August 01, 2013

Հայրենի աղբիւր. հեղինակ՝ Յարութիւն Քիւրքճեան (*)


ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
 
Վերջերս հաճելի անակնկալը ունեցայ ստանալու «Հայրենի աղբիւր»-ի միջնակարգի չորս կարգերու ակնահաճոյ ու ճաշակաւոր, հայեցի ու հայաբոյր ձեւաւորումով   հատորներու նորագոյն հրատարակութիւնները:  Ինծի համար շարքը նորութիւն չէ. անոր բովանդակութեան վերահասու դարձած եմ մօտաւորապէս երկու տասնամեակ առաջ եւ տրամադրութեանս տակ ալ ունեցած եմ քանի մը լրիւ  շարքեր իւրաքանչիւր կարգէն,  եւ երկար ապրած եմ անոնց մտերմութեան մէջ` շատ յաճախակի թերթատումներով ու վերընթերցումներով. սակայն տարիներուն հետ այդ օրինակները շոգիացան, քանի որ զանազան ծնողներ  եւ աշակերտներ, չեմ գիտեր ինչու եւ ինչպէս, սովորութիւն դարձուցած են ինձմէ` իրենց պակսող դասագիրք մը կամ դասագիրքեր խնդրել, իսկ ես  միշտ ալ սիրայօժար ընդառաջած եմ անոնց խնդրանքին: Այսպէս է որ  այլազան դասագիրքերու ամբողջական շարքեր ձեռքէս ելած ու գտած են  իրենց հասցէատէրերը, իսկ ես մնացած եմ… առանց  որեւէ նմուշի: Բան մը, որուն համար չեմ ափսոսար անշուշտ:
«Հայրենի աղբիւր»-ներու այս նոր հատորները կը կրեն արդէն «Գ.», իսկ երբեմն ալ  «Դ. տպագրութիւն»  նշումները, ինչ որ ինծի համար ըմբռնելի է երկու թելադրանքով. նախ անոնց երկարամեայ ու  անընդմէջ կիրարկութիւնը, որով   բնական էր, որ պահեստները սպառէին եւ  պէտք ըլլար հրատարակել նորերը, իսկ երկրորդ պատճառը հեղինակին կատարելութեան ձգտումն է. Քիւրքճեան այն հեղինակն է (եւ անհատը, ինչպէս կը ճանչնամ զինք մօտաւորապէս յիսուն տարիէ ի վեր),  որուն միտքը ոչ մէկ տեղքայլ ու լճացում կը ճանչնայ, հետեւաբար նորին փնտռտուքն ու կատարեալին ձգտումն ալ պիտի մղէին զինք, որ միշտ վերանայելու, վերանորոգելու ու վերանորոգուելու (ուրեմն նաեւ վերահրատարակուելու) ձգտումը երկրորդ բնութիւն մը  դառնար, ու իրօք ալ դարձած է  ան, իր մէջ, բան մը, որուն բոլոր դրական արդիւնքները երեւելի են այս չորս շքեղ հատորներու երկայնքին:
Արեւմտահայ իրականութիւնը հաւանաբար այնքան ալ պէտք չունենար ուշացած գրախօսիս այս տողերուն, քանի ես արդէն կը գրեմ հանրօրէն ծանօթ իրողութեանց մասին միայն, այսուհանդերձ, արդար ու պարկեշտ տուրք մը, թէկուզ ուշացումով  հատուցուած, կը կարծեմ, միշտ ալ ընդունելի կամ գէթ հանդուրժելի  պէտք է ըլլայ:
Քիւրքճեան արեւմտահայ մանկավարժական  մտքի  երկար շղթային մէջ ունի իր ուրոյն տեղը. ան երկարամեայ հետեւողականութեամբ իր մէջ  համատեղած ու նոր բարձունքներու հասցուցած է այն բոլոր դրական գիծերը, դրոյթներն ու աւանդոյթները, որոնք ահա աւելի քան երկու դարէ ի վեր  հաստատուած են մեր մէջ` սկսած 1790-ական թուականներէն, երբ հաստատուեցան առաջին արեւմտահայ դպրոցները ու գրուեցան առաջին դասագիրքերը: Իր վաստակին որակով ու քանակով ան ամբողջ հաստատութիւն մըն է, որ կը բովանդակէ` ա) միջնակարգի  ներկայ չորս հատորները, բ) որոնց կ՛ընկերանան  քերականական-լեզուական չորս  այլ հատորներ. գ) հանդերձ ուղեցոյցով մը, որ կը դրուի դասաւանդ ուսուցիչին տրամադրութեան տակ. դ) ասոնց վրայ գումարած գրականութեան երկու  հատորները` բարձրագոյն կարգերու համար, ե) անգլիախօսներու եւ  ֆրանսախօսներու յատուկ հայերէնի ուսուցման ձեռնարկներու, զ)  եւ վերջապէս  գրական երկերու խտացուցած-պարզացուած մատենաշար մը, որ կը միտի հրապուրել ընթերցասէր  դպրոցականները: Այս բոլորին  իրագործումին մէջ Քիւրքճեան մնայուն  գործակից ունեցած է Մարօ Քիւրքճեանը, որ երբեմն նաեւ հեղինակակից է  իրեն:

