September 20, 2011

Մտորումներ Հայ Մանուկի Տարուան առիթով

Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ  2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակումէն ասդին, հայկական տարբեր գաղութներու մէջ կը կազմակերպուին զանազան ձեռնարկներ, ըլլան անոնք դասախօսական շարքեր, հանդիսութիւններ, խրախճանքներ, մրցոյթներ, տօնախմբումներ, եւայլն, հանդիսաւորապէս անդրադառնալու տարուան խորհուրդին ու անգամ մը եւս շեշտելու հայ մանուկին քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։
Սակայն, Վեհափառ Հօր կոնդակի ուշադիր ընթերցումէն ետք, կ՚անդրադառնանք, որ անոր մտահոգութիւններն ու թելադրանքները շատ աւելին ու անդին են տարուան մը ընթացքին իրականանալիք ձեռնարկներէն ու կը վերաբերին հայ մանուկին քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ ազգային արժանապատուութեան ի նպաստ՝ հայ ժողովուրդի զաւակներուն, անհատական եւ հաւաքական, շարունակական ճիգին եւ պատասխանատուութեան։
Թէ ինչո՞ւ հայ մանուկին դաստաիարակութեան առանցքը դարձնել քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը։ Այս մասին շատ խօսուած եւ գրուած է։  Մեր տատամսումները սակայն, թէ՛ որպէս ծնողք եւ թէ՛ որպէս դաստիարակ, կը կայանան ո՛չ թէ «ինչո՞ւ»ին, այլ՝ «ինչպէ՞ս» զանոնք իրականացնելուն մէջ։ Ուստի, մեկնելով այն իրողութենէն, որ Սփիւռքի հայկական գաղութներուն մէջ մանուկին հայկական ինքնութիւնը հաստատող եւ ազգային արժանապատւութիւն փոխանցող հիմնական եւ կարեւորագոյն միջոցներէն մէկը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու անոր որպէս հետեւանք պահանջատիրութեան ոգին է, պիտի անդրադառնամ զայն փոխանցելու մանկավարժական կարգ մը սկզբունքներուն, որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցի առաւելագոյն չափով այս թեման է, որ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ կը շահագործուի հայ մանուկներուն փոխանցելու իրենց ինքնութեան հարցերուն պատասխանը։ Եւ հակառակ անոր որ մանկավարժները եւ հոգեբանները յաճախ կ՚իյնան ծայրայեղութիւններու մէջ, մէկ կողմէն բոլորովին դէմ կենալով ցեղասպանութեան եւ անոր որպէս հետեւանք աղէտը ներկայացնելուն, իսկ միւս կողմէն պաշտպանելով զայն փոքրերուն ներկայացնելու տեսակէտը, աղէտէն վերապրած ժողովուրդներու մօտ, ցեղասպանութեան թեմայի փոխանցումը  կը մնայ անխուսափելի անհրաժեշտութիւն։
Ցեղասպանութեան ուսուցումը՝ հայ ժողովուրդի «սեւ ճակատագիրը»
կամ թուրքերու վայրագութիւնը ներկայացնելէ անդին
Յաճախ կը խորհինք, թէ ինչքա՜ն դժուար է երեխաներուն եւ պատանիներուն փոխանցել Ցեղասպանութեան արհաւիրքի տարողութիւնը։ Հաւանաբար ողբերգութիւնը չկարենալ փոխանցելու վախն է որ կը մղէ մեզ, որպէսզի անտեսենք երեխաներուն եւ պատանիներուն փխրուն ներաշխարհն ու անմեղութիւնը եւ դիմենք Եղեռնի լուսապատկերներու եւ յաճախ ալ ժապաւէններու օգտագործմամբ զանոնք «ցնցելու», ինչ որ ամբողջովին հակառակ է մանկավարժական սկզբունքներու եւ հիմնական պատճառն է խաթարելու անոնց մտածելու կարողութիւնը։
