Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Վերամուտ է դարձեալ:
Հայ դպրոցը տուաւ դասարան մուտքի առաջին զանգը, եւ հայ դպրոցին հաւատացող
ծնողներու հարիւրաւոր աշակերտներ հաստատ քայլերով մուտք գործեցին իրենց
վարժարանները` յաւելեալ ուսում ստանալու եւ իրենց աշխատանքով ապագայ կերտելու
համար:
Հայ ուսուցիչը վերագտաւ իր աշակերտները, որոնց «բարի լոյսով» վերակենդանացուց իր
աշխուժութիւնը, կորովը եւ իր գիտութիւնն ու հայկականութիւնը հայ աշակերտին
«մարդակերտումին» ի սպաս դնելու պատրաստակամութիւնը:
Հետզհետէ անապատացող մեր կեանքին մէջ, վերամուտը, առաջին զանգը, հայ ծնողքը, հայ
աշակերտն ու հայ ուսուցիչը բնականաբար կը կազմեն յուսատու այն ովասիսը, որ
տասնամեակներ շարունակ ծլարձակած է, սերունդներ պատրաստած ու վերածուած մեր
ժողովուրդի գոյատեւման կռուանին:
Ա՛յս, մետալին մէկ երեսն է:
Ուրախացնող, ապագային նկատմամբ հաւատք ամրացնող երեսն է անկասկած: