Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Պարզացման եւ խեղճացման միջեւ տարբերութիւնը, դժբախտաբար,
լոյսի ճառագայթի հաստութիւնը չունի:
Ո՞վ կրնայ ըսել, որ ֆրանսերէնը, անգլերէնը, գերմաներէնը, հարուստ եւ կենդանի
մշակոյթ ու գրականութիւն ունեցող լեզուները արդիական, պարզ, ժողովրդական եւ
հասկնալի լեզուներ չեն: Այդ լեզուով գրողները եւ խօսողները, լրագրողները եւ
հրապարակագիրները, հռետորները արդիականը եւ պարզը հրաժարումի ճամբով չեն տանիր:
Այս հարցի մասին մտածեցի, երբ սեպտեմբեր 2012-ի առաջին օրը ֆրանսական հեռատեսիլը
յայտարարեց, որ 650 նոր վէպեր պիտի գտնուին գրատուներու մէջ: Բանաստեղծութեան,
իմաստասիրութեան, ուսումնասիրական եւ այլ բնոյթի հրատարակութիւնները չկան այս
ցանկին վրայ:
Այս 650 վէպերը անկասկած գրուած են արդիական` բայց գրական լեզուով: Եթէ անոնց
լեզուն հասկնալի չըլլայ, անոնք չեն սպառիր, զանոնք չենք գտներ գետնուղիի (մեթրօ)
ամէնօրեայ գործի գացող մարդոց ձեռքը: Եթէ զանգուածը կը կարդայ այդ գիրքերը, կը
նշանակէ, որ ժողովուրդին մատչելի են, հասկնալի են, հարազատ են: Այդ ժողովուրդը,
պարզ կամ մտաւորական, ինքզինք չի տեսներ լեզուի խեղճացման մէջ, այդ չի պահանջեր իր
գրողներէն, թերթերէն, հեռատեսիլէն, ձայնասփիւռէն:
Այդ 650 գիրքերուն հեղինակները ամբոխին կողմէ ընդունելի ըլլալու համար իրենց
լեզուն չեն թրջած կոյուղիի կեղտաջուրով: Գրած են Ռոնսարի, Ռասինի, Վիքթոր Հիւկոյի,
Վերլենի, Ժան-Փոլ Սարթրի եւ Անտրէ Ժիտի լեզուով: Իրենց լեզուական տարբերութիւնը
ոճական է, եւ այդ բնական է, բայց իրենց լեզուն միշտ ակադեմական է եւ ճշգրիտ: Անոնք
գրելու համար, ըստ իրենց հասակին, հասկցէ՛ք` խելապատիկին, նոր ֆրանսերէն չեն
հնարեր:
Տարրական ճշդում մը. ոճը յատուկ է հեղինակին, բայց լեզուն տէր ունի, ան ազգին կը
պատկանի` որպէս ինքնութիւն կերտած եւ կերտող մշակոյթ:
Իսկ ի՞նչ կ’ընենք մենք: Որպէս մեծ ժողովուրդի անդամներ եւ այդ յիշեցումը երբեք
չենք վարանիր ընելու, մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք կը համարէ ակադեմիա, ոչ միայն
ակադեմական, այսինքն իրաւասու` առանձին որոշելու: Մին կ’ըսէ, թէ «ասիկա թատրոնի
լեզու է», միւսը կ՛ըսէ, թէ` «օպտիկա»-ն հասկնալի է եւ` միջազգայնօրէն ընդունուած,
գեղեցկութեան սրահը արդիականութիւն կը նուաճէ իր ճակատին արձանագրելով «էպիլիացիա»,
պահածոներու ընկերութիւնը տուփին վրայ կը գրէ «բադրիճան»… Ուրիշներ բառ կը հնարեն,
կամ լաւ հայ ըլլալու համար, կը կապկեն սովետահայերէնի բոլոր զարտուղութիւնները:
Կարծէք` հայերէն «ըստ» բառը հին եւ աղքատ է, մոռցուած, եւ մեր թերթերը ու ճառերը
կ’ողողենք ամերիկերէնէ որսացուած «համաձայն»-ով, որ հայերէն բառ է, բայց «ըստ»-ին
հոմանիշ չէ:
Հայաստան գումարուած մամլոյ խորհրդաժողովի մը զեկուցում կարդացած էի մեր լեզուն
եւ ինքնութիւնը կրծող այս զարտուղութիւններուն մասին: Լսեցին, ըսին` լաւ է: Բայց
կեղտաջուրի հեղեղը կը շարունակուի, Երեւան եւ Արցախ, Կրասնոտար եւ Քոնիզպերկ, Լոս
Անճելըս կամ Պէյրութ:
Եթէ չէք կարդար անգամ, լսեցէք եւ դիտեցէք: Երբեմն ալ «բացէք» համացանցէն տեղացող
«հայրենասիրական» լուրերը:
ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ ՉԷ՝ ՆԵՐԱԾՈՒՄՈՎ ՏԵՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Հայերէնը նախնական լեզու չէ, որպէսզի ամէն քայլափոխի բառ ներածենք: Հայերէնը
ճկուն լեզու է, երբ անոր կը տիրապետենք, երբ անոր ճշգրտութեան բծախնդիր ենք: Իսկ
