January 31, 2011

«Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանի 50ամեակը

Կիրակի, Հոկտեմբեր 3, 2010ին, Ռիճֆիլտի (Նիւ Ճըրզի) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանը իր 50ամեակը նշեց ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեանի հովանաւորութեամբ։ Յոբելինական ճաշկերոյթին նախագահեց Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեանը։ 





Ը. դասարանի աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ հրաւիրեալներ՝ տօնախմբութեան աւարտին

«Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանը հիմնուած է 1960ին՝ 41 աշակերտով։ Յիսուն տարիներու ընթացքին, աւելի քան 5.000 աշակերտ անցած է անոր դասարաններէն։ Խնամակալ Մարմնի ատենապետուհի տիկ. Մարօ Տէմիրճեան բացման խօսքը կատարեց եւ դպրոցի ներկայ վիճակին մասին խօսեցաւ։ Ան յայտնեց, թէ այսուհետեւ դպրոցը պիտի ունենայ իր սեփական քայլերգը (խօսք ու եղանակ՝ Սրբ. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յովնան քհնյ. Պոզոյեանի)։
Յայտագիրը վայելեց շրջանաւարտներու աշխոյժ մասնակցութիւնը։ Այսպէս, Սթեֆընի Մանճիօղլու եւ Նայիրի Գաբրիէլեան ամերիկեան եւ հայկական օրհներգերը մեկնաբանեցին։ Հանդիսավարն էր ուրիշ շրջանաւարտ մը՝ Րաֆֆի Չարխուտեան, որ նաեւ Սրբ. Վարդանանց եկեղեցւոյ կիսասարկաւագ է ու Նիւ Ճըրզիի Հայկական Ռատիոժամի աշխատակից։ Ր. Չարխուտեան պատրաստած էր 50 տարուան լուսանկարներու ցուցադրութիւն մը, որ ներկաները տարաւ դէպի դպրոցի անցեալը։
Երեք շրջանաւարտներ՝ Անդրանիկ Գասպարեան, Նուէր Գատեան-Պէյլէրեան եւ Թամար Սամուէլեան, շեշտեցին դպրոցին բարերար դերը իրենց  ուղերձներուն  մէջ։  Յայտագրին մասնակից բոլոր շրջանաւարտները կը շարունակեն համայնքի ու եկեղեցւոյ գործօն անդամներ ըլլալ։ 

50ամեակի ճաշկերոյթին ներկայ շրջանաւարտները

Նախկին տնօրէնուհիներէն տիկ. Եսթեր Կարապետեան ներկայացուց շահեկան պատմական ուրուագիծ մը դպրոցի մասին, իսկ 2010ի երկու շրջանաւարտներ՝ Սիրան Չորպաճեան (երգ) եւ Անի Մուրատեան (դաշնակ), զոյգ մը երգեր մեկնաբանեցին։ Նորանշանակ տնօրէնուհին՝ տիկ. Քնար Աբգարեան, խօսք ուղղեց ներկաներուն։ Դպրոցի տարիներու յարգուած ուսուցչուհիներէն, տիկ. Աբգարեան աշակերտներու եւ ծնողներու գնահատանքը կը վայելէ։
Յայտագրի աւարտին, Տ. Յովնան քահանայ իր գնահատանքի խօսքը յայտնեց եւ Անուշաւան Սրբազան տուաւ իր պատգամը՝ շնորհաւորելով դպրոցը հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր գործադրած ջանքերուն համար։ 

No comments:

Post a Comment