցին իրենց վարժարանները` յաւելեալ ուսում ստանալու եւ իրենց աշխատանքով ապագայ կերտելու համար:
Հայ ուսուցիչը վերագտաւ իր աշակերտները, որոնց «բարի լոյսով» վերակենդանացուց իր աշխուժութիւնը, կորովը եւ իր գիտութիւնն ու հայկականութիւնը հայ աշակերտին «մարդակերտումին» ի սպաս դնելու պատրաստակամութիւնը:
Հետզհետէ անապատացող մեր կեանքին մէջ, վերամուտը, առաջին զանգը, հայ ծնողքը, հայ աշակերտն ու հայ ուսուցիչը բնականաբար կը կազմեն յուսատու այն ովասիսը, որ տասնամեակներ շարունակ ծլարձակած է, սերունդներ պատրաստած ու վերածուած մեր ժողովուրդի գոյատեւման կռուանին:
Ա՛յս, մետալին մէկ երեսն է:
Ուրախացնող, ապագային նկատմամբ հաւատք ամրացնող երեսն է անկասկած:
Միւս երեսը սակա՞յն:
Վերամուտ է դարձեալ:
Ոչ հայկական վարժարանները եւս տուին մուտքի առաջին զանգը:
Եւ հայ դպրոցին չհաւատացող ծնողներու հարիւրաւոր աշակերտներ ուղղուեցան օտար եւ օտարացնող դպրոցներ` դարձեալ ուսում ստանալու համար, բայց միաժամանակ` հեռանալու հայութենէն, օտարանալու եւ ի սպառ կորսուելու հաստատ վախճանով:
Օտար դպրոցի օտար ուսուցիչը «բարի լոյսով» չդիմաւորեց իր ծնողքին որոշումով հայութենէն հեռանալիք հայ աշակերտը, ու սովորական «սապահ էլ խէյր»-ով կամ «կուտ մոռնինկ»-ով զայն հրաւիրեց նստիլ դասընկերոջ մը քով` անոնց միասնաբար դասաւանդելու համար գիտելիքներ, որոնք ընդհանրական են եւ ի զօրու ամէն տեղ ու ամէն ժողովուրդի համար:
Ու ծլարձակող եւ սերունդներ պատրաստող ովասիսին մօտ, ահա նաեւ անապատին միրաժը` նախ ուրախացնող, խանդավառող, բայց ի վերջոյ խաբող ու յուսաբեկող:
Կ՛ակնկալեմ, որ շատեր, շատ շատեր քննադատեն հետագայ տողերս: Անշուշտ, կարծիքի ազատութեան ու մարդկային իրաւունքներու շուրջ ճառեր ալ կրնան յայտնուիլ: Բայց, հաւատացէք, որ հայ մարդու, հայ ուսուցիչի, հայ դպրոցի գոյատեւման համար աշխատողի, ազգային հասարակական կեանքի դերակատար մարդու անկեղծ խօսքեր են հետագայ տողերը: Սրտցաւ խօսքեր, թէկուզ եւ ցաւցնող, թէկուզ եւ քննադատութեան, մեղադրանքի դուռ բացող: Բայց հաւատացէ՛ք, իրական խօսքեր են:
Շաբաթներէ ի վեր, մեր մամուլը թէ լրատուական այլ միջոցներ նեղ եկան վարժարաններու վերամուտի յայտարարութիւններուն: Ամէն դպրոց պարտաւոր կը զգար նորութիւն մը, նուաճում մը, նոր «վաճառանիշ» մը ծանօթացնել, որպէսզի իր մօտ հրաւիրէ հայ աշակերտը: Եւ այսպէս`
- Վերանորոգուած դասարաններ:
- Հազարաւոր գիրքերով գրադարան:
- Արդի մանկավարժութեան համապատասխան դասաւանդութիւն:
- Զեղչ` կարիքաւոր աշակերտներու:
- Ձրի կրթաթոշակ սուրիացի հայերու (նախկին սուրիացիներուն ականջը խօսի):
- Մարզանքի դաշտեր:
- Գիտաշխատանոց:
- Հարիւր առ հարիւր յաջողութիւն պետական քննութեանց մէջ:
- Վերակազմակերպուած մանկապարտէզ:
- Սմարթ-պորտով դասարաններ:
- Մեսրոպ Մաշտոցի շունչին հաւատարիմ դաստիարակութիւն:
- Քրիստոնեայ առաքինի մարդու պատրաստութիւն:
- Մասնագէտ ուսուցիչներ:
Ու շարքը կարելի է շարունակել: Մեր վարժարաններուն բազմաչարչար տնօրէնները պարտաւորուած կը զգան հայ դպրոց կոչուող «ապրանքը» շուկայ իջեցնել եւ «յաճախորդները» համոզել, որ չեն զղջար, եթէ այդ ապրանքը գործածեն:
Ճիշդ այնպէս, ինչպէս շինարար կալուածատէրեր, յարկաբաժինի վաճառքի համար պարտաւորուած կը զգան գործածելու յատուկ բառամթերք, ինչպէս` գեղատեսիլ շրջան, ծովահայեաց, օդասուն, արդի ճարտարագիտական շինութիւն, զովացուած եւ ջերմացուած սենեակներ, հոսուն ջուր, ելեկտրածին շարժակ եւ այլն, եւ այլն:
Իսկ վե՞րջը: Արդիւնքը՞:
Բազում չարչարանք, վասն ոչինչի:
Դէպի օտարացում գացող եւ իր զաւակը օտար վարժարան ուղղող ու զայն օտարացնող ծնողքին համար համոզիչ չեն մեր կատարած որեւէ նուաճում, արձանագրած որեւէ նորարարութիւն: Ան նոյնիսկ պատրաստ չէ լսելու տրամադրութիւնն իսկ ունենալու:
Հայկական դպրոցներու յաջողութիւնները բացառիկ են, նոյնիսկ անուանի օտար վարժարաններու հետ բաղդատած:
Մեր դպրոցներու կառոյցներուն մեծամասնութիւնը կը մրցի օտար դպրոցներու կառոյցներուն հետ, եւ յաճախ նաեւ աւելի նոր են ու գեղեցիկ:
Մեր դպրոցներու ներքին կահոյքը, գիտաշխատանոցը, գրադարանը, համակարգչային դրութիւնը, ելեկտրոնիք գրատախտակները եւ յարակից այլ սարքեր եւ կարելիութիւններ անբաղդատելի են այն օտար վարժարաններուն հետ, ուր հայ ծնողքը կը պարծենայ իր զաւակը արձանագրած ըլլալով:
Հայկական վարժարաններու ընտանեկան ու ընկերական մթնոլորտը, մարդկային վերաբերումը եւ գուրգուրանքը անվիճելի կերպով գերադաս են հայ ծնողքին համար նոյնիսկ ամէնէն լաւ նկատուող օտար վարժարանէն:
Մեր դպրոցներու ներքին մթնոլորտը անհամեմատ կերպով շատ աւելի մաքուր է եւ հեռու մերօրեայ ախտերէն, ծխախոտի, թմրեցուցիչի, խմիչքի գործածութենէն, այլասերող եւ ախտավարակ երեւոյթներէն, ուր նուազագոյն մտահոգութեամբ կրնանք ապահով ըլլալ մեր զաւակներու դպրոցական առօրեայով:
Մեր վարժարաններու շրջանաւարտները բնական կերպով եւ առանց բարդոյթի կ՛ընդունուին Լիբանանի թէ արտասահմանի համալսարաններն ու պատիւով կ՛աւարտեն իրենց ուսումը:
Այս բոլորը եւ դեռ այլ իրողութիւններ կան, գոյութիւն ունին, բազմիցս կրկնուած են: Բայց իրականութեան մէջ, օտար վարժարանի ընտրանքը կապ չունի վերոնշեալներուն հետ:
Ցաւով պարտինք ըսել, որ երանի թէ սխալինք:
Զաւկի ապագային մասին չէ որ կը մտածուի:
Այդ մէկը պատրուակն է: Մեր դպրոցներու յառաջդիմութիւնը եւ վերեւ յիշուած փայլուն իրականութիւնները կը ջրեն այդ պատրուակը:
Զաւակներն ու անոնց ապագան պատրուակ չգործածենք:
Իրականութիւնը ցաւցնող է: Բայց պէտք է զայն ճակատաբաց ըսել:
Իրենց զաւակները օտար դպրոց ուղղող ծնողները հայութենէ սկսած են պարպուիլ: Մոռցած են իրենց անցեալը, իրենց ծնած թաղամասը: Փոխադրուած են աւելի «մակարդակով» թաղամասեր: Հարստացած են: Պէտք է չափուին դրացիին հետ: Շփացած են, յղփացած են:
Ու կը քանդեն իրենց զաւակները:
Եւ ետքը կը զարմանան, կը ցաւին, երբ զաւակները օտար ամուսնութիւն կը կնքեն, թոռները եւս կ՛օտարանան, իրենց չհասկցած լեզուով կրանփա կամ կրանմա կ՛ըսեն իրենց, եւ օր մըն ալ ծերանոցի մը անկիւնը կը նետուին ու մահուընէ ետք, մահազդին անուններուն մեծամասնութիւնը ոչ հայկական կ՛ըլլայ:
Հայ ըլլալը ամբողջական ըմբռնողութիւն է: Կարելի չէ քիչ մը հայ ըլլալ, մասնավճարով հայկականութիւն ապրիլ: Հայ եկեղեցւոյ մէջ պսակուիլը, Ծնունդին ու Զատիկին պատարագի աւարտին աջահամբոյրի ներկայանալը, Ապրիլ 24-ի ցոյցին մասնակցիլը (բայց կէսօրէ ետք դարձեալ վաճառատուն բանալով), երբեմն օրացոյց գնելը կամ նուիրատուութիւն կատարելը, հայկական պար սորվիլը կամ շաբաթական մէկ անգամ ակումբ յաճախելը, ամառները հայերէն դասերու հետեւիլը: Հայաստան այցելելը, հայկական քաղաքացիութիւն ստանալը (կամ պարզապէս անցագիր` աւելի դիւրին եւրոպական վիզա ստանալու համար) անհրաժեշտ են, բայց բաւարար չեն, նոյնիսկ խաբուսիկ են եւ միայն ինքզինք համոզող, երբ բացակայ է միւսը` հիմնականը, հա՛յ դպրոցը:
Ներեցէք անկեղծութեանս:
Այլեւս կարելի չէ լուռ մնալ: Կարելի չէ կեղծել: Կարելի չէ մեր դպրոցները նպարավաճառի խանութներու քարոզչական մակարդակին իջեցնել:
Հայ դպրոցով հայը հայ կը մնայ:
Իսկ ան որ չ՛ուզեր հայ մնալ, քաջօրէն թող ըսէ, առանց աւելորդ պատրուակներու:
Կը շարունակենք մնացեալ հայերով:
Այդպէս եղած է անցեալին: Ու մեր ժողովուրդը ապրած է:

«Ազդակ», Սեպտեմբեր 28, 2012

No comments:

Post a Comment