September 26, 2011

Գերազանց զաւակ, Ալզհայմըր եւ հայերէն լեզու

Անգլիական «Կարտիըն» թերթը 18 Փետրուար 2011-ին գիտական կարեւոր յօդուած մը տպագրած էր երկլեզու անձերու մտային կարողութիւններուն մասին (1): Երկու տարբեր ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ գրուած այդ յօդուածը կը յանգի այն եզրակացութեան` թէ այն անձերը որոնք երկրորդ լեզու մը գիտեն եւ զայն կանոնաւորապէս կը գործածեն, կը զարգացնեն իրենգ մտային կարողութիւնները եւ կը յետաձգեն սկիզբը մտային կարողութեան անկումի ընթացքին: Այդ ուսումնասիրութիւնները կը մատնանշեն թէ երկլեզու անձինք հեռու կը պահեն ալզհայմըր հիւանդութիւնը, միջին չափով չորս տարի աւելի քան՝ միալեզու անձեր:

Աւելին՝ ուսումնասիրութիւնները կը յանգին նաեւ այն եզրակացութեան թէ այդ մանուկները որոնք կանոնաւորապէս երկու լեզուներ կը գործածեն, աւելի յաջող կ'ըլլան գործողութիւններու առաջնահերթութիւնը համադրելու (prioritising tasks) եւ բազմագործողութիւններու (multitasking) մէջ:
Ուսումնասիրողներէն մին, Թորոնթոյի Եորք համալսարանի դասախօսուհի Էլէն Պիյալիսթօքը ըսած է. «Երկլեզու ըլլալը որոշ իմացական օգուտներ ունի եւ կը բարձրացնէ ուղեղին կարողութիւնը, մանաւանդ անոր ամենակարեւոր կեդրոններէն եղող՝ գործնական կառավարման համակարգը: Գիտենք թէ այս համակարգը կը նահանջէ տարիքի հետ, բայց գտանք թէ կեանքի բոլոր փուլերուն մէջ ալ ան աւելի լաւ կը գործէ երկլեզուներու մօտ»: Ան աւելցուցած է թէ երկու լեզուներ փոխնիփոխ գործածելը կը թուի թէ կը խրախուսէ որ ուղեղը շինէ իմացական պահեստ:
Ուսումնասիրութիւնները ապացուցած են թէ ամենամեծ ազդեցութիւնը գտնուած է այն անձերուն մօտ որոնք ամէն օր երկու լեզու կը խօսին: Նոյնիսկ սկզբնական արդիւնքներ ցոյց կու տան թէ երկլեզու ըլլալը ոչ թէ միայն իմացական կարողութեան վրայ կ'ազդէ, այլ նոյնիսկ՝ ուղեղի չափին վրայ:
Երկրորդ ուսումնասիրութիւնը կատարողը՝ Փենսիլվենիա Սթէյթ համալսարանէն Ճիւտիթ Քրօլը ըսած է. «Աւանդական կարծիքը կ'ըսէր թէ երկլեզու ըլլալը շփոթմունք կը պատճառէ, մանաւանդ մանուկներու մօտ: Համոզմունքը այն էր թէ երկու կամ աւելի լեզուներ խօսող անձեր դժուարութիւն պիտի ունենան բոլորին մէջ: Սակայն նորագոյն եզրակացութիւնը այն է թէ երկլեզու ըլլալը լաւ եւ օգտակար է ձեզի համար»:
Վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնները յօդս կը ցնդեցնեն որոշ հայ ծնողներու պատճառաբանութիւնը՝ թէ հայերէն լեզու սորվեցնելը եւ հայկական դպրոց ղրկելը կը ծանրաբեռնեն իրենց զաւակը, առանց գործնական ձեռքբերումներ ստանալու: Ուրեմն ոչ թէ միայն հայերէն սորվիլը չի խանգարեր հայ մանուկներու եւ պատանիներու յառաջդիմումին, այլ նոյնիսկ կը նպաստէ անոնց գերազանց մտային կարողութիւններ ունենալուն եւ պահելուն:
Հայ դպրոցի գոյատեւման համար պայքարող կազմակերպութիւններուն ու անհատներուն համար սոյն ուսումնասիրութիւնները քարոզչական հոյակապ զինամթերք կ'ընձեռեն: Կարելի է նախաձեռնել ուսումնասիրութիւններ, բաղդատելու համար հայկական վարժարան յաճախած եւ այլ վարժարաններ յաճախած ուսանողներու մտային կարողութիւնները:
Մեր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին մեր ճակատագիրը եղած է գոյակցիլ ուրիշ ժողովուրդներու հետ, հետեւաբար մայրենիին կողքին խօսիլ անոնց լեզուներն ալ: Բոլորս լսած ենք օտարներ՝ որոնք կ'ըսեն թէ հայ ազգը խելացի ժողովուրդ մըն է, բան մը որ թերեւս երբեմն մեզի իբր հաճոյախօսութիւն կ'ըսուի, բայց երբեմն ալ անկեղծ համոզմունքով: Արդեօ՞ք վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնները գտած են այդ համոզմունքին պատճառը:
ՍԵՒԱԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
«Նոր Յառաջ»
1 http://www.guardian.co.uk/science/2011/feb/18/bilingual-alzheimers-brain-power-multitasking

No comments:

Post a Comment