* * *

Միջնակարգի ընթերցարաններէն, որոնք մեկնակէտ կը հանդիսանան մեր այս նշմարին,  իւրաքանչիւրը բաղկացած է միջին հաշուով 150 էջերէ եւ դարձեալ միջին հաշուով`  25 հատուած-դասերէ: Այս ծաւալները ընտրուած են այն  նախատեսութեամբ ու հաշիւով, որ  դպրոցական տարեշրջանի աւարտին ոչ մէկ դաս դուրս մնացած ըլլայ, քանի  բոլոր հատորներն ու զանոնք կազմող գլուխները շարադրուած են զիրար աստիճանաբար զարգացնելու ու զիրար ամբողջացնելու  տրամաբանութեամբ: Այնպէս որ, կարելի չէ կամ աւելի ճիշդը` մեղք պիտի ըլլար, որ այս հատորները ընտրովի կամ հատուածաբար կիրարկուէին: Պէտք է դասատուն  այնպէս մը կազմակերպէ իր ժամանակն ու դասաւանդութիւնը, որ տուեալ հատորը աւարտէ  համապատասխան  տարուան ընթացքին, եւ  եթէ կարելի չեղաւ այդ, ապա ան լրացուի յաւելեալ դասապահերով, իսկ յոռեգոյն պարագային`  շարունակուի յաջորդ տարի եւս, թէկուզ կարգի խախտում յառաջանայ այդպէսով:
Ինչ կը վերաբերի  հատուած-դասերուն, ապա ասոնք իրենց կարգին  խմբուած են բնաբաններու շուրջ. իւրաքանչիւր բնաբանի մէջ կը մտնեն  միջին հաշուով  5-6   հատուածներ` վերցուած առհասարակ հայ գրականութենէ (արեւմտահայ թէ արեւելահայ), իսկ երբեմն ալ բնաբանի ծաղկումին սատարող օտարալեզու գրականութենէ հատուածներ, որոնց բոլորն ալ կը յատկանշուին իրենց թարմութեամբ, խորագոյն ճաշակով, գեղարուեստական ցանկալի մակարդակով, այլեւ զանոնք օգտագործող պատանիներու տարիքային ու իմացական  մակարդակներու  առաւելագոյն նկատառումով: Ոչ մէկ «անտեղի» կամ «անմարսելի» հատուած մտած է բերուած չորս հատորներուն մէջ.  գրաւիչ են բոլորն ալ, ժպտուն, երգեցիկ ու կենսախինդ: Կը մնայ, որ ճիշդ տեսնուին ու ճիշդ սերտուին անոնք, եւ ճիշդ կազմակերպուի դասը ուսուցիչին կողմէ:
Այս նպատակին հասնելու համար հեղինակը դիմած է խաղին պահանջած բոլոր միջոցներուն: Նախ իւրաքանչիւր բնաբան ունի իր  մօտաւորապէս մէկ էջանի մուտքը, որ կը ծառայէ տուեալ բնաբանի ծանօթացումին: Սա յարաբերաբար ընդհանրական բնոյթ ունի, որ աւելի կ՛առնչուի պատանիներու մտային զարգացումին: Կը հետեւին բնաբանը կազմող հատուածները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին օժտուած է աւելի փոքրիկ մուտքով մը, որ պիտի ծառայէ ընկալելի դարձնելու տուեալ հատուածը կամ «օրուան դասը»: Խոհանոցային բո՛ւն աշխատանքը, ես պիտի ըսէի` մեծ ու անխառն վայելքը,  կը սկսի այս նախապատրաստութիւններով, երբ ուսուցիչ եւ աշակերտ միասնաբար` բացատրական ընթերցանութեան  ճամբով պիտի բանան սերտուող հատուածին թաքուն ծալքերը: Եւ իրօք ալ նախադասութիւն առ նախադասութիւն եւ պարբերութիւն առ պարբերութիւն  կը բացուին այդ ծալքերը` ամէն անգամ քիչ մը աւելի լուսաւորելով ընթերցողին միտքը ու քիչ մը աւելի զայն  կապելով  սերտուող հատուածի հմայքին`  շնորհիւ այն խելացի ու թելադրական հարցումներուն, որոնք ուղղուած են հատուածին կից,  էջի աջին եւ այն նոյն մակարդակով, ուր կը գտնուի  լուսաբանելի նախադասութիւնը կամ պարբերութիւնը:  Այսպէս աւարտող իւրաքանչիւր հատուած նոր յաղթանակ մըն է աշակերտին, բայց նաեւ ուսուցիչին համար, ինչպէս նաեւ` պարագայական  ոեւէ ընթերցողի համար, որոնց աչքերը անկասկած պիտի  ճառագայթեն գեղարուեստական անխառն հաճոյքի մը տուած վայելքի սքանչացումով: Ուրիշ բառով կարելի չէ բնորոշել այդ ընթերցումները. անոնք սքանչացումի մէկական անկորնչելի առիթներ են արդարեւ: Այս բոլորը հաստատելու համար կարելի է մխրճուիլ «Հայրենի աղբիւր»-ի էջերուն` առանց դպրոցական ըլլալու ալ, մանաւանդ յայտնաբերելու համար, թէ ի՛նչ կը նշանակէ խելացի ընթերցում կատարել, իսկ անկէ անդին գրականութիւն սիրելը,  գրականութիւն գնահատելն ու ընթերցասէր դառնալու ճամբան մեծապէս պիտի հեշտանան:
Հատուածներու ուսուցողական դերը այստեղ չի վերջանար: Իւրաքանչիւրին աւարտին կը գտնենք տակաւին մէկ-երկու այլ հարցումներ, որոնք կ՛առնչուին հատուածի ընդհանուր բովանդակութեան գնահատումին եւ իւրացումին, եւ  որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ նիւթ հայթայթել բանաւոր կամ գրաւոր փոքրիկ շարադրութեան մը, առնուազն`  պարբերութեան մը կազմութեան: Ապա կը հետեւի բուն շարադրութեան նիւթը, որ այլեւս առեղծուածային ու անկապակից  յանկարծաբանութիւն մը պիտի չըլլայ երբեք, այլ` ամբողջ դասի ընդմէջէն քայլ առ քայլ  սաղմնաւորուած ու հասունցած գաղափարներու  ստեղծագործական համադրում մը, որ պէտք է  յաջողի դիւրաւ  ընել պատանին:  Որուն վարձատրութիւնը պիտի ըլլայ ա՛յն, որ   այս բոլորէն ետք  ան պիտի աւելի իմաստնանայ, աւելի մարդկայնանայ, աւելի հայանայ:
Բացատրական ընթերցանութեան կողքին, իւրաքանչիւր հատուածի կը հետեւի լեզուական-գործնական աշխատանքներու շատ կոկիկ փունջ մը, որ կ՛ընդգրկէ լեզուի բոլոր կրթանքները` բառագիտական, բառակազմական, ձեւաբանական, շարահիւսական եւ այլն,  որոնց բոլորը կը բխին սերտուած հատուածի լեզուական միջավայրէն տրամադրուող ատաղձէն եւ ձեւով մը անոր գործնականացումն են:  Քիւրքճեան այն միակ արեւմտահայ հեղինակն է, որ յաջողած է քերականութիւնը, դուրս բերելով զայն տեսական ապուշ մարզանքներու բաւիղէն,  այսքան ձեռնհասութեամբ  ու յաջողութեամբ ի սպաս դնել լեզուի ուսուցումին:
Այս ակնկալուած  արդիւնքը ստանալու համար հայոց լեզուի` իր կոչումին հաւատացող  դասատուն  պարտի յօժարիլ խոնարհաբար դառնալու «Հայրենի աղբիւր»-ի առաջին աշակերտը եւ  լծուի նախապատրաստական շատ լուրջ ու բարեխիղճ աշխատանքի մը, որ յաջողութեան իսկական գրաւականն է: «Հայրենի աղբիւր»-ի յղացումով պատրաստուած դասագիրքի պարագային ոչ այնքան բարձր ու շողշողուն վկայականներ  կը  պահանջուին  ուսուցիչէն, որքան` աշխատանքային եռանդն ու  բարեկարգութիւնը, պարտաճանաչութիւնն  ու մտաւորական պարկեշտութիւնը. թող որ Սփիւռքը հայ գրականութեան ու լեզուի բարձրագոյն հաստատութիւն չունի, եւ ընդունուած իրողութիւն է, որ արեւմտահայ ուսուցիչը ենթադրուած է ինքզինք պատրաստել ու կոփել: Այս նախապատրաստական աշխատանքին ընթացքին ան իրեն օժանդակ պիտի ունենայ հատորներու աւարտին տրուած «Ուսուցիչին հետ» բացատրականը, ինչպէս նաեւ` նորոգ պատրաստուած «Ուղեցոյց»-ը, որ կը տրամադրուի ամէն ուսուցիչի, որով միանգամ ընդմիշտ պիտի վերնայ այս շարքին վերեւ անարդարօրէն թեւածող «դժուարութեան» նախապաշարումը` մեծապէս դիւրացնելով, այլեւ հաճոյքի վերածելով  նման դասագիրք մը լիարժէք կիրարկելու  ճիգը:  Այս բոլորէն ետք հեղինակը, իր հերթական կանոնաւոր  այցելութիւններով զանազան գաղութներ, միշտ կը մնայ  հայ դպրոցին ու հայ ուսուցիչին տրամադրութեան տակ` հարթելու համար որեւէ աննախատեսելի դժուարութիւն:

