October 07, 2013

Կարելի չէ այսպէս շարունակել այս հաւաքական անձնասպանութիւնը

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
 
Օրեր առաջ ՀՅԴ Քարոզչական Մարմինը  գովելի նախաձեռնութեամբ մը կազմակերպած էր կլոր սեղան մը, որ նուիրուած էր լիբանանահայ դպրոցը յուզող այլազան  հարցերու և որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ այլադաւան ու այլամէտ դպրոցներու վեց տնօրէններ: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ  3  Հոկտեմբեր 2013-ին, Պէյրութի Ազգային Առաջնորդարանի յարկին տակ, լեփ-լեցուն սրահի մը մէջ, յատկապէս մեծաթիւ ուսուցիչներու գովելի ներկայութեամբ: Ըստ ամենայնի յաջող հանդիսութիւն մը, որ սակայն ... խճողուած էր, քանի յայտագրի վրայ նախատեսուած էին վեց  գլուխներ, որոնք, ճիշդ է,  իբրև բնաբան ունէին լիբանանահայ  դպրոցը ընդհանուր առմամբ, այսուհանդերձ անոնք բոլորովին ալ համատեղելի չէին և չէին կրնար սեղմուիլ նոյն պարունակին մէջ: Աւելի սպառիչ  ու մանաւանդ շինիչ ըլլալու համար՝  ասոնք պէտք է երկարէին  վեց  հանդիպումներու վրայ, և կարելի է վստահ ըլլալ, որ պիտի գտնէին նոյն ունկնդրութիւնն ու շահագրգռութիւնը: 
Ուրեմն թող թոյլատրուի ինծի, որ, յարգելով հանդերձ  բոլոր պատգամաբերներն ու շօշափուած նիւթերը,  անդրադառնամ  վեց  գլուխներէն միայն մէկին՝ հայեցի դաստիարակութեան և հայերէնի ուսուցման  յատկացուած գլուխին, որուն պատգամաբերը Ճեմարանի տնօրէն  պ. Տիգրան Ճինպաշեանն էր, որ ձեռնհասութեամբ պարզեց հայերէնի ու հայեցի դաստիարակութեան  կացութիւնը: Նոյնին աւելի սեղմ ու մասնակի գիծերու մէջ անդրադարձաւ Աւետարանական Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնուհին:
Համադրելով կլոր սեղանի մասնակիցներուն կողմէ առաջադրուած բոլոր տուեալները, միւս կողմէ՝ աչքի առաջ ունենալով նաև Զաւարեանի տղոց լոյս ընծայած եւ նիւթիս առնչուող վիճակագրական երկու տախտակներ (տես «Ազդակ», Զաւարեանական էջ,  19-3-2010 և 23-3-2012), որոնք կը ցոլացնեն հայ դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցման յատկացուած ժամերու  տարողութիւնը, եւ ի մտի ունենալով նաեւ մեր շրջապատին մէջ  մե՛ր իսկ անմիջական դիտարկումին առարկայ դարձած իրողութիւններ, բաւական  յստակ  կ’անդրադառնանք շատ ցաւալի կացութեան մը, որ հետևեալն է. հայ լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ մշակոյթը,  որոնք  դպրոցաշինական-կրթական-ազգային մեր բոլոր ճիգերուն, զոհողութիւններուն, ակնկալութիւններուն եւ հեռանկարներուն  կիզակէտն են եւ որոնց նժարին մէջ դրած ենք մեր բոլոր յոյսերն ու ակնկալութիւնները, գաղութիս դպրոցներէն շատերուն մէջ կ’աւանդուին բոլորովին անբաւարար տարողութեամբ՝ քանակական առումով, իսկ քանակը չի կրնար ուղղակի չազդել որակին վրայ: Աւելի պարզ խօսինք՝ մեծաթիւ վարժարաններ կը զլանան հայերէնին եւ հայերէնագիտական նիւթերուն  տալ  անոնց իրաւունքը, եւ այս զլացումը տեղի կ’ունենայ բաւական մեծ չափանիշերով. դպրոցներ կան, որոնք կը յաջողին երկրորդականի երեք դասարաններուն մէջ միջին հաշուով  5-6 պահ յատկացնել հայերէնին, մինչ անդին  կան մեծաթիւ ուրիշներ, որոնք կը գոհանան 1-2 խեղճուկ պահերով, ա՛լ չեմ ակնարկեր այնպիսի դպրոցի, որ ամբողջ տարին իր ԺԲ. դասարանին ոչ իսկ մէկ պահ կը յատկացնէ հայերէնին: Այո, այսպիսի՛ն ալ կայ:
Արդ, ինչ ալ ըլլայ դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը եւ դասաւանդ ուսուցիչին հմտութիւնն ու հնարամատութիւնը, այլեւ զոհողութեան աստիճանը, վերոյիշեալ դասապահերու սահմաններուն մէջ անկարելի է հասնող սերունդներուն բաւականաչափ սորվեցնել ու սիրցնել մայրենի լեզուն, ծանօթացնել գրականութեան ու գրական երկերու, պատմութեան ու մշակոյթին նախատարերքին ու կերտել իր ինքնութեամբ լիացած՝  ապագայ յանձնառու հայու կերպարը, ի մասնաւորի սփիւռքահայը: Այսքան քիչ պահերով գոհանալը անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ մտային ու մտաւորական սովի: Փորձեցէ՛ք որեւէ օրկանիզմ սնուցել նուազագոյն ջերմուժի միայն մէկ երրորդով, ապա այդ էակը հետզհետէ պիտի նքթի, հիւծի, նուաղի ու...