երբ հայերէն կը գրենք, հրապարակային խօսք կ’ըսենք, բանաւոր կամ գրաւոր, պիտի
յարգենք հայերէն բառագանձը, շարահիւսութիւնը, քերականութիւնը: Առանց այս երեքին`
լեզուն, ան ըլլայ հայերէն թէ այլ, կը կորսնցնէ ինքնութիւն կրող ըլլալու
ունակութիւնը:
Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցները` թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, կարծէք,
համատեղ ջանքերով, ամէն քայլափոխի նախայարձակման թիրախ կը դարձնեն հայերէնը`
թեթեւսոլիկութեամբ, օտարամոլութեամբ, անգիտութեան հասարակաց ենթահողի վրայ:
Ղեկավարութիւնները, բոլոր մակարդակներու, այս անտիրութեան պատասխանատուներն են:
Ղեկավարութիւնը սոսկ հաշուապահութիւն կամ լումայափոխութիւն չէ: Բայց քանի որ
ղեկավարութիւններն են որոշողները եւ որոշումներու գործադրութեան լծակները
ունեցողները, կացութիւններու տէրերը, նահանջը, խուճապային թափով կը
շարունակուի:
Արդէն հայերէնը «աղքատ ազգական»-ի աթոռին վրայ նստեցուցած ենք` հայ կեանքի
տարբեր մարզերուն մէջ: Այդ մասին կը վկայեն օտարալեզու «հայկական»
լրատուամիջոցները, որոնք արեւուն տակ փռուած մեր տեղատուութիւններուն եւ պարտութեան
արտայայտութիւններն են, եկեղեցիներէն մինչեւ կուսակցութիւններ եւ պետութիւն:
Հայ քաղքենիացածներ, որոնք դեռ բոլորովին «ծագումով հայ» չեն դարձած, ժողովներու
ընթացքին աշխարհի բոլոր լեզուներով կը խօսին` բացի հայերէնէն, կը պահանջեն, որ
ատենագրութիւնները եւ նամակները օտար լեզուներով գրուին եւ ե-նամակով իրենց
ղրկուին: Որպէս «յառաջդիմութիւն», դպրոցներ եւ անոնց պատասխանատուները այս նահանջէն
ետ չեն ուզեր մնալ, անմասն չմնալ այս ազգասպանական ընթացքէն: Հանդէսները
«շքեղութիւն» կ’ունենան օտար լեզուներով, նաեւ` «պիւտճէ գոյացնող»
ճաշկերոյթները:
Ոմանք, բեմէն կամ խօսափողէն եթէ յանկարծ ցանկութիւն ունենան հայերէն քանի մը բառ
ըսելու, այդ բառերն ալ կարդալու համար կը գրեն… լատինատառ` որպէս հոգեհանգիստ
Մեսրոպի: Բայց ո՞վ է այդ Մեսրոպը: Երբ իրենց ոջիլի շուկային մէջ (marche՛ aux puces
կամ flea market) չեն գտներ հայերէն բառը, իրենց արտայայտութեան մէջ կը թխեն օտար
բառը` ռուսերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, առանց աշխարհագրական
սահմանափակումի:
Յաճախ խօսած եմ ֆրանսերէնի մէջ ներառնուող նոր բառերու մասին: Ամէն տարի վերստին
հրատարակուող «Լարուս» բառարանին մէջ մուտք կը գործեն անոնք: Ո՛չ Կիրակոսը, ո՛չ
Փիթըրը, ո՛չ Աշխէնը ո՛չ ալ Փաթրիսիան կ’որոշեն այդ «ներածումները», քանի որ ազգը կը
ղեկավարուի, նաեւ ղեկավարութիւնները եւ մտաւորականութիւնը խստաբիբ կը հսկեն…
որակին:
Մինչեւ ե՞րբ ճահիճին մէջ պիտի շարունակենք քայլարշաւ ընել… Եւ ի՞նչ պիտի մնայ
ազգէն, մանաւանդ` ի՞նչ պիտի կտակենք մեր յետնորդներուն, որպէսզի ինքնութիւն
պահեն:
Պճեղ մը… խիղճ պէտք է ունենալ, հայո՛ւ խիղճ, Նարդունիի «ոսկեղնիկ»-ին տէր մնալու
համար:
Սովորութիւն է, անուն եւ հասցէ չենք ճշդեր` քիչ մը վախնալով հալածանքէ, քիչ մըն
ալ տուրք տալով կողմնապաշտութիւններու:
Եւ մասնակից ու մեղսակից կ’ըլլանք խուճապային նահանջին: Եւ այդ ընելով` ի՞նչ կը
կարծէք, որ կը փրկենք, պիտի յաջողինք փրկել:
Եւ քանի որ շատ կը սիրենք հաշիւ եւ հաշուապահութիւն, ինչո՞ւ հաշուեկշիռ մը չենք
ըներ` տեսնելու համար, թէ ի՞նչ փրկած ենք եւ` ի՞նչ կորսնցուցած:
Կամ` ի՞նչ կ’ուզենք փրկել, ո՞ւր հասնելու համար:
Օտարո՞ւմն է չափանիշը, որ հայուն կարապի երգը պիտի ըլլայ:
«Ազդակ», Սեպտեմբեր 18, 2012
No comments:
Post a Comment