Պոստոնի Ս. Ստեփանոս ազգ. վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 32րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 16ին, իսկ նախակրթարանի հանդէսը՝ Յունիս 17ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն: