January 18, 2011

«Փթիթ» մանկական պարբերականը / "Ptit": A Children Periodical

Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութը (books@armenianprelacy.org) ստացած է Լիբանան հրատարակուող «Փթիթ» մանկապատանեկան պարբերաթերթին թիւ 0-էն եւ 1-էն օրինակներ։ Գունաւոր այս պարբերաթերթը (24-էն 32 էջ) կը պարունակէ բազմաթիւ հէքեաթներ, թուաբանական եւ լեզուական խաղեր։ Մտայղացումը կը պատկանի Վերժին Աբրահամեանին, համակարգչային ձեւաւորումը՝ Անի Մսրլեանին, իսկ կողքը՝ Սմբատ Ղազելեանին։ Խմբագրական ներածականին մէջ գրուած է ի միջի այլոց.

«Սիրելի փոքրիկներ,
Այս պարբերաթերթը կը նպատակադրէ ձեզի համար հաճելի ժամանց պարգեւել եւ միաժամանակ նպաստել ձեր հայերէն լեզուի եւ տրամաբանութեան բարելաւման։
. . . Թէ ինչո՞ւ Փթիթ անուանումը։ Կը փափաքինք նշել թէ փթիթ զուտ հայկական բառ մըն է եւ կը նշանակէ ծաղկում։ Նկատի ունենալով թէ այս պարբերաթերթին գաղափարը կեանք առած կամ ծաղկած է հայ փոքրիկներուն հաճելի եւ ուսանելի ժամանց պարգեւելու փափաքէն, առանց շահադիտական նպատակ հետապնդելու, յարմար նկատեցինք որդեգրել փթիթ անունը եւ կը յուսանք որ կ՚արժանանայ նաեւ ձեր հաւանութեան»։
Պարբերաթերթը կրնայ լաւ օժանդակ մը ըլլալ դասարանային աշխատանքներու համար։

The Prelacy Bookstore (books@armenianprelacy.org) has received issues 0 and 1 of a new children’s magazine, «Փթիթ» (Blossom), published in Lebanon. The full color magazine (24 to 32 pages) contains stories, math games and language games. Verjin Aprahamian is the editor, with help from Ani Messerlian (layout) and Sempad Ghazelian (cover layout). As stated in the editorial note, “this periodical is aimed at giving you a pleasant pastime and contribute to the improvement of your Armenian language and reasoning.”
The magazine may be a good auxiliary source for classroom activities.

No comments:

Post a Comment