September 15, 2011

Ուսուցչական միօրեայ սեմինար Նիւ Եորքի մէջ

Հոկտեմբեր 1, 2011ին, առաւօտեան 10:15էն մինչեւ կէսօրէ ետք 4:30, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը կը կազմակերպէ ուսուցչական միօրեայ սեմինար մը Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, Նիւ Եորք։ Սեմինարը պիտի անդրադառնայ մեր դպրոցներու կրթական աշխատանքին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն ու կարիքներուն։ Զեկույցներ պիտի ներկայացնեն դոկտ. Արսինէ Օշական (Ֆիլատելֆիա) եւ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան՝ Ուս. Խորհուրդի վարիչ տնօրէն։ Սեմինարը  առիթ մըն է բոլոր դպրոցներուն՝ քով-քովի գալու եւ խորհրդածելու հայեցի դաստիարակութեան իւրայատկութիւններուն շուրջ։ Բոլոր դպրոցները՝ Ուս. Խորհուրդի իրաւասութեան տակ գտնուին թէ ոչ, հրաւիրուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու։ 
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեան համար, հաճեցէք հեռաձայնել Ուս. Խորհուրդի գրասենեակին՝  212-689-7231/212-689-7810 թիւերուն, կամ գրել anec@armenianprelacy.org հասցէին։

No comments:

Post a Comment