Նոյնն է նաեւ հրեաներու պարագան։ Սակայն, Հրէական ողջակէզը (Holocaust) ճիշդ ձեւով փոխանցելու միջոցները որոնող մասնագէտները կը պնդեն այսօր, որ աղէտը կարելի է մատղաշ սերունդին ներկայացնել՝ ո՛չ թէ զոհերու թիւի շեշտումով, կամ դար մը առաջ անծանօթ վայրերու մէջ հաւաքականութեան մը պատահած զարհուրելի ողբերգութեան ներկայացումով, այլ՝ իւրաքանչիւր երեխայի տարիքին համաձայն, աղէտը ապրած, կամ աղէտի հետեւանքները կրած անհատներու «անձնական» եւ «մասնայատուկ» պատմութիւնները փոխանցելով։
Օրինակ՝ հրէական միջնակարգ վարժարաններու մէջ յաճախ պատմական իրողութիւններու փոխանցման զուգահեռ, կ՚օգտագործուի Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի ընթացքին, նացիներու կողմէ հալածուած, զանազան թաքստոցներու մէջ ապաստան գտած ու ողբերգական մահով կեանքէն հեռացած, 15-ամեայ պատանիի մը կեանքը ներկայացնող՝ «The diary of Anne Frank»ը, որպէսզի աշակերտները իրենց մակարդակին համաձայն, իրենց սորված պատմական իրողութիւններէն մեկնած, վերլուծեն եւ հասկնան թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատահեցաւ իրենց նման պատանիի մը՝ Anne Frank-ին։                                                                                                                                                                                                                  
Ցեղասպանութեան ուսուցումը՝
երեխաներուն մէջ արթնցնելու ընկերային արդարութեան պահանջատիրութիւն
Նախ քան երեխաներուն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմենք, շատ յաճախ կը մոռնանք թէ որքան կարեւոր է  ոչ թէ յուզիչ եւ ողբերգական, այլ՝ մարդկային իրաւական տեսանկիւնէն երեխաներուն փոխանցելու՝ մարդու իրաւունքներու,  ազատութեան, համագործակցութեան, արդարութեան հիմնական արժէքները, ու բացատրելու թէ ի՞նչ է կորուստը եւ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պէտք է հաշտուիլ կորուստին հետ։
Երեխան կամ պատանին նախ պէտք է հասկնայ թէ ի՞նչ կը նշանակէ համագործակցութիւն, ազնուութիւն, բարեկամութիւն, փոխադարձ յարգանք, փոքրամասնութիւններու  ազատութիւն, քաջութիւն, արդարութիւն, կորուստ, ինքնապաշտպանութիւն, վերապրում, որպէսզի թուրք ժողովուրդին դէմ միմիայն ատելութեամբ չներարկուի ու չիյնայ ողբերգութեան զոհի դերին մէջ։ Երեխան պէտք չէ փոքր եւ տկար ազգ ըլլալու ստորադասութեան բարդոյթէն տառապելով, դիմէ հոգեբանական ինքնապաշտպանութեան որպէս հետեւանք անտարբերութեան, այլ դառնայ 21-րդ դարուն գերիշխող՝ մարդկային իրաւանց եւ իր ազգին արդարութեան ջատագովն ու մարտիկը։
Այս պատասխանատուութիւնը ոչ միայն դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու ուսերուն վրայ կ՚իյնայ, այլ նաեւ ծնողներուն եւ մեծ ծնողներուն, որոնց խնամքին ենթակայ երեխան, սպունգի նման կը ներծծէ անոնց կենցաղին ու արժէքներուն ամբողջ համակարգը եւ կ՚իւրացնէ անոնց ընկերային արդարութեան վերաբերեալ սկզբունքները։
