August 31, 2012

Մետալին միւս երեսը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
 
Մեր մամուլին մէջ 6 Օգոստոսին լոյս տեսաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան մէկ հաղորդագրութիւնը, որ վստահաբար գոհունակութիւն ու բերկրանք տարածեց ընթերցողին հոգիին մէջ, մանաւանդ անոնց, որոնք մտահոգ են հայերէնին պահպանումով ու զարգացումով:
Հաղորդագրութիւնը կ՛ըսէ, թէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ պետական համալսարանին հետ գործակցաբար, Համազգայինը ճամբայ կը հանէ հայերէնի ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր մը, որ կ՛առաջադրէ սփիւռքեան մեր վարժարաններուն կարիքները բաւարարել: Հաղորդագրութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ մեր լեզուին ապրած նահանջը եւ նման ծրագիրի մը կենսական կարեւորութիւնը` ստեղծուած տագնապը դարմանելու առումով:
Համազգայինի այս նախաձեռնութիւնը կարելի է միայն ողջունե՛լ եւ մաղթել, որ ծառայէ յայտարարուած նպատակին, չմատնուի խոչընդոտներու կամ արգելակումներու: Պէտք է անմիջապէս արձանագրել, որ սա Համազգայինին համար աննախընթաց նախաձեռնութիւն չէ, նոյն կամքով ու տրամադրութեամբ էր որ տասնամեակներ առաջ ճամբայ հանուած էր Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը (Պէյրութ, Լիբանան), որ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, նաեւ սերտ գործակցութիւն ստեղծեց Հայաստանի պետական համալսարանին հետ, Պէյրութ հրաւիրեց հայրենի դասախօսներ, իր շրջանաւարտները Հայաստան ղրկեց լրացուցիչ ուսման ու բարձրագոյն վկայականներու հասցնելու նպատակով: Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի նպատակներէն մէկն ալ` հայոց լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի ուսուցիչներ պատրաստել էր, եւ մեծապէս արդարացուց իր նպատակը:
Այս բոլորը` մետալին այն երեսներն են, որոնք պատմութեան մէջ արձանագրուեցան փայլուն տողերով:
Մետալին միւս երե՞սը…: Պէտք է արձանագրել ա՛յդ մէկն ալ, ո՛չ թէ եփուելու պատրաստուող ճաշին պաղ ջուր խառնելու մօտեցումով, այլ մօտիկ անցեալի անբարենպաստ փորձառութիւններէն խուսափելու, անոնց կրկնութիւնը կանխարգիլելու տրամադրութեամբ: Այդ երեսը կը վերաբերի պատրաստուած ուսուցիչներուն հանդէպ երբեմն անբարեհաճ տրամադրութիւններուն ու անոնց հետ ըստ արժանւոյն չվերաբերելու իրականութեան:
Ինչի՞ մասին է խօսքը:
Ըսած ենք ու կրկնած, թէ մեր վարժարաններուն կարիքները շատ աւելի են, քան հայագիտական ուսումնարաններէն վկայուող եւ ուսուցչութեան պատրաստուողներուն թիւը (նկատի ունինք հայագիտական ուսմանց բարձրագոյն բոլոր հաստատութիւնները Սփիւռքի տարածքին, Հալէպ, Պէյրութ եւ այլուր): Ըսած ենք ու կրկնած, թէ հայերէնով աւանդուող դասանիւթերը լիարժէքօրէն ուսուցանող ուսուցիչները պէտք չէ հիասթափութեան մատնել, այլ զանոնք աշխատանքի հրաւիրել այն ոգիով ու կամքով, որոնք կը յատկանշեն