* * *

Սակայն չի բաւեր, որ մեր դպրոցները օժտուին յաջող դասագիրքերով, տակաւին պայման է, որ այդ դասագիրքերը օգտագործուին ցանկալի պարկեշտութեամբ եւ պատշաճ ձեռնհասութեամբ, եւ ահա այստեղ ալ մեր խոփը ցաւագինօրէն  կը հանդիպի քարին, քանի որ հայերէնը այլեւս  մեր դպրոցներուն մէջ պէտք եղած լրջութեամբ չի դասաւանդուիր եւ ան  չի պահեր իր երբեմնի փայլն ու  կարեւորութիւնը: Կարգ մը հաստատութեանց մէջ, եւ հազուագիւտ բացառութիւն չեն այսպիսիները, ան  այլեւս երկրորդ կարգի վարկաբեկ առարկայ մըն է, յաւելեալ բեռ մը, որ կը խանգարէ դպրոցի յաջողութիւններուն  ընթացքը:  Այս վերաբերումին առաջին զոհերը կ՛ըլլան հայոց լեզուի դասագիրքերը, որոնք կամաց-կամաց կը սկսին փետրաթափիլ իրենց «աւելորդ» զարդարանքներէն, իմա` հարցարանէ, գրաւոր աշխատանքներէ, շարադրութենէ, լեզուական գրաւոր պարտականութիւններէ եւ այլնէ, այսինքն` այն բոլորէն, որոնք դասագիրքը իր  չոփ-չոր ու անդիմագիծ  հատուածներու  ծաղկաքաղի վիճակէն կը բարձրացնեն վեր ու զայն  կը վերածեն գեղարուեստական, գրական, ազգային ու իմացական գործիքի, որու պարկեշտ իւրացումով պիտի կազմուէր ապագայ յանձնառու հայը, հայ մարդը, այնպէս ալ` ապագայ ուսուցիչները, հրապարակագիրները, գրողներն ու հանրային գաղափարական  գործիչները:
Տակաւին կայ երկրորդ մեղանչում մը, որուն նմանապէս զոհն է հայերէնը. հայերէնագիտական նիւթերու յատկացուած պահերու անխնայ ու սառնասիրտ  զեղչումն է այդ, պահեր, որոնք իբրեւ յաւելեալ պերճանք` ի տրիտուր կը բաշխուին այլ դասանիւթերու վրայ: Ի՞նչ արդիւնք կարելի է քաղել դասընթացքէ մը, որ կ՛աւանդուի շաբաթական մէկ-երկու պահով: Ա՛լ չենք խօսիր դպրոցներու եւ դասարաններու մասին, անշուշտ հայանո՛ւն դպրոցներու, ուր հայերէնը իսպառ ջնջուած է: Այս վերաբերումին, իմացական այս թերսնուցումին բոլոր յոռի հետեւանքները սկսած են հետզհետէ զգալի  դառնալ մեր նորսերնդականներուն մէջ, որոնց հայերէնագիտական մակարդակն ու հայեցի կերպարը ամէն օր քիչ մը աւելի խոցելի կը դառնան:
Որով սկսած ենք թեւակոխել ազգային շատ վտանգաւոր փուլ մը, ուր հայ դպրոցը կը միտի կամաւորապէս չէզոքացնել ինքզինք  իբրեւ ազգային հաստատութիւն եւ հեզասահօրէն կը դադրի հայոց լեզուի, հայեցի դաստիարակութեան ու հայապահպանման   երաշխաւորը ըլլալէ, ինչ որ համազօր է սեփական կոչումի  իսկ ուրացումին, չըսելու համար` հաւաքական անձնասպանութեան:
Այս ընթացքը հաւանաբար  գերագոյն  անկեղծ ճիգով մը կարելի ըլլայ սրբագրել ու շրջել: Ասոր համար պէտք է նախ եւ առաջ հրաժարիլ հայերէնն ու հայեցի դաստիարակութիւնը միա՛յն ամավերջի հանդէսներու լուսաւոր ու սնամէջ բեմերէն յիշելու խաբէութենէն եւ զայն դարձնելու ազգային խղճի ու բարոյական պարտականութեան մնայուն առարկայի:  Ըստ այնմ ալ վերահաստատել հայոց լեզուի  ու դասագիրքի բոլոր կորսուած իրաւունքները: Պէտք է հետեւողական վերահսկողութիւն բանեցնել հայերէնի ուսուցման եւ… ուսուցողին  վրայ` հերթական կանոնաւոր ու սերտուած  test-երով, որոնք պիտի հաստատեն տարուած աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը,  պարտականութիւն մը, որ նախ եւ առաջ  կը ծանրանայ մեր տնօրէններու եւ խնամակալներու  ուսերուն եւ ուր, սակայն, կ՛արձանագրուին շատ բացայայտ թերացումներ, քանի որ անոնք  աւելի կլանուած են պետական քննութիւններու յաջողութիւններով եւ պիւտճէական հոգերով: Այս ճիգին պէտք է իրենց մասնակցութիւնը բերեն նաեւ մեր կրթական վերին մարմինները` աւելի աչալուրջ հետեւելով  տարուող աշխատանքին  եւ հետամուտ ըլլալով ստացուած արդիւնքներուն:  Առանց այս յարատեւ ու սրտցաւ հետապնդումին` ո՛չ դասագիրքը, ո՛չ դպրոցն ու մանաւանդ նորակառոյց պերճաշուք շէնքերը կրնան փրկել մեզ այն  մռայլ հեռանկարէն, որ բաւական յստակ   կ՛ուրուագծուի արդէն սփիւռքահայ հորիզոնին վրայ:
 
«Ազդակ», Յուլիս 5, 2013
 
(*) «Հայրենի աղբիւր» դասագիրքերու շարքին տարբերակն է նոյն հեղինակէն «Մեր լեզուն», որ հրատարակուած է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ եւ կը գործածուի, ի շարս այլոց, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի իրաւասութեան տակ գտնուող կարգ մը դպրոցներու մէջ (Խմբ.)։

No comments:

Post a Comment