Մանկական գրականութեան օգտագործումը՝
ի նպաստ ինքնութեան հարցերու լուծման
Ինչպէս վերը նշեցի, Ցեղասպանութեան ու անոր որպէս հետեւանք պահանջատիրութեան հետ առնչուած անձնական պատմութիւններու ներկայացումը, մեծապէս կը նպաստեն աղէտը փոխանցելու պատանի սերունդին։ Անոնք կը մղեն զանոնք, որպէսզի վերլուծումներ կատարեն եւ հարցերը դիտեն ո՛չ միայն քինախնդրութեան ակնոցով, այլ՝ մարդկային իրաւանց եւ ընկերային արդարութեանց տեսանկիւնէն, անշուշտ եթէ անոնք նախապէս փոխանցուած ու մաս կազմած են պատանիին դաստիարակութեան։
Ուստի, մանկավարժական այս մօտեցումը, անհրաժեշտութեան առջեւ կը դնէ մեզ, առաւելագոյն չափով օգտագործելու նման հրատարակութիւններ։ Սակայն, մեր  պարագային դժբախտութիւնը այն է, որ շատ  քիչ են, կամ ընդհանրապէս գոյութիւն չունին հայերէնով գրուած եւ արդիական տպագրութեան արժանացած մանկական գրականութեան գոհարներ, թէեւ վերջին տարիներուն կը հանդիպինք այս թեմային շուրջ եւ յատկապէս հայկական ցեղասպանութեան ու ցեղասպանութենէն ետք վերապրած երրորդ սերունդի գրողներու կողմէ օտարալեզու հրատարակութիւններու։
Կ՚արժէ այստեղ նշել, 2010 թուականին, ՀՕՄ-ի Ֆրանսայի Շրջանային Վարչութեան օժանդակութեամբ, Անի Յակոբեանի եւ Ալֆրետի հեղինակած «Le Trou» գիրքը, ուր պատմողը, երրորդ-չորրորդ սերունդի ֆրանսահայ մանչուկ մը,  գրքոյկի երկայնքին՝ գլուխ-գլխի իր երիտասարդ մօրը հետ, կը յիշէ «հեռու տեղէ» եկած իր մեծ հայրը, կայտառ, կատակաբան մարդ, եւ ֆրանսուհի մեծ մայրը: Սակայն անցագրային գրասենեակի մը մէջ մօր եւ մանչուկին ապրած մէկ պահը, պաշտօնեայ ֆրանսուհիի մը բթամիտ դիտողութիւնը մեծ հօր «օտար» ծագումին մասին, երիտասարդ կինը ետ կը մղէ ու  «լիիրաւ քաղաքացիի յատուկ արժանաւորութեամբ»  իր մէջ կը  բանայ ծածուկ վէրք մը՝ իր հօր եւ անոր սերունդէն ժառանգուած։ Պատումը անշուշտ կը կեդրոնանայ այդ վէրքին անբուժելիութեան եւ աւանդին փոխանցման վրայ
Նոյնքան հետաքրքրական է Marsha Skrpuch-ի «Aram's choice»ը, որ կը պատմէ Ճորճթաուն հաստատուած պատանիի մը արկածախնդրութիւնները, միաժամանակ պատանի ընթերցողին առջեւ բանալով աղէտ տեսած ժողովուրդի մը զաւակներուն դժուարութիւնները եւ օտար ափերու վրայ կեանքին վերադառնալու ունակութիւնը։
Հայերէն լեզուով նման հրատարակութիւններու չգոյութիւնը հաւաքապէս մեզ կը դնէ անշրջանցելի անհրաժեշտութեան մը դիմաց։ Արհեստավարժ պատկերազարդումով հարուստ, ինքնուրոյն, պատանիին  հոգեբանութեան հարազատ, հայերէնով գրուած մանկական եւ պատանեկան գիրքերու պակասը կը դժուարացնէ ինքնութեան փոխանցման եւ Ցեղասպանութեան պատումի հարցը։
Ուրեմն ի՞նչ ընել...
Դժուար չէ պատասխանը։ Կամ թարգմանել եւ կամ ալ նիւթական միջոցներ յատկացնել նման ծրագրեր մշակելու եւ իրականացնելու  համար։
Ահաւասիկ «Հայ մանուկի տարուան» առիթով նոր մարտահրաւէր մը մեր բոլոր մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն համար։
ՍՈՆԻԱ ՔԻԼԷՃԵԱՆ-ԱՃԷՄԵԱՆ
«Հորիզոն»

No comments:

Post a Comment