May 12, 2011

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ստորագրահաւաք

Անցեալ տարի, արեւմտահայերէնը ընդգրկուեցաւ ՈՒՆԵՍՔՕյի վտանգուած լեզուներու ցանկին մէջ։ Անոր պաշտպանութեան ի նպաստ ստորագրահաւաք մը սկսած է, որուն ծանօթանալու եւ միանալու համար անհրաժեշտ է այցելել www.arevmdahayeren.info կայքէջը։

Ստորագրահաւաքին բացատրականը կ՚ըսէ.
«Որեւէ լեզու մարդկային տիեզերական արժէքներ է՝ ընդգրկուած Մարդկանց Իրաւունքներու հանգանակին մէջ:
Արեւմտահայերէնը արագօրէն բնաջնջուելու վտանգին ենթարկուած է
որպէս խօսուող կենդանի լեզու: Պէտք ունի ան՝ յոյժ ազդեցիկ պաշտպանութեան:
Ատիկա դժուար եւ բազմայօդ (complex) գործ մըն է, որուն կարելի է ձեռնարկել՝ միայն բազմակողմանի մօտեցումներով:
Այս պաշտպանութիւնը կարելի է իրագործել, այլ միջոցներու կարգին, լեզուներու եւ մշակոյթներու պաշտպանութեան առնչեալ միջազգային կազմակերպութիւններով:
Անոնց է որ պիտի ներկայացուին դիմումնագրերը, հաւաքուած ստորագրութիւններուն ցանկով»:

No comments:

Post a Comment