September 24, 2012

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի ուսուցչական սեմինարը


Շաբաթ, Օգոստոս 18ին, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը ուսուցչական սեմինար մը կազմակերպած էր, որ կեդրոնացաւ հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու դասաւանդելու հարցերուն վրայ։ Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Ուաշինկթընէն, Փրովիտընսէն, Պոստընէն եւ Շիքակոյէն մասնակիցներ ժամանած էին Ազգ. Առաջնորդարանը՝ «Մարզել մարզիչը. հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու նոր սորվողներու համար» աշխատանոցին ներկայ գտնելու։ Աշխատանոցին ղեկավարն էր Սքոթ Գոհէն՝ երկրորդ լեզուի ուսուցման մասնագէտ։ 
Բացման աղօթքէն ետք, Արժ. Տ. Մեսրոպ Լագիսեան՝ յանուն Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեանի, Ուսումնական Խորհուրդին շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկին համար եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի մաղթանքներ ըրաւ ներկաներուն։ Ուսումնական Խորհուրդի գործադիր տնօրէնը՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, անդրադարձաւ Ուսումնական Խորհուրդի կարգ մը նոր աշխատանքներու ու ծրագիրներու, որոնք ուղղուած են դաստիարակչական գործին օժանդակելու։ Ան ըսաւ, թէ այս սեմինարը նման օժանդակութեան ձեւերէն մէկն էր եւ կազմակերպուած էր դասարանի յարափոփոխ պայմաններուն մէջ ուսուցչական զարգացման կարիքներուն սատար հանդիսանալու համար, մասնաւորաբար հայերէն չիմացող աշակերտներու լեզուի դասաւանդութեան պարագային։
Դոկտ. Մատթէոսեան այնուհետեւ ներկայացուց օրուան դասախօսը, որ նախ աշխատանոցին ընդհանուր ներածականը կատարեց եւ իւրաքանչիւր մասնակիցի աշխատանքի տետրակ մը յանձնեց։ Առաւօտեան նիստին ընթացքին, ան քննարկեց տարբեր ձեւեր, որոնք ուսուցիչներ կրնան օգտագործել՝ աշակերտներու ու ծնողներու հետ կապ հաստատելու, միաժամանակ ուշադրութեամբ հետեւելով ինքնութեան գաղափարներու եւ, երբեմն, խուսափելով կարծրատիպերու (stereotypes) ստեղծումէն։ Այնուհետեւ, Գոհէն անցաւ քննելու կարգ մը ենթադրութիւններ, որոնք դեր կրնան ունենալ՝ ուսուցիչներու կողմէ աշակերտներու ընկալումին մէջ։
Այս բաժնէն ետք, Գոհէն մասնակիցներուն հարց տուաւ, թէ ի՞նչ արժէքներ կ՚ուզեն տեսնել իրենց դասարանին մէջ եւ դիտել տուաւ, որ թէեւ դասերը կարեւոր են, այդ արժէքները ուսուցման ապահով միջավայր մը կը ստեղծեն։ Ուսուցիչներուն աշխատանքին մղիչ ուժը, ըսաւ Գոհէն, աշակերտներէն ակնկալուած արդիւնքն է։ Այնուհետեւ ան ձեռնարկեց խմբական քննարկումի մը՝ մշակոյթի, աշակերտներու եւ անոնց ընտանիքներուն մասին, ուր մասնակիցները իրենց գաղափարները յայտնեցին՝ հայ ըլլալու նշանակութեան մասին։ Մտքերու երկար փոխանակումէ մը ետք, սեղանի վրայ դրուեցաւ ընտրութեան հարցը որպէս մերօրեայ դասարանի կարեւոր գործօն մը։
Ճաշի դադարին, մասնակիցները այցելեցին Առաջնորդարանի գրախանութը՝ ուսումնական նիւթեր ձեռք բերելու համար։ Այնուհետեւ, Գոհէն մասնակիցներէն խնդրեց ցուցակագրել այն պատճառները, որոնք կը մղեն զիրենք հայկական դպրոցի մէջ դասաւանդելու։ Պարտականութիւնը, հայ ըլլալու սէրը, մշակոյթի տարածումը եւ այլ պատճառներ յառաջ բերուեցան։ Որոշ պատասխաններու հիմամբ, դասախօսը առաջարկեց ուսուցիչներուն գտնել միջոցներ ու ձեւեր՝ դասերու առաջին օրուան բացումը կատարելու, եւ իրենց աշակերտներուն ակնկալութեան մասին խորհրդածելու։
Ասկէ ետք, լեզուի ձեռքբերման տարբեր տեսութիւններ ներկայացուեցան՝ լեզու սորվելու ձեւերու ծիրը բացայայտելու  համար։ Այս տեսութիւններուն հիմամբ, Գոհէն քննարկեց երկրորդ լեզուի ձեռքբերման տարբեր հանգրուանները եւ ուսուցիչներուն օրինակներ տուաւ, որոնք կրնան գործածուիլ տարբեր հանգրուաններու ուսուցման եւ վարժութեան ընթացքին մէջ։
Ի վերջոյ, Գոհէն բացատրեց, որ աշակերտները լաւագոյնս կը սորվին երբ նիւթերը կը ներկայացուին բազմաթիւ ձեւերով՝ լեզուի, միջոցի, երաժշտութեան եւ շարժումի միջոցով։ Այստեղ, ան հրաւիրեց մասնակիցներու չորս խումբերը ծրագրելու եւ ներկայացելու կարճ դաս մը հայկական որեւէ նիւթով եւ որեւէ տարիքի համար՝ այս տարբեր միջոցներու համատեղ օգտագործումով։
Աշխատանոցի աւարտին, դոկտ. Մատթէոսեանը մասնակիցներուն ներկայացուց Ուսումնական Խորհուրդի նոր նախաձեռնութիւնը. իւրաքանչիւր դասարանի նուազագոյն գիտելիքներու չափանիշերու պատրատութիւնը՝ Արեւելեան ԱՄՆի շաբաթօրեայ դպրոցներու համար։ Ան խնդրեց մասնակիցներուն եւ բոլոր դպրոցներուն ներդրումը՝ փաստաթուղթի նախագիծը վերջնական տեսքի բերելու համար։

No comments:

Post a Comment