Ապրիլ 29ին, Հայաստանի Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ամերիկահայ պատմաբան Ռուբինա Փիրումեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» մեթոտական ելեկտրոնային ձեռնարկին ներկայացումը։
Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան նշեց, թէ այս աշխատանքը իրեն ծանօթ եղած է՝ ձեռագիր տարբերակով:
Ցաւ յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ տակաւին ընկալուած չէ, թէ ի՞նչ է ցեղասպանութեան կրթութիւնը, Դեմոյեան նշեց, որ խնդիրը հասարակութեան ճիշդ ընկալել տալու երեւոյթն է։ Ռ. Փիրումեան, անոր կարծիքով, այս հարցին ռահվիրաներէն է եւ կատարուածը մեծ աշխատանք է: Ըստ Դեմոյեանի, պէտք է խոր, բայց նաեւ ճիշդ մանկավարժական մօտեցում ըլլայ այս հարցով, քանի որ երբեմն կը թուի, թէ որքա՛ն դաժան ներկայացուի, այնքա՛ն վառ պիտի ըլլայ պատկերը:
Դեմոյեանի խօսքով, պէտք է հասկնալ, որ երեխան փխրուն է, ուստի շատ կարեւոր է այս մեթոտաբանութիւնը՝ ինչպէ՞ս կարելի է երեխային փոքր տարիքէն ծանօթացնել իրականութեան. երեխան կրնայ հարցումներ տալ, նոյնիսկ՝ շատ փոքր տարիքին, որոնց պէտք է պատրաստ ըլլալ պատասխանելու:
«Ինչո՞ւ սկսայ այս աշխատանքին՝ տարիներ առաջ. մտահոգութիւնս այն էր, որ սոսկալի տեսարաններով չընկճենք փոքր՝ 4-5 տարեկան երեխաներուն դեռ նոր ձեւաւորուող հոգեբանութիւնը, կամ ոչինչ չըսենք ու անտեղեակութեան մատնենք մեր երիտասարդութիւնը», նշեց Փիրումեան: Ան կարեւոր համարեց պահանջատիրութեան գաղափարի հաստատումը մեր երիտասարդութեան մէջ:

No comments:
Post a Comment