Դալար Շահինեան կը դասախօսէ Cal State Long Beach համալսարանի համեմատական գրականութեան բաժանմունքին մէջ։ Իր անգլերէն գրութիւնը լոյս տեսած էր անցեալ տարի հայ մամուլին մէջ։ Պետօ Տեմիրճեանի կատարած հայերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է Tert.am կայքէջի Մայիս 25ի թողարկումին մէջ։ Այս շահեկան յօդուածը (լրիւ վերնագիրն է՝ «Արեւմտահայերէնը կորստեան շեմին. ԵՈՒՆԵՍՔՕյի ճանաչումը եւ աքսորեալ լեզուի գրականութեան հարցը») ամբողջութեամբ կու տանք՝ որոշ խմբագրութեան ենթարկելէ ետք։ Յետգրութեան մէջ, թարգմանիչը կը մատնանշէ.
«Հետաքրքրական է, որ այս գրութիւնը՝ արեւմտահայերէն լեզուին կենսունակութեան սպառնալիքին մասին, ցարդ տեղ չէ գտած արեւմտահայերէն մամուլի մէջ. բնագիրը անգլերէն է, թարգմանաբար տեսնելով ֆրանսալեզու եւ արեւելահայերէն լրատուական միջոցներու մէջ, որոշեցի ես ինքս թարգմանել, յուսալով որ արեւմտահայերէն մամուլի մէջ պիտի հրատարակուի։ . . . Կը մաղթեմ, որ այս աշխատանքը խնդիրի քննարկման սկիզբ մը ըլլայ»։