October 01, 2013

Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի տարեկան սեմինարը

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը կազմակերպեց սեմինար մը՝ արեւելեան շրջանի հայկական ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու համար, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ։ Ներկայ էին Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Շիքակոյէն, Փրովիտընսէն եւ Ֆիլատելֆիայէն ուսուցիչներու, տնօրէններ եւ խնամակալ մարմիններու անդամներ։
Նախաճաշէն ետք, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Բարձրշ. Տ. Օշական արք. Չօլոյեան կատարեց բացման աղօթքը եւ խօսեցաւ՝ իր ուսուցչական փորձառութեան ընդմէջէն, դաստիարակներու դերին շուրջ։ Ան նշեց, թէ նոր սերունդի դաստիարակութիւնը ո՛չ միայն մշակութային, այլեւ ազգային խնդիր մըն է։
Օրուան հանդիսավարն էր Ուս. Խորհուրդի անդամներէն դոկտ. Ասպետ Վասիլեան, որ յայտնեց մասնակիցներուն, թէ «այս սեմինարը ձեզի՛ նուիրուած է»։ Ան դիտել տուաւ, որ Ուս. Խորհուրդը տեւաբար որոնումի մէջ է՝ իր ծառայութիւնը միշտ բարեփոխելու նպատակով։ Այնուհետեւ, հակիրճ ուրուագծելով օրուան յայտագիրը, ներկայացուց առաջին բանախօսը՝ Ուս. Խորհուրդի գործադիր տնօրէն դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը։ Վերջինիս դասախօսութիւնը՝ «Հայոց լեզուի “գաղտնիքներ”», ուղղուած էր ուսուցիչները օժտելու հայերէնի արմատներու եւ նկարագային հիմնական գիծերու իմացութեամբ, ինչպէս եւ փարատելու թիւրիմացութիւններ եւ քարացած հասկացութիւններ, որոնք, անբաւարար գիտելիքներու պատճառով, կրնան փոխանցուիլ աշակերտներու։ Դոկտ. Մատթէոսեան խօսեցաւ հայերէն լեզուի տեղին մասին՝ հնդեւրոպական լեզուներու մէջ, գրաբարի ու աշխարհաբարի, արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի կապերու, ինչպէս եւ ուղղագրութեան շուրջ տեղի ունեցող վէճերուն մասին։ 
Յաջորդ բանախօսն էր տիկ. Մարուշ Կիւլիւմեան, որ կեդրոնացաւ դաստիարակչական նիւթերու ձեռքբերումին ու գործածութեան վրայ։ Անոր քննարկումը մեկնեցաւ դասագիրքերէն, ընթերցանութեան նիւթերէն ու թուաբանութեան ուսուցման գիրքերէն, հասնելով մինչեւ քարտէսներ, գլուխկոտրուկներ (puzzle) ու տեսերիզներ։ Իւրաքանչիւրի պարագային, տիկ. Կիւլիւմեան նշեց արտադրութեան վայրը, ձեռքբերումի կերպը եւ գործածութեան ձեւը։ Վերջաւորութեան, մասնակիցները առիթը ունեցան Ազգ. Առաջնորդարանի գրախանութի ճոխ հաւաքածոն աչքէ անցնելու եւ գնումներ ընելու։ 
Ճաշի դադարէն ետք, Ուս. Խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Մսըրլեան ներկայացուց երրորդ դասախօսութիւնը՝ «Հայոց պատմութիւնը քարտէսներու մէջէն»։ Ան խօսեցաւ քարտէսներով պատմութիւնը աւանդելու մասին՝ զուգադրութեան (association) գաղափարի գործածութեամբ, եւ կեդրոնացաւ ուսուցիչներու աշխատանքին վրայ՝ տան եւ դպրոցի չսորվեցուցածը լրացնեու համար։
Դոկտ. Մատթէոսեանի վերջին ներկայացումը՝ «Հիմնական տուեալներ Մեծ Եղեռնի մասին», ուղղուած էր ընդհանուր շրջագիծ մը ներկայացնելու՝ հայկական ցեղասպանութեան դասաւանդութեան համար։ Ան դիտել տուաւ, որ կարեւոր է աշակերտներուն մէջ արմատաւորել այն գաղափարը, որ մինչ կառավարութիւնները կրնան փոխուիլ, անցեալի հանդէպ անոնց պատասխանատուութիւնը կը շարունակէ կանգուն մնալ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ դէպքին պատմական (Մեծ Եղեռն) եւ իրաւական (հայկական ցեղասպանութիւն) անուններուն միջեւ առկայ տարբերութեան։
Փակման խօսքին մէջ, դոկտ. Վասիլեան խօսեցաւ Ուս. Խորհուրդի օժանդակութեան դերին մասին, բայց շեշտեց, որ փոփոխութիւն յառաջացնելու ուժը իւրաքանչիւր դպրոցի ձեռքն է։ Խորհուրը չի կրնար իւրաքանչիւր դպրոցի հարցերը լուծել, ըսաւ ան, բայց կրնայ օժանդակել իւրաքանչիւրին՝ լուծումներու որոնումին մէջ։ Ան եզրակացուց, որ Ուս. Խորհուրդը պիտի աշխատի ուսուցիչները կապելու եւ իրարու օգնելու ձեւեր հայթայթելու ուղղութեամբ։
Սուրճի եւ անուշեղէններու պահուն, Ուս. Խորհուրդի անդամները բաց քննարկում մը վարեցին, որ կը միտէր մասնակիցներու անդրադարձները ունենալու՝ ներկայացուած կամ այլ հարցերու մասին։ Ի մասնաւորի, աշխոյժ խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ՝ հայ ուսուցիչներու նոր սերունդի պատրաստութեան եւ աշակերտութեան թիւի աճին մասին։
Ազգային Ուսումնական Խորհուրդը Արեւելեան թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան համատեղ աշխատանքով կազմուած մարմին մըն է։ Առաւել տեղեկութիւններու համար, այցելեցէ՛ք www.armenianprelacy.org.

No comments:

Post a Comment