October 10, 2013

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի գիտաժողովը Նիւ Եորքի մէջ՝ «Հայ կիները որպէս մայրեր ու արուեստագէտներ»



Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. 2013 թուականը հռչակած է «Հայ Ընտանիքի Մօր Տարի» եւ թելադրած՝ պատշաճ ձեռնարկներով անդրադառնալ ու խորհրդածել մայրերու կեդրոնական դերի մասին մեր անցեալին ու ներկային։
Այս նիւթը նկատի ունենալով, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը որոշած էր հրապարակային ձեռնարկով մը առիթ ընծայել վեր հանելու հայ կնոջ դերակատարութիւնը որպէս մայր ու արուեստագէտ։ Այդ նպատակով, կազմակերպած էր զեկուցաժողով (symposium) մը՝ «Հայ կիները որպէս մայրեր ու արուեստագէտներ», որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5ի յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Ուսումնական Խորհուրդի անդամ Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեանի բարի գալուստի խօսքերէն ետք, բացման խօսքը եւ հանդիսավարութիւնը (անգլերէն եւ հայերէն) կատարեց Խորհուրդի անդամներէն օր. Սօսի Էսաճանեան։ Ան շեշտեց.
«Թէեւ Ուսումնական Խորհուրդի հիմնական առաքելութիւնը իր իրաւասութեան տակ գտնուող դպրոցներուն աջակցութիւնն ու խորհրդատուութիւնն է, կը հասկնանք, որ ուսման, կրթութեան, դաստիարակութեան գաղափարները շատ աւելի ընդգրկուն են, քան միայն մեր դպրոցները։ Այս նիւթը եւ, կը յուսանք, ապագային ուրիշ նիւթեր ներկայացնելու գաղափարը նպատակ ունի նորութիւններ ծանօթացնելու մեր համայնքին՝ ուսուցիչներէն մինչեւ մասնագէտները եւ ուսանողներէն մինչեւ հետաքրքրասէր հայ անհատը, դաստիարակչական նպատակներով»։



Ազգ. Ուսումնական Խորհուրդի անդամներ եւ օրուան դասախօսները
 
Օրուան առաջին դասախօսը պիտի ըլլար դոկտ. Մելիսա Պիլալ, որ քանի մը ամիս առաջ իր աւարտաճառը պաշտպանած է Շիքակոյի համալսարանին մէջ ու ներկայիս յետ-աւարտական կրթաթոշակով կը գտնուի Գոլումպիա համալսարանը, ուր նաեւ կը դասաւանդէ երաժշտութեան բաժանմունքին մէջ։ Դժբախտաբար, առողջական պատճառներով ան չէր կրցած ներկայ գտնուիլ, ուստի օր. Էսաճանեան կարդաց անոր դասախօսութիւնը, որուն կ՚ընկերանային կարգ մը երաժշտական մէջբերումներ։  Դոկտ. Պիլալի խիստ հետաքրքրական զեկուցումը կը քննարկէր թէ ինչպէս երգերը, յատկապէս օրօրոցային երգերը, միջոցը կը դառնան մարդկային կորուստի փոխանցման, յատկապէս՝ Մեծ Եղեռնի պարագային։ Ան փաստարկեց, թէ հայ մեծ մայրերու ստեղծած, յիշած եւ երգած օրօրոցայինները՝ հայերէն եւ թրքերէն, ունկնդիրին կը մատուցեն որոշակի կողմնորոշում՝ իմանալու եւ զգալու եղանակի մը ուղղութեամբ։ Օրորոցային երգը, բազմաթիւ պարագաներու, միաժամանակ լուռ սուգի կարելիութիւնը կ՚ընծայէ։
Յաջորդ բանախօսն էր ուրիշ երիտասարդ ուսումնասիրող մը՝ Ճէնիֆր Մանուկեան, որ ներկայիս Գոլումպիա համալսարանի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի ուսանող է եւ որ անդրադարձաւ «հայ գրականութեան մեծ տիկին» Զապէլ Եսայեանի կեանքը եւ անոր դերակատարութեան որպէս մայր ու հանրային գործիչ, ի մասնաւորի Ատանայի ջարդին յաջորդող շրջանին, Մեծ Եղեռնի օրերուն եւ Սփիւռքի կազմաւորման առաջին տարիներուն։ Օր. Մանուկեան, որ իր պսակաւոր արուեստիցի (B.A.) աւարտաճառը գրած է Եսայեանի վաղ շրջանի գրութիւններուն մասին եւ անոր գործերէն մէկ քանին թարգմանած է անգլերէնի, լայնօրէն օգտագործեց նկարներ, ինքնակենսագրական չթարգմանուած գործեր, անձնական նամակներ եւ յուշագրական նիւթեր։
Սուրճի դադարէն ետք, վերջին դասախօսն էր Ուսումնական Խորհուրդի տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ անդրադարձաւ քիչ ծանօթ անունի մը՝ պարուհի, դերասանուհի, գրագիտուհի ու թարգմանչուհի Արմէն Օհանեանի անսովոր կեանքին ու գործունէութեան՝ Կովկասէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկա։ Դոկտ. Մատթէոսեան, որ Օհանեանի նուիրուած առաջին հայալեզու հատորին (2007) հեղինակակիցն է, իր շահեկան, պատկերազարդ ներկայացումը կազմած էր բազմալեզու աղբիւրներու օգտագործումով։
Երեք դասախօսներուն զեկոյցները շահեկան այլազանութիւն մը ներկայացուցին՝ հայ կնոջ տարբեր դերերու մասին, տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ, եւ խորհրդածութեան արժանի բազմաթիւ կէտեր ընդգծեցին։   
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը (ANEC) Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան արեւելեան շրջանի միացեալ ծրագիր մըն է, որ Առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ գտնուող շաբաթօրեայ եւ ամէնօրեայ դպրոցներուն ուղեցոյց եւ օժանդակութիւն կը մատուցէ։ Ուս. Խորհուրդը նաեւ հրատարակութիւններ եւ զանազան դաստիարակչական ձեռնարկներ կը կազմակերպէ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններուն համար, այցելեցէ՛ք www.armenianprelacy.org/anec կայքէջը, նամակ գրեցէք Armenian National Education Committee, 138 E. 39th Street, New York, NY 10016 հասցէին, հեռաձայնեցէք  (212) 689-7231/7810 թիւերուն կամ իմակ գրեցէք anec@armenianprelacy.org հասցէին։

No comments:

Post a Comment