այս ասպարէզին նուիրեալները: Սակայն խօսքն ու կիրարկումը յաճախ ընթացած են տարբեր, ոչ զուգահեռ, այլ մինչեւ անգամ հակոտնեայ գիծերու վրայ: Հայերէնով աւանդուող դասանիւթերու ատակ եւ յաջողակ ուսուցիչներ ո՛չ միայն չեն գտած նիւթական տրամաբանական վարձատրութիւն, ինչպէս որ կ՛արժեւորուին ու կը գնահատուին, եւ` արդարօրէն, այլ դասանիւթերու ուսուցիչներ, այլ նաեւ ենթարկուած են ու ցայսօր կ՛ենթարկուին հոգեկան ճնշումի, անբարեխիղճ վերաբերմունքի, կը ստեղծուին կացութիւններ, ուր հիասթափուած եւ յուսաբեկ հայերէնի ուսուցիչներ կը հեռանան կրթական ասպարէզէն, տանելի ապրուստի պայմաններ ունենալու համար կը դիմեն այլ ասպարէզներու: Խօսքով կը յայտարարենք, որ մեր վարժարաններուն գլխաւորագոյն նպատակը` հայեցի կրթութիւնն է, սակայն գործի կը հրաւիրուին, ոչ հազուադէպօրէն, այնպիսի ուսուցիչներ, որոնց մասին առնուազն կարելի է ըսել, թէ այս մարզին ատակ անձեր չեն, թէեւ կրնան ուսուցիչի կոչում ունենալ, ասպարէզին նուիրեալներ ըլլալ (չենք ուզեր ստորագնահատել ոեւէ ուսուցիչ. մեր խօսքը հայերէն դասանիւթ աւանդող ատակ ուսուցիչի մասին է): Կ՚արժէ հաւանաբար հարց տալ, թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար ծնողներուն եւ հանրութեան կարծիքը, եթէ, օրինակի համար, պատմութեան մասնագէտի մը վստահուէր բնագիտութեան կամ կենսաբանութեան ուսուցումը, մինչդեռ ոչ մէկ հարցադրում կը կատարուի, երբ հայերէն դասանիւթերուն քիչ ծանօթ ուսուցիչի մը կը վստահուի այս նիւթը:
Համազգայինի այս նախաձեռնութեան յաջողութեան ու արդիւնաւորման համար, կենսական ու հրամայական նախապայման մը կայ, զոր պէտք է հաշուի առնել այսօ՛ր իսկ: Անոր համար, պէտք է բազկատարած պատրաստ ըլլալ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ հրաւէրին, որ քանի մը բառով տեղ գտած էր հաղորդագրութեան մէջ: Առանց սպասուած գործակցութեան, որակաւոր ու նիւթին քաջածանօթ ուսուցիչներու պատրաստութիւնը պիտի ամբողջացնէ մետալին դրական երեսը, սակայն դուռը լայն պիտի բանայ միւս` մոռցուած երեսին առջեւ: Այլ խօսքով, գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ բազմակողմանի, բոլոր պատասխանատուներուն մակարդակին վրայ` ընդառաջելով այս նախաձեռնութեան տառին ու ոգիին:
Հայերէնի ուսուցիչը երբեք ալ փառքի կամ հարստանալու տրամաբանութեամբ չէ մօտեցած իր ասպարէզին: Ատիկա չի նշանակեր, որ զայն պէտք է բռնադատել ու հեռու պահել ապրուստի բնական պայմաններէն` այս կամ այն պատրուակով, կամ` զայն ծանրաբեռնել դասապահերով եւ զլանալ արդար վարձատրութիւն:
Ուսուցիչը, բոլոր ժողովուրդներուն կեանքին մէջ, նա՛եւ` մեր կեանքին, արժանացած է ու այսօր ալ արժանի է երախտիքի:
Հայերէնի ուսուցիչը` կրկնակի՛օրէն, յատկապէս Սփիւռքի մէջ:
Պէտք է համատարած դարձնել այս գիտակցութիւնն ու մշակոյթը:
Պէտք է փայլեցնենք մետալին մոռցուած երեսն ալ:
 
«Ազդակ», Օգոստոս 10, 2012 

No comments:

Post a Comment