անխուսափելիօրէն մահանայ.  իսկ շաբաթական մէկ-երկու  ժամ հայերէնով՝ հայ միտքը եւ հայ հոգին է որ պիտի ստուգապէս մահանան:  Տարբեր չի կրնար ըլլալ  հետևանքը: Բաղդատութեան համար ըսեմ այսքանը. եթէ Ֆրանսայի դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէնը դասաւանդուէր ծաւալային այս նոյն սահմաններուն մէջ, կարելի է վստահ ըլլալ, որ քանի մը տասնամեակ ետք Ֆրանսան փուլ կու գար, ճիշդ ինչպէս Բաբելոնը փուլ եկաւ լեզուական  պատճառներով: Նոյնը իմանալ որևէ այլ հաւաքականութեան  համար:
Կլոր սեղանէն տրուած մեկնութիւնը այս անհաւասարակշիռ  կացութիւնը կը բացատրէր պետական ծրագիրը իրագործելու անհրաժեշտութեամբ, որ ժամանակ չի ձգեր աւելի պահեր յատկացնելու հայերէնին: Աղէկ, ոչ ոք հակադրուած է պետական ծրագրի կիրարկումին,  սակայն չէ՞ որ շաբաթական վեց ժամ հայերէն ջամբող դպրոցներն ալ պետական ծրագիր կը կիրարկեն, եւ բնաւ գաղտնիք չէ, որ շատ ալ գոհացուցիչ արդիւնքներ կը ստանան պետական քննութիւններու, այլեւ տեղական համալսարաններու մուտքի քննութեանց մէջ: Ուրեմն կարելի է ծառայել՝ թէ՛ կայսեր, թէ՛ միաժամանակ Աստուծոյ: Հապա ինչո՞ւ այս վատնումը, այս մսխումը մեր սերունդներու  հայեցի  դիմագիծի հաշուոյն: Ինչպէ՞ս բացատրել այս սպանիչ առեղծուածը:
Այստեղ կը ծագի ազգային խղճի եւ գիտակցութեան հարց մը,  որուն պէտք է այլեւս անդրադարձուի. կարելի չէ այսպէս շարունակել այս հաւաքական անձնասպանութիւնը, որ կը գործուի մեր շուրջը: Պատմութիւնը պիտի չներէ գործուող յանցագործութիւնը. սակայն այնքան ալ պատմութեան սպասելու պէտք չունինք. դիտե՛նք մեր շուրջը եւ պիտի տեսնենք մերկ աչքերով, թէ որքա՛ն պակսած է, եւ օր ըստ օրէ եղերականօրէն աւելի՛  կը պակսի, հայերէնը ընդունելի սահմաններու մէջ ճիշդ խօսողներու եւ մանաւանդ  ճիշդ գրողներու թիւը: Եւ մտածենք հաւաքական տարրական լուծումի մը մասին:
Որ ահաւասիկ:
Պէտք է ըստ կարելւոյն անյապաղ ստեղծել միջհամայնքային և միջմիութենական, ըսենք՝ համահայկական,  յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնի պիտի ըլլայ՝
ա)  մշակել հայերէնագիտական նիւթերու հասարակաց ծրագիր մը, որ պարտադիր պիտի ըլլայ մեր բոլոր դպրոցներուն անխտիր,
բ)  նոյնհետայն որոշել պահերու նուազագոյն թիւ մը, որ կը հերիքէ  պարկեշտ ու գոհացուցիչ   տարողութեամբ ու որակով ուսուցել եւ իւրացնել այդ մշակուած ծրագիրը,
գ) ստեղծել դրութիւն մը, օրինակ՝ հաւաքական քննութիւններու ճամբով, որ այդ նոյն յանձնախումբին կամ անոր ներկայացուցիչներուն կը թոյլատրէ տարրական վերահսկողութիւն մը եւ արժևորումը  կատարել իրագործուած աշխատանքին, եւ ի պահանջել հարկին իր ցուցմունքները տալ դպրոցներուն  կամ համապատասխան կրթական մարմիններուն:
Այս երեք կէտերու մշակումին մէջ մեր տնօրէնները,   որոշ բաժին մը   ունենալով հանդերձ, պէտք չէ միակ դերակատարները ըլլան. չմոռնանք, որ կայացած ու քաղաքակիրթ պետութիւններու մակարդակին՝ տնօրէնները չեն որ ծրագիր կը մշակեն, այլ կրթական նախարարութիւնը, իսկ տնօրէններն ու դասատուները այդ ծրագիրը գործադրողը կ’ըլլան: Նմանապէս տնօրէնները կամ դասատուն ու դպրոցը պիտի չըլլան իրագործուած աշխատանքին արժեւորումը կատարողները, այլ ուրիշներ՝ դա՛րձեալ  կայացած պետութիւններու օրինակով, ուր աշխատանքը գնահատողը կ’ըլլայ արտադպրոցական մարմին մը: Տնօրէններու  կամ ոսուցիչներու իրաւասութեանց սահմանափակում չէ առաջարկուածը, այլ ճիշդ գործելաձեւով  կացութիւն մը դարմանաելու իրապաշտ միջոց մը:  
Մենք այլեւս տնտնալու եւ ձեռնածալ նստելու ժամանակը եւ իրաւունքը չունինք, եւ պարտինք հրաժարի՛լ  շողշողուն ճառերով ամավերջի հանդէսներու բեմերէն աղմկելով գոհանալէ: Մանաւանդ որ այս գաղութը պարտաւորութիւնը ունի ոչ միայն իր, այլեւ ողջ սփիւռքահայութեան կարիքները հոգալու, սակայն ինչպէ՞ս այսքան հեռուները երթալ, երբ մեր սեփական տան մէջ արդէն սկսած է քայքայումը:
 


        

No comments:

Post a Comment