January 24, 2011

Արամ Ա. Վեհափառ 2011 թուականը կը հռչակէ Հայ Մանուկի Տարի

Տարուան սկիզբը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. հրապարակեց Հայրապետական Գիր մը՝ 2011 թուականը հռչակելով որպէս Հայ Մանուկի Տարի։ Իր պատգամին ներածականով ընդհանուր ակնարկ մը նետելէ ետք մանուկին ներկայութեան Աստուածաշունչին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ամփոփ գիծերով կը պարզէ մանուկին նկատմամբ ներկայ ընկերութեան մօտեցումը։ Ան ի մասնաւորի կը խօսի մերօրեայ մանուկներու վտանգուած վիճակին եւ ՄԱԿի ենթաբաժանմունքներէն UNICEFի կատարած դերին մասին։
«Երբ դպրոցի մասին յաճախակի առիթներով կ՚անդրադառնանք, միշտ կը յիշեցնենք մեր կրթական պատասխանատուներուն թէ՝ հայ դպրոցին կոչումը սոսկ ծանօթութիւն փոխանցել չէ, գիտութիւն ջամբել չէ, այլ հայ մանուկին հոգեւոր ու բարոյական կրթութիւնն է։ Հո՛ս է հայ դպրոցին գոյութեան պատճառը, անոր նպատակը։ Մեր ժողովուրդին համար հայ դպրոցը է՛ եւ կը մնայ, ընտանիքի ու եկեղեցւոյ կողքին, վաղուան հայ մարդը քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ շաղախելու կոչուած սրբազան առաքելութիւն։ Արդ, ընդունելի չէ, բոլոր պայմաններուն մէջ, ո՛եւէ նահանջ կամ զիջում այս ուղղութեամբ։
Հայ ուսուցչին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է հայ մանուկին դաստիարակութիւնը։ Ուսուցիչը հայ մանուկին երկրորդ ծնողքն է։ Մանկապարտէզի փոքր դասարաններէն սկսեալ մանուկը իր ծնողքին կողքին իր դիմաց կը տեսնէ իր ուսուցչուհին եւ կը հետեւի անոր՝ եւ նո՛յնիսկ անոր խօսելակերպին ու շարժումներուն։ Արդ, ուսուցչուհին տիպարն է մանուկին։ Անոր դերը մանուկի դաստիարակութեան մէջ այնքան ազդեցիկ է, որ երբ մանուկը մեծնայ, նոյնիսկ իր յառաջացեալ տարիքին մէջ չի մոռնար դպրոցի իր ուսուցչուհիները։
Հայ դպրոցին ցուցաբերած հոգածու խնամքվ հայ մանուկին նկատմամբ, Մենք բարձրօրէն կը գնահատենք։ Սակայն կը սպասենք աւելի՛ն։ Քաջ գիտենք, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ մանուկը կրթելը դիւրին չէ. սա լուրջ մարտահրաւէր մըն է։ Հայ մանուկին անմիջական միջավայրը այնքա՜ն լեցուն է ախտավարակ երեւոյթներով, երբեմն անոր աչքերուն դիմաց կը պարզուին  այնպիսի տեսարաններ ու ականջներուն կը հասնին այնպիսի արտայայտութիւններ, որոնք մանուկին նման սպունգի նման ծծուելով՝ իրենց ժխտական հետեւանքները կ՚ունենան անոր նկարագրի կազմաւորման մէջ։ Հետեւաբար, չի՛ բաւեր միայն մանկավարժական նոր մեթոտներու դիմել կամ միայն ծնողական ժողովներու ճամբով յիշեցումներ կատարել։ Անհրաժեշտ է մեր ճիգը կրկնապատկել հայ մանուկին կրթութեան աշխատանքներուն մէջ»։
Վեհափառ Հայրապետը կը ներկայացնէ մանուկներու դաստիարակութեան ընդհանուր ուղեգիծ մը, ընդգծելով հաւասարակշիռ ու զգոյշ մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը։ Ան ի մասնաւորի կը նշէ.
«Անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել՝ զինք հեռու պահելով վնասաբեր միջավայրերէ, շռայլ կենցաղակերպերէ, շփացած վարուելակերպերէ, այլասերիչ յարաբերութիւններէ, տհաճ խօսակցութիւններէ ու քանդիչ բռնարարքներէ։
Անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել՝ իր մէջ սիրոյ ու յարգանքի յարաբերութիւն ստեղծելով ծնողներուն նկատմամբ, ընկերներուն նկատմամբ, հակառակ սեռին նկատմամբ, անծանօթին նկատմամբ ու կենսոլորտին նկատմամբ։
Անհրաժեշտ է մանուկը դաստիարակել՝ իր մէջ սէր ու նախանձախնդրութիւն յառաջացնելով մեր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն նկատմամբ, մեր եկեղեցւոյ ու հայրենիքին նկատմամբ, մեր համահայկական ձգտումներուն ու երազներուն նկատմամբ։
Այս մօտեցումով ու հեռանկարով միայն պիտի կարենանք մանուկին մէջ կերտել վաղուան՝ գիտակի՛ց մարդը, ճշմարի՛տ քրիստոնեան, յանձնառո՛ւ հայը»։
Այս նպատակով, Արամ Կաթողիկոս կոչ կ՚ուղղէ «բարձրագոյն աստիճանի հոգածութիւն ու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելու մեր մանուկներուն նկատմամբ»։ Ան կը թելադրէ հետեւեալները.
1.      Ծնողներ իրենց պարտականութիւնը պէտք է նկատեն «առաջնահերթութիւն տալու իրենց զաւակներու ֆիզիքական աճման կողքին նաե՛ւ անոնց քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեան՝ ընտանեկան յարկին տակ»։
2.      Դպրոցները, յատկապէս մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բաժիններուն մէջ, «վերատեսութեան պէտք է ենթարկեն իրենց ջամբած դաստիարակութիւնը՝ կրօնա-բարոյական ու հայեցի երեսներով, դիմելով այնպիսի միջոցներու ու մեթոտներու, որոնք ըլլան գրաւիչ մեր մանուկներուն համար»։
3.      Ծնողներ ու կրթական պատասխանատուներ պէտք է քաջալերեն մանուկներու մասնակցութիւնը արտադպրոցական ծրագիրներու, յատկապէս՝ Կիրակնօրեայ վարժարանին։
4.      Ազգային Առաջնորդարանները պէտք է նոր մղում տան թեմերէն ներս քրիստոնէական դասիտարակութեան, յատկապէս ծխական մակարդակի վրայ մանուկներու ուղղուած ծրագիրներով։
5.      Բարերարները եւ ունեւոր ազգայինները պարտին նկատի ունենալ հայ մանուկը՝ արդիական մանկամսուրներ եւ մանկապարտէզներ հաստատելով, մանկական գրականութեան մշակումի եւ հրատարակութեան հիմնադրամներ հաստատելով, եւ հիւանդ, աղքատ ու որբացած մանուկներու յատուկ հիմնադրամներ հաստատելով։



No comments:

Post a Comment